ՆԿԱՐԱԳՐԻԴ ՇՂԱՐՇԸ ՄԻՇՏ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԹՈՂ ԸԼԼԱՅ
Սպիտակ եւ սեւ երանգները գունային աշխարհին մէջ ամենէն շատ կիրառուող գոյներն են։ Սպիտակը բարութեան, մաքրութեան, անմեղութեան, սրբութեան եւ կատարելութեան խորհրդանիշ է։ Օրինակ՝ սպիտակ աղաւնին՝ խաղաղութեան սիմպոլ է, սպիտակ դրօշակը՝ հաշտութեան։ Իսկ սեւ գոյնը դարերու ընթացքին ստացած է խաւարի, չարութեան, գէշութեան, սուգի, բռնութեան, կախարդութեան եւ մոգութեան խորհրդանիշ։
Մարդ արարածի մանկութեան նկարագիրը միշտ թափանցիկ ու սպիտակ կ՚ըլլայ, որուն ճառագայթարձակ շղարշին վրայ չկան նենգութիւն, ատելութիւն, բղջախոհութիւն, քինախնդրութիւն եւ պէս-պէս մոլութիւններ…, այլ կան՝ բարիին մարմնացումը եղող ու բարիին ձգտող առաքինութիւններ եւ բարոյական արժէքներ։ Թափանցիկ եւ մաքրամաքուր այդ շղարշը երբեմն կեանքի յորձանուտին մէջ տարբեր երփներանգներով կը գունազարդուի ու կը պճնուի։ Այդ գունազարդման իբրեւ արդիւնք, աստուածաստեղծ շղարշը պճնանքի փոշիին տակ կը կորսնցնէ իր սպիտակաթոյր երանգը եւ կ՚աղարտէ մեր ներսիդին սերմանուած առաքինութեան տունկերը, բարի ու թափանցիկ նկարագիրը։ Ահա այդ ժամանակ գունափոխուած ու եղափոխուած շղարշի տէր մարդիկը իրենց ողջ էութիւնը սեւացած եւ մոխրապատ բագինի կը վերածեն ու անզգալաբար կը նախընտրեն չարիքը՝ բարիքէն, նախանձն ու ատելութիւնը՝ սէր ու խաղաղութենէն, նիւթապաշտութիւնը՝ գաղափարապաշտութենէն, նիւթական ու մարմնական նուաստ հաճոյքները՝ բարոյական եւ հոգեկան վսեմ արժէքներէն, բիրտ ուժը՝ զոհողութենէն եւ իրաւախոհութենէն, անիրաւութիւնը՝ արդարութնէն, աշխարհապաշտութիւնը՝ աստուածպաշտութենէն…։
Արարման առաջին իսկ օրէն, մարդ էակը ունեցած է միտքեր. գաղափարներ. զգացողութիւններ. զգացումներ…: Այս յատկութիւններն են, որոնք կազմած են մարդ անհատի էութիւնն ու բնաւորութինը: Չկայ անձ մը, որ բնաւորութիւն չունի եւ չկան մարդիկ, որոնք նոյն բնաւորութիւնը ունենան: Կան միայն խառնուածքով, նախասիրութիւններով կամ այլ յատկանիշներով նման մարդիկ: Բնաւորութիւնը թէ՛ բացասական եւ թէ դրական կողմեր կ՚ունենայ, որոնցմէ կախեալ է նաեւ «լաւ» եւ «վատ» մարդ գաղափարը։
Շատ յաճախ կը պատահի, որ ոեւէ մարդու հետ երբ զրուցենք, ընկերանանք, մտերմանանք, վերջաւորութեան կը նկատենք, որ իրարմէ շատ տարբեր ենք։ Մեր ընկալումները. որոշումներ կայացնելու արագութիւնը եւ նոյնիսկ շարժուձեւերը տարբեր կ՚ըլլան: Նման տարբերութիւններ երբեմն կը հիացնեն մեզ, իսկ երբեմն՝ կը զայրացնեն: Սակայն այս բոլորը ի՞նչ կը նշանակեն։ Արդեօք կարելի՞ է մեր բնաւորութիւնը փոխել եւ կատարելութեան հասցնել։ Եկէք ուսումնասիրենք ու դիտարկենք այս տարբերութիւնները հոգեբանական պրիսմակէն։
Ըստ հին փիլիսոփաներու տեսութեան՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխարհ «գօտաւորուած» կու գայ, իսկ մարդոց խառնուածքի տիպերը ժառանգաբար իրենց նախնիներէն կը փոխանցուին: Այդ է պատճառը, որ նոյն ընտանիքի երախաները, շատ հաճախ, տարբեր բնաւորութեան գիծեր եւ խառնուածք կ՚ունենան. չնայած որ ծնողական նոյն դաստիարակութիւնը կը ստանան: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ծանօթներէն ու բարեկամներէն երբեմն հետեւեալ արտայայտութիւնները կը լսենք. «Երախան իր հօր մանկութեան կը նմանի, իսկ միւս երախան լրիւ հակառակն է՝ հանգիստ, խաղաղ՝ իր մօրը նման»։
Մարդկային խառնուածքը աւելի քան հազարմեակներ շարունակ գտնը-ւած է գիտութեան ուշադրութեան կեդրոնը։ Խառնուածքներով է, որ կ՚որոշ-ւին մարդոց հոգեկան տարբերութեանց, յոյզերու արտայայտուածութեան աստիճանի, վարքային աքթիւութեան եւ հոգեկան կայունութեան բնութագիրները:
Խառնուածքի մասին առաջին տիպաբանութիւնը մեզի հասած է Հին Յունաստանի բժշկապետ Հիպոկրատէն (Ն.Ք. 460-377) եւ հռոմէացի ականաւոր բժիշկ-բնագէտ Կլաւտիոս Կալէնէն (Ն.Ք. 281-201թ.թ.): Վերջինս խառնուածքի 13 տեսակներէ բաղկացած առաջին տիպաբանութիւնը առաջ բերած էր։ Յետագային այդ խմբաւորումներէն միայն չորսը հիմնաւորուեցաւ եւ հոգեբանութեան մէջ որպէս գործօն ընդունուեցաւ ու կիռարուեցաւ: Կալէնի առաջարկած տիպաբանութեան համաձայն, մարդիկ իրարմէ կը տարբերին կազմախօսութեան մէջ գոյութիւն ունեցող չորս տեսակ «նիւթերու» համաչափութեամբ։ Այդ համաչափութեան հիման վրայ խառուածքի հետեւեալ տիպերը կ՚առանձնանան.
Ա) Տաքարիւնութիւն։ Այս տիպին կը պատկանին այն մարդիկը, որոնք եռանդուն եւ շարժունակ են։ Այլոց կարծիքներու ազդեցութեան տակ երբեք չեն իյնար եւ միշտ կը գերադասեն ինքուրոյն կարծիքը: Նմանօրինակ մարդոց վարքը բաւականին ճկուն է, իսկ մտաւոր կարողութիւնները՝ բարձր:
Բ) Դիւրագրգռուածութիւն։ Այս խումբին պատկանող մարդիկը չափազանց աքթիւ են, սակայն չեն կրնար իրենց յոյզերը հսկել: Բռնկուն, անհամբեր, յամառ կ՚ըլլան եւ միշտ կը ձգտին իրենց նպատակին հասնիլ: Այս բոլորին առընթեր, հաւասարակշռուած չեն, իսկ տրամադրութիւննին շատ արագ կրնայ փոխուիլ։
Գ) Սառնարիւնութիւն։ Արտաքնապէս հանգիստ եւ հաւասարակշռուած մարդիկ են այս տիպին պատկանողները: Հաւասարակշռուած, կայուն ու զուսպ են, բայց եւ այնպէս դանդաղաշարժ եւ ինքնամփոփ են։ Համբերատարութեամբ, աշխատունակութեամբ, ինքնահսկողութեամբ օժտուած են, սակայն շատ դժուարութեամբ օտար մարդոց հետ յարաբերութիւն կը հաստատեն։
Դ) Մելամաղձոտութիւն։ Մելամաղձոտները բարձր զգայունութեամբ բնութագրուած են: Աննշան երեւոյթն անգամ կրնայ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորել: Նմանատիպ մարդիկ երբեք աքթիւ ու նպատակասլաց չեն, միօրինակ աշխատանքներէ ընդհանրապէս կը յոգնին, կը ձանձրանան եւ շատ շուտ խուճապի կը մատնուին։ Հոգեբանութեան մէջ այս տեսակը «թոյլ տիպ» կը կոչուի։
Խառնուածքի այս չորս տեսակները գիտական յստակ ուսումնասիրութեանց արդիւնք են, սակայն զանոնք տարբերակելը դիւրին չէ։ Որպէս կանոն` մարդու խառնուածքը երկու կամ երեք տեսակներու խառնուրդ է, բայց եւ այնպէս կրնանք հանդիպիլ նաեւ խառնուածքի մէկ տեսակ ունեցող մարդոց։ Հետեւաբար, խառնուածքը բնածին է եւ կեանքի ընթացքին երբեք չի փոխուիր: Սակայն այս բոլորով հանդերձ, կարելի չէ մարդու մասին եզրակացութիւններ կատարել միայն անոր խառնուածքին վրայ հիմնուելով։ Այդ իսկ պատճառով խառնուածքի հետ միաժամանակ անհրաժեշտ է անոր բնաւորութեան գիծերը, մտաւոր զարգացուածութեան մակարդակը եւ բարոյական որակները պարզել եւ նկատի ունենալ։
Եթէ երբեք խառնուածքը մարդուն մէջ ժառանգաբար եւ ընդոծին ի վերուստ դրուած է, ապա մարդու նկարագիրը հիմնականօրէն կը կերտուի դաստիարակութեամբ, ընտանեկան կրթութեամբ եւ շրջապատի ազդեցութեամբ։ Մանկավարժներ խորհուրդ կու տան հետեւիլ մանուկին իւրաքանչիւր քայլափոխին առաջին երեք ամիսներէն սկսեալ եւ վարքի կառավարման հմտութիւններու ուսուցման շնորհիւ՝ երախայի խառնուածքի որոշ դրսեւորումները շտկել կամ մեղմացնել:
Ուղեղը իւրաքանչիւր խառնուածքի բոլոր արտաքին դրսեւորումներու պատասխանատուն է, զոր կը կառավարէ բոլոր ազդակները եւ արգելակման գործընթացները: Երեքամսեայ փոքրիկը ամբողջութեամբ իր խառնուածքին ազդեցութեան տակ կ՚ըլլայ, որովհետեւ այդ տարիքին անոր գլխուղեղը անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ լիարժէք հասունութիւն չ՚ունենար: Տարիքի հետ միասին երախան սպունգի նման կը ներծծէ իր չորսդին կատարուող արարքներն ու խօսակցութիւնները, աւելի յստակ կը սկսի ընկալել վարքագծի շրջանակներն ու սահմանները, ինչպէս նաեւ ընդօրինակել իր շրջապատի սովորութիւններն ու կենսաոճը։ Զուր տեղը չէ ըսուած, թէ «Մտքերը գործերու կը վերածուին, գործերը՝ սովորութիւններու, սովորութիւնները` բնաւորութեան։ Իսկ բնաւորութիւնը կ՚որոշէ, թէ մեր կեանքը ինչպիսի ընթացք պէտք է ունենայ»։
Զօրաւոր նկարագիր ունենալու գաղտնիքը, զօրաւոր համոզումներ ունենալու մէջն է։ Որքա՛ն հաստատուն է համոզումդ, այնքան զօրաւոր է նկարագիրդ։ Բայց այսօր մեր շրջապատին մէջ կարելի՞ է հանդիպիլ թափանցիկ ու սպիտակ նկարագիր ունեցող մարդոց, հազուադէպ։ Համաշխարհայնացած դարուն մէջ կան շահախարդախ մարդիկ, որոնք անառիթ չափազանց ինքնավստահ եւ ինքնագով են: Այսպիսի կամազուրկներ կը փորձեն իրենց շրջապատը անընդհատ համոզել եւ ներկայացնել իրենց սեփական ուժերը, կարողութիւնները, «շնորհքները», առաւելութիւններն ու հմտութիւնները, բայց իրականութեան մէջ մէկական աննկարագիրներ են, ոչինչ ունին. պարզապէս մունետիկի պէս այստեղ-այնտեղ կը պտտին։
Լրջութիւնը մարդու նկարագրի հիմքն է, իսկ նկարագիրը մարդուն մէջ վերջնականապէս ձեւաւորուած կամքն է։ Նկարագիրը մարդկային կամքի գաղտնի ու մշտական ուժն է եւ սկզբունքներու համաձայն գործելու ընդունակութիւնն է: Ֆրետիրիկ Նիցչէ կ՚ըսէ. «Մարդոց հետ յարաբերութիւնը նկարագիրը կը փճացնէ, մանաւանդ եթէ մարդ նկարագիր չունի»։ Իսկ Չարլզ Շուար այսպէ՛ս կը պարագրէ մարդու նկարագիրը. «Նկարագիրը մարդու համար նոյնն է, ինչը բուրմունքը՝ ծաղիկի համար»։
Քրիստոս Սերմնացանի առակին ընդմէջէն չորս տեսակ հողերու մասին կը խօսի եւ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր հողի տեսակն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Օր մը, սերմանող մը սերմ ցանելու կ՚ելլէ։ Սերմանած ատեն հատիկներէն ոմանք ճամբուն եզերքը կ՚իյնան, իսկ թռչունները կու գան ու կ՚ուտեն զանոնք։ Ուրիշներ ժայռոտ տեղ կ՚իյնան, ուր շատ հող չկար, եւ քանի հողը խորունկ չէր՝ անմիջապէս կը բուսնին, բայց երբ արեւը կը ծագի՝ կ՚այրին, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ կը չորնան։ Ոմանք փուշերու մէջ կ՚իյնան, սակայն փուշերը կը խեղդեն զանոնք։ Իսկ ուրիշներ ալ լաւ հողի մէջ կ՚իյնան եւ պտուղ կու տան, ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն (Հմմտ. Մտ 13.4-8)։
Այս առակին մէջ Քրիստոս ինքզինք սերմանողի կը նմանցնէ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ ինք Աստուծոյ խօսքին սերմը սերմանող մը չէ լոկ, մարդիկը փրկութեան հրաւիրող կամ կանչող մը չէ պարզապէս, այլ Աստուծոյ խօսքը սերմանելէ ետք մեր սիրտերուն մէջ, հոգ կը տանի եւ կ՚աշխատի աճեցնել այդ սերմերը։ Եւ ինչպէս սերմնացանը կը ջրէ այն արտը, ուր սերմեր ցանած է, այնպէս ալ Քրիստոս Իր սիրով կը ջրէ այն սիրտն ու հոգին, ուր Աստուծոյ արքայութեան սերմերը ցանած է։ Եւ դարձեալ, ինչպէս սերմնացանը վնասակար խոտերը կը հեռացնէ այն հողէն, ուր սերմեր ցանած է, այնպէս ալ Յիսուս կը ջանայ վերստին սպիտակ դարձնել մեր նկարագիրը եւ մեզմէ հեռացնել մեղքի այն փուշերը, որոնք կրնան խեղդել մեր մէջ Աստուծոյ խօսքին սերմը։ Աստուածորդին միշտ կը փորձէ քեզի նոր նկարագիր, նոր անհատականութիւն, նոր ու աստուածահաճոյ փափաքներ, նոր կամք ու կամեցողութիւն, նոր կենսընթաց ու գործելակերպ, հաւատքի նոր կրակ, նախանձախնդրութեան նոր ոգի եւ նկարագրի նոր շղարշ տալ, բայց քեզի կը մնայ այդ բոլորը յանձանձել, պահել ու աճեցնել հոգիիդ անդաստանին մէջ։
Մեկնիչ հայրեր չորս հողերը կը նմանցնեն մարդոց չորս տեսակներու եւ դասակարգերու։ Առաջին դասակարգի մարդիկը՝ իրենց ականջները Աստուծոյ խօսքին դիմաց բոլորովին փակողներն են եւ իրենց հոգիները գերեվարած են աշխարհիկ հրապոյրներով ու հաճոյքներով։ Այսպիսիք ո՛չ բանալիք սիրտ ունին եւ ոչ ալ տալիք ականջ ունին Աստուծոյ խօսքին, այլ ընդհակառակը, գիտակցօրէն եւ կամաւորաբար Աստուծոյ խօսքը մերժողներն են։ Երկրորդ դասակարգի մարդիկը՝ թէպէտ իրենց ականջները չեն փակած Աստուծոյ խօսքին դիմաց, եւ սակայն իրենց սիրտերը չեն բացած։ Նման մարդիկ ականջի մարդիկ են, բայց ո՛չ սրտի։ Երրորդ դասակարգի մարդիկը՝ իրենց սիրտը Աստուծոյ խօսքին դիմաց բացողներն են, բայց անոնց սիրտը բացուած է նաեւ աշխարհային հաճոյաձիգ «արժէքներու» եւ կեանքի հոգսերուն դիմաց։ Իսկ չորրորդ դասակարգի մարդիկը՝ իրենց սիրտը ամբողջութեամբ Աստուծոյ խօսքին այլակերպիչ զօրութեան դիմաց բացողներն են։
Սիրելի՛ ընթերցող, թափանցիկ եւ սպիտակ նկարագիրը հարստութիւն է մարդկային ողջ կեանքիդ համար, իսկ աննկարագրութիւնը անարժանապատուութիւն, կշտամբանք, նախատինք եւ պարսաւանք է նախեւառաջ քու անձիդ նկատմամբ։ Եթէ նկարագրիդ թափանցիկ շղարշը կեղտոտած ես տարբեր տեսակի մոլութիւններով ու ախտերով, ապա հիմա ժամանակն է զգօն դառնալու եւ դուրս գալու այդ կեղտոտ պատեանէդ։ Նկարագրիդ սպիտակ շղարշը մաքրէ եւ նախկին իր վիճակին բեր, որպէսզի սիրով տոգորուած նկարագրովդ՝ քաղցրացնես դառնացած սիրտերը, հեզ նկարագրովդ՝ հպարտ հոգիները խոնարհութեան բերես, ազնիւ նկարագրովդ՝ կեղծաւորներուն դիմակները երեւան հանես…։ Նկարագրիդ շղարշը միշտ թափանցիկ թող ըլլայ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024