ԱՊԱԳԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏՒԿԻՆԸ՝ ՄԱՆԿԱԳԻՐ ԵՒ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ԻՐԵՐՈՒ ՍԻՐԱՀԱՐ
Անցեալ ամառ, հայ հանրութիւնը մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի ապագայ նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին, որ Լոնտոն բնակող հանրայայտ հէքեաթագիր եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է: 2017 թուականի ամրան՝ Յունիս ամսուն, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Սարգսեանի հէքեաթներու մատենաշարին շնորհանդէսը: Շնորհանդէսին յաջորդեցին Երեւանի մանկական թատրոններուն մէջ այդ հէքեաթներուն հիման վրայ բեմադրուած մանկական ներկայացումները: Ձեռնարկները շարունակուեցան նաեւ Արցախի մէջ, Երեւանի գրադարանները նոյնպէս մասնակից էին Նունէ Սարգսեանի հէքեաթներու մատենաշարը հայ մանուկներուն լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու գործին: Խօսուեցաւ, որ գիրքերը կը վերածուին նաեւ արեւմտահայերէնի, որպէսզի անոնք տարածուին նաեւ Սփիւռքի դպրոցներէն եւ գրադարաններէն ներս:
Նունէ Սարգսեանի գրելու հանդէպ սէրը արթնցած է դպրոցին մէջ՝ ուսանելու տարիներուն, երբ յաճախած է գրական խմբակ մը: Իր այս ձիրքին եւ մանուկներուն համար գրականութիւն ստեղծելու գործին անդրադարձած է նաեւ բրիտանական մամուլը:
«Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը հրապարակում մը պատրաստած է Անգլիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Սարգսեանի կնոջ մասին, որ ոչ միայն սէր ունի գրականութեան հանդէպ, այլ ունի զանազան նախասիրութիւններ եւս. ինչպէս՝ հազուագիւտ իրերու հաւաքածոյ մը ստեղծած է, բարձր արուեստի շունչով կահաւորած է իր տունը եւ այլն… Թերթը Նունէ Սարգսեանը ներկայացուցած է իբրեւ գեղեցիկով եւ նրբաշունչ առօրեայով ապրող կին մը, որ այդ գեղեցիկը կը փոխանցէ իր թոռներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց համար կարեւոր է բարին, լուսաւորը, արժէքաւորը:
Անգլիական թերթի նիւթին մէջ լրագրող Շարլոթ Փիրսօ Միթվէն զրուցած է Նունէ Սարգսեանի հետ, Թայմս գետին նայող Սար-գսեաններու հիւրասենեակին մէջ, ուր լրագրողը հիւրասիրած են բալով եւ ձմերուկով: Լոնտոնի լաւագոյն թաղամասերէն մէկուն՝ պատմական Չելսիի մէջ գտնուող հայերու յարկին տակ վայելելով արծաթէ սկուտեղով հիւրասիրուած պտուղը՝ լրագրողին ուշադրութիւնը իսկոյն գրաւած է տանտէրերուն «Լինլի» կահոյքի հաւաքածոն, որով զարդարուած է տան ամէն անկիւնը: Ապա զրոյցին ընթացքին պարզուած է, որ Նունէ Սարգսեան շատ մօտ է Թագաւորական ընտանիքի անդամ, ձեւագէտ եւ կահոյքի հռչակաւոր «Լինլի» ընկերութեան տնօրէն Տէյվիտ Լինլիի՝ Անգլիոյ թագուհիին զարմիկին հետ: Տէյվիտ Լինլի ընկերութեան պատկանող խանութներէն մէկուն մէջ, երկու տարի առաջ երեկոյթ մը կազմակերպած էր Նունէ Սարգսեանի վերջին՝ «Կախարդական կոճակները» գիրքին հրատարակութեան առթիւ: «Կախարդական կոճակները» Նունէ Սարգսեանի 14-րդ գիրքն է եւ անգլերէն առաջին գիրքը։ Հայաստանի ապագայ առաջին տիկինը տասն հայերէն եւ երեք ռուսերէն գիրք գրած է:
Անգլիացի լրագրողը իր նիւթին մէջ կը նշէ, որ Նունէ Սարգսեանի կահոյքի հաւաքածոն «Լինլի» ապրանքանիշի աշխարհի ամենամեծ հաւաքածոներէն մին է՝ անկրկնելի սեղաններով, աթոռներով, գրադարակներով, արթ-տեքօ ժանրի արուեստի գործերով, ճաբոնական արուեստի եւ հնագոյն վարպետներու գծած հազուագիւտ նմոյշներով, որոնք այդ տան մէջ կը դիտարկուին ոչ թէ որպէս կահոյք, այլ որպէս՝ արուեստի գործեր, որոնք այնպէս կը պահուին, որպէսզի փոխանցուին Սարգսեաններու յաջորդ սերունդներուն: Նունէ Սարգսեան լրագրողին պատմած է, որ Տէյվիտ Լինլիի հետ ծանօթացած է 1995 թուականին՝ Պէյրութ, հայ ընկերներէն մէկուն հարսանիքին եւ այդ ժամանակէն ի վեր մօտ են անոր եւ անոր կնոջ՝ Սերենային հետ: Բայց, լրագրողը կը նկատէ, որ Նունէ Սարգսեան ցուցամոլութեամբ չէ, որ կը պատմէ եւ կը ցուցադրէ այդ ամէն ինչը, այլ ան կրցած է թանկարժէք իրերուն հանդէպ հանգիստ եւ պատշաճ գնահատական մը ձեւաւորել: Միւս կողմէ, ծանօթ վարպետ Տէյվիտ Լինլի՝ արքայադուստր Մարկարէթի որդին, ինքն ալ իր կողմէ ջանացած է մտերմանալ Սարգսեաններուն հետ, որոնք Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ծանօթ են անթերի ճաշակով, գրականութեան, արուեստի, հնագոյն ժառանգութեան պահպանման հանդէպ իրենց վերաբերմունքով եւ լաւագոյն կրթութիւն ստացած են Խորհրդային Միութեան մէջ:
Նունէ Սարգսեան պատմած է նաեւ ընտանիքին եւ արքայզն Չարլզին մտերմութեան մասին։ Այդ մասին գիտեն նաեւ Հայաստանի մէջ. 2013 թուականին Արմէն Սարգսեան կազմակերպած է արքայազն Չարլզին այցը Հայաստան։ Նունէն նշած է, որ արքայազնն ու անոր կինը շատ մեծ փափաք ունին պահպանելու այն ժառանգութիւնը, որ նախնիներէն կու գայ եւ այդ փափաքը նաեւ Հայաստանի մէջ ձեւով մը իրանակութիւն պիտի դառնայ: «Հայաստանի մէջ պահպանուած են վաղ քրիստոնէական շրջանի եկեղեցիներ, իսկ մեր պազիլիքները եւ յուշարձանները լաւ վիճակի մէջ են։ Արքայազն Չարլզը շատ հաւնած է զանոնք», պատմած է Տիկին Սարգսեան։
Սարգսեանները ունին սեփական բարեգործական կազմակերպութիւն՝ Yerevan My Love, որ Երեւանի մէջ կը զբաղի 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի կիսաւեր շինութիւններու վերականգնմամբ՝ զանոնք վերածելով երաժշտական, հասարակական եւ մարզական կեդրոններու, որոնց մէջ անապահով ընտանիքներու երեխաները կարող են զարգացնել իրենց տաղանդը։
Կազմակերպութեան աշխատանքներով նաեւ կը զբաղի Նունէ Սարգսեան՝ Պաքինկհըմի եւ Վինձորի պալատներուն մէջ բարեսիրական երեկոներ, դրամահաւաքներ կը կազմակերպէ եւ այդ նախաձեռնութիւններուն կ՚աջակցի նաեւ արքայազն Չարլզը: «Արքայազնը կ՚աջակցի այդ ծրագիրներուն, եւ մեր բարեգործութիւնն ալ, իր կարգին, կ՚աջակցի անոր՝ արքայազնի Տամֆրիզներու տան վերակառուցման ծրագրին (Այրշիրի մէջ գտնուող Փալլատիական առանձնատունը, որ վերակառուցուած է տեղական համայնքին համար)», պատմած է Նունէ Սարգսեան:
Ան չէ թաքցուցած իր հիացմունքը Լոնտոնի հանդէպ, ըսելով, որ թէեւ Հայաստանն ալ շատ կը սիրէ, բայց Լոնտոնի նմանը աշխարհի վրայ չկայ:
Խորհրդային մտաւորականութեան ներկայացուցիչին դուստրը՝ Նունէ Սարգսեան, հակառակ որ խորհրդային տարիներուն լաւ կեանք ունեցած է, բայց ինքզինք ամբողջովին վերագտած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, որուն մասին երազած էր երեսուն տարեկանէն, երբ ամուսինին հետ առաջին անգամ Լոնտոն այցելած եւ հիացած էր: «Մեր ընտանիքը մեր երկրին մէջ մտաւորականութեան մէկ մասն էր: Երբ մեր հասարակութենէն ներս դասակարգեր չկային, կային պարզապէս շերտեր, եւ մենք երկրորդ շերտին մէջ էինք՝ առաջին շերտէն ետք, որուն կը պատկանէին քաղաքական գործիչները եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնց հասանելի էին արտասահմանեան ապրանքները եւ ճամբորդութիւնները: Մենք հարուստ չէինք, սակայն կրթուած էինք եւ բաւական գումար ունէինք սնուելու եւ հագ-ւելու համար: Ես երբեք զրկուածութեան զգացում չեմ ունեցած: Իմ մանկութիւնս վատ չէ եղած: Բայց կար զգացում մը, որ մեզի անընդհատ կը հետեւին: Իմ մայրս կ՚ըսէր՝ ուշադիր եղիր, կատակներ մի՛ ըներ, պատերը ականջներ ունին: Եւ դուն այդ մէկը կը զգաս երիտասարդ տարիքէն: Այս մէկը բան մըն է, որ ես երբէք չեմ մոռնար: Վախը ամէնուր էր, ահա թէ ինչպէս վարչակարգը այսքան երկար գոյատեւեց», ըսած է Նունէ Սարգսեան։
Հայաստանի ապագայ առաջին տիկինը անթաքոյց հպարտութեամբ խօսած է նաեւ իր ու ամուսնոյն՝ Արմէն Սարգսեանի յարաբերութիւններուն մասին:
Ապագայ ամուսինին ան հանդիպած է դպրոցի տարիներուն՝ տասնչորս տարեկանին, Արմէն Սարգսեանը՝ տասնհինգ։ Երկուքն ալ մտաւորական ընտանիքներու զաւակներ էին: Արմէն Սարգսեանի հայրը՝ Վարդան Սարգսեան, ճարտարապետ էր, Երեւանի եւ հայկական այլ քաղաքներու մէջ շէնքերու նախագիծեր հեղինակած է, իսկ Նունէ Սարգսեանի հայրը լրագրող էր՝ «Գիրքերու աշխարհ» թերթի խմբագիրը, մայրն ալ ուսուցիչ էր: Դպրոցական տարիներուն Արմէն Սարգսեան ընկերական խումբով այցելած է Նունէ Սարգսեանենց տունը եւ հիացած գիրքերու հաւաքածոյէն՝ գրապահարանէն ընթերցելու համար առած է գիրք մը, զոր իրեն հետ տուն տարած է: Նունէ Սարգսեանի հայրն ալ չէր սիրեր, որ իր գրապահարանի գիրքերը դուրս տարուէին եւ Նունէն, որպէսզի կանխէ հօրը զայրոյթը, փնտռած է Արմէն Սարգսեանը՝ ետ առնելու համար գիրքը: Այդպէս շարունակուած է մտերմութիւնը, միասին խաղացած են դպրոցական թատրոնին մէջ, յետագային երկուքն ալ Երեւանի Պետական համալսարան ընդունուած են, Արմէն Սարգսեան բնագիտութիւն ուսանելու, իսկ Նունէ Սարգսեան՝ լեզուներ: Աւարտելէ ետք Արմէն Սարգսեանը հրաւիրած են Քէյմպրիճ, բայց խորհրդային կառավարութիւնը չէ թոյլատրած: Ան այդ ժամանակ արդէն ամուսնացած էր:
Արմէն Սարգսեանը տասներեք անգամ հրաւիրած են զանազան համալսարաններ, եւ 1984 թուականին ան կրցած է մեկնիլ Մեծն Բրիտանիա, երբ անոնք արդէն երկու որդի ունէին՝ Վարդանը եւ Հայկը, որոնք այսօր 36 եւ 32 տարեկան են: Խորհրդային տարիներուն կինը եւ երեխաները իրաւունք չունէին հօր հետ լքելու երկիրը։ Նունէ Սարգսեան առաջին անգամ Լոնտոն մեկնած է անկէ քանի մը տարի վերջ, որ եղած է իր առաջին ճամբորդութիւնը արտասահման, հակառակ անոր որ Խորհրդային Միութեան տարածքին շատ ճամբորդած է:
Լոնտոնի մէջ Արմէն Սարգսեան աշխատած է Լոնտոնի համալսարաններէն մէկուն մէջ: Խորհրդային Միութեան անկումէն եւ Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Արմէն Սարգսեանին առաջարկած է զբաղիլ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն բանալու հարցով եւ անձամբ ներկայացնել Հայաստանը այնտեղ: Այս մէկը կարծես կ՚երազէին ամուսինները՝ Անգլիոյ մէջ աւելի հաստատուն բնակութիւն ունենալ: 1992-1996 թուականներուն միջեւ Արմէն Սարգսեան նախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր հաւատարմատարը, ապա՝ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն էր Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ: Միեւնոյն ատեն ան կը զբաղեցնէր Եւրոպայի մօտ Հայաստանի «աւագ դեսպան»ի, Եւրոպական Միութեան, Պելժիոյ, Հոլանտայի, Լիւքսեմպուրկի եւ Վատիկանի մօտ դեսպանի պաշտօնները:
1995-1996 թուականներուն ան Եւրոպական Միութենէն ներս Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարն էր:
1996 թուականին Արմէն Սարգսեան նշանակուած է Հայաստանի վարչապետ՝ դառնալով Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հինգերորդ վարչապետը: Կարճ տեւած է անոր վարչապետութեան շրջանը՝ 1996-1997 թուականներուն միջեւ, չորս ամիս: Արմէն Սարգսեան, ծանր հիւանդութեան պատճառով ստիպուած եղած է ձգել պաշտօնը եւ վերադառնալ Անգլիա՝ բուժուելու:
Բուժուելէ ետք ան շարունակած է դեսպանի գործը, 1998 թուականին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ երկրորդ անգամ նշանակուած է Հայաստանի դեսպան։ Ճիշդ է՝ որոշ ժամանակով կրկին ձգած է դիւանագիտական ծառայութիւնը՝ անձնական նախագիծերու սկը-սելուն համար, բայց երբ դեսպան նշանակ-ւած է երրորդ անգամ, երկկողմանի յարաբերութիւններ հաստատելու անոր ձիրքը նոյնիսկ նկատած է Էլիզապէթ Բ. թագուհին։
«Արմէն, դուն դեսպաններու մէջ ախոյեան ես: Արդէն երրորդ անգամն է, որ կը վերադառնաս մեր քով», ըսած է թագուհին։
Բրիտանական թերթին լրագրողը, որ հարցազրոյց վարած է Նունէ Սարգսեանի հետ, նկատած է անոնց բնակարանին մէջ, յատուկ շրջանակի առնուած լուսանկարը, ուր անոնք թագուհիին հետն են: Նունէ Սարգսեան չէ թաքցուցած իր վերաբերմունքը. «Զիս մեծապէս կը հիացնէ նորին մեծութիւնը: Ան չափազանց բարեգութ եւ խելացի է»։
Բացի այդ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայ նախագահին մասին վերլուծաբանները կ՚ըսեն, թէ ան նշանաւոր դիւանագէտ ու քաղաքական գործիչ է, կը շեշտեն, որ Արմէն Սարգսեան հայ տաղանդաւոր գիտնականներէն մին է, որ ներգրաւուած էր Արեւմուտքի հետ քարիւղային ու ելեկտրական բնագաւառներու գործարքներ կատարելու ասպարէզին մէջ, երբ Հայաստանը տնտեսական ազատութիւն ստացած է Խորհրդային Միութենէն՝ 1991 թուականին:
Անոր անունին հետ կ՚առընչուի նաեւ աշխարհահռչակ «Թեթրիս» խաղը, իբրեւ անոր ստեղծման օգնող մէկը: Այդ խաղը առաջին թուային խաղերէն է, որ հանրութեան ներկայացուեցաւ 1984 թուականին եւ խորքին մէջ թուային գլուխ կոտրուկ մըն է՝ խաղացողը կը փորձէ վերէն ինկող պատկերներուն միջոցաւ պաստառին վրայ շարքը ամբողջացնել…
Լրագրողը կը գրէ, որ Նունէ Սարգսեան, երբ զբաղած չէ ստեղծագործելով, բարեսիրական ծրագիրներով կամ դեսպանի կնոջ պարտականութիւնները կատարելով, կը սիրէ ժամանակ անցընել իր շան հետ. շունը անգլիական ազգային շուն նկատուող պուլտոկ տեսակի է՝ «Քոլօ» անունով: Նունէ Սարգսեան ժպիտով բնութագրած է նաեւ իրենց շունը, ըսելով, որ իրենց տան անդամն է, ընկերասէր է, քնկոտ եւ համակրելի… Իսկ անոր համար ամենէն երջանիկ օրը Կիրակին է, երբ ընտանիքին բոլոր անդամները կը հաւաքուին: 62-ամեայ Նունէ Սարգսեան երջանիկ մեծ մայր է. ունի թոռներ՝ չորս տարեկան Սաւաննան, երկու տարեկան Արմէնը, անոնք Վարդան Սարգսեանի եւ անոր ամերիկուհի կնոջ երեխաներն են: «Սաւաննան անսովոր երեւակայութիւն մը ունի: Ան գրքասէր է եւ կը սիրէ նստիլ ինծի հետ՝ պատմութիւններ գրի առնելու համար: Մենք կը գրենք մանր կենցաղային հարցերու մասին, որոնք կարող են շատ մեծ թուիլ երեխաներուն», անկեղծօրէն պատմած է դեսպանին տիկինը:
Նունէ Սարգսեան ըսած է, որ որդիները ինքզինքնին բրիտանացի կը զգան, բայց հպարտ են իրենց արմատներով։ «Ես կը կարօտնամ Հայաստանի մարդոց միջեւ պակաս պաշտօնական յարաբերութիւնները. այն, որ կրնաս ուղղակի զանգել ոեւէ մէկուն դուռը, սուրճ խմել, դատարկել մտահոգութիւններդ ու թեթեւցած տուն վերադառնալ: Մենք Երեւանի մէջ տուն ունինք եւ իմ քոյրս նոյնպէս Երեւան է, հետեւաբար յաճախ կ՚այցելենք», ըսած է Նունէ Սարգսեան: Լրագրողին հետ ան խօսած է նաեւ արձակուրդի սիրելի վայրի, սիրելի կերակուրներուն մասին։
«Արձակուրդի համար սիրած վայրը, բացի իմ գեղատեսիլ Հայաստանէն, Սարտինիան է, ուր ջուրը ամենէն զուլալն է, եւ Ճաբոնը, որուն պարզ ու նուազագոյն պատկերներով ստեղծուած արուեստն ու մշակոյթը հոգեհարազատ են ինծի: Համեղ ուտելիքը մանրացուած ընկոյզով կարմիր լուբիայի ապուրն է, այնուհետեւ սերկեւիլով եւ լոլիկով խարկուած գառնուկի միսը», ըսած է Նունէ Սարգսեան:
Աւագ որդին՝ Վարդան Սարգսեան կառավարման համակարգերու անվտանգութեան գործունէութիւն իրականացնող սեփական ընկերութիւն մը ունի: Իսկ Սարգսեաններուն կրտսեր որդին՝ Հայկը, տակաւին ամուսնացած չէ եւ կ՚աշխատի հօրը հետ, ներգրաւուած է Հայաստանի ապագայ նախագահի ձեռնարկատիրական գործունէութեան մէջ:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու առաջարկը Սերժ Սարգսեան Արմէն Սարգսեանին ընելէ ետք հայաստանեան մամուլը, անոր կենսագրութիւնը լոյսի տակ առնելով, գրեց նաեւ ապագայ նախագահին ձեռնարկատիրական գործունէութեան մասին: Մասնաւորապէս, ապագայ նախագահը զանազան տարիներու British Petroleum, Alcatel, Telefonica եւ այլ ընկերութիւններու խորհրդատուն եղած է: Ռուսական ամսագիրի մը տուեալներուն համաձայն՝ գրուեցաւ, որ Արմէն Սարգսեան կը ղեկավարէ ընդհանուր թիւով քսանհինգ ընկերութիւններ, որոնք ներդրումներ ըրած են Ռուսաստանի մէջ։ Ներդրումային ծրագիրներ առաջարկած են նաեւ Թիւրքմէնիստանին, ինչպէս նաեւ տնտեսական հետաքրքրութիւններ ունին այլ երկիրներու, այդ կարգին՝ Հայաստանի մէջ:
Նունէ Սարգսեան խոստովանած է, որ ամէն ինչով նպաստած է ամուսինին յաջող գործունէութեան, եւ այսօր իրաւունք ունի լիուլի ըմբոշխնելու ընտանեական կեանքը այն հաւատքով, որ ամէն զոհողութիւն լիովին արդարացուած է:
«Կը կարծեմ՝ իմ երազանքներէն զոհեցի յանուն ընտանիքիս բարեկեցութեան, սակայն երբեք չեմ զղջար ատոր համար: Երկու գեղեցիկ որդի ունիմ, որոնք խելացի են եւ հեռատես: Եթէ կեանքիս մէջ ունեցած եմ հիասթափութիւններ, ապա աշխատած եմ ի ցոյց չդնել զանոնք: Եթէ իմ կեանքը երբեւէ հիասթափեցնող եղած է, փորձած եմ ի ցոյց չդնել: Ցոյց տուած եմ միայն «երջանիկ դէմք», քանի որ այս է, որ իւրաքանչիւրը կը սպասէ ինձմէ: Երջանիկ մայր։ Տխուր դէմքը երբեք չ՚օգներ: Շատ դժուար է փոխյարաբերութիւններու մէջ գտնել ճիշդ հաւասարակշռութիւն: Արմէնը ուժեղ է, ես ալ ուժեղ եմ: Հնարաւոր էր, որ բախում տեղի ունենար, բայց ես ձգեցի, որ ան ըլլայ առաջնորդը, եւ ան կը գնահատէ այդ մէկը: Իմ ամուսինս միշտ կ՚ըսէ, թէ առանց ինծի ոչինչի կը հասնէր», ըսած է Նունէ Սարգսեան, եզրափակելով իր խօսքերը լրագրողին հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ