ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՏՈՒՐՔԸ

Ցաւալիօրէն, յաճախ մարդը կը ճանչնանք անոր մահէն ետք: Այս ամառ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ սուրիահայ մտաւորական Զարեհ Սափսըզեան, որու անունին ծանօթ էինք միայն ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած անոր պատմուածքներէն, որոնք ուշադրութիւն գրաւած էին իրենց համարձակ նիւթերով եւ արեւմտահայերէն հիւթեղ բառապաշարով:

Զարեհ Սափսըզեանի մահուան առթիւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան գրած է.

«Սիրելի՛ սգակիր բարեկամներ,

Այս հաւաքը յարգանքի վերջին տուրքն է՝ ուղղուած լիիրաւ մարդու մը, որ պարագաներու բեռան տակ արժանի գնահատանքը չգտաւ իր կեանքի վերջալոյսին։ Անողոք հիւանդութիւն մը հինգ տարիներէ ի վեր գործնականապէս մեզմէ խլած էր Զարեհը, իսկ Զարեհը՝ իր ստեղծագործական աշխարհէն։ Հաճելի ներկայութիւն մըն էր Զարեհը ընկերային կեանքի մէջ։ Գերհաճելի պիտի ըսէի իր կայծակի արագութեամբ արձակուած սրամիտ կատակներով, լրջագոյն նիւթերու շուրջ հաղորդակցութեամբ, սիրալիր պահուածքով, ընկերասիրութեան եւ հիւրասիրութեան ոգիով։ Ընտանեկան յարկէն ներս, իր աղջկան հանդէպ տածած սէրն ու զոհողութիւնը ակնյայտ էր, անոր հանդէպ ցուցաբերած առաջնահերթութեամբ։ Իր էութիւնը ընկալած էր սէրը հայրենիքի, ուր այցելեց բազմիցս։ Իսկ քանի մը տարիէ ի վեր երազն էր հանգստեան կոչուելէ ետք հոն փոխադրուիլ։

Զարեհի ամենաթաքուն ձիրքը իր գրելու եւ ստեղծագործելու բացառիկ կարողութիւնն էր։ Այո՛, վերջին տարիներուն, համացանցը եւ դիմատետրը եկան այդ տաղանդին արձագանգը տարածել, բայց մենք չկարողացանք պատեհ առիթը ստեղծել զինք արժանավայել կերպով գնահատելու։ Իր գրական ստեղծագործական ժանրը պատմուածքն էր, ազգային ոգիով մը յագեցած, իրական կեանքէ առնուած, կամ տագնապներէ յառաջացած եւ երեւակայացուած պատմուածքը։ Եւ այնքան խիտ էր իր արտայայտութեան ոճը, այնքան համապարփակ նեղ տողերու մէջ, որ կարելի էր ընհանրացնելով հատորներու մէջ տեղադրել։ Այս բոլորը իր մանկութենէն եւ պատանեկութենէն ժառանգած կրթութենէն եւ դաստիարակութենէն կը բխէր, որոնք ստացած էր Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթել վարժարանի գրասեղաններու վրայ, գումարած եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ջանիցի ոսկէդարի տարիներուն հրամցուած եւ կամ ինքնաբուխ, խմբային կերպով ստեղծուած շրջանէն։ Գրական իր տաղանդը եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած սիրոյն ու պաշտամունքին արգասիքն է ստեղծումը Համազգայինի Օրընճ Գաւառի մասնաճիւղի, զոր Զարեհը վարեց երկար տարիներ։

Այսօր, երբ հրաժեշտ կու տանք իր երկրային կեանքին, իր յիշատակը յաւերժացնելու լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ իր ստեղծագործութիւնները հաւաքելով հրատարակելու եւ հայ գրականութեան անդաստանին նուիրելու զանոնք։ Այդ կը մնայ իմ կամ մեր հաւաքական սիրոյ տուրքը թէ՛ Զարեհին եւ թէ՛ մեր հարուստ գրականութեան։

Պատրաստ ե՞նք: Զաւէն Խանճեան»:

Ի յիշատակ ԱՄՆ-ի հեռաւոր ու օտար ափերուն վրայ արեւմտահայերէնով անյագօրէն ստեղծագործած մտաւորականի, կը ներկայացնենք անոր պատումածքներէն մէկը.

ԵՐԿՈՒ ԱՅՐՈՂ ՍՐՏԵՐ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ԵԶՐԻՆ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Վերջին անգամ մըն ալ համբուրելէ ետք նորածին տղուն ճակատը եւ ձեռքերը, ետ տուաւ իր կնոջ Նորային եւ գիշեր բարիի համբոյրով մը, սենեակէն դուրս ելաւ։ Իրիկուան ինը անց էր։ Մօտ հարազատները այցելած ու գացած էին։ Հիւանդանոցին սրահներէն քալեց արագ, գրեթէ վազելով։ Երբ մայր դռնէն դուրս ելաւ՝ ուղղուելու դէպի իր ինքնաշարժը, վազեց քիչ մը, ապա ցատկեց. ուրախութենէն եւ հպարտութենէն կուրծքը պիտի պայթէր։ Կը սիրէր կինը՝ Նորան եւ ահա իր առաջին զաւակը, Գէորգ Ալըն (Գէորգ իր հօր անունը եւ Ալըն՝ Նորային), որ ծնած էր նոյն կէսօրէ ետք՝ առողջ եւ գեղեցիկ, իր հոգին կը լեցնէր խայտանքով։ Գարնանային անուշ գիշեր մըն էր, եւ գաղջ զեփիւռ մը իր ներկայութիւնը զգացնել կու տար։ Կառատունէն ելլելէ առաջ անգամ մը եւս նայեցաւ դէպի հիւանդանոցին շէնքը եւ ժպտեցաւ։ Հոն կը հանգչէին Նորան եւ իր մէկ հատիկը։ Արդէն կարօտցած էր Գէորգին։ Հիւանդանոցին շէնքին ետեւէն լիալուսինն ալ կը ժպտէր լուսաճաճանչ՝ իր արծաթեայ ճառագայթներէն ջերմութիւն եւ յոյս սփռելով չորս բոլորը։

Սթէյթ պողոտայով սկսաւ ուղղուիլ դէպի Այլա վիսթայի իրենց բնակարանը։ Ինքնաշարժին մէջ սկսաւ երգել։ Հին երգեր էին, որ տարիներէ չէր երգած. «Գարուն, գարուն, գարուն է, սիրուն, սիրուն, սիրուն է, էդ քո սեւ-սեւ աչերով…»։ Այդ սեւ աչերը արդեօք Նորային դիւթիչ, գեղեցիկ աչերն էի՞ն, թէ՞ Գէորգին սեւ ու մեծ աչերը։

Ապա ուժ տուաւ իր երեւակայութեան: Նորան եւ Գէորգը տունն էին եւ Գէորգ իրենց կը ժպտէր հրէշտակային։ Անցաւ հինգ-վեց ամիս եւ Գէորգ, տան գորգին վրայ սողալով, իր խաղալիքներուն հետ կը խաղայ։ Քիչ ետք, Գէորգ ինը-տասը ամսու է եւ իր քալելու առաջին փորձերը կ՚ընէ։ Հիմա քիչ մըն ալ մեծնալով կ՚արտասանէ իր առաջին բառերը. «Մամա, պապա»։

Հոս երեւակայութիւնը կանգ առաւ եւ տրամադրութիւնը սկսաւ փոխուիլ։ Բան մը սկսաւ չարչրկել միտքը։ Ներսէն անծանօթ ուժ մը սկսաւ նեղել զինք։ Ենթագիտացութենէն պղտոր յիշատակ մը կ՚ուզէր պեղել, բայց յստակ չէր։ Քիչ մըն ալ շարունակեց քշել եւ վիճակը դարձաւ անտանելի։ Գլուխը ծանրացաւ եւ մէկը կարծես կուրծքին սեղմած կ՚արգիլէր շնչառութիւնը։ Անկարող էր շարունակելու։ Ինքնաշարժը կեցուց ճամբուն եզերքը եւ ինքզինքը դուրս նետեց։ Մարմինը պրկուած էր եւ մարմնին բոլոր մասնիկները զիրար հրմշտկելով, իրարու դէմ կը պայքարէին։ Ու այդ պայքարէն, իր էութեան խորերէն գիրեր սկսան դուրս գալ։ Գիրերը կազմեցին անորոշ բառեր՝ մայր…, լուսին…, լեզու…, մոռանալ…։ Ապա բառերը դասաւորուելով դուրս ժայթքեցին եւ Արա դողդոջուն եւ բարձրաձայն սկսաւ արտասանել. «Ու տես որդեակ, էս լուսնի տակ ու՛ր էլ լինես, ու՛ր էլ գնաս, քո մօրն անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»։

Երբ Սիլվա Կապուտիկեան Պէյրութի իրենց նախակրթարանը այցելած էր, ինք էր որ տակաւին հինգերորդ դասարանի ուսանող եւ լաւ ասմունքող, ի պատիւ բանաստեղծուհիին, այս տողերը ապրումով արտասանած էր։ Բանաստեղծուհին զինքը քովը կանչելով, մազերը շոյած էր եւ խոստում առած՝ թէ իր մայրենի լեզուին հանդէպ մասնաւոր գուրգուրանք ցոյց տայ եւ զայն փոխանցէ իր զաւակներուն եւ թոռներուն։ Այն ատեն Արային տարօրինակ թուեցաւ այս խոստումը, որովհետեւ Պէյրութի մէջ կեանքի բնական ընթացքն էր այդ՝ հայերէն խօսիլ սերունդէ սերունդ։ Բայց ինչ որ հայկական Պէյրութի մէջ կեանքի բնական ընթացք էր, հոս կը դառնար կեանքի մղձաւանջ։

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն փախչելով, նախ՝ Կիպրոս, յետոյ Աթէնք, ապա ընտանեօք կրցան գալ եւ հաստատուիլ Կլենտէյլ։ Ինք, համալսարանի երկրորդ տարին էր, երբ հայրը մահացաւ, ստիպելով Արան որ կեանքի ասպարէզ նետուի՝ նիւթական պարտադրանքով։ Բաւական գործեր փորձելէ ետք, հիմա Սանթա Պարպարայի ամենէն լաւ ճանչցուած մասնայատուկ հեծելանիւի իր վաճառատունը ունի։ Ամերիկացի լաւ յաճախորդներէն մէկը ծանօթացուցած էր Նորան, որպէս հայկական ծագումով շատ արժէքաւոր անձ մը։ Նորային հայկական մականունը, ներկայանալի դիմագիծը, մետաքսեայ մազերը եւ գրաւիչ աչերը, ազնուական կեցուածքին եւ շարժուձեւերուն հետ, հրապուրած էին Արան։ Նորան թովիչ իգականութեան մարմնացումն էր: Գեղեցկութիւն մը, որուն թէեւ արմատը հայկական՝ բայց կարծես եւրոպացի վարպետ նկարիչի մը վրձինէն անցնելով, սրունքները եղած՝ նուրբ եւ բարեձեւ, հասակը դարձած՝ սլացիկ, եւ հայկական կախ յետոյքը՝ ցցուն։ Երեսին, թեւերուն մազերը գրեթէ լերկանալով, բաց գոյն եւ մեղկ մորթի մը վրայ, Նորան դարձուցած էին գրաւչութիւն մը, որ առաջին տեսնելուդ, երեսիդ չի պոռթկար, այլ ամէն նոր հանդիպումիդ, այդ գեղեցկութիւնը աւելի կախարդելով քեզ, կը դառնայ՝պարտադրող հմայք։

Նորա, անդրադառնալով Արայի զօրաւոր հայկականութեան եւ այդ ուղղութեամբ զինքը աւելի գրաւելու համար եւ նախապէս եղած կարգադրութեամբ մը, իրենց չորրորդ ժամադրութեան, ընթրիքէն ետք առաջարկեց այցելել իր մեծ հօր քրոջը՝ տիկ. Եւգինէի տունը, որ զիրենք հիւրասիրեց հայկական սուրճով եւ պոլսական քաղցրեղէններով։ Հոն տիկ. Եւգինէ եւ Արա խօսեցան հայերէն, խօսեցան երկար՝ Պոլսոյ, Պէյրութի եւ հայութիւնը յուզող հարցերու մասին։ Տիկ. Եւգինէ, Պոլսոյ Էսայեանի շրջանաւարտ, իր հարուստ հայերէնով եւ խոր իմացականութեամբ, ուղղակի տպաւորեց Արան, որ աւելի սկսաւ համակրիլ Նորային, որ թէեւ առանց բան մը հասկնալու, հիացմունքով կը հետեւէր երկուքին խօսակցութեան։

Ուրեմն Նորային մեծ հայրը՝ Մկրտիչ եւ անոր քոյրը՝ Եւգինէ, կը ձգեն Պոլիսը քառասունական թուականներուն եւ կու գան Ամերիկա։ Եւգինէ կ՚ամուսնանայ եգիպտահայ վաճառականի մը հետ եւ կը մնան անզաւակ։ Ապա, տիկ. Եւգինէ ամուսինէն ձգուած կոկիկ գումարով մը կ՚այրիանայ եւ կը հաստատուի Լոս Անճելըսէն վաթսուն մղոն հիւսիս, ծովեզերեայ Վենչուրա գիւղաքաղաքը։ Մկրտիչ (արագօրէն փոխուելով Մայքի), կ՚ամուսնանայ իտալացիի եւ ռումանացիի խառնուրդ գեղեցկուհիի մը հետ եւ կ՚ունենան մէկ զաւակ՝ Ալըն։ Ալըն կ՚ամուսնանայ գերմանացիի, արժանթինցիի եւ սերպի խառնուրդ օրիորդի մը հետ եւ կ՚ունենան Նորան եւ փոքր եղբայրը՝ Մայքը։

Ամուսնութենէն առաջ Նորա եւ Արա իրարու խոստում տուին ամէն ջանք ընել, որպէսզի Նորա հայերէն սորվի եւ իրենց տան խօսակցութիւնը ըլլայ հայերէն։ Բայց Ամերիկայի հեւիհեւ վազքը, գործի յոգնութիւնը եւ ամենօրեայ թոհ ու բոհը պատճառ եղան, որ Նորային հայերէնագիտութիւնը սահմանափակուի քանի մը նախադասութիւններու շուրջ (բարի լոյս, գիշեր բարի, ինչպէս ես, եւ այլն) եւ տան տիրապետող լեզուն եղաւ ամենահզօր անգլերէնը։ Եւ հիմա իր Գէորգը պիտի կարենա՞ր հայերէն խօսիլ։ Ո՛չ եւ ո՛չ։ Արա շատ լաւ գիտէր այդ։ Ուրեմն իր Գէորգը ինչպէ՞ս հայ մը պիտի կարենար ըլլալ այս 1990-ական թուականներու Սանթա Պարպարայի պէս քաղաքի մը մէջ, ուր ո՛չ հայկական դպրոց կար, ո՛չ ակումբ, եւ միայն՝ ափ մը փճացած հայեր։ Նորան, զմայլելի Նորան, անշուշտ պիտի ըլլար հրաշալի մայր մը, բայց ոչ՝ հայ մայր մը։ Այս տեսակ մտային մոլորումներու մէջ կորսուած եւ յոգնաբեկ, Արա ինքզինք նետեց ազատուղիին կամուրջին քովը գտնուող հանրակառքի սպասման նստարանի մը վրայ։ Եւ ահա լիալուսինը նորէն դիմացն էր, այս անգամ դալուկ եւ մելամաղձոտ՝ աւելի կը քայքայէր Արային յուզումնախառն տրամադրութիւնը։ Արդէն լուսինը ի՞նչ պարտականութիւն ունի, եթէ ոչ՝ բնութեան կողմէ դրուած հայելի մը, մեր ներքին ապրումները ետ մեզի ցոլացնելու։ Ծխախոտի հոտ մը իր ներկայութիւնը զգացնել սկսաւ։ Ինք սիկարէթը ձգած էր ինը ամիս առաջ, Նորային յղիութեան առաջին իսկ օրէն։ Բաւական դժուար եղաւ, սակայն դիմադրեց։ Բայց հիմա, իր այս վիճակին՝ պատրաստ էր ամէն ինչ տալ սիկարէթի մը համար։ Կոկորդը սաստիկ չորցած էր եւ թոքերը թթուածինի պակասէ կը տառապէին. կարծեց սիկարէթը պիտի ըլլայ իր կոկորդին ծարաւը յագեցնող աղբիւրի սառ ջուր եւ իր թոքերուն՝ կենսատու թթուածին։ Ծխախոտին հոտը դարձաւ անժխտելի իրականութիւն, որուն բոյրը սկսաւ խնկանման իր ռունգերէն ներս խուժել եւ Արա գլուխը ետ դարձուց՝ ստուգելու համար անոր ուրկէ գալը։ Հոն, ազատուղիին կամուրջին պատին եզրին, վրանի մը առջեւ եւ թուփերուն կողքին, պլպլացող կրակի մը բոցերէն լուսաւորուած Յիսուսանման դէմք մը կը ժպտէր բա՜րի, բարի՜: Անտուն մըն էր։ Արա մօտեցաւ անտունին եւ ողորմութին տալու ձեւով, նաեւ ուրախացնելու համար թշուառականը՝ հինգ տոլար առաջարկեց մէկ սիկարէթի համար։ Մերժուեցաւ։ Տասը տոլար առաջարկեց:

-Սիկարէթներս ծախու չեն, սակայն եթէ որպէս բարեկամ միանաս ինծի, կրնաս ուզածիդ չափ ծխել եւ խմել այս գինիէն։

Արա քիչ մը դժկամկութեամբ ընդունեց առաջարկը։ Ծանօթացան։

-Տէյվիտ։

-Արա։

Եւ երբ Արա այնքան երազած սիկարէթին ծուխը ագահօրէն ներս քաշեց, բերանը ցեխի համ առաւ եւ արագօրէն զայն շպրտեց մէկդի։ Տէյվիտ երկու թուղթէ գաւաթ լեցուց գինիով եւ մէկը տուաւ Արային։

-Մեր նոր բարեկամութեան կենացը,- ըսաւ Տէյվիտ՝ գաւաթը բարձրացնելով։

-Մեր բարեկամութեան կենացը- կրկնեց Արա ոչ խանդավառ։

Գինիին առաջին գաւաթը շատ սահուն իջաւ։ Լեցուցին երկրորդը։ Արա դիտեց գինիին շիշը եւ նկատեց, թէ այդ աժան եւ քացախի համ տուող գինիներէն չէր, որ շատ ժողովրդական է այս տեսակ անտուններուն քով, այլ բաւական ընտիր եւ սուղնոց։ Արա զննեց դիմացինին դէմքն ու վրան գլուխը։ Այս ան սովորական անտուններէն չէր, որ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին կը հանդիպիս, որոնք իրենց թափած ակռաներով, անխնամ երեւոյթով եւ գարշահոտ ներկայութեամբ քեզ կ՚արթնցնեն այն իրականութեան, թէ Ամերիկան միայն ծայրայեղ շռայլութեան եւ զեխութեան երկիրը չէ, այլ նաեւ ծայրայեղ յուսախաբութիւններու եւ յուսաբեկութիւններու։

Սա դիմացինը, մաքուր հագուած, լաւ խնամուած բաց սրճագոյն մազերով եւ մօրուքով էր, մետաղէ եզրով ակնոցով մը, որուն ետին երկու կապոյտ աչեր միայն բարութիւն կը խոստանային: Արա առաջարկեց վճարել գինիներուն գինը, որուն եւ Տէյվիտ պատասխանեց իր բարի ժպիտով.

-Բաւական մըն ալ ետեւը ունիմ, կրնաս ուզածիդ չափ խմել, չ՚արժեր խօսիլ արժէքին մասին։ Զիս մտահոգողը դու՛ն ես։ Շատ շուարած եւ կորսուածի երեւոյթ մը ունիս։ Պատմէ ինծի, խօսէ, ի՞նչն է քեզ յուզողը։ Դրամակա՞ն տագնապ։

-Ո՛չ։

-Սիրահարէ՞ մը լքուած ըլլալու պարագան։

-Ոչ։

-Ընտանիքին մէջ լուրջ հիւանդութիւ՞ն մը, թէ՞ ամուսնալուծում։

-Ոչ։

-Ուրեմն ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ որ քեզի պէս երիտասարդ մը, որ ուշիմ եւ շնորհալի երեւոյթ ունի, այսպ՛էս խղճալի դարձնէ։

Եւ Արա երկրորդ գաւաթը վերջին ումպով մը պարպելէ ետք՝ բացուեցաւ։ Եւ պատմեց իր կեանքին մասին, Նորային, նոր ծնած զաւկին եւ Սիլվա Կապուտիկեանի տուած իր խոստումին մասին։ Երբ վերջացուց, Արա կը սպասէր կարեկցութիւն, բայց սա դիմացինը սկսաւ յիմարօրէն քրքջալ։

-Եթէ պատմածս ծիծաղաշարժ պատմութիւն մըն էր, տեղեակ չէի։ Կ՚ուզեմ իմանալ, թէ կեանքիս ո՞ր մասը այսպէս զուարճութիւն պատճառեց քեզի։

-Ծիծաղաշարժ ըլլալը այն է , որ հայու նոյն պատմութիւնն է, որ հինցած եւ աւրուած սկաւառակի պէս կը կրկնուի ամէն օր, ամէն արեւմտեան երկիրներու մէջ, Միջին Արեւելքէն գաղթած հայերու կողմէ, անգործնական հայրենասիրութեան մը տենչանքով։

-Ուրեմն, ըսել կ՚ուզես…- պիտի դիմադարձեր Արա:

-Լսէ,- լրջացաւ Տէյվիտ եւ գինիի գաւաթը բարձրացնելով,- ես այս գաւաթը կը խմեմ տիկնոջդ եւ նորածին զաւկիդ կենացը, մաղթելով որ ան մեծնայ առողջ եւ կայտառ, եւ մանաւանդ մեծնայ հայրով եւ մայրով միատեղ։ Հիմա որ նորապսակ էք եւ սիրով, փափաքս է, որ շարունակուի այդպէս եւ յետագային։ Անշուշտ պիտի ունենաք անհամաձայնութիւններ, պզտիկ եւ մեծ վէճեր, սակայն ձեր զաւկին սիրոյն հանդուրժեցէք զիրար, մնացէք միասին։ Մոռցիր այդ հայու սնոտի երազներդ եւ փարէ կնկանդ եւ զաւկիդ սրբութեան մը պէս։

-Շատ շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ նկատողութիւններուն համար, սակայն դուք հայ մը չէք եւ չէք կրնար անոր հոգիին վերիվայրումներուն գիտակից ըլլալ։ Մենք զաւակներն ու թոռներն ենք Եղեռնէ ճողոպրած հայրերու եւ մեծ հայրերու եւ մեզի փոխանցուած է աւանդ մը, կտակ մը, որ մեր հայութիւնն է եւ մենք զայն կը պահենք մեր հոգիներուն խորը, որպէս սրբութիւն, որպէս մասունք եւ գիտենք, թէ անցած ամէն օրուան հետ, ամէն նոր յաջողութեան, ամէն նոր ամուսնութեան եւ նոր զաւկի մը ծնունդին հետ, այդ մասունքէն բան մը կը պակսի եւ ա՛յդ է որ կը տառապեցնէ մեզ, ա՛յդ է որ այդ խռովքի կրակը վառ կը պահէ եւ թոյլ չի տար, որ տարուինք փոքր ուրախութիւններով, վայելենք կեանքը անխառն երջանկութեամբ մը։ Զաւկի մը ծնունդին բերած երջանկութիւնը երբեք ամբողջական չէ, որովհետեւ այդ ծնունդին հետ կը յուզուինք այն միւսին համար, որ պիտի կորսուի եւ կը կոչուի… լեզու։ Ամէն մէկ նոր տան գնման բերկրանքին հետ, կը տարուինք մտածելու այն բոլոր տուներուն մասին, որոնք մնացին հոն՝ կորսուած հայրենիքի մը հետ։ Եւ հիմա կարգը քուկդ է ըսելու, թէ ո՞վ ես եւ հոս ի՞նչ կ՚ընես այսպէս մաքուր եւ կոկիկ հագուած, ընտիր գինի խմելով կ՚ուզես անտուն խաղալ։ Եւ ըստ երեւոյթին բաւական տեղեակ ես հայերու մասին։ Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս։ Ի՞նչ է գաղտնիքդ։

Տէյվիտ սիկարէթ մըն ալ վառելէ ետք, պատմեց։

-Ուսանողութեանս տարիներուն ունեցած եմ քանի մը հայ դասընկերներ։ Բոլորն ալ դիւրահաղորդ, ընկերային, բայց՝ որոշ հեռաւորութենէ մը։ Երկուքին հետ բաւական բարեկամացած էի, բայց երբեք չկրցանք ըլլալ մտերիմ ընկերներ։ Այս երկուքը, ուրիշ երկու տասնեակ հայ ուսանողներու հետ համալսարանէն ներս, իրենք իրենց կէթթօ մը ստեղծած էին՝ եւ շուրջը քաշած ապակիէ թափանցիկ պատ մը, ուրկէ ներս անցնիլ կարելի չէր ոչ-հայու մը։ Տարի մը, Լիբանանէն նոր փոխադրուած ուսանողուհի մը, Անի անունով, ունեցայ որպէս դասընկեր։ Սեւ փայլուն մազեր, այրող-այրող աչեր եւ մելամաղձոտ ժպիտ մը, որ հազար ու մէկ գիշերներու երազանքը կ՚արթնցնէր։ Առաջին օրէն ես հմայուած էի իրմով։ Շարժուձեւերը, քալւածքը, խօսակցութիւնը եւ ամբողջ էութիւնը իգականութեան ցայտաղբիւր մըն էին, ուրկէ կարծեցի կարենալ յագեցնել սիրոյ ծարաւս։ Բարեկամացանք, բայց միայն՝ այդքան։ Արդէն կը գտնուէր այդ ապակիէ պատին միւս կողմը եւ ատկից ներս թափանցելու բոլոր ջանքերս անցան ապարդիւն։ Տարիներ ետք, երբ օգնական դասախօս էի Ըրուայնի նահանգային համալսարանէն ներս, ունեցայ հայ աշակերտուհի մը՝ ճիշդ Անիին նման։ Առաջնակարգ ուսանողուհի, արթուն, համակրելի, բայց եւ շատ միստիք։ Եւ այդ քանի մը ուսանող տղոց բոլոր փորձերը, որոնք հմայւած էին իրմով՝ արդիւնքի մը չհասան, շնորհիւ այդ նոյն թափանցիկ, բայց անթափանցելի պատին։ Ձեւով մը ես ալ կլանուած էի այս ուսանողուհիով, որ Անիին քաղցր յիշատակները կ՚արթնցնէր մէջս։ Եւ պատմութեան դասախօս ըլլալով, մէջս փափաքը առաջացաւ ուսումնասիրելու հայոց պատմութիւնն ու մանաւանդ հայը՝ հասկնալու համար այս հայկական փարատոքսը։ Վերջին հազար հինգ հարիւրամեակի պատմութեան եւ դէպքերու ընթացքը եղաւ շատ աննպաստ եւ դաժան ձեր նկատմամբ, անշուշտ ցեղասպանութիւնը ըլլալով այդ շղթային ամենէն եղերականը եւ գլուխ-գործոցը։

Եւ այդ ոճիրին արդար հատուցման պակասը եւ մինչեւ օրս ուրացուիլն է, որ կ՚ազդէ այս յաջորդող սերունդներուն վրայ, կազմաւորելով ձեր հոգեբանութիւնը, որ քաշուիք ձեր պատեանին մէջ եւ արգիլելով ձեզ բացուելու ձեր միջավայրին։ Բայց այս բոլոր դժբախտութիւններուն պատճառը, ես պատասխանատու կը գտնեմ դէպք մը, զոր դուք կը նկատէք՝ ձեր պատմութեան ամենէն յատկանշականը։

Տէյվիտ ումպ մըն ալ առաւ գինիէն եւ ագահօրէն սիկարէթին ծուխը ներս քաշելով շարունակեց.

-Այն օրէն, երբ դուք այդ ասորի Գրիգորը հանեցիք այդ վիրապէն, ձեր ճակատագիրը գրեցիք կարմիրով եւ ձեր պատմութիւնը հունաւորեցիք եղերականօրէն։ Ազգերու պատմութեան մէջ ձեր պատուաւոր տեղը ունենալու բոլոր տուեալները ունէիք՝ մարտունակ, քաջատոհմ, ջղոտ եւ պատուախնդիր ձեր ազատութեամբ։ Քրիստոնէութեամբ դարձաք անջիղ եւ ստրուկ։ Փոխանակ ազատութեան տենչանքով ճախրելու՝ գաճաճամիտ մուրացիք գութ եւ ողորմութիւն, միշտ հայեացքները ուղղելով արեւմուտք։ Դուք ձեզ անջատեցիք ձեր միջավայրէն, անտեսելով ճարտարապետական եւ մշակութային մեծ իրագործումները՝ ձեր շուրջը զարգացող եւ սովաբեկ ընկալեցիք ամէն ինչ, որ արեւմտեան էր։ Սրունքները լայն բացած՝ ուզեցիք սիրաբանիլ Փիէրի, Մայքի, Ճանի եւ Նիքոլայի հետ, անգիտանալով, որ շրջապատուած էք Ահմէտներով եւ Մուսթաֆաներով։ Եւ Փիէրն ու մնացեալը, որոնց մէջ կարծեցիք գտնել գործակից՝ առանց զգացնելու, ձեզ ըրին գործիք։ Վատաբար շահագործելով ձեր տկարութիւնը, սիրակարկաչ եւ թեւատարած սիրաբանեցան՝ երբ պէտք ունէին, ապա, հինցած լաթի կտորի մը պէս շպրտեցին դառնաղէտ ճակատագրին։ Նմանեցաք աղքատ թաղամասի այն քածին, որ արհամարհանքով կը նայի իր թաղի տղոց, երթալով սիրաբանելու երկաթուղագծին միւս կողմի հարուստ թաղամասի տղոց հետ, որոնք երբ կրքոտ են եւ տռփոտ, կը գործածեն զայն որպէս սերմնարան՝ յաջորդ օրն իսկ անտեսելու եւ անգիտանալու անոր հեռաձայները։

Հոս Արա անհանգստութեան նշաններ ցոյց տուաւ, կրկին վերցուց սիկարէթին տուփը, ձեռքին մէջ դարձուց, դիտեց, ապա ետ տեղը դրաւ։

-Գիտեմ թէ ըսածներս անհաճոյ են եւ դառնահամ, սակայն բաներ կան որ պէտք է ըսուին, եւ դեռ կայ աւելին։ Հիմա դուք ձեզ կը բզքտէք եւ վայնասունով աշխարհին կ՚աղերսէք, երբ թուրքը կամ ազէրին խաչքար մը կամ խեղճ գիւղի մը խեղճուկրակ եկեղեցին կը կործանեն, որոնք ճարտարապետական ոչ մէկ յատկանշական արժէք ունին։ Եւ կը զարմանաք, որ աշխարհ ձեզ լուրջի չ՚առներ, երբ միւս կողմէ լուռ կ՚անցնիք, ոչ իսկ փոքր ընդվզում կամ ափսոսանք՝ այն իսկական աղէտին, թերեւս աշխարհի պատմութեան մշակութային ամենէն մեծ ջարդերէն մէկուն, որ դուք ի գործ դրիք՝ քանդելով նախաքրիստոնէական ամէն ճարտարապետութիւն, որոնք կոթողային էին եւ կրնային ձեր եւ համայն մարդկութեան մշակոյթը հարստացնել անսահման։ Եւ այս բոլորը, հրահանգով եւ ղեկավարութեամբ այդ նոյն Գրիգորին, որուն դուք բազմեցուցած էք ձեր սուրբերու պանթէոնի առաջին կարգին։

Գինիին երկրորդ շիշն ալ շոգիանալով՝ Տէյվիտ կը պատրաստուէր բանալ երրորդը: Արային գլուխը չափազանց տաք էր եւ այլեւս չդիմանալով սա դիմացի շունշանորդիին վերլուծումներուն, որով այն ամէն ինչը, որ իրեն համար արժէք եւ սրբութիւն էր, սրիկան մէկ-մէկ իր պատուանդանէն վար կ՚առնէր, ոտնակոխ ընելու, ապա՝ նետելու աղբանոցը։ Ոտքի ելաւ սաստիկ զայրացած եւ այլեւս առանց որեւէ փափկանկատութեան ընդմիջեց գրեթէ պոռալով։

-Ուրեմն դուն երկար ժամանակ յատկացուցիր՝ ուսումնասիրելու հայը եւ հայութիւնը, որպէսզի գաս հոս կամուրջի մը քով, սպասելով ինծի նման իրենց հայութեամբ տառապակոծ հայերու, ընտիր գինի ու ծխախոտ հրամցնելով, հայուհիէ մը մերժուած ըլլալու մա՞ղձդ թափես։ Հոս ի՞նչ կ՚ընես, երթալու ես Լոս Անճելըս կամ Կլենտէյլ, ուր ինծի պէս հազարաւորներու կը հանդիպիս եւ կրնաս թունաւոր զառանցանքներդ թափել առատօրէն եւ ամէն օր։ Մեզ ըրիր ստրկամիտ, բոզ եւ մշակոյթի անողոք ջարդարար եւ տակաւին…։

-Խնդրեմ մի՛ բարկանար այդպէս, միշտ մեծ համարում ունեցած եմ հայերուն հանդէպ, նպատակս քեզ աւելի յուսալքել չէր, այլ լուսաբանել. կը խնդրեմ, կ՚աղաչեմ որ ետ նստիս։

-Երբե՛ք , մինչեւ չըսես թէ ո՞վ ես , ի՞նչ ես եւ ինչ կ՚ընես այստեղ։

-Եթէ նստիս, պիտի պատմեմ։ Այո՛, ես սովորական անբան մը չեմ եւ պարտադրաբար չէ, որ հոս կը գտնուիմ։ Սա դիմացի լերան վրայի այդ մեծ ապարանքներէն մէկը իմս է։ Ես հոս եմ կամովին, ըրածս բողոք մըն է մարդկութեան, արդարութեան, շրջապատիս եւ մանաւանդ իմ դէմս. անձնական պատժամիջոց մը։ Ես ալ քեզ նման տառապանք մը ունիմ, բայց աւելի իրական եւ մարդկայնօրէն շատ խոր։

-Ուրեմն իմ տառապանքս արուեստակա՞ն է, ա՞յդ ըսել կ՚ուզես։

-Ո՜չ եւ ո՜չ, նորէն կը խնդրեմ հանդարտէ եւ առիթ տուր, որ պատմեմ։

Արա, տակաւին վրդոված, նորէն նստաւ դժկամակութեամբ եւ Տէյվիտ շարունակեց.

-Ծնած եմ Լոս Անճելըս եւ ծնողքիս միակ զաւակն եմ։ Հայրս մեծ դրամատէր էր, ընկերութիւններ գնելով եւ ծախելով՝ մեծ գումարներ կը շինէր։ Հօրս փափաքն էր, որ ես ալ նոյն ուղիէն շարունակէի, սակայն ես այդ առընչութեամբ երբեք հետաքրքրուած չէի եւ ինչպէս ըսի՝ պատմութեան դասախօս դարձայ։ Տասներկու տարի առաջ անհաշիւ գումարներ դիզելէ ետք, ծնողքս հանգստեան կոչուեցան այս քաղաքը։ Երկու տարի առաջ հայրս մահացաւ, որմէ վեց ամիս ետք ալ, մայրս ուղեղի կաթուած ունենալով՝ մինչեւ հիմա բուժարանն է։ Նոյն օրերուն ես ալ ամուսնալուծուելու ընթացքին մէջ էի։ Ամուսնալուծումէն ետք հրաժարեցայ համալսարանի դասախօսի պաշտօնէս եւ փոխադրուեցայ հոս՝ մօրս խնամքին աւելի մօտէն հետեւելու եւ ստանձնելու հօրս միլիոնները կառավարելու տաղտկալի գործը, որովհետու նիւթական հարստութիւնը զիս երբեք չէ հետաքրքրած եւ երբեք չեմ հետապնդած զայն, թերեւս միշտ առատօրէն ինծի ընծայուած ըլլալուն համար։

Տէյվիտ սիկարէթ մըն ալ վառելէ ետք, շարունակեց.

-Տասներեք տարի առաջ ծանօթացայ Հելըն անունով ամերիկուհիի մը հետ։ Սիրահարուեցանք կամ կարծեցինք՝ սիրահարուած ենք եւ արագ ամուսնացանք, որով Հելըն արդէն յղի էր։ Աղջկանս՝ Քրիստինայի ծնունդը եղաւ կեանքիս ամենէն ցնծալի պահը։ Ամէն օր խաղալ Քրիստինային հետ, շոյել անոր մազերը եւ տեսնել իր հասակ նետելը, ինծի համար հոգեպարար հրճուանք էր եւ շատ աւելի անգին՝ քան հօրս միլիոնները։ Տարիներու ընթացքին Հելընին եւ իմ միջեւ եղող սէրը փոխանակ աճելու՝ լճացաւ։ Մեր փոքր ես-երէն չկրցանք ձերբազատուիլ եւ փոխանակ վեհ ոստումով մեր ինքնակեդրոնացումէն դուրս ելլելու՝ հասնելու եւ հասկնալու դիմացինը, գոնէ մեր Քրիստինային սիրոյն, աւելի թաղուեցանք մեր ես-ին մէջ եւ մեր փոքր ու յիմար նախասիրութիւնները, ինչպէս պէտքարանի կափարիչին վեր կամ վար ըլլալը, կամ պէտքարանի թուղթին ինչ գոյն ըլլալը՝ վերածեցինք սրբազան պայքարի։ Այն սէրը , որ մեր տան մէջ կը սաւառնէր առաջին օրերուն, փոխանակ իրմով մենք ալ վեր սլանալու, մեր յամառ եւ անվերջանալի վիճաբանութիւններուն շնորհիւ, իջեցուցինք զայն վար եւ աւելի վար, մինչեւ պէտքարանի մակարդակին։ Իմաստութիւնը չունեցանք նոյնիսկ լսելու Քրիստինային պաղատագին աղերսանքները՝ գոնէ զիրար հանդուրժելու։ Ամուսնալուծումը դարձաւ անխուսափելի։ Հելըն շատ արագ գտաւ սիրահար մը՝ իրմէ տասը տարի երիտասարդ եւ ամուսնալուծումը հազիւ պաշտօնականացած, այդ դատարկապորտը փոխադրուեցաւ մեր տունը եւ ես է որ, դատարանի որոշումով անշուշտ, կը հոգայի իրենց բոլոր ծախսերը։ Ութ ամիս առաջ ալ, երբ այդ սրիկան եւ իմ Քրիստինան օր մը առանձին են տան մէջ- հոս Տէյվիտի շրթները դողալ սկսան եւ ձայնը դարձաւ նուաղկոտ- այդ հրէշածին ճիւաղը կը բռնաբարէ իմ տասներեքամեայ Քրիստինաս… եւ որեւէ փաստ ոչնչացնելու համար կը խողխողէ զայն եւ դիակը անհետացնել կը ջանայ։

 Հոս Արա նմանեցաւ շարժապատկերի այն հերոսին, որ մինչ այդ իր ցաւով գրաւած էր պաստառին ամբողջութիւնը, սակայն քամերան շատ արագ սլացքով մը կը բարձրանայ վեր, շատ վեր, իր սլացքին մէջ պզտիկցնելով Արան եւ իր տառապանքը՝ վերածելու հասարակ եւ աննշմար փոքրութեան մը։

-Թող ողջ ըլլար Քրիստինաս հիմա,- շարունակեց Տէյվիտ հեկեկալով,- եւ կարենայի լսել այդ անուշ ձայնը անգամ մըն ալ, հոգ չէ թէ ինչ լեզուով խօսէր, նոյնիսկ՝ չինարէն։ Կամ եթէ երբեք չխօսէր իսկ, կարենայի նայիլ այդ կապոյտ անմեղ աչերուն եւ անգամ մը եւս շոյէի իր ոսկի մազերը…։ Հոս Տէյվիտ փղձկեցաւ։ Արա փորձեց բան մը ըսել, չկրցաւ եւ յանցաւորի նման սկսաւ գետինը դիտել։

Տէյվիտ քիչ մը հանդարտելէ եւ ակնոցները սրբելէ ետք՝ բաճկոնին գրպանէն քարտ մը հանեց.

-Այս մէկը հայրերու օրուան առթիւ Քրիստինայէս ինծի ուղղուած վերջին քարտն էր իր ձեռագիրով, կը պահեմ զայն մասունքի մը պէս։ Եթէ կ՚ուզես՝ կարդամ։

-Խնդրեմ։

-«Իմ թանկագին եւ ամենասիրելի հայրս, թէեւ վերջերս իրարմէ հեռու, զիրար շատ չենք տեսներ, բայց սրտով ես միշտ քեզի հետ եմ։ Հայրերու օրուան առթիւ կ՚ուզեմ ըսել, թէ դուն միշտ եղած ես շատ գուրգուրացող եւ պաշտպան հայր մը։ Եւ հիմա թէեւ հեռուէն, բայց գիտեմ, թէ պահապան հրեշտակի պէս միշտ կը հսկես վրաս եւ…»։

Տէյվիտ նորէն փղձկեցաւ եւ գինիի շիշը ուժգին դէպի պատը շպրտելով, հեկեկաց։

-Ես չկրցայ պահապան հրեշտակը ըլլալ իմ Քրիստինայիս…։

Արա, ինք ալ խոնաւ աչքով, մօտեցաւ Տէյվիտին եւ ձեռքերը իր ձեռքերուն մէջ առնելով.

-Ինչ որ ըսեմ, պիտի չկրնամ ամոքել ցաւդ։ Ես յանցաւոր կը զգամ եւ շատ կը ցաւիմ, որ իմ յուզումնախառն ներկայութեամբս եկայ բանալու քու անդունդի խորութեամբ տառապանքդ։

-Ո՛չ, այդպէս պէտք չէ զգաս։ Լաւ որ եկար, իսկապէս գոհ եմ, որ եկար, պէտք էր բացուէի, կուրծքիս ճնշումը պարպէի, հիմա աւելի թեթեւցած կը զգամ,- շարունակեց Տէյվիտ քիչ մը հանդարտած:

Հիմա երկուքն ալ լուռ էին , ամէն մէկը խորասուզուած իր ցաւերուն եւ մտածումներու մէջ, կը դիտէին կրակը, որ շիջանելու վրայ էր։ Քիչ մըն ալ այսպէս մնալէ ետք, Արան էր լռութիւնը խզողը։

-Պէտք է երթամ, կէս գիշերը անց է արդէն։

-Կ՚ուզէի որ քիչ մըն ալ մնաս, բայց գիտեմ ուշ է, պէտք է երթաս եւ քնանաս, որպէսզի վաղը առտու կայտառ եւ առոյգ երթաս կնկանդ եւ զաւկիդ։ Բայց նորէն կրնա՞նք տեսնուիլ, կ՚այցելե՞ս ինծի նորէն։

-Տէյվիտ, դուն շատ բարի եւ համակրելի անձ մըն ես եւ քու վիշտիդ տեղեակ ըլլալով, հիմա շատ մօտ կը զգամ քեզ։ Բայց քու այս ընթացքովդ դուն կ՚անարգես քու Քրիստինայիդ յիշատակը. չեմ կարծեր որ ան կ՚ուզէր քեզ տեսնել այս վիճակին մէջ։ Պէտք է դուն քեզ ձերբազատես այս անկումէն եւ եթէ զիս կրկին տեսնել կ՚ուզես՝ ահա այցետոմսս. բայց գիտցիր այս վիճակով չէ որ քեզ տեսնել կ՚ուզեմ։ Արա պէտք չէր քշեր ինքնաշարժը, որովհետեւ լաւ մը խմած էր։ Բայց քշեց։ Երբ իրենց տան առջեւ հասաւ եւ ինքնաշարժը կեցուց իրենց կառատան առջեւ, աչքը չէր կրնար բանալ։ Երբ արթնցաւ արդէն լուսցած էր եւ դրացիները գործի կ՚ուղղուէին։ Շտկուեցաւ եւ առջեւի հայելիէն սկսաւ դիտել իր յոգնաբեկ դէմքը։ Գէշ փսխուքի հոտ մը լեցուցած էր ինքնաշարժը. նայեցաւ շապիկին, ամբողջ փսխուք էր։ Պզտիկ հայհոյանք մը բեռնէն սահեցնելով՝ ուղղուեցաւ տուն։ Պէտք էր լոգանք մը առնէր, արթննար, աշխուժանար ու երթար հիւանդանոց Նորային եւ Գէորգին մօտ ու համբուրէր, համբուրէր զանոնք կարօտով մը անյագ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2023