ԱՂՕԹՔ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ
Աստուած կը կամենայ օգնել ննջեցեալներուն, քանզի կը ցաւի անոնց համար, սակայն չ՚ըներ, որովհետեւ ազնիւ է: Ան չի ցանկար իրաւունք տալ սատանային ըսելու. «Ինչպէ՞ս կը փրկես այս յանցաւորը, չէ որ ան ընդհանրապէս ջանք չէ թափած»: Սակայն ննջեցեալի համար աղօթելով մենք Տիրոջ «իրաւունք» կու տանք միջամտելու: Պէտք է նաեւ նշել, որ ննջեցեալներու համար մեր աղօթքները աւելի շատ «գորովով կը լեցնեն» Աստուծոյ սիրտը, քան ողջերու համար մեր ըրածները:
Այդ պատճառով ալ մեր եկեղեցին հաստատեց հոգեճաշի ու հոգեհանգիստի կարգերը: Հոգեհանգստեան կարգը ամենալաւ փաստաբանն է ննջեցեալներու հոգիներու համար...
-Հա՛յր, արդեօք նոր մահացած մարդիկ աւելի շատ կարիք ունի՞ն աղօթքի:
-Հարկաւ: Միթէ մարդու մը համար յատկապէս ծանր չ՚ըլլա՞ր, երբ ան նոր կ՚իյնայ բանտ: Աղօթենք այն մարդոց համար, որոնք չեն գոհացուցած Տէրը, որպէսզի Աստուած անոնց ալ օգնէ ձեւով մը: Մասնաւորապէս, եթէ գիտենք, թէ այն եղած է դաժան ու կոպիտ մարդ մը, աւելի ճիշդ՝ եթէ ան թուացած է դաժան, քանզի մենք երբեմն մարդը կը համարենք դաժան, սակայն իրականութեան մէջ չէ եղած այդպիսին:
Իսկ եթէ այդպիսի անձ մը նաեւ ապրած է յանցաւոր կեանք մը, ապա պէտք է շատ աղօթենք: Անոր անունը գրենք պատարագներու ժամանակ յիշատակելու եւ աղքատներուն ողորմութիւն տանք անոր հոգիի փրկութեան համար, որպէսզի աղքատներու արտասանած «թող լուսաւորէ անոր հոգին», աղօթքը մտիկ ընելով՝ Աստուած կը հակի ողորմութեան ու կ՚ողորմի այդ մարդուն:
Այդպիսով, այն ինչ որ մարդ ինքը չէ ըրած՝ մենք ընենք անոր փոխարէն: Իսկ եթէ մարդ բարի էր, թէկուզ աղէկ չէր ապրեր, ապա պզտիկ աղօթքէն ալ կը ստանայ մեծ օգուտ: Քանզի ան հակուած էր բարիին:
Ես գիտեմ դէպք մը, զոր կը վկայեն հոգեւոր մարդոց աղօթքներէն ննջեցեալներուն ստացած օգուտի մասին: Մարդ մը խուց մը եկաւ եւ ըսաւ լալով. «Հա՛յր, ես դադրեցուցի աղօթել իմ ննջեցեալ ծանօթներէն մէկուն համար, եւ ան յայտնուեցաւ իմ երազի մէջ. «Դո՛ւն,- ըսաւ ան,- այլեւս քսան օր է չես օգներ ինծի: Մոռցար զիս ու ես կը տանջուիմ»: Յիրաւի, ուղիղ քսան օր առաջ մոռցայ անոր մասին, քանզի ունէի բազում խնդիրներ եւ նոյնիսկ ինծի համար չէի աղօթեր այդ օրերուն»:
-Հա՛յր, երբ մէկը կը մահանայ եւ մեզմէ կը խնդրեն աղօթել անոր համար, արդեօք շիտա՞կ է անոր հոգիի հանգստութեան համար մահէ վերջ առաջին քառասուն օրը աղօթել համրիչով շրջան մը:
-Եթէ ննջեցեալի մը համար կ՚աղօթես համրիչով, ապա անոր հետ միասին ուրիշ ննջեցեալներու համար ալ աղօթէ: Գնացքը ինչո՞ւ այդքան պէտք է հեռուն երթայ միայն մէկ ուղեւորով: Չէ՞ որ կրնայ ուրիշներն ալ վերցնել: Գիտէ՞ք, թէ որքան ննջեցեալներ ունին աղօթքի կարիք: Այդ խեղճերը օգնութիւն կ՚աղերսեն, սակայն մէկը չունին, որ աղօթէ իրենց համար: Կան մարդիկ, որ շատ յաճախ կը կազմակերպեն հոգեհանգիստ իրենց ննջեցեալ ազգականներու համար: Սակայն օգնութիւն չեն ստանար նոյնիսկ այն մարդիկ, որու համար կը կատարուի աղօթք, քանզի այդպիսի աղօթքը այնքան ալ հաճոյ չէ Աստուծոյ: Եթէ անոնք այդքան հոգեհանգիստ կը կազմակերպեն այդ ննջեցեալի համար, ապա թող միաժամանակ միւսներու համար ալ աղօթեն:
-Հա՛յր, երբեմն կը սկսիմ անհանգստանալ իմ հօր փրկութեան համար, քանզի ան եկեղեցիի հետ ոչ մէկ կապ ունի:
-Մինչեւ վերջին վայրկեանը չես կրնար գիտնալ, թէ Տիրոջ դատաստանը ինչպիսին պէտք է ըլլայ: Այն քեզ ե՞րբ կ՚անհանգստացնէ: Իւրաքանչիւր շաբա՞թ:
-Ուշադրութիւն չեմ դարձուցած: Իսկ ինչո՞ւ ամէն շաբաթ:
-Քանզի շաբաթը ննջեցեալներու օրն է, անոնք ունին այդ իրաւունքը:
-Հա՛յր, իսկ այն ննջեցեալները, որոնք չունին աղօթող, արդեօք օգնութիւն կը ստանա՞ն այն մարդոց աղօթքներէն, որոնք առհասարակ կ՚աղօթեն ննջեցեալներու համար՝ առանց յստակ անուն մը նշելու:
-Հարկաւ, կը ստանան: Բոլոր ննջեցեալներու համար աղօթած ատեն իմ երազի մէջ կը տեսնեմ ծնողքս ալ, քանզի անոնք կ՚ուրախանան իմ կատարած աղօթքէն:
Ամէն անգամ, երբ իմ խուցի մէջ կը մատուցեմ Ս. Պատարագ, նաեւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ մը կը կատարեմ բոլոր ննջեցեալներու համար: Կ՚աղօթեմ ննջած թագաւորներու, հայրապետներու եւ ուրիշներու համար: Իսկ վերջաւորութեան կ՚ըսեմ. «Եւ անոնց համար, որոնք չյիշատակեցի»: Իսկ եթէ երբեմն բաց կը թողնեմ ննջեցեալներու համար աղօթքը, ապա ծանօթ ննջեցեալները կը յայտնուին ինծի: Իմ ազգականներէն մէկը զոհուեցաւ պատերազմի ժամանակ, եւ ես անոր անունը չգրեցի առանձին հոգեհանգստեան կարգի մը համար: Քանզի ան այլեւս գրուած էր պատարագի ընթացքին կարդացուող միւսներու անուններուն հետ, որոնք հերոսի մահով ինկած էին: Ահաւասիկ, հոգեհանգստեան կարգի ժամանակ ես այդ մարդը տեսայ ողջ հասակով կեցած իմ դիմաց:
Դուք նոյնպէս պատարագներու ժամանակ յիշատակութեան համար ո՛չ միայն հիւանդներու անունները տուէք, այլեւ ննջեցեալներու, որովհետեւ ննջեցեալները ունին աղօթքի մէջ կարիք»:
ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ
Երեւան