ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԵԶԱԿԻ ՄԱՐԴԻԿ

Աշխարհի վրայ բազմաթիւներ ունին բնածին ձիրքեր, ունակութիւններ. ինչպէս՝ երգել, պարել, գրել, նուագել… Տաղանդաւոր մարդը կը ստեղծագործէ արդիւնաւէտօրէն եւ իր կատարած գործին մէջ առաւել արագ կը վարպետանայ։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք ունին գրեթէ գերմարդկային ունակութիւններ. ոմանք զանազան պատճառներով յանկարծակի ձեռք բերած են զարմանալի, տարօրինակ կարողութիւններ, իսկ ոմանց առանձնայատկութիւնները «պարգեւուած» են։ Ահաւասիկ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «առանձնայատուկ» քանի մը մարդիկ։ 

ՆԱԹԱՇԱ ՏԵՄՆԻՔԱ

Փոքր տարիքին ան սկսած է օգնել իրեն դիմող մարդոց, որպէսզի ան խօսի անոնց հիւանդութիւններու մասին։ Ոմանք կը յայտնեն, թէ Նաթաշան ունի «երկրորդ տեսիլք», ինչ որ թոյլ կու տայ իրեն տեսնել մարդու ներքին գործարանները։

Ոչ միայն իր երկրին մէջ, այլեւ բազում երկիրներէ ներս իր ունակութեան շնորհիւ մեծ համբաւ նուաճեց Նաթաշան։ 2004 թուականին բրիտանական զանգուածային լրատուութեան միջոցները Նաթաշան հրաւիրեցին մասնակցելու քանի մը փորձերու, որոնց ընթացքին ան յաջողեցաւ ցոյց տալ իր ունակութիւնները՝ նկարագրելով արկածեալի մը վնասուածքները։ Ան նաեւ մասնակցեցաւ ծրագրի մը, ուր Նաթաշային ներկայացուցին վեց հիւանդներ, որոնցմէ չորսի ախտորոշումները աւելի ճշգրիտ էին, քան բժիշկներունը։ 

ՕՐԼԱՆՏՕ ՍԵՐԵԼ

Ուղեղի վնասուածքներէ յետոյ արձանագրուած են, թէ մարդիկ ունենան անսովոր ունակութիւններ։ Անոնց շարքին է Օրլանտօ Սերել, որ 1976 թուականին, պէյզպոլի խաղի ընթացքին ստացած ուղեղային վնասուածքէ յետոյ ձեռք բերած է իւրայատուկ կարողութիւններ։ Արկածէն տարի մը վերջ Սերել սկսած է զգալ գլխիցաւեր, որոնք յաճախ կը տեւէին քանի մը ժամ։ Ան հազիւ տարեվերջին կ՚անդրադառնայ, թէ ունի զարմանալի ունակութիւններ։

Երբ Օրլանտոյին ըսէք ձեր ծննդեան թուականը, ան անմիջապէս պիտի ըսէ, թէ այդ ո՛ր օրուան կը զուգադիպի։ Բաց աստի, ան իր կեանքի ողջ ընթացքը կը յիշէ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւններով։ Սերել իր յիշողութեան մէջ կը պահէ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնց մենք ուշադրութիւն չենք դարձներ։ 

ԹԱԻ ՆԿՈՔ

Վիեթնամցի Թաի Նկոք 47 տարիէ ի վեր կը տառապի անքնութենէ։ Սկիզբին ան կը մտածէր, թէ այս մէկը անցողական է, սակայն ան 1973 թուականէ ի վեր՝ աւելի քան 12 հազար օր անցուցած է առանց քնանալու։ Մասնագէտներ կը հաստատեն, թէ այլ անձ մը այսպիսի երկարատեւ անքնութեան չէր կրնար դիմանալ։ Նկոքի մօտ յայտնաբերուած են միայն լեարդային անհանգստութիւններ։ Ան անքնութեան պատճառով դիմած է բազմաթիւ դարմանման եղանակներու՝ նոյնիսկ փորձած է իր հարցը լուծել ոգելից ըմպելիով։ Ան վերջերս յայտնած է, թէ ինքզինք կը զգայ «բոյս մը՝ առանց ջուրի»։

ՇԵՐՓԱՆԵՐ

Շերփաներ երկրագունդի ամենաբարձր գագաթը՝ Էվերեստի այցելուներուն ուղեկցող լեռնագնացներ են, որոնք կրնան գոյատեւել ծանր լեռնային եւ կլիմայական պայմաններու ներքեւ՝ ծովու մակարդակէն 4 քիլօմեթր բարձրութեան վրայ։ Վերջերս հետազօտողներ պարզեցին, թէ թիպեթցիներու 87 տոկոսը սովորականէն 40 տոկոս նուազ պէտք կ՚ունենան թթուածինի՝ իրենց մարմնին մէջ յայտնաբերուած EPAS1 բնասպիտի շնորհիւ։ 

Ըստ գիտնականներու, թիպեթցիներ այս առաւելութիւնը ժառանգած են տենիսովաններէ (ոչնչացած մարդու ցեղ), որոնք կ՚ապրէին այն տարածքին, ուր այժմ կ՚ապրին թիպեթցիներ։ Հետաքրքրական է, թէ տենիսովաններէ մնացած բեկորները կը պարունակեն EPAS1 բնասպիտը՝ ինչպէս թիպեթցիներ։ 

ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՍՈՒԼՍԵՐ

Շատեր ծանօթ են սինէսթեզիա կոչուած արտասովոր երեւոյթին։ 

Եթէ փորձենք յունարէնէ թարգմանել սինեսթեզիա բառը, ապա կը ստանանք սին՝ միասին եւ էսթեզիս՝ զգայութիւն բառերը: Խօսքը այստեղ մէկէ աւելի զգայարաններու միանգամայն աշխատելու մասին է: Օրինակ՝ ոմանք շաբթուայ օրերու անունները կամ թիւերը լսելով կը զգան անոնց գոյները, ոմանք ալ շարժող որեւէ առարկայ տեսնելով նոյնաժամանակ կը լսեն ձայներ, որոնք իրականութեան մէջ լսելի չեն, իսկ ոմանք կրնան զգալ գոյները գոց աչքերով… Էլիզապէթ Սուլսեր կը տեսնէ գունաւոր ձայնային ալիքներ եւ ուտելիքի նման կը զգայ երաժշտութեան համը։ Սուլսեր իր ունակութիւնը կը համարէր բնական եւ կը կարծէր, թէ ամէն մարդ կրնայ համտեսել եւ տեսնել երաժշտութիւնը։ Սուլսեր երաժիշտ է եւ կարողութիւնները իրեն թոյլ կու տան բնութենէն ոգեշնչուելով ստեղծագործել։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020