ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

ԽՕՍԻԼ. Երեխաները առաւել դիւրին կ՚արտայայտեն իրենց մտքերը, քան զգացումները, ուստի սկսէ՛ք խօսիլ երեխային հետ եւ խօսեցնել զայն: Այդ խօսակցութիւնը պէտք է համապատասխան ըլլայ երեխայի տարիքին: Համակ ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք տղան ու մի՛ փորձէք «խելք սորվեցնել» անոր: Անոնք իրենց մտքերն ու անհանգստութիւնները կը կիսեն ձեզի հետ, եւ հոս ամենէն կարեւորը այդ է:

ԸՆԴՈՒՆԻԼ. Երեխան կրնայ դրսեւորել անսպասելի վարք՝ զայրոյթ, մեկուսացում... Պատրաստ եղէք ընդունելու այդ յոյզերն ու զգացումները, որոնք երեխան «կը թափէ» ձեր վրայ ոչ միտումնաւոր: Անոր ցասման ցասմամբ մի՛ պատասխանէք, ընդհակառակը՝ ձեր հանգստութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը կրնայ նպաստել երեխայի հանգիստ արձագանգին:

ԽԱՂԱԼ. Խաղը սթրեսի յաղթահարման լաւագոյն միջոցներէն մին է: Փորձեցէք թէկուզ փոքր չափով ապահովել խաղերն ու զբաղմունքները: Իսկ եթէ երեխան կ՚ուզէ խաղալ «կռիւ-կռիւ», մի՛ անհանգստացնէք. այդ կերպով ան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ «վարելու պատերազմական գործողութիւնները» այնպէս, ուր ինք կ՚որոշէ ելքը:

ԴՈՒՐՍ ՄՂԵԼ. Ահաւասիկ կարգ մը միջոցներ, որոնք թոյլ կու տան երեխային իրմէ դուրս մղել անհանգստութիւնն ու յուզումը:

Պահել օրագիր

Նամակ մը գրել ընտանիքի բացակայող անդամներուն կամ հարազատներուն

Օգնել մեծերուն՝ խնամելու համար ընտանիքի փոքր անդամները

Փորձել գրել փոքրիկ պատմութիւններ կամ նկարել նկարներ՝ զինք յուզող նիւթերու շուրջ:

ՏԻՐԱՊԵՏԵԼ ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ. Ամէն կերպով փորձեցէք տիրապետել դուք ձեզի։ Երեխաները «փոքր» չեն, յիմար չեն, անոնք ամէն բան կը տեսնեն, եթէ նոյնիսկ չտեսնեն՝ կը զգան: Որքան շատ դուք կ՚ընկճուիք, այնքան շատ պիտի ընկճուի ձեր երեխան:

ՏԱԼ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ. Մի՛ զլանաք յաճախ վերահաստատելու, թէ դուք կ՚ընէք հնարաւոր ամէն բան, անոր անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Հարկ չկայ ստելու եւ ըսելու երեխային, թէ ոչ մէկ վատ բան կը պատահի: Փոխարէնը անպայման շեշտեցէք, որ դուք կ՚ընէք եւ պիտի ընէք հնարաւոր ամէն բան, անոր անվը-տանգութիւնը ապահուելու համար:

ԴԻՄԵԼ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ. Դիմեցէք հոգեբանի օգնութեան, եթէ երեխային օգնելու ձեր ջանքերը արդիւնաւէտ չեն ըլլար:

ԻՆՉՊԷՍ ԽՕՍԻԼ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ. Եթէ մահացեր է երեխայի հարազատը, յիշեցէք, որ երեխային պէտք է բացատրել ամէն բան՝ իր տարիքին ու անձնային առանձնայատկութիւններուն համապատասխան: Պէտք չէ խաբել, թաքցնել կամ շրջանցել նիւթը:

Տղոց հետ մահուան մասին խօսելու ժամանակ պէտք է օգտագործել փոխաբերութիւններ ու համեմատութիւններ, քանզի երեխաները շատ լաւ կը հասկնան փոխաբերութիւններու ու համեմատութիւններու լեզուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020