ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ ՕԳՆԱԿԱ՞Ն, ԹԷ՞…
Այսօր Արցախի չակերտեալ պարտութեան մէջ շատեր կը մեղադրեն Ռուսաստանը: Ոմանք ալ մինչեւ իրենց հոգիի խորքը վշտացած են հայկական արմատներ ունեցող Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին: «Լաւրովը յօգուտ Հայաստանի ու Արցախի ոչինչ ըրաւ», կը պնդեն շատեր:
Ինչո՞ւ չակերտեալ պարտութիւն, քանզի արցախցին, հայ զինուորը չպարտուեցաւ՝ դաւաճանուեցաւ իւրայիններու կողմէ: Կռնակէն ստացաւ անսպասելի հարուած մը, որմէ մինչեւ օրս չի կրնար ուշքի գալ: Արցախի Հանրապետութեան հերոս, արցախեան ազատամարտի եռանդուն մասնակից Ժաննա Գալստեան նշած է. «Պատկերացուցէք, այդ շոքը «պայրաքթարներէն» չէր, որոնց մենք ընտելացանք պատերազմի չորրորդ-հինգերորդ օրը: Շոքը յառաջացաւ դաւաճանութենէն: Ասիկա այն զէնքն է, որուն չէինք սպասեր...»:
Իսկ ի՞նչ պիտի ընէր Ռուսաստան, որ չըրաւ, կամ ինչո՞ւ պիտի ընէր: Միթէ Ռուսաստան պարտակա՞ն է Հայաստանին: Միթէ Ռուսաստան Հայաստանի փոխարէն ի՞ր ուսերուն վրայ պիտի վերցնէր Արցախի փրկութեան ծանր լուծը: Անշուշտ, պարտաւոր չէր: Ըստ իս, Ռուսաստանի նախագահը ըրաւ առաւելագոյնը: Վերջին պահուն, հասկնալով, որ Փաշինեան մտադիր է յանձնել ամբողջ Արցախը, Փութին միջամտեց եւ կեցուց պատերազմը՝ Արցախէն ոտնաչափի մը չափ հող մը թողելով, նուիրելով արցախցիին: Անշուշտ, Ռուսաստանի նախագահը մեզի լաւութիւն ըրաւ ո՛չ թէ մեր սիրուն աչքերուն համար, այլեւ՝ հետապնդելով իր սեփական շահը: Թող ըլլայ: Այստեղ մեր շահերը համընկնեցան: Իսկ Փութին ինչո՞ւ ինքզինքին աւելորդ նեղութիւն պատճառէ՝ Հայաստանի եւ Արցախի փրկութեան համար լրացուցիչ քայլեր ձեռնարկէ այն պարագային, երբ Հայաստանի իշխանութիւնը բաւականին գոհ է ստեղծուած իրավիճակէն, հայ ժողովուրդի անգիտակից, տգէտ ու անտարբեր զգալի հատուած մըն ալ կուրօրէն կը սատարէ ազգադաւ իշխանութեան: Ինչո՞ւ մեզի փոխարէն ուրիշը պիտի ապրի մեր ցաւը: Միթէ սա արդա՞ր է...
Իւրաքանչիւր պետութիւն աձերէ բաղկացեալ ընտանիք մըն է: Եթէ մէկը անտարբեր է սեփական անձի նկատմամբ, երկրորդ մէկը ինչպէ՞ս կրնայ զայն յարգել: Երբ մարմինդ կամ հոգիդ կը ցաւի, այդ ցաւը կը զգաս միայն դուն: Կողքինդ կանգնողը որքան ալ հարազատ ըլլայ քեզի, չի կրնար զգալ քու ցաւդ. սակայն կրնայ հոգ տանիլ քու մասին, դարմանել ցաւդ, եթէ խնդրես:
Աւա՜ղ, աշխարհի համար Հայաստանը մուրացիկ մըն է, եկող-գացողը մանրադրամ մը կը նետէ վերջինիս համար: Մեզմէ ո՞ր մէկը երբեւէ ձեռք մեկնած է մուրացիկի մը կամ իր տունին դուռը բացած է անտունի մը դիմաց: Թերեւս ոչ մէկը: Ուստի ինչո՞ւ, ի՞նչ իրաւունքով կը սրդողինք աշխարհին, առաւել եւս Ռուսաստանին:
Բարբաջելու փոխարէն պիտի գոհանանք, որ մեր կողքին ունինք Ռուսաստանի պէս հզօր դաշնակից մը եւ Պարսկաստանի պէս բարեացակամ ու պատրաստակամ հարեւան մը: Ո՛չ մէկը կը փորձէ ձեռք մեկնել անտարբեր ու անլուրջ մէկու մը: Ասիկա փաստ է:
Սակայն ռուսերը, որոնք յատուկ ակնածանք կը տածեն հայ ժողովուրդի նկատմամբ, կը շարունակեն սատարել Հայաստանին: Փութին պատրաստ է իշխանափոխութենէ վերջ օգնել Հայաստանին՝ շտկելու համար իր ողնայարը:
Ես ռուսամէտ չեմ՝ ամենեւին: Քաջ կը գիտակցիմ, որ իւրաքանչիւրը կը հետապնդէ իր սեփական շահը:
Ամօթալի գիշերէն քանի մը շաբաթ վերջ Ստեփանակերտի մէջ վերաբացուած առաջին դպրոցի մուտքի ճակատին ռուսերէն խոշոր տառերով գրաուծ էր՝ «Շնորհակալութիւն Ռուսաստանին»: Այս պաստառը շատերու փորը ցաւցուց, նոյնիսկ ոմանց արժանապատուութիւնը գետնին հաւասարեցուց: Եւ այդ ստահակները որոշեցին մոլորեցնել հասարակ ժողովուրդը եւ կրկին անգամ թշնամանք սերմանել արցախցիներու նկատմամբ: Իբր թէ յանուն Արցախի հայաստանցիները տուին հազարաւոր զոհեր, իսկ այսօր այդ նոյն արցախցին զոհուած ազատամարտիկներուն շնորհակալ ըլլալու փոխարէն՝ երախտապարտ է ռուսին: Այդ օրերուն համացանցը ողողուած էր տարատեսակ տգեղ ու գարշելի արտայայտութիւններով, հայհոյանքներով՝ հասցէագրուած արցախահայութեան: Այնուհետեւ մէկ ուրիշ միջոցառումի մը ընթացքին ռուս խաղաղապահ զինուորները արցախցիներու կողմէ աղ ու հացով, կարկանդակով դիմաւորելը դարձաւ շահարկման նիւթ: Հայաստանցի կամաւորները վշտահարեցան, թէ «ինչո՞ւ մեզի ալ այդպէս չդիմաւորեցիք»:
Ի գիտութիւն՝ Արցախի բազմաչարչար ու տառապեալ ժողովուրդը լաւագոյնս գիտէ հայրենիքի գինը: Արցախցին գիտէ ինչպէս պատուել ու սրբացնել իր հողը պաշտպանողները եւ յանուն այդ հողին անմահացածները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի սրդողելուն՝ յարգելի կամաւորներ, ըստ ձեզի, պատերազմի թէժ պահին, երբ իւրաքանչիւրը կը խորհէր սեփական կեանքը փրկելու մասին, արցախցին «Բարի գալուստ Արցախ» ցուցատախտակի մօտ աղ ու հացով պիտի դիմաւորէ՞ր օգնութեան հասնողները... կամ Արցախը դաւադրաբար յանձնելէ վերջ, ջախջախուած, փշրուած, խորտակուած ոգիով ու սրտով, փչուկներով ու կարկանդակներով պիտի ճանապարհէ՞ր ձեզ...
Կամ ինչո՞ւ կը նեղուիք ռուսին շնորհապարտ ըլլալու համար: Եթէ ոչ ռուսին ու Ռուսաստանին, ապա որո՞ւն շնորհակալ պիտի ըլլար, ըլլայ արցախցին: Որո՞ւ շնորհիւ Արցախը ամբողջութեամբ չյանձնեցին... ո՞վ կեցուց պատերազմը... այսօր ո՞վ կը հոգայ Արցախի անվտանգութիւնը... ո՞վ 24 ժամ կը հսկէ արցախցիներու արիւնոտ անդորրը... ո՞վ կը հոգայ գերիներու վերադարձը, Արցախի ժողովուրդի կարիքները՝ տրամադրելով ջուր ու լոյս... Ի հարկէ՝ ռուս խաղաղապահն ու Ռուսաստանը: Իսկ մինչ այդ Փաշինեան լկտիաբար կը յայտարարէ, թէ Գորիսի Տեղ գիւղէն այն կողմ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն է:
Տեղ գիւղէն այն կողմ կը սկսի Արցախի սահմանը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024