ՈՒԺԵՂ ԱՊՏԱԿ ՄԸ

Պատերազմը ուժեղ ապտակ մըն էր, որ զգաստացուց զիս: Ան ստիպեց զիս վերանայիլ իմ կեանքը, թափանցել իմ հոգիի խորքը եւ առերեսուիլ սեփական մեղքերու հետ: Դուն քու յանցանքին հետ դէմ յանդիման կենալը անասելի ցաւ մըն է ու ամօթ: Չէ՞ որ մինչ այդ ինքզինքդ կը համարէիր անմեղ: Հոգիդ կուրացած էր ու անկարող սեփական սխալնելները, թերացումներն ու բացթողումները նկատելու: Իսկ այժմ մտար խորհրդաւոր սենեակ մը, ուր օդը ծանրացած է քու անթիւ ու անհամար մեղքերէն. թթուածին չկայ շնչելու:

Կոյր էի, սխալ ուղիի վրայ: Կառուցելու փոխարէն կը քանդէի իմ շուրջ գտնուող ամէն բան: Աստուած բազմիցս ինձ ու մեզ կը փորձէր զգուշացնել: Սակայն մենք կոյր, խուլ ու համր կը շարունակէինք դէպի անդունդ, դէպի կործանում մեր ճամբան: Իսկ երբ իմ ու մեր ոտքերը կը դպչէր քարին, ես ու մենք կը սրդողէինք Աստուծմէ եւ կասկածի տակ կը դնէինք Անոր գոյութիւնը:

Ամէն մէկ նախազգուշացումէ դաս քաղելու փոխարէն՝ ես, մենք կը գժտուէինք Տիրոջ հետ եւ կարծես կը փորձէինք Արարիչը պատժել՝ Իրմէ երես թեքելով, նոյնիսկ Պոլիսի պատերուն վրայ խոշորատառ գրելով. «Ո՞ւր էիր Աստուած»:

Վերջին հուժկու հարուածէն ես զգաստացայ՝ ուշքի եկայ, սակայն մենք՝ ոչ: Շատեր նորէն կը շարունակեն մեղադրել Տէրը, թերեւս Արցախի պատերու վրա կրկին խոշորատառ գրել՝ ո՞ւր էիր Աստուած... Կամ աղաղակել՝ Տէրը մեզմէ երես թեքած է, Տէրը մեզ չի սիրեր...

Մեղաւոր են բոլորը, ամբողջ աշխարհը՝ բացի մեզմէ: Մինչդեռ տեղի ունեցած է ճիշդ հակառակը. մեղաւոր է աշխարհի երեսին ապրող՝ տասն միլիոնէն քիչ մը աւելի կամ պակաս ամէն մէկ հայ: Այո՛, այո՛, իւրաքանչիւր հայ, որ կ՚ապրի երկրի երեսին: Բնաւ կարեւոր չէ Հայաստանի, Արցախի մէջ, թէ մեր երկու սուրբ հայրենիքներու սեղմուող սահմաններէն դուրս: Մեղանչած ենք, կը մեղանչենք բոլորս՝ անխտիր: Սակայն մինչեւ ե՞րբ... մինչեւ ո՞ւր...

Հայրենիքի մտաւորականները կ՚ահազանգեն՝ անդունդի եզրին ենք, այլեւս անդունդը կը գլորուինք: Համամիտ չեմ: Շատ աղուոր կը քալենք ասֆալթի վրայէն: Հանապազօրեայ հաց ունինք, սա վայրկեանին մեր կեանքին կը սպառնայ ոչ մէկ վտանգ: Մեր գլխավերեւը ունինք տանիք, կապոյտ երկինք... Շատերու ծանօթ չէ հարուածային անօդաչու սարքերու ահն ու սարսափը: Իսկ պատերազմի վտանգը կը թուի առասպել: Հիւսիսային պողոտային մէջ ճեմող զանազան չափերու բազում զոյգ կրունկով, մարզական, թանկարժէք ու աժան կօշիկներ առանց պատերազմի համը զգալու կը հրաժարին հաւատալ մարդկային սարսափի գոյութեան:

-Երկիրը, հայոց պետականութիւնը կործանումի եզրին է, մեր մեղքերու ծովը վերածուած է ովկիանոսի, սթափեցէ՛ք մարդիկ:

Կը հնչէ անհոգներու ու անտարբերներու պատասխանը.

-Մենք ակնթարթով ապրող մարդիկ ենք: Բաց աստի, հակառակորդը անկարելի է, որ հասնի Երեւան: Օդի մէջ թանձրացող պատերազմի մասին զրոյցներն ալ լոկ խօսքեր են: Անկարելի է, որ Հայաստանի մէջ ըլլայ պատերազմ, անկարելի է, որ վաղը Հայաստան չըլլայ: Հոգ մի ընէ՛ք, ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ:

Հոգիս, նոյն համոզմունքը ամիսներ առաջ ունէր արցախցին: Նոյն վստահութիւնը ունէին հադրութցիներն ու շուշեցիները, երբ դատարկաձեռն, նոյնիսկ առանց անձնագիր վերցնելու խուճապահար լքեցին իրենց տուները՝ շուտով վերադառնալու յոյսով: Ո՞ւր են հիմա...

Չկայ չարիք առանց  բարիքի: Մարդիկ, մի՛ դադրիք խաւարի մէջ լոյս փնտռելէ: Ձեր համոզումները արդարացուած պիտի ըլլային, եթէ գոյութիւն չունենար Աստուած: Դէպի ձեր ու մեր տուն, ձեր ու մեր հայրենի հող ու ջուր տանող ճանապարհը կ՚անցնի հաւատքի միջով: Դարձէ՛ք դէպի Աստուած, ապրեցէ՛ք հաւատքով, ապաշխարեցէ՛ք, եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին պիտի բուժուի մեր երկիրը: Ինչպէս պիտի յայտնուիք մեր տուներուն մէջ, եւ առանց վախի զգացումի պիտի վայելենք ու վայելէք ձեր խաղաղ գիշերները, իսկ ձեր անքուն գիշերները պիտի փոխարինէ՛ք խաղաղ քուներով:

Յիրաւի, մենք միակ ազգն ենք, որ 301 թուականին ընդունեց Քրիստոնէութիւնը: Մենք աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք, որ այսօր աւա՜ղ բաւական հեռացած է իր հաւատքէն: Եւ այդ փաստը կը գործածէ միայն պարծենալու եւ հպարտանալու համար: Իսկ պարծենալով ու հպարտանալով ա՛լ աւելի կը սուզուի մեղքերու ովկիանոսի յատակը:

Մեր ու մեր հայրենիքի վաղուայ պայծառ օրուան բանալին կը գտնուի մեզմէ իւրաքանչիւրի գրպանը, պարզապէս մեծ ցանկութիւն ու ուժեղ կամք է պէտք զայն գտնելու:

Կարծես ես գտած եմ, դուք ալ որոնեցէ՛ք:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021