ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Արդեօք արուեստական որեւէ գործի ստեղծագործման ընթացքը մեզ աւելի՞ երջանիկ կը դարձնէ: Իրականութեան մէջ գեղարուեստական ​​ստեղծագործութեան եւ երջանկութեան յարաբերութիւնները շատ սայթաքուն հիմք ունին։ Ի վերջոյ, մենք ունինք արուեստագէտներու օրինակներ, որոնք զգացական դժուարութիւններ ապրած են կամ կ՚ապրին. օրինակ՝ ճնշուածութիւն: Այս պահուն պէտք է հարց տալ, թէ արդեօք արուեստը կը ծագի յուզակա՞ն ցաւէն: Կան բազմաթիւ հետազօտական ​​խումբեր, որոնք կ՚աշխատին այս գաղափարի հակառակ ուղղութեամբ եւ անոնցմէ շատերու ընդհանուր եզրայանգումը այն է, որ արուեստը դրականօրէն կ՚ազդէ մարդոց յուզական խնդիրներու վրայ:

Գեղարուեստական ​​արտադրութեան գործընթացի եւ անձնական երջանկութեան միջեւ կապը նոր գաղափար չէ։ «Psychology Today»ը ներկայացուցած է 1996 թուականին Ռոպերթ Էփշթայնի «Capturing Creativity» խորագրեալ յօդուածը, որ կը գովաբանէ գեղարուեստական ​​ստեղծագործութեան պարգեւած երջանկութիւնը: Իր յօդուածին մէջ Էփշթայն նշած է. «…աւելի շատ ստեղծագործութիւն կը յանգեցնէ աւելի մեծ երջանկութեան: Ստեղծագործական գործընթացները մեզի համար կը դառնան ուրախութեան աղբիւր եւ անոնցմով մենք աւելի կը դիւրացնենք մեր առօրեայ փոքր խնդիրներու լուծումը»։

Բաց աստի, Լոնտոնի համալսարանէն Սեմիր Զեքիի հետազօտութիւնը կը պնդէ, որ պարզապէս արուեստ ուսումնասիրելը կը բարձրացնէ «տոփամինի» մակարդակը եւ կը նպաստէ ուղեղի ճակատային կեղեւի աշխուժութեան: Սա մեզ կը մղէ մտածելու այն մասին, թէ այդ աշխուժութիւնը իրականութեան մէջ կը յառաջանայ սիրային յարաբերութիւններու մէջ զգացուող հաճոյքով։

Քանի որ արուեստը շատ բազմակողմանի է, իւրաքանչիւր անհատ կրնայ գտնել զայն։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու, այս տեսակի կրկնուող եւ բաւարարող գեղարուեստական արտադրութիւնը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ճնշուածութեան եւ անհանգստութեան նուազեցման՝ խթանելով ուղեղի «accumbens-striatial-cortical» կապը: Թերեւս գեղարուեստական ​​արտադրութեան գործընթացի կեդրոնացումը եւ խորասուզումը կապուած են հոգեբան Միհալի Սիկսզենթմիհալին «հոսանք» տեսութեան հետ: Այսինքն՝ գեղարուեստական ​​արտադրութիւնները նմանութիւններ ունին «հոսանքի» վրայ հիմնուած ուշադրութիւն գրաւող այլ գործողութիւններու հետ. օրինակ՝ եոկան։ Նման խոր փոխազդեցութիւնը, դրական եւ կեդրոնացած մնալը գեղարուեստական արտադրական գործընթացին մէջ կրնայ ստեղծել որոշ հանգստութիւն:

«Հոսանք»ի եւ գեղարուեստական ​​արտադրութեան հայեցակարգը իրականութեան մէջ կը մատնանշէ երջանկութեան երկու գործօն, որոնք հազարաւոր տարիներ շարունակ բարելաւած են մարդկային կեանքը: Առաջինը ստեղծագործութեան մէջ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն գտնելու կարողութիւնն է՝ յայտնաբերելու եւ բացայայտելու համար հաճոյքի միջոցով: Այս կարողութիւնը հիմնուած է բարեշրջութեան կենսաբանութեան վրայ, որ մարդոց եւ հասարակութիւններուն հնարաւորութիւն կու տայ գոյատեւել նորարարութիւններու միջոցով: Երկրորդը՝ հանգստանալու եւ վայելելու կարողութիւնն է՝ ստեղծելով օգտակար եւ ստեղծագործ իրեր։ Սա ո՛չ միայն գործողութիւն է, այլեւ մեթոտ, որ կը բարելաւէ հոգեկան առողջութիւնը եւ կ՚երիտասարդացնէ զբաղողները։

Ես նախապէս հնարաւորութիւն ունեցայ լսելու միտքերը բոլոր տարիքէ մարդոց, որոնք կ՚արտայայտուին արուեստի եւ երջանկութեան հասարակաց յայտարարին մասին: Արուեստի շնորհիւ, հակառակ ցաւալի փորձառութիւններուն, անոնք կարողացած են արտայայտել այդ զգացումները եւ հաղորդակցիլ՝ արուեստի միջոցով: Անոնք յայտարարեցին, որ արուեստը լաւագոյն տարածքն է իրենց անձնական պայքարէն դուրս գալու, իրենց շեղած ուշադրութիւնը հաւաքելու, ֆիզիքական եւ մտաւոր հանգստութիւն ապահովելու եւ դրական յոյզերու հասնելու համար, որոնք կը հեշտացնեն իրենց կեանքի պայքարը: Ամենակարեւորը՝ անոնցմէ ոմանք բացայայտած էին տաղանդներ, որոնք նախապէս չէին գիտեր: Աւելին, անոնք ունէին հասարակաց դիրքորոշում, որ արուեստը երջանկութիւն կը պարգեւէ։ Կը կարծեմ՝ սա արուեստի ու երջանկութեան անխուսափելիութեան ամենասուր արտայայտութիւնն է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2023