ԵՐԲ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ

Թշնամին, որ մեր խրճիթին մէջ թէյ կը խմէ՝
Ձի մը ծուխին մէջ եւ աղջնակ մը, 
Որ ունի հաստ յօնքեր, սրճագոյն աչքեր 
Եւ երկար մազ՝ նման գիշերուան երգին՝ ուսերն ի վար: 
(Աղջկան) պատկերը չի հեռանար իրմէ
Ամէն ատեն երբ գայ եւ թէյ խնդրէ, 
Բայց ան մեզի չի պատմեր իր գիշերային 
Զբաղումներուն եւ այդ ձիուն մասին, 
Զոր մեղեդիները ձգեցին բլուրին գագաթին...

.... Մեր խրճիթին մէջ թշնամին կը հանգստանայ հրացանէն,
Զոր կը թողու մեծ հօրս աթոռին վրայ, 
Ապա մեր հացէն կ՚ուտէ, 
Ինչպէս հիւր մը պիտի ընէր: 
Կը մրափէ քիչ մը մեծ հօրս եղեգնեայ նստարանին վրայ, 
Կը յենի մեր կատուին մուշտակին 
Եւ անընդհատ մեզի կ՚ըսէ.
-Զոհը մի՛ մեղադրէք:
Կը հարցնենք.
-Ո՞վ է:
Կ՚ըսէ.
-Այն արիւնը, զոր գիշերը չի ցամքեցներ...

... Տարազին կոճակները կը պսպղան՝ երբ հեռանայ:
Գիշերդ բարի:
Բարեւէ՛ մեր ջրհորին, այդ կողմի թզենիին
Եւ յամրօրէն քալէ՛, մեր ստուերներուն հետեւելով, 
Գարիի դաշտերուն մէջ:
Բարեւէ՛ մեր նոճիին՝ բարձրութեան մէջ:
Մի՛ մոռնար տան դարպասը՝ բաց, գիշերը,
Չմոռնաս նաեւ ձիուն սոսկումը՝ օդանաւերէն:
Բարեւէ՛ մեզի, հոն, եթէ ժամանակդ ներէ...

Այս խօսքը, որ կ՚ուզէինք ըսել դրան սեմին...
Լաւապէս կը լսէ եւ զայն կը պահէ 
Իր արագ հազին մէջ, ապա մէկ կողմ կը նետէ:
Հապա ինչո՞ւ ամէն գիշեր զոհին կ՚այցելէ
Եւ մեր առածները, մեզի պէս, կը սորվի
Եւ մեր նոյն երգերը կը կրկնէ.
Մեր երգած ժամերուն՝ սրբավայրերէն ներս:

Եթէ հրացանը չըլլար
Սրինգը սրինգին հետ կը շաղուէր...

Պատերազմը չ՚աւարտիր,
Քանի տակաւին երկիրը, մեր մէջ, 
Ինքն իր վրայ կը դառնայ:
Ուրեմն, լաւ ըլլանք,
Կ՚ուզէր, որ հոս լաւ ըլլանք
Եւ ոտանաւոր կ՚ընթերցէր օդաչուին.
-«Ես չեմ սիրեր անոնց, որոնց կը պաշտպանեմ,
Ինչպէս նաեւ չեմ թշնամանար անոնց, 
Որոնց հետ կը պատերազմիմ...»:
Ապա մեր փայտեայ խրճիթէն կ՚ելլէ
Եւ կը քալէ ութսուն մեթր դէպի մեր քարէ տունը, 
Հոն, հարթավայրին կողմը...

Բարեւէ՛ մեր տան, ո՛վ օտարական,
Մեր սուրճի բաժակները հոն են տակաւին, 
Ինչպէս որ դրուած էին:
Կը շնչե՞ս մեր մատներուն հոտը անոնցմէ:
Կ՚ըսե՞ս հիւսուած մազերով եւ առատ յօնքերով աղջկադ, 
Որ (տունը) բացակայ տէր մը ունի,
Թէ կ՚ուզէ օր մը այցելել, ոչինչի համար...
Բայց միայն որ մտնէ անոր հայելին 
Եւ տեսնէ գաղտնիքը, 
Թէ ինչպէ՞ս կը շարունակէ իր կեանքը, 
Մեզմէ ետք, մեզի փոխարէն:
Բարեւէ՛ իրեն, եթէ ժամանակը ներէ...

Այս խօսքը, որ կ՚ուզէինք ըսել իրեն, 
Լաւապէս կը լսէր.
Լաւապէս
Եւ կը պահէր զայն իր արագ հազով՝ 
Տարազին կոճակներուն մէջ, 
Երբ կը հեռանար:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2022