ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. 90-ԱՄԵԱԿ

«Ես հելէ ճահել վախտս ուխտ էի ըրէ որ քառսուն աղբուր շինեմ, յետոյ մեռնիմ... Ճշմարիտ է, քառսուներորդը սարքեցի պրծայ, էսպէս էլ իմ աղբուրը ցամքաւ... Ամա մարդու մէջ մի բանըմ կայ, որ իրան հետ չպիտի մեռնի, կ՚ուզէք հոգի ըսէք էտոր, կ՚ուզէք անուն, կ՚ուզէք գործ...»։

Եթէ ձեզի համար հոգեհարազատ են Վարպետ Մկրտիչին այս խօսքերը, եթէ դուք մի՛շտ, ուր եւ երբ ալ հանդիպիք «Հեղնար աղբիւր» շարժապատկերին, նորէ՛ն ու անգամ մը եւս կ՚ըմբոշխնէք անիկա, ուրեմն դուք անպայմանօրէն ծանօթ էք Լոռուայ աշխարհի հանճարեղ վարպետին, նուիրեալ մտաւորականին, հայրենիքի տագնապներով մտահոգ, հասանելի ու սրտցաւ քաղաքացիին, իր մասնագիտական սահմաններէն դո՜ւրս ելած, աւելի քան արուեստագէտին, մոխիրներէն յառնող Նահապետին ու անվրէպ մարտիկ՝ Ձորի Միրոյին, դերասանութիւն չընող դերասանին, որ ինչ որ խաղաց, երբե՛ք օտարի հագուստ չհագուեցաւ, որուն ներկայացուցածը հայերէ՛ն խօսք էր, հայու հայեացք ու ճակատագիր էր... Ուստի եւ պատահական չէ՛ որ ան հայ ժողովուրդին կողմէն արժանաբար կոչուեցաւ «Հայ Կինոյի Նահապետ»։

Լսած է՞ք, ինչպիսի՜ քնքշութեամբ Սօս Սարգսեանը նկարագրած է իր ծննդավայրը՝ Ստեփանաւանը։

«Որ ասում են Ստեփանաւան, սիրտս փափկում է։ Ես կ՚ուզէի էնտեղ վերադառնալ, անտառապահ լինել, ջրի ափին մի տնակ ունենալ եւ ապրել բնութեան մէջ եւ ոչ թէ՝ հետ»։

Ինչպէս յաճախ պատմած է վարպետը, Սարգսեաններու տան պատուհանէն կ՚երեւար բլուրներուն ետեւ թաքնուած ու լուսնի շողով լուսաւորուած թափանցիկ երկինքը, որուն վրայ նրբօրէն կը գծագրուէին երկարաձիգ ու հպա՜րտ սօսիներու մութ ստուերները... Թերեւս ալ ատոր համար հայրը որդիին կանչած է «.Սօսի՜կ»...

Կարելի չէ չնկատել որ իր բոլոր զրոյցներուն ու յուշերուն մէջ միշտ, մի՛շտ ներկայ է վարպետին հայրը՝ Արտաշէսը եւ անոր օրինակելի տիպարին թողած անջնջելի, վառ ազդեցութիւնը...

Օրինակ, յաճախ յիշած է ան իր ապրած պատերազմի տարիներուն շունչը, բայց այդ դառն մտորումներուն մէջ նաեւ խառնած է այս դրուագը.

«Հայրս ինձ մի վերարկու առաւ։ Զարմանալի բան էր, մինչեւ հիմա էլ այդ վերարկուի հոտը զգում եմ... Հագնուեցի, երեկոյեան դուրս եկայ որ ինձ տեսնեն։ Ցաւօք, մեր դասարանի ոչ մի աղջիկ դրսում չկար ու ինձ չտեսան, բայց ես մինչեւ ո՜ւշ երեկոյ փողոցներով ման եկայ...»։

Բայց... ստեփանաւանցի Սօսիկը ինչպէ՞ս դարձաւ «Նահապետ»...

Պատանի Սօսը արդէն անուն առած էր իր դպրոցական փոքրիկ դերերով եւ բնական էր որ ան պիտի հրաւիրուէր Ստեփանաւանի թատրոն...

Շնորհալի երիտասարդը առանց երկմտելու արձագանգած էր այդ գրաւիչ ու շահաւէտ հրաւէրին, քանի որ այդ ծանր տարիներուն թատրոնը անոր համար նաեւ՝ կտոր մը հաց էր...

«Ստեփանաւանի մէջ շատ շուտ աստղ դարձայ ես»,- յիշած է Վարպետը եւ պատմած՝ թէ ինչպէս իսկակա՛ն թատրոնի դռները բացուած են իր դիմաց.

«Երազումս, միջահասակ, թուխ, չինական անձրեւանոցով մի մարդ մօտեցաւ ինձ ու ասաց որ շուտով գալու է Ստեփանաւանի թատրոն եւ ինձ տանելու է Երեւան»։ Այդպէս ալ եղած է. մէկ շաբաթ անց, Ստեփանաւան եկած է Թատերական արուեստի վարչութեան պետը եւ տաղանդաւոր երիտասարդը իր հետ տարած է Երեւան՝ Պատանի հանդիսատեսի թատրոն...

Անհաւատալի չէ՞, կարծէք շարժապատկերի հատուած մը ըլլայ...

Սօսին խստապահանջ դասատուներու առաջարկով թատերական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն ետք, անոր առջեւ այլեւս բացուած են թատրոնի բոլոր-բոլոր փակ դռները. սկսած է մէկը միւսին յաջորդող թատերական փայլու՜ն դերերու շարքը եւ դեռ աւելին, գայթակղիչ հրաւէր մըն ալ ստացած է Մոսկուայի հանրայայտ թատրոնի մը մէջ աշխատելու համար, բայց... «Ինչո՞ւ պիտի գնամ ռուսական թատրոնում խաղամ....»։

Այո՛, թատրոնը ան նուաճեց՝ անմիջապէս, անոր շէյքսփիրեան Ճոն արքան աննախադէպ երեւոյթ կը մնայ հայ թատրոնի պատմութեան մէջ, բայց Սօս Սարգսեանին դեռ կը սպասէր կինոն...

Ան կերտեց այնպիսի դերեր, որոնք ուղղակիօրէն դարձան դերասանական արուեստի անվիճելի գլուխգործոցներ։

Յիրաւի, մեր ժողովուրդի կենսափիլիսոփայութեան, աշխարհայեացքին ու բարոյական խառնուածքի հաւաքական յատկանիշներու կենդանի մարմնաւորումը չե՞ն արդեօք Նահապետը, Վարպետ Մկրտիչը, Զանպախովը, Վարպետ Յակոբը, Գիւղացի Համբոն եւ Ձորի Միրոն...

Ինչպէ՞ս կրնամ մոռնալ ես, եւ վստահ եմ իմ դասարանցիներէս շատեր, որ տասներորդ դասարանի մեր հայերէն լեզուի դասատուն՝ լուսահոգի Օր. Ազնիւ Արապեանը, մեր դասապահերէն մէկը յատկացուցած էր «Ձորի Միրոն» դիտելու... Քանի-քանի արձակներու եւ բանաստեղծութիւններու տեղ պիտի գրաւէր, եւ գրաւեց, այս շարժապատկերն ու Սօս Սարգսեանի մեծ վարպետութեամբ խաղացած այս հերոսը....

Ի դէպ, ահա ինչ ըսած է ան այս դերին մասին.

«Ամենահեշտը ես խաղացել եմ երեւի իմ ամենակարեւոր դերը՝ Ձորի Միրոն. շա՜տ հեշտ եմ խաղացել, ոչ մի տառապանք, ոչ մի փնտռտուք, ինքնիրեն ծնուեց իմ մէջ, ապրեց ու այդպէս էլ ներկայացաւ...»։

Սօս Սարգսեանը Սունդուկեանի անուան Ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ ստեղծագործեց 37 տարի, ապա 1991-ին, հիմնեց իր թատրոնը՝ Համազգայինը։

1998-2005 թուականներուն Երեւանի Թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտի վերատեսուչն էր։ Բազմաթիւ պետական բարձրագոյն կոչումներ, պարգեւներ ու մրցանակներ նուաճեց ան, որոնք Սօս Սարգսեան լեգենդին երբեք չխանգարեցին դառնալ իր ազգի հաւատարիմ զաւակն ու ծառան։

Մեծ վարպետը կը սիրէր երիտասարդները ու կը հաւատար անոնց ստեղծագործ կարողութիւններուն. անոնց մէջ կը տեսնէր իր ըրածի վերաիմաստաւորումն ու չըրածի իրականացման տեսլականը եւ թերեւս անոր համար է որ ան յաջողեցաւ իր աշակերտներուն փոխանցել ո՛չ միայն արուեստի իր բարձրորակ իմացութիւնը, այլեւ՝ իր վիթխարի կենսափորձը, իրական սէրն ու տառապանքը, իրական ոգեւորութիւններն ու հիասթափութիւնները...

«Խնդիրը այսպէս դրուած է մարդկութեան առաջ, կամ կործանւում է, կամ կանգ է առնում եւ ասում՝ սպասէ՛ք. էս մեր Հոմերոսն ի՞նչ եղաւ, մեր Թումանեանն ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր են գցել Շէյքսփիրը, Կէօթէն, Աւետիք Իսահակեանը որտե՞ղ է, Պալզաքը, Թոլսթոյը, Մոցարթը ո՞ւր ենք գցել... Կամ պիտի կործանուի կամ պիտի վերադառնան այս բոլորը, քանի որ մարդ չի՛ կարող վերջնականապէս անասնանալ, բայց այդ ճանապարհի վրայ է ան եւ շատեր մտահոգ ու տագնապած են, թէ ո՞ւր ենք գնում եւ ի՞նչ է դառնալու մեր կեանքը...»։

Թերեւս շատեր չեն գիտեր, որ Սօս Սարգսեանը աղաւնիներ կը պահէր։ Այո՛, կը պահէր ու կը գուրգուրար, կը կերակրէր ու կը խնամէր զանոնք, հիանալով այդ ճերմակ թռչուններուն ճախրանքով...

Փոքրիկ դրուագ մըն է թերեւս, բայց աւելի ճշգրիտ չի՞ կրնար բնութագրել այս զարմանալի մարդը, քան անոր մասին գրուած յօդուածներ...

«Մարդ, որ իր ներսում երկինք չունի, ան ի՞նչ գիտի՝ աղունիկն ի՞նչ է». դուք ալ յիշեցի՞ք այս անմոռանալի երկտողը մեծ Վարպետին «Ճերմակ անուրջներ» շարժապատկերէն....

Ինչքա՜ն լաւ է որ այսօր, մեր բազմազան լրատուական միջոցներով առիթը ունինք մենք, եւ վաղը՝ ուրիշներ, որեւէ ատեն կարենալ դիտելու Վարպետին թանկարժէք ներկայացումներն ու շարժապատկերները, լսել անոր «Մարոն», «Լոռեցի Սաքոն», «Ինձ Բացակայ չդնէ՛ք»ին պէս սքանչելի կատարումները...

Սօս Սարգսեանի գործընկերները, յետմահու՝ 2013-ին, անոր սեղանին վրայ գտած են իր վերջին գրառումներն ու ճերմակ թուղթի մը վրայ գծանկար մը, որ կարծես ինքն է...

Ի՞նչ կամեցած էր ըսել այդ ինքնանկարով...

Այս հարցումին պատասխանը, ցաւօք իր հետ տարաւ մեծ վարպետը, մեզի ձգելով իր անփոխարինելի բացակայութիւնն ու նաեւ՝ յաւե՜րժ ներկայութիւնը։

Որպէս վերջաբան, Սօս Սարգսեանին ծանօթները քաջ գիտեն, որ անոր համար հայ երգը ազգային միասնութեան առանձնայատուկ ոգեղէն աղբիւր էր, բայց այս առումով ալ մտահոգ էր ան. «Մի երգ չունենք որի բառերը բոլորս իմանանք. մի երկու բառ գիտենք սկզբից, մի երկու բառ էլ վերջից... Եթէ գայ այն օրը, երբ մենք՝ հայերս ձեռք-ձեռքի բռնած մե՛ր երգը երգենք, մեզ այլեւս ո՛չ ոք չի՛ յաղթի»։

Կու գա՞յ այդ օրը, Նահապետ...

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019