ԿԵԱՆՔԻՆ ԻՄԱՍՏԸ ԿԱՄ ԱՆԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ -Ա-

«Ի՞նչ է կեանքին իմաստը». փիլիսոփայական հարցումը տարբեր մարդոց կողմէ կրնայ այլազան կերպերով ընկալուիլ, իսկ «իմաստ» բառի երկիմաստութիւնը այստեղ տարբեր հարցումներու ալ ծագում կու տայ. «Ի՞նչ է կեանքին ծագումը», «Ի՞նչ է տիեզերքի եւ կեանքին բնոյթը», «Ի՞նչ բանը կեանքը աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ», «Ո՞րն է մարդու կեանքին նպատակը»։ Այս հարցումներուն տրուած են բազմաթիւ, զանազան պատասխաններ՝ սկսեալ գիտական ​​տեսութիւններէ մինչեւ փիլիսոփայական, աստուածաբանական եւ հոգեւոր փաստարկներ:

Այլ տեսակէտի մը համաձայն՝ «կեանքի իմաստի» հարցման կարելի է պատասխանել միայն մահով։ Փիլիսոփայական տեսանկիւնէն՝ արդիւնքը մահն է, որ անխուսափելի է։ Անկախ դիրքէն, զբաղեցուցած պաշտօնէն, իւրաքանչիւր մարդ կը մահանայ եւ այս խնդիրը կը վերջանայ։

Ոմանց համար կեանքը իմաստ չունի եւ իմաստի որոնումը սեփական պատրանքներու մէջ ապարդիւն ջանք մըն է։ Այնուամենայնիւ, մարդիկ միշտ ցանկութիւն ունեցած են կեանքը իմաստաւորելու, զայն հասկնալու։ Կեանքի իմաստը փիլիսոփայութեան 2500-ամեայ պատմութեան գլխաւոր խնդիրներէն ու որոնումներէն մին է։ Փիլիսոփայութեան խնդիրները չեն փոխուած դարերէ ի վեր, փոխուած են միայն այդ խնդիներու նկատմամբ մօտեցումներն ու լուծումները։

Եկէ՛ք, քայլ մը յառաջ երթանք եւ փորձենք կեանքին իմաստը աւելի մօտէն դիտարկել: Կեանքին իմաստը խոր եւ ընդգրկուն (ոմանց համար՝ անհարկի, անիմաստ) նիւթ մըն է։ Երբ մենք կը խօսինք կեանքին եւ անոր իմաստին մասին, ան մեզ կը տանի բազմաթիւ ոլորտներ՝ գոյաբանութենէն մինչեւ հոգեբանութիւն։

Մեզմէ դուրս կայ աշխարհ մը հիւսուած՝ առարկաներով. քար, հող, ծառ, ցորեն եւ այլն: Արդեօք այս առարկաները ինքնուրոյն նշանակութիւն ունի՞ն: Այսինքն, եթէ աշխարհի վրայ մարդիկ չըլլային, այս բոլոր առարկաները նշանակութիւն կ՚ունենայի՞ն։ Թերեւս ո՛չ։

Ո՞ր հանգամանքը մարդ արարածը կը զանազանէ այլ էակներէ։ Այս հարցման պատասխանած են՝ նշելով մարդկային բանականութիւնը, սակայն ի վերջոյ մարդը այլ էակներէն զանազանող յատկանիշը սեփական գոյութիւնը կասկածի տակ դնելու կարողութիւնն է։ Այսպէս, մարդը միակ էակն է, որ գիտէ իր մահը եւ կ՚ապրի Դեմոկլեան սուրի վրայ։ Այս կապակցութեամբ Սիկմոնտ Ֆրէօյտ ըսած է, որ Էրոսը (ապրելու մղում) եւ Թանաթոսը (մահուան մղում) կը կազմեն կեանքին իմաստը։

Մարդը կեանքին կը սկսի առարկաներու հետ իր յարաբերութիւնները անուանելով։ Կեանքը, որ կը սկսի փորձելով-ձախողելով, կը դասակարգէ առարկաները՝ անոնց հետ իր յարաբերութիւններու անուանման միջոցով: Առարկայ մը որպէս քար, միւսը որպէս խնձոր դասակարգելն է առարկայի հետ մարդու յարաբերութիւններու իմաստը: Մարդկային մտքի պատմութիւնը ճամբորդութիւն մըն է յստակէն՝ շօշափելիէն, նիւթականէն դէպի վերացական: Այս «վերացականացման» փուլով առաջնային կը դառնայ նաեւ կեանքը իմաստաւորելու եւ կեանքին իմաստ հաղորդելու գաղափարը։

Իմաստը կը պատկանի մարդուն եւ կ՚որոշուի անոր առարկայով։ Հետեւաբար, կեանքը առանց այլ մարդոց ինքնին իմաստ չունի։ Փոխյարաբերութիւնն է կեանքին իմաստ տուողը։ Անկախ այն հանգամանքէն, թէ մարդը ինչո՛վ կը նպաստէ իր կեանքին, ինչպէ՛ս կը վերաբերի անոր, այդ մարդու կեանքի իմաստը կը սահմանափակուի այս յարաբերութիւններով ու անոնց արդիւնքներով: Այստեղէն կը բխի, որ կեանքը չունի կայուն իմաստ, հասարակաց յայտարար։ Այն ինչ որ մենք կ՚անուանենք կեանքի իմաստ՝ յարաբերութիւններու ցանց մըն է, որ մենք կը հաստատենք կեանքի ընթացքին, նաեւ մեր ապրելակերպն ու մեր նպաստն է՝ այդ փոխյարաբերութեան առողջութեան, զարգացման ու շարունակականութեան: Ուստի, իւրաքանչիւր մարդու համար կեանքին իմաստը տարբեր է։

Ընթացիկ դարաշրջանին տեղի ունեցած են արմատական ​​փոփոխութիւններ մարդկային էութեան մասին, թէ՛ օրինական եւ թէ՛ հանրաճանաչ պատկերացումներու մէջ: Ժամանակակից գիտութեան բացայայտած գիտելիքը արդիւնաւէտօրէն վերաշարադրած է մարդկութեան յարաբերութիւնները բնական աշխարհի հետ: Բժշկութեան եւ փորձագիտութեան յառաջընթացը մարդիկը ազատած է նախորդ դարաշրջաններու ժամանակավրէպ սահմանափակումներէն եւ ախտերէ, իսկ փիլիսոփայութիւնը՝ յատկապէս լեզուական զարգացման հետեւելով՝ փոխած է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ փոխյարաբերութիւններ կ՚ունենան իրենց եւ այլոց հետ: Կեանքի իմաստի վերաբերեալ հարցերը նոյնպէս արմատական ​​փոփոխութիւններ կրած են. օրինակ՝ մարդկային գոյութիւնը կենսաբանական եւ գիտական ​​առումներով վերագնահատելու փորձերը։

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ալպեր Քամիւն կը պնդէ, որ մարդկային վիճակի անհեթեթութիւնը այն է, որ մարդիկ կը փնտռեն արտաքին արժէքներ եւ իմաստ՝ այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ անտարբեր է անոնց նկատմամբ։ Քամիւն կը գրէ ոչնչապաշտներու, բայց նաեւ արժէքներու մասին ոչնչապաշտ ​​աշխարհի մասին, ուր մարդիկ կրնան ձգտիլ՝ ըլլալ «հերոս ոչնչապաշտներ» արժանապատուօրէն ապրելով անհեթեթութեան դէմ, գործելով «աշխարհիկ սրբութեամբ», եղբայրական համերաշխութեամբ եւ ապստամբելով աշխարհի անտարբերութեան դէմ եւ գերազանցելով զանոնք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2023