ՍԷՐՆ ՈՒ ՍԻՐԵԼԸ

Միտքերու եւ յոյզերու աշխարհին մէջ սէր զգալն ու զայն իւրացնելը կը թուի որպէս կեանքի գլխաւոր նպատակը։ Արդարեւ, սիրելը մարդկային ուժը մարմնաւորող գործողութիւն մըն է, որ կարելի է զգալ միայն ազատութեան պարագային, առանց հարկադրանքի: Թերեւս ամենէն շատ կը վախնանք մեր ծնողներու, երեխաներու, ամուսիններու սէրը կորսնցնելէ։ Երբ ուսումնասիրուին վարքերը, այս վախը անպայման դուրս կու գայ։ Իսկ ի՞նչ է իրականութեան մէջ սէրը, որ կը վախնանք կորսնցնելէ։

Սիրոյ կարեւորութիւնն ու արժէքը անվիճելի է։ Այնուամենայնիւ, երբ խօսքը կը վերաբերի սիրոյ հասկացութեան ու իմաստին, կան տարբեր կարծիքներ։ Բազմաթիւ մտածողներ սէրը սահմանած են տարբեր ձեւերով ու նոյնիսկ մէկզմէկու յղում կը կատարէին իրենց մօտեցումներուն մէջ։

Հոգեբոյժ Այրվին Եալոմ կ՚անդրադառնայ սիրոյ եւ կը պնդէ, թէ մարդոց փոխյարաբերութիւնները յաճախ կ՚օգտագործուին իրենց առանձնութիւնն ու սահմանները «մեղմացնելու» համար եւ անոնք կը փորձեն ոչնչացնել իրենց եսը՝ միաւորուելով ուրիշի մը հետ։ Ան կը պաշտպանէ այն գաղափարը, որ մենք կրնանք խօսիլ իսկական սիրոյ մասին, եթէ եսասէր չենք,  եթէ մեր մտահոգութիւնը հիմնուած է անոր գոյութեան հանդէպ անկեղծ յարգանքի վրայ եւ եթէ այդ սէրը կ՚աճի հետզհետէ։

Գերմանացի հոգեվերլուծաբան, ընկերաբան ու փիլիսոփայ Էրիխ Ֆրոմ իր «Սիրելու արուեստը» խորագրեալ գիրքին մէջ խորապէս վերլուծած է սիրոյ հասկացութիւնը։ Ան իր վերոյիշեալ գործին մէջ յայտնած է, թէ մարդիկ սիրելէ աւելի նպատակ ունին սիրուելու։ Անհատներ կը գործեն ո՛չ թէ իրենց, այլ ուրիշներու զգացումներու համեմատ եւ հետեւաբար կը սիրահարուին։ Էրիխ Ֆրոմ սէրը կը դիտարկէ որպէս մասնագիտութիւն։ Ան կը պնդէ, թէ անհրաժեշտ է գործնականօրէն սիրոյ տիրապետել, անոր մասին մասնագիտանալ՝ ինչպէս ճարտարապետութիւնը, ատաղձագործութիւնը… Ան կը բացատրէ, թէ սէրը ինքնին աշխատանքի աղբիւր է։

Էրիխ Ֆրոմի խօսքով, սէրը ո՛չ թէ միայն ստանալն է, այլ տալը։ Տալը կրնայ ոմանց համար նշանակել հրաժարիլ բանէ մը, կամ զրկուիլ անկէ։ Բայց ամուր անհատականութեամբ մէկու մը համար տալը զօրաւոր ըլլալու լաւագոյն արտայայտութիւնն է։ Տալու, նուիրելու ժամանակ ան կը զգայ ուժ, հարստութիւն, երջանկութիւն…։

Իրապէս ի՞նչ է սէրը: Մեզմէ քանի՞ն գիտէ այս հարցման պատասխանը: Անկասկած, սէրը շատ կարեւոր է բոլորիս համար։ Սիրոյ համար մենք կը ձգտինք սիրել եւ սիրուիլ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Մենք երջանիկ կ՚ըլլանք, երբ կը կարծենք, որ հասած ենք մեր ցանկացած սիրոյ։ Մենք նոյնիսկ կը համարձակօրէն կը գարուինք եւ այդպէսով կը փորձենք մեր սէրը յայտարարել։

Մարդիկ շատ բաներու կարիք ունին։ Երբեմն անոնք իրենց կարիքները լրացնելու համար կը դիմեն յարաբերութիւններու, ինչ որ կրնայ սէր թուիլ։ Ըստ Ֆրոմի, սիրելու ընդունակ են անոնք, որոնք ինքնաբաւ են ու կրնան մնալ առանձին։ Որովհետեւ այն անձը, որ ինքնուրոյն երջանիկ կրնայ ըլլալ, նոյնպէս երջանիկ կ՚ըլլայ փոխյարաբերութիւններու մէջ։ Մարդիկ բնաւորութեամբ եսասէր են: Իսկ սիրոյ պարագային կը փափաքին սէր ստանալ՝ քան տալ։ Եւ անոնք ջանքեր կը գործադրեն ստանալու համար զայն։ Անոնք միշտ կը մտածեն, թէ ինչպէս կրնան սիրուիլ։

Ըստ Էրիխ Ֆրոմի, իսկական հարցը սիրելն է։ Մարդը, որ սիրել գիտէ, կը ստանայ իրեն արժանի սէրը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2022