ԱՅԴՊԻՍԻ ՇՈՔՈԼԱ ԴԵՌ ՉԵՄ ԿԵՐԱԾ…
Երբ առաջին անգամ հայրենիք այցելեցի 1976-ի օգոստոսին՝ Արտեկ Պիոներական ճամբար, Մասիսէն ու Էջմիածնէն ետք, Զուարթնոցէն ու Գառնի-Գեղարդէն ետք, այնպէս կը յուզուէի, երբ որեւէ տեղ հայերէն գրութիւն տեսնէի։ Աս է հայրենիքը կ՚ըսէի, ճամբան երբ քալես հայերէն պիտի լսես, ուր դառնաս հայերէն պիտի կարդաս։ Նոյնիսկ աղի, շաքարի տոպրակները պարպեր հետս բերեր էի, որովհետեւ հայերէն գրուած էին։ Բայց… Ամենէն շատ շոքոլա բերած էի վրան հայերէն գիրերով՝ «Շունն ու կատուն»։
Մենք շատ ունինք համով շոքոլաներ, բայց անոնց համը ուրիշ էր… Անոնց թուղթերուն վրայ հայերէն գրուած էր… Եւ անոնք իմ մանկութեան շատ սիրած «Շունն ու կատուն» բանաստեղծութեան հերոսներուն նուիրուած շոքոլաներն էին։
Վերադարձիս շոքոլաները ճամպրուկիս մէջ չէի դրած, այլ ձեռքիս պայուսակին, որպէսզի եթէ ճամպրուկս ուշանայ կամ կորսուի՝ շոքոլաներս ապահով հետս հասնէին։ Բաւական ալ շատ առած էի, զարմիկ-զարմուհիներուս, ընկեր-ընկերուհիներուս բաժնելու, եւ անշուշտ նոյնքան ալ ինծի։
Բայց երբ Երուսաղէմ հասայ միտքս փոխեցի, ասոնք շոքոլան պիտի ուտեն՝ թուղթը թափեն մտածեցի։ Աւելի լաւ է շոքոլաները ես ուտեմ, թուղթերն ալ պահեմ։ Այդպէս ալ ըրի։ Սեւ տոպրակի մը մէջ, սառնարանը բանջարեղէնի ամանին ետեւը պահեցի, որ շատ աչքի չզարնէ։ Ամէն օր հատ մը կը հանէի եւ առանձնութեան մէջ կ՚ըմբոշխնէի…
Սեպտեմբերին դպրոցը վերաբացուեցաւ։ Շոքոլան երկու մասի բաժնած էի, կէսը հետս կը տանէի, կէսն ալ իրիկուան տունը կ՚ուտէի։ Իսկ որ պակսիլ սկսան, սկսայ մէկ շոքոլան երկու օրուան մէջ բաժնել։ Դասագիրքերուս էջերէն «Շունն ու կատուն»ի պարպուած թուղթերը կը ժպտային ինծի։
Հայերէնի պահն էր, իմ շատ սիրած դասապահս։ Բայց կէսօրուան տաք արեւը վրաս էր, այդ ժամանակ դասարանները վարագոյր չունէինք։ Աչքերս գոցուիլ սկսան, այդ օրուան բաժին շոքոլայիս կէսը իր փայլուն թուղթին մէջ գրպանս էր տակաւին։ Ձեռքս գրպանս տարի, որ կամաց մը շոքոլայէն կտոր մը դնեմ բերանս, թերեւս արթննամ… Բայց ուսուցիչը անունս տուաւ, որ գրատախտակին մօտենամ։
Ես ելայ տեղէս, խնդիրը՝ ինչպէս ձեռքս հանէի հալած շոքոլային մէջէն։
-Գանձ ունիս, ի՞նչ ունիս գրպանիդ մէջ, որ ձեռքդ հանել չես ուզեր…
-Պարոն, ըըըըը…
-Հանէ՛ տեսնեմ։
Ստիպուած էի։
Հալած շոքոլան մատներուս վրայ ձեռքս հանեցի… Սիրտս ճիշդ շոքոլային նման կը հալէր… Յանկարծ մատներդ սրբէ չըսէ ուսուցիչը… Չէ՛, անկարելի է, որ թուղթը վայելէ այդ շոքոլան… անկարելի է, որ թուղթը վայելէ այդ շոքոլան… Բերնիս ջուրերը կը հոսէին… Հալած աւելի զգլխիչ էր այդ շոքոլան… Պիտի մարէի…
-Հալած շոքոլան գրպանիդ մէջ ի՞նչ պիտի ընէիր։
-Պիտի ուտէի պարոն։
-Ատի ուտել կ՚ըլլա՞յ, ինչպէս պիտի ուտէիր։
-Այսպէս պարոն…
Եւ նախքան որ մատներս մաքրելու հրահանգ ստանամ՝ շատ արագ եւ ախորժակով, մէկ-մէկ լաւ մը լզեցի մատներս…
Այդպիսի համով շոքոլա մէկ հատ ալ չեմ կերած…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ