ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՏՕ՛ՆԴ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Շուտով՝ նոյեմբերի 24-ին Թուրքիոյ մէջ պիտի նշուի կրթական մշակներու՝ ուսուցչաց տօնը։ Հայաստանի եւ աշխարհի շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ կրթական մշակներու օրը կը նշուի հոկտեմբերի 5-ին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ընդունուած որոշման մը համաձայն։

Ուսուցիչ ըլլալը՝ անսպառ, նուիրական, պատասխանատու սուրբ առաքելութիւն մըն է, որ կը պահանջէ քրտնաջան օրն ի բուն աշխատանք ու ծով համբերութիւն՝ սերունդներ կրթելու, զանոնք ճիշդ ուղղորդելու գործին մէջ։ Կրթական մշակը՝ իր անբասիր նկարագիրով, գիտելիքներու պաշարով, աշխատասիրութեամբ, արդարութեամբ, ազնուութեամբ ու անկողմնակալութեամբ՝ աշխարհակառուցողութեան հիմն է։ Ան՝ տղու ճարտարագէտ մըն է, որ կը կերտէ մարդկութեան ապագան, բազում մարդկային ճակատագրեր։ Բաց աստի, ուսուցչութիւնը կը նմանի մայրութեան. մայր՝ որ երբեք չի կրնար զատողութիւն ընել իր զաւակներուն միջեւ, փոխարէնը՝ ամէն երկվայրկեան պատրաստ է անշահախնդրօրէն ունեցածը տալու։

Կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր կրթական մշակ ունի բազում դատաւորներ՝ իր աշակերտները, որոնք ժամանակի ընթացքին նժարին դնելով իրենց ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը՝ ծանր ու թեթեւ ընելով, արժանւոյնս կը գնահատեն լաւագոյնները, արժանացնելով բիւր յարգանքի ու մեծարանքի։ Դպրոցական ու համալսարանական տարիներուս ունեցայ բազում ուսուցիչներ, ոմանք ակնթարթի մը պէս եկան ու անցան։ Այսօր անոնցմէ որոշներուն անունները անգա՛մ յիշելու համար, ուղեղիս վրայ ճիգ պիտի գործադրեմ։ Սակայն կան քանի մը անմնացորդ նուիրեալներ, որոնք իրենց տուած գիտելիքներու ու խրատներու շնորհիւ՝ ինծի համար կուռքի, կեանքի ու կրթական ուղղեցոյցի վերածուեցան։ Մեծանուն ուսուցիչներ, որոնք կերտեցին զիս։ Զանոնք մոռնալը անհնար է ու անկարելի։

Այսօր կ՚ուզէի անդրադառնալ անոնցմէ արեւմտահայերէնի վաստակաշատ ուսուցչիս՝ յարգարժան Պր. Կարպիս Խորասանճեանին։

Պոլիս հաստատուելէ ետք առընչուեցայ արեւմտահայերէնի ներկայ տխրահռչակ վիճակին։ Դարերու խորքէն՝ բազում փորձանքներու ու փորձութիւններու մէջէն ճողոպրելով մեզի հասած հազարագանձ արեւմտահայերէնը այսօր՝ հայոց համար մասամբ խաղաղ ժամանակաշրջանին կ՚որբանայ՝ տէր չունի։ Անոր տէրերը՝ սփիւռքահայերը, գերադասելով օտարներու լեզուական պարզութիւնն ու շահաւէտութիւնը, կը հրաժարին մեր ադամանդակուռ լեզուէն։ Երբեմնի ոսկեղնիկ հայերէնը հոգեւարքի մէջ է։ Անդարմանելի հիւանդի մը կը նմանի, որ այսօր կամ վաղը հոգին պիտի աւանդէ։

Ստեղծուած տխրագոյն իրաւիճակին ականատես ըլլալով, ես՝ թրքագէտ ըլլալով հանդերձ, հրաժարեցայ թրքերէն լեզուս զարգացնելու երբեմնի միտումէս եւ լծուեցայ արեւմտահայերէնը արժանւոյնս սերտելու քրտնաջան աշխատանքին. լեզուակիրներու թիւը թէկուզ մէկով աւելցնելու նպատակով։ Սահուն ու անբասիր արեւմտահայերէն սորվելու համար երկար ժամանակ լաւ մասնագէտ մը կը փնտռէի։ Եւ ի վերջոյ ինծի խորհուրդ տուին հայերէնի վաստակաշատ ուսուցիչ՝ Պրն. Կարպիսը։

Դեկտեմբեր ամիսն էր։ Սրտատրոփ կը սպասէի առաջին դասընթացքին։ Նախապէս պայմանաւորուածութեան համաձայն ահաւասիկ եկաւ շաբաթ օրը։ Առտու կանուխ արթնցայ. գրիչս, տետրակս՝ պայուսակս պատրաստեցի ու սպասեցի ժամը երեքին։ Յուզումս այնքան շատ էր, որ շատ յաճախ ինծի կը թուէր, թէ ժամերը չեն յառաջանար։ Միտքիս մէջ հազար ու մի հարց կը ծագէր՝ արդեօք պիտի կարողանա՞մ սերտել տակաւին դպրոցական տարիներէն շատ խրթին երեւցող արեւմտահայերէնը, եւ կամ Պարոնը սպասումներս պիտի արդարացնէ՞, թէ ո՛չ։ Գլուխս հարցանշաններով լեցուն՝ ամուսինիս հետ միասին, ահաւասիկ հասանք՝ Պալաթ թաղամասի մէջ գտնուող՝ Պարոն Կարպիսի յարկաբաժինը։ Դրան զանգակը հնչեցուցինք եւ դուռը բացաւ՝ հեզահամբոյր, գեղադէմ, ալեհեր պարոն մը ու բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ. «Բարի եկաք, ներս հրամեցէք»։ Ծով հանգստութիւն ու անսահման բարութիւն կար անոր ձայնային ելեւէջներուն եւ դիմային արտայայտութեան մէջ։ Այդ պահուն հասկցայ, որ բոլոր սպասումներս արդարացուած են ու գլուխիս մէջ պտըտող հարցանշանները անէացան։

Իրարու հետ ծանօթանալէ ետք, քանզի զիս շատ կը հետաքրքրէր անոր կենսագրական տուեալները. բարեհամբոյր Պարոնը ընդառաջելով խնդրանքիս քանի մը նախադասութեամբ ինքզինքը ներկայացուց.

«Ծնած եմ Պոլիս՝ 1948 թուականի փետրուարի 20-ին, հայախօս ընտանիքի մը երդիքին տակ՝ ժամանակին հայաշատ Պալաթ թաղամասին մէջ։ Հայրս կօշկավաճառ էր։ Հօրական կողմէ՝ գրեթէ 1847 թուականէն սկսեալ պոլսեցի, իսկ մինչ այդ թուականը կ՚ըսեն թէ՝ էրզրումցի եմ։ Մօրական կողմէ՝ արաբկիրցի եմ։ Մօրս ընտանիքը առողջական խնդիրներու պատճառաւ 1914 թուականին Արաբկիրէն եկաւ Պոլիս՝ քանզի Պոլսոյ մէջ բժշկութիւնը շատ աւելի յառաջացած էր, անշուշտ ետ վերադառնալու միտումով։ Սակայն՝ 1915 թուականի արհաւիրքին պատճառաւ, այլեւս չկրցան վերադառնալ ու ստիպուած հաստատուեցան Իսթանպուլի մէջ։ Մայրս Պոլիս ծնած է։

«Նախակրթարանը աւարտեցի Պալաթի Խորէնեան վարժարանին մէջ, որ այնուհետեւ փակուեցաւ։ Միջնակարգը՝ Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանի երդիքին տակ, իսկ լիսէն՝ Կեդրոնական վարժարանին մէջ աւարտեցի։ Այնուհետեւ բարձրագոյն ուսումս ստացայ Տիգրանակերտի կրթական ֆաքիւլթէի մէջ։ Համալսարանը աւարտելէ երկար տարիներ ետք՝ 36 տարեկան հասակիս, Էսաեան վարժարանի մէջ սկսայ ուսուցչագործել։ Նոյն վարժարանի լիսէի մէջ դասաւանդեցի շուրջ երեսուն տարի, որպէս՝ հայերէն լեզուի, հայ գրականութեան եւ կրօնագիտութեան ուսուցիչ։ Այժմ կ՚աշխատիմ Գարակէօզեան վարժարանին մէջ, որպէս երիտասարդ սերունդի կրթական մշակներու համար՝ ուղեցոյց-ուսուցիչ։ Մինչ ուսուցչութեան սկսիլը, շատ տպաւորուեցայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այն ժամանակուայ սիւնեակագիր՝ Արա Գօչունեանի հետեւեալ տողերէն. «Հայ ուսուցիչ ըլլալը՝ քաջութիւն մըն է, իսկ հայերէնի՛ ուսուցիչ՝ հերոսութիւն»։ Այս խօսքերը միշտ հետապնդած են զիս բոլոր ուսուցչութեանս ընթացքին»։

Պրն. Կարպիսի դասընթացքները այնքան հետաքրքրական կ՚անցնէին, որ թէպէտ մեր դասաժամի տեւողութիւնը՝ մէկուկէս ժամ էր, մենք երեք երբեմն նոյնիսկ չորս ժամէն հազիւ կը լմնցնէինք։ Ակնթարթի մէջ դասաժամերը կը վերջանային։ Մինչ մենք դաս կ՚աշխատէինք, ամուսինս կողքի բազկաթոռին նստած կը թերթէր հայկական թերթերը։ Արեւմտահայերէնէն զատ՝ սա բազմակողմանի զարգացած մեծանուն ուսուցիչը ժամանակ կը տրամադրէր նաեւ՝ հայ գրականութեան, պատմութեան եւ կրօնագիտութեան։ Ամենէն շատ կը սիրէի, երբ Պարոնս հայոց պատմութիւն կը պատմէր։ Ան այնքա՜ն պատկերաւոր, վստահ ու համոզիչ կը պատմէր, կարծես իր աչքով տեսած ըլլար։ Դիմացինն ալ մտովի կը տեղափոխէր դարերու խորքը եւ դուն ալ ականատես կ՚ըլլայիր բոլոր իրադարձութիւններուն։ Ամէն անգամ երբ դասաժամը վերջանար, աշխատասեղանէն կը տեղափոխուէինք ու կը տեղաւորուէինք կողքի բազմոցներուն։ Պարոն Կարպիսի տան օգնականի՝ Մուհարրէմ պէյի պատրաստած թէյի ու տեսակ-տեսակ խմորեղէններու սեղանի շուրջ կը համախմբուէինք ու կը զրուցէինք զանազան հարցերու մասին։ Ձմրան ամիսներուն վառարանի վրայ Մուհարրէմ պէյը մեզի համար կը բովէր շատ համեղ շագանակներ, որոնք ուտելով չես կշտանար։ Այսպէս երկու տարի շարունակ սրտատրոփ կը սպասէի շաբաթ օրերուն։ Պարոն Կարպիսը ո՛չ միայն լաւ կրթական մշակ մըն է, այլեւ՝ լաւ զրուցակից, ընկեր, բարեկամ, հոգեբան, ունկնդիր ու մեծ հայրիկ։ Անոր մօտ ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ես ոչինչ գիտեմ։ Շատ ազնիւ ու բարի անհատ մըն է. իրական հայ մտաւորական։

Հակառակ երիտասարդ ոգիին՝ ուսուցչիս առողջութիւնը օրէ օր կը վատթարանար։ Քանի մը ծանր հիւանդութիւններու բեռը շալկած այս վաստակաշատ ուսուցիչը կը շարունկէ իր սուրբ պարտականութիւնը՝ օգնել ուսուցիչներուն հայեցի ու հայախօս սերունդներ կրթելու գործին մէջ։

Կը խոնարհիմ քու առջեւ, ո՛վ մեծն ուսուցիչ,

Կը շնորհաւորե՛մ քեզ ու քու գործընկերները՝ ուսուցչաց տօնի առթիւ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018