ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԱՏ ԴԷՊՔԵՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՑ
Կա՞յ անձ մը այս երկնակամարին վրայ, որ չէ ըմպած դառնութեան կամ տառապանքի բաժակէն։ Կա՞յ գոյակ մը, որ չէ ունեցած դաժան պահեր, դառնաղէտ դժբախտութիւններ իր համակ կեանքի ընթացքին։ Կա՞յ քրիստոնեայ մը, որ իր ծնունդէն իսկ միայն ուրախութեամբ ու յաջողութիւններով առլի կեանք մը անցուցած է։ Կա՞յ արարած մը, որ չէ ունեցած վշտամորմոք պահեր, որոնք պատճառ դարձած են իր հոգիի ու տրամադրութեան քայքայման։ Վըս-տահաբար պիտի համաձայնիս, թէ կ՚ապ-րինք նիւթականացած աշխարհի մը մէջ, ուր վատը՝ լաւ, լաւը՝ վատ ընդունուած, արդարը՝ անտեսուած, իսկ ամբարիշտը՝ գերադասուած է առհասարակ։
21-րդ դարու այս աշխարհայնացած կեանքին մէջ, տրտմակուռ եղելութեանց դիմաց «զգայուն» մարդոց թիւը բաւականաչափ սկսած է աճ արձանագրել։ Դիւրազգած եւ կարծրասիրտ մարդիկ աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ գոյութիւն ունեցած են՝ միշտ իրարմէ տարբերուելով թէ՛ իրենց նկարագրով, թէ՛ խառնուածքով, թէ՛ վարուելակերպով, թէ՛ իմացականութեամբ։ Չկայ անձ մը, որ ունենայ իր նկարագրին, կենցաղակերպին, արտայայտչաձեւերուն, յոյզերուն նմանատիպ անձնաւորութիւն մը։ Սա ի վերուստ տրուած նախախը-նամական տնօրինում է։
Իր գործերուն մէջ ձախորդութեան հանդիպող մարդը կամ իր կեանքի երթուղիներուն մէջ յաճախ վերիվայրումներէ, դժբախտութիւններէ տառապող «բարեպաշտ» անձնաւորութիւնը, երբեմն խորամուխ ու մանրազնին հայեացքով կը փորձէ գտնել իրեն արգելք հանդիսացող եւ իր դժբախտութեանց տուն տուող չարաշուք պատճառները։ Եթէ զգայուն անձ մըն ես, կրնայ ըլլալ այդ վատ դէպքերը ամբողջ տրամադրութիւնդ քանդեն եւ աւելի եւս վատթարացնեն հոգեվիճակդ ու ամբողջ ներաշխարհդ։ Մինչ եթէ «զգայազուրկ», կարծ-րասիրտ անձնաւորութիւն մըն ես, այդ բոլոր պատահարները ոչ իսկ ազդեցութիւն մը կ՚ունենան քու վրադ եւ հպանցիկ ակնարկով մը դուրս կրնաս գալ այդ բոլոր չարաղէտ դիպուածներէն։
Բոլորս ալ, որպէս մարդիկ, հակամէտ ենք բարօր եւ հանգիստ կեանքի: Չենք ուզեր դոյզն անգամ նեղութիւն մը քաշել, փորձութեան մէջ իյնալ եւ վատ դէպքերու հանդիպիլ։ Ընդհակառակը, կ՚աշխատինք. կը տքնինք յաճախ այդ բարօրութիւնն ու հանգստութիւնը ձեռք բերելու համար: Հետզհետէ աւելի եւ աւելի կը ձգտինք նուազագոյն աշխատանք կատարելու եւ առաւելագոյն հանգիստ ու վայելք ապահովելու: Հանգիստը եւ հաճոյքները մեզի համար դարձած են միակ մտասեւեռում, հետապնդուելիք միակ նպատակ։ Արդի մար-դուն կուռքերը դարձած են անոնք, գրաւելով մարդոց մտքերը եւ մոռցնելով մարդուն բուն նպատակը: Այնքան գրաւած են անոնք մեր մտքերը, որ կամաւորաբար կը հրաժարինք մտածելէ ու պայքարելէ: Չենք ուզեր մտածել, որովհետեւ մտածել՝ պիտի նշանակէ որոշ ուղղութեամբ մտահոգութիւններ ունենալ եւ ճիգ ու աշխատանք թափել, պիտի նշանակէ մեզ մեր հանգիստէն դուրս բերել: Աւելի դիւրին կը գտնենք փախուստ տալ, մոռնալ, միայն հաճելի զգալ, միայն հանգստանալ. միայն վայելել…:
Բայց կեանքը միայն ուրախութիւն չէ՛, դալարագեղ դաշտ մը չէ՛, արշալոյսներով լեցուն օրեր շարունակ զիրար չե՛ն յաջորդեր, սիրելի՛ բարեկամ, այլ այնտեղ կան նաեւ այդ խաղաղ ընթացքը խանգարող խոչընդոտներ, նեղութիւններ, տուայտանքներ, որոնք յաճախ չարածին են եւ միայն չարէն կու գան։ Դրամը երկու կողմ ունի, նոյնպէս կեանքը ունի լաւ ու վատ, ուրախ եւ տխուր, սեւ ու ճերմակ կողմեր։ Եթէ կեանքը մշտապէս հանգստութեամբ, ուրախութեամբ, հեշտութեամբ ընթանար, այդ ժամանակ կեանքին արժէքը պիտի չկարողանայիր հասկնալ։ Կեանքդ իմաստաւորողն ու գեղեցկացնողը հակադրութիւններն են, որոնք կը ներդաշնակեն զայն։ Հիւանդ մարդը երբ կ՚ապաքինի ու կ՚առողջանայ՝ ինքզինք շատ աւելի երջանիկ կը զգայ, քան՝ այն մարդը, որ երբեք հիւանդացած չէ։ Առողջ մարդուն համար առողջութիւնը սովորական երեւոյթ մըն է, որուն արժէքը կա՛մ չի հասկնար եւ կա՛մ զայն կորսնցնելէն ետք կ՚իմանայ։
Կեանքիդ ընթացքին պատահող վատ դէպքերն ու նեղութիւնները մառախուղի նման են։ Մառախուղը ընդհանրապէս ո՛չ մարմին եւ ոչ նպատակ ունի, որ իր յայտնութիւնը կարողանայ արդարացնել։ Բնութեան մէջ չարադէպ եւ չարադէտ երեւոյթ մըն է ան, որ բարին, դրականն ու լոյսը կը փորձէ խափանել։ Մառախուղի պատճառաւ բազմաթիւ արկածներ, մահեր կը պատահին՝ շատերու կեանքը քաոսի եւ տխրութեան վերածուելով։ Մառախուղ-փորձութիւնը երբեմն երջանկութիւնդ տրտմութեան կը փոխակերպէ, յաջողակ գնացքդ անյաջողութեանբ «կը պսակէ», կամքդ կը տկարացնէ, յոյսդ կը մթագնէ, բարութիւնդ կը չարացնէ, միտքդ կը պղտորէ, հոգիդ կը մրոտէ, աշխարհընկալման եղանակդ կը յոռեշրջէ…։
Մի՛ տրտմիր, մի՛ ափսոսար, քաջասիրտ եղիր, ներքին խաղաղութիւնդ պահէ, համբերէ եւ միշտ յուսայ։ Համբերութիւնը քեզ փորձառու կը դարձնէ, իսկ փորձառութիւնը յոյս կը ներշնչէ։ Որքա՛ն համբերես, այնքան փորձառութեանդ շրջածիրը կ՚ընդարձակուի, ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերես եւ համբերել կը սորվիս՝ մինչեւ որ նպատակիդ հասնիս։ Սակայն համբերութիւնը, այս պարագային, առանց յոյսի կիսատ կը մնայ եւ կէս ճանապարհին վրայ յանկարծ կը կանգնի։ Յոյսի միջոցա՛ւ է, որ համբերութիւնը հաստատուն, անխորտակելի ու կանգուն կը մնայ։ Համբերութիւնը յոյսին հետ շախաղուած, ընդելուզուած է եւ միայն յոյսով կ՚աճի։ Յոյսը համբերութեան ապահով լաստն է, որ նեղութեան տատասկներուն մէջ ինկողիդ եւ ուղեկորոյս խարխափողիդ շարունակ ուժ կու տայ, որպէսզի կարողանաս դէմ դնել քեզի դէմ մխացող նետերուն ու «քարատարափ»ներուն։
Աւելի խորը երթալով, կեանքի խաչմերուկներուն մէջ դառնակսկիծ աղէտները դիմակայելով կամ բարկութեան վիճակի մէջ գտնուելով, շատեր իրենք իրենց հարց կու տան. «Ինչո՞ւ վատ դէպքեր կը պատահին բարի մարդոց։ Ինչո՞ւ անօրէններ հանգիստ կեանք մը կ՚ապրին, իսկ մենք՝ արդարներս թշուառ ու աղքատ կեանք մը։ Ինչո՞ւ հաճոյամոլ ու յանցաւոր մարդիկ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն ու վերելքներ կ՚ունենան, մինչ մենք՝ միշտ ձախորդութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Ինչո՞ւ փորձութիւններ յաճախադէպօրէն միայն մեզի կը պատահին եւ ոչ ուրիշին։ Ո՞ւր է Աստուած այս բոլորին մէջ, միթէ մեզ չի՞ սիրեր»։
Քեզի պատահող դժախտութիւնները, աղէտալի պատահարները չարութեան հօր՝ սատանային, ընկերոջդ եւ քու իսկ մեղքիդ հետեւանքով յառաջ եկած փորձանքներ են։ Տուայտանքներու, փորձութիւններու եւ բազմապիսի թշուառութեանց մէջ ապրող արարածդ պէտք չէ հարցականի տակ առնես Աստուծոյ բարութիւնը եւ Անոր գոյութիւնը։ «Ո՞ւր է Աստուած» ծանրակշիռ բացագանչութիւնդ հայհոյանք մըն է նոյնինքն Հօրդ՝ Աստուծոյ ուղղուած։ «Դուն ո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վերցուցիր» (Ես 37.23), կ՚ըսէ Աստուած Իր փոթորկաշունչ մարգարէին բերնով։
Երկու բան մեզի պէտք է յստակ ըլլայ. Աստուած Աստուած է եւ մարդը՝ մարդ։ Աստուած հաշուետու չէ մեզի, այլ մենք՝ Անոր ձեռակերտներս համարատու ենք Իրեն։ Մարդիկ իրենք չէ, որ Աստուծոյ ընելիքը պիտի ճշդորոշեն։ Երկրորդ՝ մեր ընկերոջը կողմէ մեզի պատահող դառնութիւնները կամ նեղութիւնները երբեք Աստուծոյ պէտք չէ՛ վերագրենք։ Մարդիկ ընդհանրապէս Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած ազատութիւնը կ՚օգտագործեն չարիք ընելու համար եւ կը մոռնան Աստուածաշունչ մատեանին ոսկետառ խօսքը. «Ձեր ազատութիւնը չարիք գործելու պատրուակ թող չդառնայ» (Ա.Պտ 2.16)։ Աստուած մեզի պատահող չարիքները կ՚օգտագործէ մեր բարիքին համար եւ ոչ թէ մեր անկման համար։ Պէ՞տք է մեղադրես զԱստ-ւած, որովհետեւ քու բարիքիդ համար կը գործէ տիւ ու ցայգ։ Նման մօտեցում ապերախտ ու հեթանոս մարդու մօտեցում է։ Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ՝ թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ» (Յկ 1.13)։
Բանսարկուն իր «արագընթաց» ու վատոտն արբանեակներով, հաճոյաձիգ հրապոյրներով, հեշտալի ու խաբուսիկ միջոցներով կը փորձէ քեզ իր գործիքը դարձնել։ Ոմանք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ հայրութիւնը, կը շարունակեն ամենայն վստահութեամբ ու յոխորտանքով զԱստուած մեղադրել՝ ըսելով. «Ո՞ւր էր Աստուած երբ այս բոլորը պատահեցան։ Ինչո՞ւ չարգիլեց նման ահալի չարիքի մը ծնունդը»։ Աստուած երբեւիցէ խաղաղ նաւարկութիւն չխոստացաւ քեզի, բայց խոստացաւ ապահով նաւարկութիւն մը։ Աստուած խաղաղ ծով չխոստացաւ, այլ խոստացաւ խաղաղ նաւահանգիստ։ Աստուած չխոստացաւ փորձութիւններէ զերծ կեանք մը, այլ՝ փորձութիւններու յաղթող կեանք մը։ Երբ փորձութեանց կը հանդիպիս, Աստուած զանոնք կեանքէդ չի՛ հեռացներ, այլ զանոնք յաղթահարելու միջոցներ կը ստեղծէ (Հմմտ. Ա.Կր 10.13)։ Աստուած քեզ փորձութիւններէն դուրս չի՛ բերեր, այլ կու գայ քեզի հետ փորձութիւններուդ մէջ ըլլալու։ Ան Սեդրակը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կրակի հնոցէն դուրս չբերաւ, այլ Ի՛նք գնաց անոնց հետ ըլլալու կրակին մէջ (Հմմտ. Դն 3.24-25)։ Յովսէփ նոյնպէս երբ բանտ նետուեցաւ, Աստուած զինք բանտէն դուրս չբերաւ, այլ Ի՛նք գնաց անոր հետ բանտին մէջ ըլլալու (Հմմտ. Ծն 39.20-21)։ Միշտ մտաբերէ, որ փորձութիւնը Աստուծոյ ներկայութեան արդիւնքն է եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ բացակայութեան արդիւնքը։ Երբ Աստուած ներկայ է կեանքիդ մէջ, սադայէլը ի՛նք նաեւ կը փորձէ ներկայ ըլլալ իր ստայօդ փորձութիւններով։ Առ այդ, փորձիչին ներկայութիւնը փորձանք մը պէտք չէ ըլլայ քեզի համար, այլ քո՛ւ ներկայութիւնդ փորձանք պէտք է ըլլայ խաբեբայ փորձիչին համար։
Մարդ իր իսկ մեղքին պատճառով եւս կրնայ փորձութեանց ենթարկուիլ։ Ըղձալի փափաքներդ, ստորաքարշ հաճոյապաշտութիւնդ, ցանկասիրութիւնդ եւ այլ երփներանգ հաճոյքներդ քեզ երբեմն դէմ յանդիման կը դնեն փորձութեանց առջեւ։ Փորձութիւն, որուն պատճառաւորեալ պատճառը քու անձդ է եւ ոչ թէ այլ անձնաւորութիւն մը։ Մեղքը փորձութենէն ծնունդ չ՚առներ, այլ՝ փորձութիւնը մեղքէն յառաջ կու գայ։ Մեղքը ինքնեկ երեւոյթ մը չէ, այլ ան կը ծնի ներքին ցանկայարոյց իղձերէդ։ Փորձութիւններ կրնան թոյլ տրուիլ՝ քեզ որոշ մեղքերէ հեռու պահելու համար։ «Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէսզի չմեղանչէք» (Ել 20.20)։ Փորձութիւնը մեղքի առիթ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մեղքէն հրաժարելու առիթ։ Փորձութիւնները սրբագրիչ բնոյթ ունին։ Աստուած զանոնք կ՚օգտագործէ մեր մէջ սրբագրելու կարգ մը ախտաւոր մեղքեր։
Մեր վրայ եկող փորձութեանց երրորդ տեսակը կարելի է համարել մեր անմիջական մտերիմներուն կողմէ կատարուող փորձութիւնները։ Ընկեր-ընկերուհիներդ, բարեկամ-բարեկամուհիներդ, հարազատներդ միշտ չէ՛ որ քու բարիքդ կը կամենան, այլ իրենց չարանենգ մօտեցումներով կը ջանան քեզ փորձութեան մատնել։ Երեւոյթ մը, որ գոյութիւն ունի այսօրուան ընկերային կեանքին մէջ, ուր ընկերութիւնը հիմնուած է խախուտ հիմերու վրայ։ Նման ընկերներ, իրենց պատրաստած փորձութիւններով ու ծուղակներով, գառնուկի մորթով եւ կերպարանքով քեզի կը մօտենան՝ պարզապէս կեանքդ վտանգելու, իրենց հաճոյալից ցանկութիւններուն յագուրդ տալու եւ բարոյալըլ-կող ձգտումներուն հասնելու համար։
Ափրիկէի երկիրներէն մէկուն մէջ թագաւոր մը կար, որ անկեղծ ու խելացի ընկեր մը ունէր։ Այս ընկերը թագաւորին հետ մեծցած էր եւ անոր քովէն երբեք չէր հեռացած։ Երբ լաւ կամ վատ դէպքերու հանդիպէր, միշտ կ՚ըսէր. «Ասոր մէջ բարի բան մը կայ»։
Օր մը թագաւորն ու իր ընկերը որսի կ՚երթան։ Ընկերը զէնքերը լեցնելով՝ թագաւորին կու տար, որպէսզի ան կրակէր։ Զէնքերէն մէկը լեցնելու ընթացքին, սխալ մը կը գործէ։ Թագաւորը երբ զէնքը կը կրակէ, յանկարծ զէնքը դէպի ետեւ կը պայթի եւ իր բթամատը կը կորսնցնէ։ Պատահածը տեսնող ընկերը իր ամէնօրեայ խօսքը կ՚ըսէ. «Ասոր մէջ բարի բան մը կայ»։
Թագաւորը ցաւէն բարկացած՝ կը պոռայ. «Ասոր մէջ բարի բան մըն ալ չկայ։ Չե՞ս տեսներ, մատս կորսըն-ցուցի»։ Այս անուշադրութեան պատճառաւ թագաւորը իր ընկերը բանտ նետել կու տայ։
Տարի մը ետք, թագաւորը քանի մը ընկերներով մարդակեր տոհմերու ապրած շրջանին մէջ որսորդութեան կ՚երթայ։ Մարդակերները այս տեսնելով՝ կը բռնեն զիրենք ու իրենց գիւղը կը տանին։ Իրենց ձեռքերն ու ոտքերը կապելով, գիւղի հրապարակին վրայ խարոյկի փայտերուն մէջտեղը դրուած ձողերուն դիմաց կը կանգնեցնեն։ Կրակը վառելու միջոցին, կը տեսնեն որ թագաւորին աջ ձեռքի բթամատը կտըր-ւած է։ Նախապաշարումներով ապրող այս տոհմին համաձայն՝ «զոհ»ի մարմնի անդամները պէտք է վը-նասուած չըլլային։ Եթէ ուտէին, կը հաւատային, որ իրենց գլխուն փորձանք մը կրնար գալ։ Այս վախէն տարուած, թագաւորը ազատ կ՚արձակեն, իսկ անոր ընկերները այրելով՝ կ՚ուտեն։
Թագաւորը երբ պալատ կը վերադառնայ՝ կ՚անդրադառնայ, թէ իր կորսնցուցած մատին շնորհիւ էր, որ ազատած էր։ Կը զղջայ իր մտերիմ ընկերոջ նկատմամբ կատարած վատ արարքին համար։ Շուտով դէպի նկուղ կը վազէ, իր ընկերը այնտեղէն դուրս կը հանէ եւ ապրած բոլոր դժբախտութիւնները մէկ առ մէկ անոր կը պատմէ։
-Իրաւունք ունիս։ Մատս կորսնցնելուն մէջ իսկապէս բարիք մը կար։ Քեզ այսքան երկար ժամանակ բանտարկելուս համար ներողութիւն կը խնդրեմ։ Ըրածս անիրաւիրութիւն եւ աններելի արարք մըն էր։
-Ո՛չ,- կը պատասխանէ ընկերը,- ասոր մէջն ալ բարի բան մը կայ։
-Աստուծոյ սիրոյն, ի՞նչ կ՚ըսես,- թագաւորը կը բարկանայ,- ընկերս մէկ տարի շարունակ նկուղի մը մէջ բանտարկեցի։ Այս արարքիս մէջ ի՞նչ բարի բան կայ։
-Եթէ ես բանտ նետուած չըլլայի, հետդ որսի պիտի գայի, չէ՞։ Յետո՞յ, մտածէ…։
Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքիդ մէջ անպայման յուսահատեցուցիչ պահեր ունեցած ես եւ պիտի ունենաս։ Ինքնավստահութեամբ եւ յոյսով լեցուէ, որպէսզի ցաւառիթ վիճակները քեզ չընկճեն։ Բազմապիսի դժուարութիւններու պիտի հանդիպիս, սակայն պէտք է քաջ, վճռակամ ըլլաս՝ քու դիմացդ ցցուած բոլոր պատնէշները խորտակելու համար։ Խոչընդոտներ եւ կեանքդ խոչընդոտողներ շարունակ պիտի ունենաս, փախուստ չկայ, բայց երբ քաջութեամբ, ամբողջական յոյսով ու վստահութեամբ լեցուած ես, այդ ժամանակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններդ կը յաղթահարես, փորձութիւններդ ոտքի տակ կ՚առնես եւ երբեք գնացքիդ մէջ կանգ չես առներ։ Միշտ յիշէ՛, որ Աստուած քեզի վհատութեան, տկարութեան, թուլութեան հոգի չէ՛ տուած, այլ՝ զօրութեան, իմաստութեան եւ քաջութեան հոգի (Հմմտ. Բ.Տմ 1.7)։
Քեզի պատահող փորձութիւնները Աստուծոյ մի՛ վերագրեր, որովհետեւ Աստուած քեզ մշտապէս կը պաշտպանէ չարին ճիրաններէն ու սադրանքներէն։ Ինչպէս կրակին բովէն անցնող ոսկին կը դառնայ ձոյլ ոսկի, որ ցանկալի է բոլորին կողմէ, նոյնպէս եւ դուն՝ իբրեւ անտաշ քար մը, փորձութեանց ընդմէջէն տաշուելով ու յղկուելով՝ ընտիր քարի կը վերածուիս։ Սատանային դէմ զուր տեղ պայքարելովդ, անիմաստ ու անհեթեթ արարք մը կատարած կ՚ըլլաս։ Սատանան սատանայ է, չի՛ փոխուիր։ Գեթսեմանացած ճանապարհորդութեանդ մէջ երբեք մի՛ տկարանար, այլ ըսէ՝ «Ետիս գնա՛, սատանայ»…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ