ԱՅՍՕՐ՝ 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ
2000 թուականէն ի վեր աշխարհի մէջ կը յիշատակուի Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Այս որոշումը ընդունուած է 1999 թուականի նոյեմբերին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Ընդհանուր ժողովի 30-րդ նիստին` լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու նպատակով:
Պատճառը աշխարհի տարածքին խտրականութիւններու եւ հալածանքներու հակաքաղաքակրթական «ժառանգութիւն»ն էր, որուն սոսկալի դրսեւորումներէն էին մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնը: Մայրենի լեզուի միջազգային օրը կը յաւերժացնէ այն քաղաքական պայքարը, որ շուրջ վաթսուն տարի առաջ մղուած է պենկալերէնը զատ լեզու ճանչնալու համար, եւ այս օրը կը յիշատակէ նաեւ այդ լեզուի ազատութեան համար ցոյցին ընթացքին ինկած զոհերը:
1947 թուականին, երբ անգլիացիները վերջապէս կը հեռանան Հնդկաստանէն, կը կազմաւորուի Փաքիստան պետութիւնը։ Ան կազմուած էր երկու խոշոր տարածաշրջաններէ, որոնք իրարմէ կտրուկ կը տարբերէին մշակոյթով եւ լեզուով. արեւմտեան Փաքիստանին մէջ կ՚իշխէր ուրտու լեզուն, իսկ արեւելեանին մէջ՝ պենկալերէնը։ Չնայած պենկալերէնը միլիոնաւոր մարդոց մայրենի լեզուն էր, սակայն 1948 թուականին Փաքիստանի կառավարութիւնը ամբողջ երկրին համար պետական լեզու կը հռչակէ ուրտուն։
Կառավարութեան որոշումը երկրի արեւելեան մասի բնակչութեան մեծ մասը դժգոհութեամբ կ՚ընդունի, բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպուին: Կառավարութիւնը ոչ միայն հաշուի չի նստիր արեւելեան տարածաշրջանի բնակիչներու պահանջներուն հետ, այլեւ կը ճնշէ պենկալերէնի պաշտպանութեան ուղղուած ցոյցերը։ Իսկ 1952 թուականին Տաքքա քաղաքին մէջ կայացած ուսանողական ցոյցը ճնշելու ժամանակ քանի մը մարդ կը զոհուի՝ յանուն իրենց մայրենի լեզուի իրաւունքի պաշտպանութեան: Այս ողբերգական դէպքերուն հետեւանքով արդէն բողոքի զանգուածային ցոյցեր ծայր կ՚առնեն։ Հակամարտութեան ընթացքին 1956 թուականին պենկալերէնը, ի վերջոյ, պետական լեզուի կարգավիճակ կը ստանայ։
Մայրենի լեզուի իրաւունքներու համար մղուող պայքարը նպաստեց պենկալցիներու ազգային ինքնագիտակցութեան աճին։ Ազգային-ազատագրական պատերազմէն ետք Արեւելեան Փաքիստանը առանձնացաւ, եւ 1971 թուականին յառաջացաւ նոր պետութիւն՝ Պանկլատէշը։
Պանկլատէշի մէջ 21 փետրուարը կը նշուի նաեւ որպէս ազգային տօն, իսկ մայրաքաղաք Տաքքայի մէջ յանուն մայրենիի զոհուած ուսանողներու յիշատակին յուշարձան կը կանգնեցուի։
Այս բուռն իրադարձութիւններու առթիւ էր, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն 21 փետրուարը Մայրենի լեզուի միջազգային օր կը հռչակէ եւ ամէն երկիր իր մայրենիի տօնը իւրովի կը նշէ իր երկրին մէջ:
Վիճակագրական հետաքրքրական տուեալներ կան լեզուներու մասին, որոնք ամէն տարի կը հարստանան զարմանալի նորութիւններով:
Ըստ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գնահատականի՝ աշխարհի վեց հազար լեզուներ կորուստի մատնուելու եզրին են:
Աշխարհի մէջ ընդհանուր առմամբ կը հաշուուի մօտաւորապէս 7 հազար լեզու, որոնցմէ շուրջ 2400-ը, ըստ ուսումնասիրութիւններու, կարող է ընդմիշտ աներեւութանալ: Մօտաւոր հաշուարկներով իւրաքանչիւր 14 օրը մէկ կը մահանայ մէկ լեզու: Ցաւալի իրողութիւն մըն է այս մէկը, քանի որ ամէն մէկ անհետացող լեզու իր հետ կը տանի նաեւ մշակութային, մտաւոր ողջ ժառանգութիւն մը: Նոյն կառոյցին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու աթլաս»ին դասակարգումով՝ դժբախտաբար, արեւմտահայերէնը, ինչպէս նաեւ հայերէնի համշէնեան բարբառը նոյնպէս անհետացող լեզուներու մէջ են:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հրապարակած ցանկին վրայ լեզուները բաժնուած են հինգ խումբերու՝ ըստ անհետացման վտանգի աստիճանին՝ խոցելի, յստակ վտանգի տակ, ուժեղ վտանգի տակ, ծայրայեղ վտանգի տակ եւ անհետացած լեզուներ… Միջազգային կառոյցներ եւ ազգային կազմակերպութիւններ անսահման ջանքեր կը գործադրեն՝ անհետացումէ փրկելու համար վտանգուած լեզուները: Գիտնականներ ապացուցած են, որ լեզուի մը յաջող զարգացման համար ամենապարզ քայլերէն մէկը այն է, որ անով պէտք է խօսի առնուազն մէկ միլիոն մարդ։
Այսօր աշխարհի երեսին գոյութիւն ունեցող լեզուներով կը խօսի 189 անկախ պետութիւններու վեց միլիառ բնակիչ: Ամենաշատ լեզուներով կը խօսին Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ: Ափրիկէ մայրցամաքին մէջ, օրինակ, աւելի քան 1000 լեզու գոյութիւն ունի, իսկ Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութիւնը ունի պաշտօնական 11 լեզու: Իսկ միայն Եւրոպայի մէջ կայ 225 բնիկ լեզու, որոնք կը կազմեն աշխարհի ամբողջ լեզուներուն շուրջ 3 տոկոսը:
Ըստ հաշուարկներու, աշխարհի բնակչութեան առնուազն կէսը երկլեզու կամ բազմալեզու է, այսինքն՝ անոնք կը խօսին երկու կամ աւելի լեզուներով:
Ուրիշ հետաքրքրական տեղեկութիւններ նոյնպէս կան լեզուներու մասին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
Լեզուներու զարգացումին եւ տարածումին հետեւող մասնագէտներ նկատած են, որ ամենաշատ օգտագործուող լեզուն մանտարինն է, որ չինարէնի մէջ ամենատարածուած լեզուախումբն է՝ չինարէնի 7-10 բարբառներէն ամենամեծը: Այս ենթալեզուով կը խօսի չինախօսներու շուրջ 70 տոկոսը՝ աւելի քան 885 միլիոն մարդ: Այն նաեւ ամենատարածուածն է չինական սփիւռքի մէջ։ Ամենաշատ գործածութիւն ունեցող լեզուներուն մէջ երկրորդ տեղը սպաներէնն է, որով կը խօսի 332 միլիոն մարդ, եւ աշխարհի մէջ այդքան հռչակուած եւ տարածուած անգլերէնը, գործածուող լեզուներուն մէջ միայն երրորդն է: Չորրորդ հորիզոնականին վրայ ռուսերէնն է՝ 170 միլիոն մարդ կը գործածէ այս լեզուն:
Պասքերու լեզուով կը խօսին պասքերը, որոնք կը բնակին Սպանիոյ հիւսիսային եւ Ֆրանսայի հարաւային շրջաններու մէջ: Ատիկա միակ եւրոպական լեզուն է, որ չի պատկանիր որեւէ ծանօթ լեզուաընտանիքի եւ կը նկատուի կեղծ մեկուսացուած լեզու:
Բազմաթիւ լեզուներ ունին 50 հազար կամ աւելի բառեր, սակայն լեզուին տիրապետող անձը կը կիրառէ լեզուի ամբողջ բառապաշարի մէկ փոքր մասը միայն: Առօրեայ խօսակցութեան մէջ մարդիկ միշտ կը գործածեն նոյն քանի մը հարիւր բառը: Միայն լեզուները ուսումնասիրողներն են, որ կը բանան լեզուի անտակ խորքերը եւ կը տիրապետեն լեզուի հարստութեան:
Ուսումնասիրուած է, որ հոգեւորականները, իրաւաբանները եւ բժիշկները իրենց առօրեայի մէջ օրուայ ընթացքին կը գործածեն մօտաւորապէս 15 հազար բառ, որակաւորուած աշխատողները՝ 5-7 հազար բառ, իսկ ագարակատէրերը՝ մօտաւորապէս 1600 բառ:
Ըստ Կինէսի մրցանիշներու գիրքին՝ աշխարհի ամենէն դժուար լեզուի կարգավիճակ ստացած է ապազներու լեզուն՝ ապազերէնը, որով կը խօսին Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ: Ռուսաստանի մէջ այս լեզուն Քարաչայ-Չերքեզական փոքրիկ հանրապետութեան մէջ ունի պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ: Ապազերէնը կը պատկանի կովկասեան լեզուներու ապխազա-ատըկեական լեզուախումբին, քերականական եւ հնչիւնաբանական կառուցուածքով շատ մօտ է աբխազերէնին, ունի բարդ բայական եւ այլ համակարգեր:
Ֆրիզերէնը, որ պաշտօնական լեզու է Նետըրլենտի 400 հազար բնակիչներուն համար, կը նկատուի ամենամատչելի լեզուն անգլիախօս մարդոց համար:
Աշխարհի ամենահին տառը կը նկատուի «օ» տառը: Այն կը գործածուի աշխարհի 65 լեզուներու մէջ: Տառը Նախքան Քրիստոս 1300 թուականին յայտնուած է փիւնիկեան այբուբենի մէջ: Ֆրանսերէնի մէջ «օ» տառը կարելի է արտասանել տասներեք ձեւերով:
Աշխարհի ամենաերկար այբուբենը ունի քամպոտերէնը. այդ լեզուի այբուբենը բաղկացած է 74 տառէ:
Պուկենվիլ կղզիի բնակիչները կը խօսին ռոտոկաս լեզուով, որու այբուբենն ալ ունի միայն 12 տառ:
Իսկ տակի լեզուն, որ տարածուած է ֆրանսական Կինէի մէջ, բաղկացած է ընդամէնը 340 բառէ:
Աստուածաշունչը ամենաշատ թարգմանուած գիրքն է աշխարհի մէջ: Այն թարգմանուած է 2454 լեզուներով: Ամենաշատ թարգմանութիւններու թիւով երկրորդ տեղը կը պատկանի «Փինոքիօ»ին: Թասքոնական բարբառով «Փինոքիօ» կը նշանակէ «Մայրիի ծառի ընկոյզ»։
Չեխերէնը կը պարունակէ բառեր, որոնք բաղկացած են միայն բաղաձայններէ:
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին նաեւ մեռած լեզուներ, որոնք սակայն տակաւին կը գործածուին:
Մեռած լեզու նկատուող լատիներէնը Վատիկանի մէջ պաշտօնական լեզու է, այնտեղ դրամ քաշելու սարքերը նոյնիսկ այդ լեզուով կու տան ցուցումները:
Աշխարհի որոշ լեզուներու մէջ չկան կետադրական նշաններ, օրինակ, ատոնք կը բացակային թայերէնի, չինարէնի եւ ուրիշ այլ լեզուներու մէջ:
Սիլպա լեզուն, որով կը խօսին Լա Քոմերա կղզիի բնակիչները (Քանարեան կղզիներ, Սպանիա), ամբողջապէս բաղկացած է սուլոցներէ: Լեզուին փոխարինող այս սուլոցները ուսումնասիրելով նոյնպէս կը զբաղուին լեզուաբանները, բայց անոնք արդէն յատուկ մասնագիտացած կ՚ըլլան այս տեսակ լեզուներ դասակարգելու մէջ:
Լեզուներու ուսումնասիրման մէջ իր առանձին տեղը ունի գաղտնախօսութիւնը՝ քրիփթոֆազիան, որով կը շփուին շատ մտերմիկ մարդիկ, օրինակ՝ երկուորեակները: Երկուորեակներուն փոխյարաբերութիւնները առհասարակ չափազանց բարդ են։ Անոնք իրարու հետ կապուած են զգայական անքակտելի կապով, սակայն ի յայտ կու գայ, որ այդ կապին մէջ լեզուն իր մեծ տեղը ունի: Երկուորեակներու մեծ մասը իրարու հետ կը խօսի այնպիսի նորաբանութիւններով, որ անհասկնալի կ՚ըլլայ շրջապատող մարդոց, անգամ՝ ծնողքին: Նոյն կերպ կը շփուին նաեւ չափազանց մտերիմ մարդիկ, որոնք զիրար կը հասկնան կէս բառէն, կը յօրինեն նոր բառեր եւ վանկերն ալ ետուառաջ կ՚ընեն: Այդ լեզուն անուանուած է «երկուորեակային գաղտնախօսութիւն»։ Միւս մարդոց հետ անոնք կը խօսին սովորական լեզուով։ Հետազօտողներն ու երկուորեակներու ծնողքը անվերջ կը փորձեն հասկնալ, թէ այդ մէկը զատ լեզո՞ւ է, թէ՞ պահի մէջ յօրինուող բառերու շարան:
Այսօր մեր առօրեային մէջ շատ գործածուող «օքէյ» բառը առաջին անգամ ըսած են հնդիկները: Ըստ գիտնականներու, այն առաջացած է Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդի՝ չոքթաու հնդիկներու ցեղին մօտ՝ 1825 թուականին: Միացեալ Նահանգներու հարաւ-արեւելքի մէջ առեւտուրի լեզուն հիմնուած էր չոքթօ լեզուին վրայ: Իրենց խօսքին մէջ անոնք շատ յաճախ կը գործածեն «օքէ» կամ «հոքէ» բառերը:
Աշխարհի լեզուներէն շատերուն մէջ կայ երկու բառ, որ կը հնչէ գրեթէ նմանապէս. ատոնք «մամա» եւ «պապա» բառերն են: Գիտնականները այս մէկը կը բացատրեն այն հանգամանքով, որ այս բառերը ամենէն շատն են նման այն հնչիւններուն, ինչ որ մանուկները կ՚արտաբերեն իբրեւ առաջին բառեր:
Պարզ դարձած է, որ լեզուները կրնան ըլլալ նաեւ դանդաղ կամ արագ: Այդ առումով ճաբոներէնը նկատուած է ամենաարագ լեզուն, իսկ գերմաներէնը՝ ամենադանդաղը: Խօսքի արագութիւնը կը չափուի մէկ վայրկեանի մէջ խօսուող վանկերու քանակով:
Յատկանշական է, որ աշխարհի լեզուներու մեծ մասին մէջ «մայր» բառը կը սկսի «մ» տառով: Պատահական չէ նաեւ, որ լեզուն կը կոչուի մայրենի: Այն սնողն է անձին, անոր ներքին զգացումներուն եւ արտաքին շարժումներուն կառավարիչը եւ այն միջոցը, որով անձը կ՚ընկալէ ինքզինք, մարդիկն ու աշխարհը:
Շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր՝ Մայրենի լեզուի միջազգային օրը կը նշուի նաեւ Հայաստանի մէջ: Այս օրը անգամ մը եւս մեզի առիթ կ՚ընծայէ արժեւորելու մեր անգին լեզուն, որուն հարստութիւնը կը վայելենք ամէն օր եւ որու հնչիւններով ներշնչուած ենք միշտ: Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ առանձնակի ոգեւորութեամբ կը յիշեն մեր մայրենին, կը կարեւորեն զայն մանաւանդ սփիւռքի օտարախօս միջավայրին մէջ մեծցող հայ զաւակներուն համար, իբրեւ անփոխարինելի միջոց:
Ի դէպ, Մայրենիի միջազգային օրը կը նշուին մեր լեզուի ամենանուիրական յատկանիշները, անոր անցած պատմական ուղին, բայց կը կարեւորուի զայն պահելու, պահպանելու, անոր գանձարանը սերունդներուն յանձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ինչպէս արդի գրական հայերէնը իր երկու ճիւղերով պահելու հրամայականին առջեւն ենք, այնպէս ալ՝ հայերէնի բարբառները, ենթաբարբառները եւ ատոնց հարստութիւնները փայփայելու առաքելութիւնը տրուած է մեզի:
Մեր լեզուի մասին խօսելու ատեն կը նշուի, որ հայերէնը աշխարհի այն տասը լեզուներէն է, որոնցով ամենավաղը սկսած են տպագրական տառեր ձուլել: Այդ լեզուներէն է նաեւ գերմաներէնը, իտալերէնը, ֆրանսերէնը, ֆլամաներէնը, եբրայերէնը, արաբերէնը, անգլերէնը, սլաւոներէնը: Միաժամանակ հայերէնով գոյութիւն ունի մեծ քանակութեամբ ձեռագիր եւ գրաւոր ժառանգութիւն, որով պատկերացում կը կազմենք ոչ միայն մեր նախնիներուն, այլեւ՝ աշխարհի շատ ու շատ ժողովուրդներու մասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան