GALERİ BİRZAMANLAR-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Բան­կալ­թիի մէջ, Galeri Birzamanlar-ի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ե­զա­կի հա­ւա­քոյթ մը։ Ար­դա­րեւ, Օս­ման Քէօ­քէ­րի կող­մէ ղե­կա­վա­րուած Galeri Birzamanlar-ը վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պած էր միջ­հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նո­ղա­կան լու­սան­կար­չա­կան հե­տաքրք­րա­կան մրցոյթ մը։ Թուր­քիոյ բազ­մա­թիւ հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս ծա­նօ­թա­ցուած ու լայն մաս­նակ­ցու­թեան ար­ժա­նա­ցած այս մրցոյ­թը խո­րագրուած էր «Bin varmış bir yokmuş»։ Այս մրցոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս նկա­րա­հա­նած էին այն­պի­սի դրուագ­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նէին Իս­թան­պու­լի եւ Թուր­քիոյ բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րուն մէջ կորս­տեալ մշա­կոյթ­նե­րու հետ­քե­րը։ Սրբա­վայ­րե­րէ սկսեալ մին­չեւ պատ­մա­կան շէն­քեր՝ երկ­րի մշա­կու­թա­յին զա­նա­զա­նու­թեան հա­րուստ ա­ւան­դոյթ­նե­րուն վկա­յու­թիւն­նե­րը ե­ղած ըլ­լա­յին կար­ծես այդ դրուագ­նե­րը։

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան այդ լու­սան­կար­նե­րով պատ­րաս­տուած ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կերպուած էր եւ զու­գա­հե­ռա­բար տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցոյ­թին պար­գե­ւա­բաշխ­ման հա­ւա­քոյ­թը։ Կո­կիկ թի­ւով գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Օս­ման Քէօ­քէր հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը եւ յանձ­նեց դափ­նե­կիր­նե­րուն պար­գեւ­նե­րը։ Առաջին հինգ շարքին վրայ տեղ գրաւած էին հետեւեալները. Էմրահ Ապի (Մարմարա համալսարան), Տողուքան Մըսըր (Իսթանպուլի Այտըն համալսարան), Տեւրիմ Չըրփան (Իսթանպուլի համալսարան), Օզան Եաման (Պողազիչի համալսարան) եւ Քիւպրա Սէօնմէզ (FED համալսարան)։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2015