«ՀՈՍՀՈՍԻ ՁԵՌԱՏԵՏՐ»ԷՆ
Մեր ամենէն մեծ երգիծագրի՝ Յակոբ Պարոնեանի գործերը արդիական են բոլոր ժամանակներուն, իբրեւ ժողովուրդի եւ մարդոց նկարագիրը ներկայացնող արտացոլումներ:
«Հոսհոսի ձեռատետրը» (1880թ.) Պարոնեանի երգիծական գրականութեան գագաթներէն է. զայն անուանած են քաղաքական երգիծանքի լաւագոյն երկերէն մին՝ հայ գրականութեան մէջ: Յատկանշական է, որ «հոսհոս» բառը անմահացած է Պարոնեանի այս գործին շնորհիւ, սակայն Պարոնեան ինք սկզբնապէս այդպէս չէ կոչած իր ստեղծագործութիւնը: Ան «Իմ ձեռատետրս» խորագրին տակ երգիծական գրութիւնները ղրկած է Թիֆլիզի «Փորձ» ամսագրին, ուր ալ 1880 թուականի յունիս եւ յուլիս ամիսներուն անոնք լոյս կը տեսնեն «Յիշատակարան» վերնագրով: Հրատարակութեան առթիւ խմբագրութիւնը գրած է.
«Պատիւ ունինք յայտնել մեր յարգելի ընթերցողներուն, որ պարոն Հոսհոսը այսուհետեւ ամէն ամիս պիտի ղրկէ մեզի իւր «Յիշատակարանը»՝ «Փորձ»ի մէջ հրատարակելու»:
Ամսագրին մէջ այդ երգիծական գրութիւններուն ամբողջական տպագրութիւնը աւարտած է 1881 թուականի յունուար ամսուն:
Ինչպէս կը տեսնենք՝ «Փորձ»ի խմբագրութիւնն է, որ իր տուած ծանօթագրութեան մէջ Պարոնեանը անուանած է «պարոն Հոսհոս»: Այս մէկը յետագայ հրատարակիչներուն առիթ տուած է Պարոնեանի այդ գործը կոչել «Հոսհոսի ձեռատետրը»:
«Հոսհոսի ձեռատետր»ի երկրորդ եւ երրորդ տպագրութիւնները դարձեալ տեղի ունեցած են Թիֆլիզի մէջ: Յետագային «Հոսհոսի ձեռատետրը» ունեցած է զանազան հրատարակութիւններ:
«Հոսհոսի ձեռատետր»ով անմահացած է նաեւ «հոսհոս» բառը: Յետոյ այս բառը ընդհանրական բառ դարձած է արեւելահայ գրական շրջանակներէն ներս, ուր, չես գիտեր ինչու, այդպէս կը բնորոշէին որոշ սփիւռքահայերու, իբրեւ թեթեւամիտներ: Ինչ ալ ըլլայ, մէկ բան յստակ է, որ «հոսհոս» բառը նուիրագործուած է շնորհիւ Պարոնեանի անմահ երկին: Կը ներկայացնենք հատուածներ «Հոսհոսի ձեռատետր»էն:
*
-Հայրի՛կ, առջի օրը կ՚ըսէիր, թէ կարմրնալն ամօթխածութեան նշան է։
-Այո՛, երբ որ մէկն իւր ըրածին վրայ կը խպնի եւ երեսը կը կարմրի՝ ըսել է, թէ պարկեշտ է։
-Ըսել է, թէ մայրիկս շատ պարկեշտ է։
-Ինչո՞ւ։
-Վասնզի ամէն առտու իւր երեսը կը կարմրցունէ։
Ո՜վ գոյներ, մի՞թէ դուք ալ այսչափ կը փոխէք եղեր ձեր նշանակութիւնը։
*
Մայրաքաղաքիս մէջ բժիշկներուն թիւն օր ըստ օրէ աւելնալու վրայ է. նոյնիսկ այսօր մէկ մարդու երկու բժիշկ կ՚իյնայ։
Իրաւ է որ շատ աղքատներ առանց բժիշկի կը մեռնին. բայց ո՞րչափ բժիշկներ ալ կան, որ առանց հիւանդի կը մեռնին։
*
«Փունջ» լրագիրն քանի մը ժամանակէ հետէ անասուններու հիւանդութիւններու վրայ յօդուածներ հրատարակելով՝ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ։
Արդեօք «Փունջ»ի խմբագիրն իւր ընթերցողներն անասո՞ւն կը կարծէ…
*
Այսօր կը տեսնեմ, որ կերակուրները մեծ ազդեցութիւն ունին մարդուս կարծիքներուն վրայ։ Կը ճանաչեմ մէկն, որ տարի մը առաջ իւր կեանքը պանիր հացով կ՚անցնէր, եւ ամէն օր ազգային գործերուն վրայ կը խօսէր, իսկ հիմա որ կովու միսով կ՚ապրի՝ ազգային խնդիրներու վրայ խօսողները կը ծաղրէ։
*
Լրագրի մը մէջ հետեւեալը կարդացի. «Նախընթաց օրն Իւսկիւտարի Պուրղուրլու գիւղը տան մը վրայ կայծակ իյնալով՝ մէջը գտնուող երկու կանանց ականջները խուլցուց»։ Ինձ կը թուի, թէ կայծակ մ՚ալ ուսումնական խորհրդոց սենեակին մէջ ինկած է, վասն զի աս ալ խուլցած է եւ չի լսեր թաղային վարժարաններուն վիճակին վրայ խօսուած խօսքերը։
*
Այսօր ատաղձագործ մը կանչեցի եւ փայտէ գլուխ մը շինել տուի ինձի համար. եթէ մուհաճիրին մէկը յանկարծ գլուխս կտրէ՝ բնաւ հոգ չեմ ըներ. անմիջապէս փայտէ գլուխը կ՚անցունեմ։ Առանց գլուխի պտըտելէն շատ աղէկ է փայտեայ գլուխ մ՚ունենալ։
*
Չորս ամիսէ ի վեր յանձնաժողով մը կայ Պոլսոյ մէջ, որու պաշտօնն է Երուսաղէմի պարտքերը բառնալ։ Այս յանձնաժողովն չորս ամիսէ ի վեր չորս գրագիր փոխեց. ահա այն միակ գործն, զոր տեսաւ չորս ամսու մէջ. եթէ ութ գրագիր փոխէր՝ աւելի մեծ գործ մը տեսած կ՚ըլլար։ Սոյն յանձնաժողովոյ ատենապետն է այնպիսի մարդ մը, որ ո՛չ ինքզինքը կը ճանաչէ եւ ո՛չ դիմացինը…։ Կը կարծուի թէ յանձնաժողով մ՚ալ պիտի կազմուի՝ այժմ յիշեալ յանձնաժողովը բառնալու համար։ Իսկ մենք կ՚առաջարկենք, որ յանձնաժողով մ՚ալ կազմուի Երուսաղէմի վանքը բառնալու համար. վասն զի քանի որ վանքը մնայ՝ պարտքն ալ պիտի մնայ, եւ ազգն ա՛լ ժամանակ չունի վանքերու պարտուց համար ահագին գումարներ վճարելու. երեսուն հազար ոսկիով ազգը մեծ գործեր կարող է տեսնել:
*
Միացեալ Ընկերութեան գործադիր ժողովոյ անդամներու մէջ անհամաձայնութիւնն երթալով կ՚աճի։ Ընկերութեան աղուոր անուն մը դնելու համար այսչափ վէճ ըլլալիքն եթէ առաջուց գիտնայինք, կ՚առաջարկէինք, որ Ընկերութեան անունն Արայ գեղեցիկ դրուէր…։
*
Երբեմն այնպիսի պարագաներ կ՚ըլլան, ուր մարդս երանի կը կարդայ անասուններուն։
Շատ մը խնդիրներ կան, որ անասուններու մէջ լուծուած են եւ մարդերու մէջ դեռ վիճաբանութեան տակ են։ Լեզուի խնդիրը, օրինակի համար։ Չպիտի քննեմ, թէ ոչխարը գրաբա՞ր կը խօսի, թէ՞ աշխարհաբար, թէ գաւառաբարբառներ ունի՞, թէ՞ ոչ, թէ ոչխարի լեզուն Հնդիկ‐եւրոպակա՞ն է, թէ՞ ո՛չ. ասոնք քննելու բնաւ պէտք չունիմ. վասն զի Բաղիշի մէջ ծնած ոչխարին լեզուն շատ աղէկ կը հասկանայ այն ոչխար, որու հայրենիքն է Սպանիան. մինչդեռ Մշեցիի մը հայերէնը չհասկնար Պոլսոյ հայն, որու լեզուն չհասկնար Վանեցի հայն, որու լեզուն չհասկնար… եւ այլն եւ այլն եւ այլն։ Այս խառնաշփոթ լեզուներուն վրայ աւելցո՛ւր նաեւ այն հայերէն լեզուներն, որք ամէն օր կը շինուին եւ ամէն օր կը կործանուին՝ այն ատեն դու ալ ինձի պէս երջանիկ պիտի գտնես գրականութիւնն անասուններու, որոնց իւրաքանչիւր տեսակն իւր տեսակին լեզուն կը հասկնայ։ Այս տողերուն պատճառ տուաւ այն առիթն, զոր այսօր ունեցայ Վանայ գիւղերէն նոր եկած ճամբորդի մը հետ տեսնուելու։ Սովու վրայ տեղեկութիւն հարցուցի իրեն, եւ ան ալ պատասխանեց ինձի շատ մը բառերով, որոնց եւ ոչ մին հասկցայ, բացի մաշլախ բառէն…
*
Կարնոյ մէջ անհամաձայնութիւն՝ երկու առաջնորդներու մէջտեղ։ Հռովմէական ազգայիններու առաջնորդ Մելքիսեդեկ գերապայծառ կը պնդէ եղեր՝ տեղւոյն կառավարութեան ժողովներու մէջ գեր. Օրմանեանէ վեր նստել եւ թուղթերն անկէ առաջ ստորագրել։ Գեր. Մաղաքիա վարդապետ Օրմանեան կը բողոքէ եւ ժողովէն դուրս կելնէ առանց ստորագրելու։ Եթէ ես Օրմանեանի տեղ ըլլայի, երբ կը տեսնէի, որ Մելքիսեդեկ իմ տեղս նստած է՝ ես ալ կ՚ելնէի անոր կռնակը կը նստէի…։ Նստելու վերաբերեալ խնդիրներն լուծելու կարճ ճամբան աս է։
*
Իմ կողմէս հարցապնդում մը երեսփոխանական ժողովոյն.
-Ծովուն տակը չերթալու համար շատերը դդում կը կապեն իրենց թեւերուն վրայ. երկինք չհամբառնալու համար թեթեւներն ինչո՞ւ համար կապար չեն կապեր իրենց ոտներուն, երբ ցամաքի վրայ գտնուին։
*
Իգական սեռին ծովու բաղանիքին մէջ.
-Տիկին, չնայի՞ս ո՞վ է սա կինն։
-Ի՞նչպէս ճանաչեմ. գլուխը ծովուն մէջն է եւ ոտները միայն կ՚երեւին ջուրին վրայ։
-Աղէկ ա՛, չվազե՞ս ազատելու… պիտի խղդուի…։
-Կէս ժամէն աւելի է, որ այդպէս կեցած է. եւ ես ալ կը կարծէի, որ իւր պզտիկ ոտները ցցունելու համար այդ դիրքով կեցած էր…։
*
-Կնի՛կ, սա օղերդ տո՛ւր։
-Ի՞նչ պիտի ընես։
-Ինչո՞ւ կը հարցնես։
-Ինչո՞ւ չհարցնեմ։
-Պիտի ծախեմ եւ զքեզ հետս առնելով Հայաստան պիտի երթամ։
-Ես սըկէ հունա չեմ երթար։
-Հապա ամէն օր գլխուս միսը կ՚ուտէիր, որ Հայաստան երթանք։
-Բայց չէի ըսեր, որ օղերս ծախենք ու այնպէս երթանք։
-Ըսել է թէ օղերդ Հայաստանէն աւելի կը սիրես։
-Այդ ի՞նչ խօսք է, Հայաստանը կրնա՞մ ականջներէս կախել…։
Ըստ իս՝ ասանկ կիներու ականջները կտրելու է…։
*
Ճաբոնի կառավարութիւնն արգելած է բազմակնութիւնը։ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ալ պիտի արգելուի այդ աքաղաղային օրէնքը, եթէ առեւտուրներն այսպէս շարունակին։ Քրիստոնեաներու մէջ արդէն կին մ՚ունենալն անգամ արգելուած է, եւ շատ երիտասարդներ տնտեսագիտական պատճառներու համար ամուրի կը մնան։
*
Պ. Նորայր հարուստ ազգայինի մը թերթ մը կը ղրկէ իւր ֆրանսերէնէ- հայերէն բառարանէն, զոր մաս առ մաս կը հրատարակէ։
-Սա ի՞նչ է, կը պոռայ հարուստ ազգայինը. այս բառարանն ի՞նչ ընեմ ես. ժամանա՞կ է հիմայ ատանկ չնչին բաներու համար ստակ տալ. չեմ ուզեր, յետ դարձուցէք եւ ըսէք իրեն, որ մէյ մ՚ալ ասանկ բաներ չղրկէ ինձի։ Ահա, պարոն գրագիր, քեզի ալ յատկապէս կը պատուիրեմ, որ եթէ իմ բացակայութեանս ինձի համար գիրք կամ լրագիր բերելու ըլլան՝ չընդունիք, ապա թէ ոչ՝ կը վռնտեմ զքեզ։ Ժամ մը կ՚անցնի, ուրիշ մը կը մտնէ՝ որսի շուն բերելով հետ։
-Ինձի՞ համար բերիք այդ շունը։
-Այո՛, տէ՛ր։
-Ի՞նչպէս է այդ շունն, աղէ՞կ է։
-Շատ աղէկ ցեղէն է, ազնուական տոհմէն է։
-Ի՞նչ կ՚ուզէք ադոր համար։
-Չորս ոսկի։
-Երեք ոսկի տամ։ Պարոն գրագիր, սա շունն առ եւ տուն տար։
Եւ մեր գրագէտները դեռ չեն ուզեր համոզուիլ, որ մեր հարուստներն ամէն բանի ստակ կու տան բացի լրագիրներէ եւ գիրքերէ։ Բացառութիւններ կան, բայց այնչափ հազուագիւտ են, որ արուեստահանդէսի մը ղրկելու համար պահած եմ զանոնք:
*
Հրդեհներուն առաջքն առնելու պաշտօնով մասնաժողով մը պիտի կազմուի։ Յանձնաժողով մ՚ալ պիտի հաստատուի հրդեհները մարելու համար։ Մենք հիմա ուրիշ գործ չունինք. ամէն օր մասնաժողով, յանձնաժողով, մասնախումբ, յանձնախումբ կազմելէն զատ գործ տեսած չունինք:
*
Փոքրիկ կատակերգութիւն մը.
Գիտէք արդէն, որ աղջիկտեսի սովորութիւնն բոլորովին վերցուած չէ մայրաքաղաքիս մէջ։ Երիտասարդներէն շատերն երբ կին մը առնել ուզեն՝ այնպէս կը վարուին, ինչպէս կը վարուիմ ես՝ երբ կով մը կամ ձի մը առնել ուզեմ. աղջիկն իրենց ազգականներուն աչերով կը տեսնեն եւ, եթէ հաւնին, սակարկութեան կը սկսին, իսկ եթէ չհաւնին, ուրիշ աղջիկ մը տեսնելու կ՚երթան։ Ժամանակաւ սովորութիւն կայ եղեր աղջիկներն բաղանիքի մէջ ալ քննել տալ, համոզուելու համար թէ մարմինը թերութիւններ չունի։ Ա՛հ, ո՜րչափ մարմնապաշտ են մարդերն ամուսնութեան մէջ. ո՜վ մարդեր, դուք մարդ չպիտի ըլլաք։ Հոգւոյն բաղանիքն ալ քաւարանն է. բայց ոչ ոք քաւարան կ՚երթայ իւր առնելիք աղջկան հոգւոյն թերութիւնները տեսնելու համար… միայն այն էրիկներն, որ տգեղ կիներ ունին՝ քաւարան ղրկել կ՚ուզեն իրենց կիները…։ Մարդերն աւելի նիւթապաշտ են, քան՝ հոգեպաշտ։
Ի զուր կը պոռան աստուածաբանները, թէ հոգին մեծ է քան զմարմին. այո՛, կ՚ըսեն, հոգին մեծ է քան զմարմին, բայց մարմին գեղեցիկ է քան զհոգի, եւ ամուսնութեան մէջ, կ՚ըսեն, մեզի աւելի գեղեցկութիւն պէտք է, քան թէ՝ մեծութիւն։ Ո՜վ յիմարութիւն…։ Ներեցէք, նիւթէս քիչ մը շեղեցայ։ Տիկին Թ…ին լուր կը տրուի, թէ սեպտեմբեր երեքին իւր աղջիկը տեսնելու համար քանի մը տիկիններ աղջիկտեսի պիտի գան։ Տիկին Թ… իրար կ՚անցնի եւ անմիջապէս աղջիկը կը կանչէ։ Աղջիկը վազելով կու գայ։
-Քեզ տեսնեմ, աղջիկս, կ՚ըսէ տիկին Թ…, աղուորիկ մը հագուէ՛, սգուէ՛։
-Ի՞նչ կայ, մայրիկ։
-Քանի մը հիւրեր պիտի գան այսօր. անոնց առջեւը շատ մի խնդար, որ քաշել տուած ակռաներուդ տեղերը չերեւան։
-Մայրիկ, դուն ալ միշտ ակռաներս երեսս կը զարնես. չորս ակռայ քաշելով ի՞նչ կ՚ըլլայ եղեր։
-Չէ, որդի, քուկին բարւոյդ համար կը խօսիմ կոր. թեւերուդ մէջ մէյմէկ կտոր բամպակ թխմէ, որ գէր երեւաս։
-Իմին կազմս ի՞նչ ունի որ… տձե՞ւ եմ…։
-Դուռը կը զարնեն։
-Եկան, եկան, կը պոռայ մայրն եւ դուռը բանալու կը վազէ, աղջիկն ալ հագուելու։
-Ա՞ս է տունը, կը հարցունեն հիւրերը դրան առջեւ։
-Աս է, աս, կը պատասխանէ տիկին Թ…, ներս հրամմեցէ՛ք։
-Սխալմամբ ուրիշ ուրիշ տուն մը չմտնենք։
-Չէ, չէ, հոս պիտի գաք։
Հիւրերն, որք երեք տիկիններէ կը բաղկանային՝ ներս կը մտնեն։ Պէտք է գիտնալ, որ այս հիւրերն Ընկերութեան մը անդամներ էին, որք տունէ տուն պտըտելով տիկիններէ դրամական նուէր կը հաւաքէին՝ իգական սեռին դաստիարակութեան համար։
-Բարի եկաք, մադամներ, կ՚ըսէ տիկին Թ…։
-Բարի տեսանք, կը պատասխանեն երեք հիւրերն, որոնց մինն քիչ մը կը սրդողի մադամ բառին վրայ. կ՚երեւի որ դըմուազէլ էր։
-Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք։
-Փառք Աստուծոյ. ձեզի տեսանք աւելի աղէկ եղանք։
-Ողջ եղէ՛ք, ատիկայ ձեր ազնուութիւնն է։
-Ինչպէ՞ս ժամանակ կ՚անցունէք գիշերները։
-Շիտակը, կանուխ կը պառկինք. մեծաւորս պտըտել չի սիրեր, հիմակուան զբօսանքներէն ալ շատ չ՚ախորժիր։
-Աղէկ կ՚ընէք։
Աղջիկն որ աճապարանօք հագուած էր՝ սենեակէն ներս կը մտնէ եւ հիւրերու ձեռները կը թօթուէ։
-Աղջի՛կս, ձեռք չպագնե՞ս։
-Տէր ողորմեա, այդ սովորութիւնը չկայ հիմայ, կը պատասխանեն հիւրերը։
-Ինչո՞ւ չկայ, թո՛ղ տուէք որ պագնէ, կ՚աղաչեմ։
-Թող չենք տար։
-Իրաւ որ կը սրդողիմ, հայրն ալ իմանայ նէ՝ կը բարկանայ ինձի. կ՚աղաչեմ թող տուէք, որ ամէնուդ ալ ձեռները զատ‐զատ պագնէ. մեղա՜յ, բերանը չմաշիր ա՛…։
-Շատ լաւ։
-Մենք մեր մեծերէն ինչ որ տեսեր ենք նէ՝ անանկ կ՚ընենք։ Ձեռքէս եկածին չափ աշխատեցայ որ աղջիկս կրթեմ, ֆրանսերէն ալ սորվեցուցի (աղջկանը դառնալով) աղջի՛կ, քիչ մը ֆրանսերէն խօսքեր չընե՛ս, մադամներուն հետ։
Հիւրերէն մին մադամ բառին վրայ կէս կանգուն վեր կը ցատկէ նստած տեղէն։
-Բաւական ձեռագործ ալ սորվեցուցի, կը շարունակէ տիկին Թ…, պարել ալ գիտէ, եթէ կ՚ուզէք. պարեցէք հետը քիչ մը։
-Թող մնայ այսօր, կը պատասխանէ հիւրերէն մին եւ գրպանէն անդորրագիր մը կը քաշէ, մատիտ մ՚ալ հանելով ծոցէն։
-Եթէ ուզէք՝ քիչ մը ֆրանսերէն խօսի…
-Շնորհակալ ենք, խէրը տեսնէք. մենք ալ անոր ուսումնականութեանը վստահելով հոս եկանք, եւ շատ ուրախ ենք, որ մեր յուսացածէն աւելի կրթուած եւ պարկեշտ տեսանք զինքը։
Տիկին Թ… կ՚ուրախանայ այս յայտարարութեան վրայ, որ իրեն համար կը նշանակէր, թէ խօս‐կապը հետեւեալ օրը պիտի ղրկուի։
-Քանի՞ դահեկան գրենք, կը հարցնէ հիւրերէն մին, մատիտն եւ անդորրագիրն ձեռքին մէջ բռնելով։
-Քանի՞ դահեկան…։
-Այո՛, ձեր կարողութեանը համեմատ բան մը ըսէ՛ք։
-Ատոր խօսքը հօրը հետ պիտի ըլլուի։
-Հայրը ո՞ւր գտնենք. դուք գիտէք հարկաւ թէ ինչ կրնաք տալ. ասիկա անանկ բան մ՚է, որ ամսէ ամիս պիտի առնուի։
-Ամսէ ամիս ինչո՞ւ առնուի. ասանկ գործի մը ելնողը հարկաւ առաջուց պատրաստած է իւր տալիք ստակը։ Բայց ես ալ ձեզի բան մը հարցունեմ։
-Հարցուցէք։
-Այս ստակն որու որ պիտի տանք նէ՝ ան ալ գոնէ դրամագլուխ մը ունի՞։
-Ի՞նչ կ՚ըսէք, տիկին, հազար ոսկիի մօտ դրամագլուխ ունի այսօր։
-Հազա՞ր ոսկի։
-Այո՛։
-Իմ լսածս հազիւ հարիւր ոսկի ունի եղեր։
-Սխալ է տիկին։
-Քանի՞ տարեկան բան է աս, որ հազար ոսկի ունենայ։
-Հազիւ երկու տարուան կայ, տիկի՛ն։
-Զիս կը ծաղրէ՞ք կոր, մադամներ։
-Ծաղրելու ի՞նչ կայ, տիկի՛ն։
-Վնաս չունի. բայց ինձի ըսին, թէ քառասունի մօտ է եղեր, եւ մօրուքին մէջ ճերմակ ալ ինկեր է։
-Ի՜նչ… մօրո՜ւք… մեր ընկերութիւնը մօրո՞ւք ալ ունի եղեր…
-Ձեր ընկերութի՞ւնը…։
-Հապա դուք որո՞ւ համար կը խօսէիք։
-Մեր փեսացուին համար չէի՞ք խօսեր։
-Ներեցէ՛ք տիկին. սխալմամբ հոս եկած ենք… Պ. Ի…եանի տունն ո՞ւր է։
-Մեր քովի տունն է։
-Թողութիւն կ՚ընէք, մենք ընկերութեան մը համար դրամ հաւաքելու ելած ենք այսօր։
-Դուք ալ ներեցէ՛ք, ես ալ աղջիկտեսի համար հիւրերու կը սպասէի այսօր։
Հիւրերը կը բաժնուին տիկին Թ…է, որ պատուհանին առջեւը կ՚անցնի կը նստի իւր բուն հիւրերը սպասելու։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024