ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԴ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

21 սեպտեմբեր է եւ հայրենիքիս անկախութեան տարեդարձն է: Ինչպէս միշտ, դարձեալ հայուն աչքերը հպարտութեամբ կը նային եռագոյնին: Հայրենիք ըսի, Հայաստանը՝ պէտք է որ շեշտէի, որուն գաղափարը իր մէջ խտացնող ամբողջութիւն մը ունի:

Համայն հայութեան համար Հայաստանը մեր ժողովուրդի ազգային ազատագրման պայքարի ամրակուռ խարիսխներէն հիմնականն է:

Այս եւ նման զանազան գաղափարներով ամբողջացուած նախադասութիւնները հազար անգամ կրկնուած եւ մաշեցուցած են տետրակներու ճերմակ էջերն ու մամուլի սիւնակներու տողերը:

Բայց կը կրկնենք, առ ի յիշեցում եւ նաեւ՝ հպարտանք:

Որովհետեւ ներկայ մեր հայրենիքը կը ներկայացնէ անցեալ դարու առաջին քառորդին պատմական ազատ եւ անկախ Ա. Հանրապետութեան շարունակութիւնը, իր բոլոր ազգային արժէքներով: Միայն հոն է, որ կ՚ապահովուին ազգային մեր գոյատեւման բոլոր բաղադրիչները եւ ուր խարսխուած է մեր ժողովուրդի նկարագիրը եւ որուն վրայ նաեւ Ս. Մեսրոպի տեսիլքը կայ եւ խիզախութիւնը հայ բանակին, հայ զինուորին եւ հայ ռազմիկ ազատամարտիկին:

Ու գաղտնիք մը չէ: Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Համայն հայութեան պատկանող հողատարածք: Եւ…

Դարերու պատմութիւն ունի մեր այս երկիրը: Հարազատ եւ հարուստ: Անոր մէկ ծայրը թաղուած է հրաշալի անցեալի մէջ, ուրկէ դարեր առաջ գողթեցին երգիչներ դիւցազնական երգեր հնչեցուցած էին եւ ծնունդ տուած իւրայատուկ մշակոյթ: Յետոյ, անոնց յաջորդած էին թագաւորներ, թագաւորութիւններ, իշխանական տուներ, պատերազմ, անհաւասար կռիւ եւ ապա՝ կործանում, հալածանքներ, կոտորած, տեղահանութիւն եւ հողատարածքի կորուստ, գերիութիւն: Բայց երբեք չմոռնանք, որ վեց հարիւր տարի գերի մնալէ ետք ալ, հիմնուած՝ Ա. Հանրապետութիւն: Անկախ երկիր: Պետականութիւն:

Հայաստանը միշտ կռուախնձոր եղած է, դրացի եւ այլ երկիրներու միջեւ: Սակայն շնորհիւ իր զաւակներու կամքին, հաւատքին եւ յոյսին եւ ինչու չէ նաեւ վրէժխնդրութեան եւ հերոսական մարտնչումներուն, իր անկախութիւնը գրած է նոյն իր զաւակներուն ձեռքով եւ զայն յանձնած պատմութեան:

Այս բոլորը իբրեւ սփիւռքահայ կ՚ըսեմ եւ կ՚ուզեմ նաեւ յիշեցնել նոյն այս մեր հայրենիքի անկախութեան տարեդարձի առթիւ: Լաւագոյն պատեհութիւն:

Պէտք է գիտնալ, որ երկրի մը անկախութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ նոյն հողին վրայ ապրող ժողովուրդին կենսունակութեան, բարգաւաճման ու ուժականութեան:

Եւ ահա… 21 սեպտեմբեր, 1991:

Աշխարհը կրկին անգամ ճանչցաւ, որ երկրագունդի վրայ երկիր մը կայ ազատ եւ անկախ եւ որ կը կոչուի Արմէնիա: Ու հայուն համար այս թուականին մէջ կայ թէ՛ խորհուրդ եւ թէ պատգամ: Վերջապէս հայը կրկին անգամ գտած էր անկախ ապրելու, գործելու եւ մտածելու իր հպարտութիւնը: Անոր համար մեր երկրի դրացիները իրենց բանակներով եւ դիւանագիտական զէնքերով սկսան մօտէն հետեւիլ մեր բոլոր շարժումներուն:

Ու անկեղծօրէն ըսելով, իբրեւ սփիւռքահայեր կը զգանք, որ հայրենիքը մեր գոյութեան սիւնն է եւ անոր յառաջընթացը նախապայման նկատած ենք: Մեր երկրի անկախութիւնը երազած էին մեր մեծերը ու անոնցմէ ետք նաեւ մենք, իբրեւ հարազատ ժառանգորդները եւ ահա շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր դարձած ենք ականատեսներ: Մեզի բախտ վիճակուեցաւ զայն տեսնել: Ազգային հպարտանք:

Պայման չէ բարձրաձայն խօսիլ մեր հայրենասիրութեան մասին: Բոլորիս համար ալ Հայաստանի ազատ եւ անկախ ըլլալը փայփայուած երազանքն էր եւ որ իրականութիւն դարձաւ: Որովհետեւ բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ անկախ եւ ազատ հայրենիքը անհուն հպարտութիւնն է իւրաքանչիւր հայուն: Եւ պէտք է, որ ըլլայ:

Հայրենիքը յոյս է եւ հաւատքի նշան: Նոյնիսկ կեանքի կանչ եւ ու հզօրութիւն ոգեղնչող: Հայրենիքը հաւատքի աղբիւր էր, մեր դասագիրքերուն մէջ: Իսկ մեր ակումբներէն ներս, հայրենիքի սէրը ըլլանն էր: Կարելի չէր զայն սակարկել: Բոլորս ալ կը հաւատայինք, թէ հայրենինքն է մեր բոլորի կեանքի բանալին: Այդ օրերէն իսկ, Հայաստանը մեզի համար յուշ չէր, այլ՝ ոգի:

Այսպէս եւ այս տեսլականով ու ոգիով մեզ մեծցուցած էին մեր մեծերը, ծնողք, վարիչ, առաջնորդ եւ այսպէս ալ մեծցանք ու մինչեւ հիմա մեր նոր սերունդին իբրեւ ժառանգ կը փոխանցենք, նաեւ իբրեւ սուրբ եւ գերագոյն ու ազգային յանձառութիւն: Այս ձեւով է, որ սփիւռքահայու մեր սիրտն ու միտքը միշտ կը պահենք հայրենիքի հետ:

Միայն գնահատական մը տալու միտում մը չունին այս տողերը:

Ճիշդ է, որ այսօր ազգովին կը նշենք մեր հայրենիքի անկախութեան տօնը: Եւ ահա առաջին իսկ հերթին եւ անպայման կը յիշենք Արցախեան մեր հերոսամարտը: Բառերով, տողերով կամ էջերով կարելի չէ, անհնար է արտայայտել այն հպարտախառն ուրախութիւնը, որ մեզի պարգեւեց Արցախի յաղթանակը: Այս ուրիշ հպարտանք է… ուրիշ էջ:

Իսկ այսօր, տակաւին մեր ազգին առջեւ ծառացող շատ հարցեր կան: Կը տեսնենք, կը զգանք, կ՛ապրինք: Ճիշդ է եւ բնական է, որ իր անկախութենէն ետք նոր յոյսեր շարուեցան մեր կեանքի հորիզոններու վրայ: Ճիշդ է, որ շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր մեր երկիրը շատ մը փորձառութիւններէ անցաւ: Յաճախ դաժան: Բայց այս բոլորէն առաջ պէտք է քաջութիւնը ունենանք մենք զմեզ դիտելու, թէ ուր հասած ենք:

Տակաւին տարի մը առաջ թաւշայ յեղափոխութիւնը եկաւ եւ նորոգեց հայուն միտքն ու հոգին: Անկասկած: Բայց այսքանը բաւարար չէր: Բոլորս ալ, անխտիր մեր սպասուած, երազած դրախտը միշտ կը փնտռէինք եւ կը փնտռենք մեր երկրին մէջ:

Իրականութիւն է, որ ներկայիս մեր երկիրը ներքին եւ արտաքին փոխանցման դժուարին պահեր կ՛ապրի: Անկասկած: Անոր համար բոլորս ալ հակասական եւ անհաւասար տրոփումներ ունինք: Բնական է եւ մարդկային: Ուստի մեզի կ՛իյնայ աշխատիլ միասնաբար զինք պահել աշխարհի կեանքի ամէնօրեայ յայտագրին մէջ: Հայաստանը եւ անոր հզօրութիւնը, անկախութիւնը եւ հպարտութիւնը մեր բոլորի արեան մէջ պահել:

Սակայն մի՛ մոռնաք, որ միշտ չենք կրնար լաւի եւ վատի նկատմամբ անտարբեր մնալ: Հարցերը միայն լոյսին բերելը լուծում չէ: Էականը՝ անոնց լուծման ձեւն ու ուղին որոշելն է: Զիրար հասկնանք: Զիրար գնահատենք եւ առաջ երթանք: Այս ձեւով Հայաստանը իր բուն նպատակին վերադարձուցած կ՛ըլլանք: Նաեւ ճիշդ է որ հոն ամէն »բան« ճերմակ չէ: Բայց ամէն բան ալ »գորշ« գոյն ալ չունի: Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ, մտածող ու մտահոգ մարդիկ, անտարբեր չեն այս բոլոր իրականութիւններուն նկատմամբ:

Այս բոլորը շատ յաճախ կրկնած ենք ու նոյնիսկ շեփորած: Սխալներ կան եղած են եւ պիտի ըլլան, քանի կը գործենք: Սակայն արդարացնելէ աւելի, կը կարծեմ զանոնք սրբագրելն է պէտք: Նոր խորք տալ մեր կեանքին: Նոր թարմութիւն: Խոհեմ քայլ: Խելամիտ պետական ներքին եւ արտաքին ազգային քաղաքականութիւն: Եւ անպայման, ազգային ինքնագիտակցութեանն մէջ, քաղաքական առողջ միտք:

Նպատակներն ու անոնց իրականացումները բազմազան են անոնց ընտրութիւնը կախեալ է միայն մեր կամքէն: Մեր ազգային գիտակցութենէն:

Պարտաւոր ենք միասին աշխարհի ցոյց տալ մեր ժպտադէմ ու փայլուն ներկան: Անկողմնակալ եւ դրական: Մեր հարցերը ենթագիտակցութենէ, գիտակցականի բարձրացնելը մեծ արժանիք մըն է: Մաքրագործենք մենք զմեզ բարեխիղճ տրամադրութեամբ: Ու այս իրականութեան համար, լայնախոհ եւ լայնամիտ մարդոց ներկայութեան համախումբումն է կարեւորը:

Նման ցանկութիւններու իրականացման համար երիտասարդ սերունդը կարեւոր ներկայութիւն է: Մեր նոր սերունդէն կախեալ է մեր երկրի ապագան: Երիտասարդութեան կը պատկանի հինը, նորով փոխարինելու յարմարագոյն ձեւերը, փնտռելու աշխատանքը, աւանդը պահելու ճիգը: Առիթ տանք: Արդիական գաղափարներով օժտուած գիտակից ուսանողութիւնն է, որ նոր հայութիւն կրնայ ստեղծել:

Հպարտութեամբ կրկնած ենք: Այսօր հոն նոր սերունդ մը կ՛աճի: Ականատեսներ ենք: Հիանալի սերունդ մը: Մեր սերունդէն շատ աւելի լաւ եւ ուսումնատենչ ոգիով զինուած: Առիթ տանք: Լաւ, հպարտ, հզօր եւ հաստատ երկիր մը ունենալու արմատները, մեր բոլորի մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ են: Մեր կեանքին համ եւ հոտ կու տան: Ազգային ջերմութիւն:

Նաեւ ճիշդ է, որ հոն թերութիւններ, անյաջողութիւններ կան, պիտի ըլլան, բայց կարելի է խուսափիլ, երբ քիչ մը աւելի խստապահանջ ըլլանք նախ մենք՝ մեր հանդէպ: Բոլոր հարցերն ալ լուծելի են: Էականը մեր այդ թերութիւնը միասնաբար վերացնելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնն է:

Հաստատ գիտենք, որ նոր միջոցներու անհրաժեշտութիւնը նոր ու լայն դռներ կրնայ բանալ: Ու այս մէկուն համար իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւորութիւն ունի նախ հանդէպ իր անձին եւ ապա իր հայրենքին եւ ազգին: Բայց գոնէ բոլորս ալ պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու եւ մեր ուժերու մէկտեղումը ապահովելու: Պատեհութիւններ չեն պակսած:

Գիտենք, որ մեր երկիրը ներքին եւ նոյնչափ ալ արտաքին աշխարհի տարբեր հոսանքներու տակ կը շնչէ: Հասկնալի եւ նոյնքան ալ անհասկնալի է այս իրականութիւնը: Լաւ յիշեցէ՛ք, օտարներու պատնէշները յաղթահարող ազգը, ինչպէ՞ս չի կրնար ինքզինք յաղթահարել:

Ուստի…:

Արդ, անկախութեան տօնդ շնորհաւոր մեր անկախ հայրենիք եւ հայ ժողովուրդ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Եռագոյն»

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019