ԳԱՀԻՐԷ. ՎԱՆ ԼԷՕ. 100-ԱՄԵԱԿ

Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանի սրահներէն մէկուն մէջ բացուած է եգիպտահայ անուանի լուսանկարիչ Վան Լէոի (Լեւոն Պոյաճեան) լուսանկարներուն ցուցահանդեսը, որ նուիրուած է լուսանկարչի 100-ամեակին: Վան Լէոն, որ կոչած են լոյսի եւ ստուերի նկարիչ, կեանքէն հեռացած է 2002 թուականին, 81 տարեկանին, յուղարկաւորուած է Գահիրէի հայկական գերեզմանատունը:

Ան մէկն էր Եգիպտոսի լուսանկարչական ասպարէզին մէջ մեծ դեր ունեցած հայ լուսանկարիչներէն, որոնք դժուար է անտեսել Եգիպտոսի անցեալի պատմութիւնը ներկայացնելու ժամանակ: Առհասարակ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու լուսանկարչական ասպարէզին մէջ հայերը անգնահատելի հետք ձգած են: Այն անունները, որոնք ներդրում ունեցած են լուսանկարչութեան զարգացման եւ այդ գործի տարածման մէջ, յայտնի են՝ Ապտուլլահ եղբայրներ, Անթուան Խան Սեւրուկին, Արա Կիւլէր եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Վան Լէոն իր արուեստով եւ ճանաչմամբ կու գայ լրացնել այս շարքը:

Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ այս լուսանկարիչին ցուցահանդէսը պատահական չէ. 1998 թուականին, ան կ՚ընդունի ամերիկացի լուսանկարիչ եւ իր ընկեր Պարի Այուըրսընի առաջարկը, որ իր սթիւտիոյին մէջ գտնուող աւելի քան 10 հազար լուսանկարներն ու չերեւակուած ժապաւէնները նուիրէ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին, ուր կը դասաւանդէր իր այդ ընկերը: Եւ քանի որ Վան Լէօ չէր ուզեր, որ իր նկարները դրուին թանգարանի մը մէջ, այլ միշտ ժողովրդային ցուցադրութիւն ունենան, ան կ՚ընդունի այդ առաջարկը, մանաւանդ՝ որ արդէն չէր լուսանկարեր, այդ տարին հանգստեան կոչուած էր: Այսօր Վան Լէոյի լուսանկարներուն ցուցադրութեան պատասխանատուն Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանն է, որ պարբերաբար կը ցուցադրէ հայ լուսանկարիչին գործերը ոչ միայն Եգիպտոսի, այլեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր: Ցուցահանդէսներէն մէկը Վան Լէոյի մահուան 10-ամեակին նուիրուած էր՝ մօտաւորապէս տասը տարի առաջ: Անոր ձգած լուսանկարները այնքան բազմազան են, որ Ամերիկեան համալսարանը միշտ առիթներ կը գտնէ զանոնք զանազան դասաւորումով եւ առիթներով ներկայացնելու: Այս անգամ ցուցադրուած են Գահիրէի ընկերային կեանքը, Բ. Աշխարհամարտի օրերէն մինչեւ 1990-ականները: Մանաւանդ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն Գահիրէն ու Ալեքսանդրիան լեցուն էին բրիտանացի, աւստրալացի, ամերիկացի, հարաւափրիկեցի, սուտանցի եւ այլ ազգութիւններու զինուորներով: Եգիպտոսի մէջ նաեւ օտարազգի բնակիչներ կային եւ լուսանկարչական արուեստը պահանջուած էր: Մանաւանդ օտարներ նախապատուութիւնը կու տային լաւ լուսանկարիչներուն: Վան Լէօ մէկ կողմէ կը լուսանկարէր, միւս կողմէ կը յաճախէր մէկ ուրիշ հայ լուսանկարիչի՝ Արթինեանի արուեստանոցը, ուր տակաւին սորվելիք շատ բան ունէր: Իր հարցազրոյցներուն մէջ Վան Լէօ միշտ ըսած է, թէ Արթինեան իր վրայ զգալի ազդեցութիւն ձգած է: Միւս անձը՝ որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է Վան Լէոյին վրայ, կրկին հայ լուսանկարիչ էր՝ Վարժապետեան՝ Զակազիքիէ քաղաքէն:

Վան Լէօ Եգիպտոս ապրած է իր կեանքի զգալի մասը, սակայն ան Եգիպտոս չէ ծնած, այլ ծնած է Ճիհուն քաղաքը, Ատանայի արեւելքը, Կիլիկիա: Անոր ընտանիքը ականատես եղած էր անցեալ դարասկիզբի Օսմանեան կայսրութեան դէպքերուն, սական պաշտպանուած էին շնորհիւ Պոյաճեանի հօր ընկերային դիրքին: Հայրը կ՚աշխատէր գերմանացիներուն պատկանող Պաղտատի երկաթուղային ընկերութեան մէջ իբրեւ բանուոր. Պոյաճեաններու ընտանիքը Կիլիկիա կը մնայ մինչեւ 1925 թուականը, սակայն յետպատերազմական իրավիճակը նոյնպէս յուսադրիչ չէր եւ անոնք կ՚արտագաղթեն Եգիպտոս, ինչպէս՝ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ այդ օրերուն: Պոյաճեան ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Զակազիքիի մէջ, նախքան 1930 թուականին տեղափոխուիլը Գահիրէ, ուր հայրը կը սկսի աշխատիլ հանրակառքի ընկերութեան մէջ: Վան Լէօ կը յաճախէ տեղւոյն քոլէճները, Գահիրէի «Ինկլիշ Միշըն քոլէճ»ին մէջ ուսանելու տարիներուն (1932-1939թթ.) ան աւելի շատ մարզանքով կը հետաքրքրուի, քան՝ իր դասերով: Լուսանկարչութեան հանդէպ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն դրսեւորած է 16-17 տարեկանին, երբ սկսած է հաւաքել հոլիվուտեան աստղերու նկարներ: 17 տարեկանին արդէն որոշած էր, որ լուսանկարչութեան ասպարէզ պիտի մտնէ: 1940 թուականին Լէօ Վան կ՚որոշէ դադրեցնել իր ուսումը Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուր այնքան ալ լաւ արդիւնքներ չունէր եւ կը սկսի վերջնականօրէն զբաղիլ լուսանկարչութեամբ:

Այդ օրերուն եգիպտահայ համայնքը կը վայելէր լուսանկարչութեան համբաւը, եւ ամէնուր կային հայերու լուսանկարչական աշխատանոցներ: Վարժապետեանին քով ան կը սորվի լուսանկարչութեան նախագիտելիքները, իսկ արուեստի հմտութիւնները ձեռք կը բերէ Արթինեանին պատկանող «Վենիւս սթիւտիո»յի մէջ: Բրիտանացի սպայ մը՝ Փոլ Հանտս, 1940 թուականի ամրան վերջերուն արուեստանոց մուտք գործելով՝ Լէոյին խորհուրդ կու տայ բանալ իր սեփական լուսանկարչատունը: Հօր նիւթական աջակցութեամբ Լէօ եւ իր եղբայրը՝ Անճելօ, իրենց բնակարանին հիւրասենեակը կը վերածեն լուսանկարչատան, իսկ բաղնիքը՝ մութ սենեակի: Առաջին յաճախորդն ալ Հանտսը կ՚ըլլայ, իսկ ընդհանրապէս եղբայրներուն յաճախորդներուն մեծ մասը Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն անգլիական բանակի զինուորներ, սպաներ եւ գրողներ էին, որոնք յայտնուած էին Արեւելքի մէջ:

Երկու եղբայրներուն համատեղ աշխատանքը կը տեւէ վեց տարի, թէեւ այդ տարիներու լուսանկարները Անճելօ ստորագրութեամբ կը տպուէին, սակայն ամէն մարդ գիտէր, որ աշխատանոցին մէջ գեղարուեստական շունչը կը պատկանէր Լէոյին։ Ան էր, որ նոր գաղափարներ կը ներմուծէր, իրավիճակներ կը բեմադրէր, լոյսի եւ ստուերի խաղերը կը բռնէր: Կարճ ժամանակ անց հայազգի լուսանկարիչներուն արուեստանոցը նշանաւոր կը դառնայ եւ հոն կ՚այցելեն ամենէն յայյտնի մարդիկ: 1946-1947 թուականներուն Լէոյի ստորագրութիւնը կը յայտնուի լուսանկարներուն տակ:

1947 թուականին, երկու եղբայրներուն գործընկերութիւնը կը դադրի: Լէոն արդէն ունէր մեծ թիւով յաճախորդներ՝ լիբանանցի վաճառականներ, շարժանկարի աստղեր, փաշաներ եւ ակնառու դէմքեր, իր անունն ալ կնքած էին «յայտնիներու լուսանկարիչ»: Եղբայրը կը մեկնի Փարիզ եւ ան արդէն առանձին էր՝ իր միտքերուն, երեւակայութիւններուն եւ յղացումներուն հետ:

Իր լուսանկարչական ասպարէզին առաջին տարիներուն, յանուն իր սթիւտիոյին ծանուցման, Վան Լէօ յաճախ անվճար կը նկարէր հանրածանօթ դէմքեր, օփերայի դերասան-դերասանուհիներ, որոնք շարունակ նոր նկարներու կարիք ունէին իրենց աշխատանքին բերումով, իսկ Վան Լէոյի անվճար աշխատանքի պայմաններէն մէկը այն էր, որ իւրաքանչիւր լուսանկարի տակ տեսանելի ըլլար «Van Leo» նշումը եւ իբրեւ այդպիսին, անոր անունը կը կապուէր հռչակաւոր մարդոց անուան հետ: Այսօր գանձերէն կը նկատուին այդ կնիքով լուսանկարները, որոնք Ամերիկեան համալսարանէն զատ նաեւ նշանաւոր մարդոց հաւաքածոներուն մէջ կը գտնուին:

Եգիպտոսի 1952 թուականի յեղաշրջումէն յետոյ, Վան Լէոյի յաճախորդները կը շարունակեն գլխաւորապէս մնալ եգիպտական հասարակութեան բարձր եւ հարուստ դասակարգի անհատներ, Եգիպտոս բնակող օտարներ, նաեւ՝ դերասաններ եւ դերասանուհիներ. ինչպէս՝ Օմար Շերիֆ, Ֆաթիմա Ռուշտի, Տորիա Շաֆիկ, Տալիտա, անուանի գրող Թահա Հիւսէյին եւ ուրիշներ: Լուսանկարչութիւնը թէ՛ արուեստ է, թէ՛ արհեստ, ուստի Լէօ մէկ կողմէ գեղարուեստական լուսանկարներ կը թողարկէ, միւս կողմէ պաշտօնական փաստաթուղթերու համար ալ կը նկարէ, ինչ որ նոյնպէս ապրուստի միջոց էր:

2000 թուականին Վան Լէօ առաջին լուսանկարիչն էր, որ կը ստանար Հոլանտայի Թագաւորական հեղինակային «Royal Netherlands Prince Claus Prize» մրցանակը։ Այս մրցանակը նշելու համար «Town House» պատկերասրահը կը կազմակերպէ Վան Լէոյի լուսանկարչական աշխատանքին նուիրուած յետահայեաց ցուցահանդէս մը՝ գնահատելու համար անոր աւելի քան կէսդարեայ արուեստը: Վան Լէօ կը մահանայ սրտի կաթուածի հետեւանքով՝ 18 մարտ 2002 թուականին:

Ըստ հայրենի արուեստաբան Վիգէն Գալստեանի, 20-րդ դարու հայ ամենակարեւոր լուսանկարիչը Վան Լէոն է, քանի որ այն միակն է, որ իր ապրած տարիներուն կ՚անդրադառնայ 20-րդ դարու արուեստի ուղղութիւններէն մէկուն՝ յղացական արուեստին: Ան կ՚ըսէ, թէ Վան Լէոն արուեստի այդ ուղղութիւնը որդեգրած էր նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ այդ ուղղութիւնը տակաւին սահմանուած չէր արուեստի մէջ:

Ի դէպ, Գահիրէ այս ցուցահանդէսը այնպէս մը կազմակերպուած է, որ կը յիշէցնէ Վան Լէոյի աշխատանոցը: Կազմակերպիչները փորձած են ընդգծել ո՛չ միայն անոր տաղանդը, այլեւ՝ լուսանկարչին առանձնայատուկ կապը Գահիրէ քաղաքին հետ: Անհերքելի է, որ Լէոյի լուսանկարները եգիպտական ​​հասարակութեան անգնահատելի վաւերագրական գրառումն են վերջին յիսուն տարիներու ընթացքի: Աւելի՛ն. անոնք ապացոյցն են այն բանի, որ ինչ-որ մէկը, ինչ-որ տեղ՝ արաբական աշխարհին մէջ, լուսանկարչութիւնը լեզու եւ արուեստ դարձուցած էր: Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը կը տեւէ մինչեւ 2022 թուականի փետրուարը: Կը ներկայացնենք շարք մը թէ՛ ցուցահանդէսէն, թէ՛ Վան Լէոյի լուսանկարներէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021