ԱՂՕԹՔ
Իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի մօտեցումի ձեւ մը առ Աստուած: Ոմանք առանձնանալով կը ջանան կեդրոնանալ ու խոկալ, ոմանք ալ արտասանութեան ձեւով կը կրկնեն այն, ինչ որ սորված են իրենց մեծերէն, յաճախ չհասկնալով իմաստը իրենց ըսածին: Ոմանք հրաժարելով աշխարհիկ կեանքէն, կը կապուին հոգեւոր կեանքին, կը զղջան իրենց անցեալին վրայ ու լալով վերջնականապէս կը հեռանան անկէ:
Հիմա կարելի չէ աղօթելու առիթ ընծայող պատճառները թուել, որովհետեւ անոնք բազմաթիւ են: Իւրաքանչիւր դէպք ունի իրեն յատուկ աղօթքը, եւ նոյնիսկ օրուայ քսանեւչորս ժամերուն, ամէն մէկ ժամ ունի իրեն յատուկ աղօթքը, օրինակ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին կողմէ գրուած «Հաւատով խոստովանիմ»ը:
Աղօթքին զօրութիւնը կախում ունի հաւատացեալին հաւատքին զօրութենէն: Ամէն մարդ ազատ է իր ուզած ձեւով աղօթելու, հաղորդակցութեան մտնելու Աստուծոյ հետ, պայման չէ մեր նախնիներուն գրած աղօթքները արտասանել. այլ պէտք է սրտաբաց ըլլանք Աստուծոյ առջեւ, թողութիւն խնդրենք մեր մեղքերուն համար, ամենայն անկեղծութեամբ մօտենանք եւ խնդրենք այն ինչ որ կը փափաքինք:
Թերեւս մեր խնդրանքները ուշանան կատարուելու, այդ պարագային պէտք չէ յուսահատիլ: Ինչպէս որ Ղազարոսի քոյրերը՝ Մարիամ եւ Մարթա Յիսուսին լուր ղրկեցին, որպէսզի գայ եւ բժշկէ իրենց եղբայրը, բայց Յիսուս ուշացաւ եւ Ղազարոս մեռաւ: Չորս օր ետք Յիսուս գնաց գերեզման եւ այդքան մարդոց առջեւ ցոյց տուաւ իր աստուածային զօրութիւնը, Ղազարոսին յարութիւն տալով:
Այսպէս, աղօթքով մեր խնդրանքները կը ներկայացնենք Աստուծոյ, որմէ ետք մենք զմեզ թեթեւցած կը զգանք. մեր հոգիները ծանրութենէ մը ազատած:
Ներկայիս աղօթելու երկու ձեւեր կան, առանձնական եւ հաւաքական: Առանձնականը կը կատարուի ուղղակի անձին եւ Աստուծոյ միջեւ, հոգիի կապակցութեամբ: Իսկ հաւաքականը կ՚ըլլայ եկեղեցիներու կամ աղօթարաններու մէջ, յատուկ ծէսով մը, որ մեր նախնիները տնօրինած են օրինաւորութեան եւ կոկիկութեան համար:
ԱՅՏԱ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ-ՍՐԱՊՈՆԵԱՆ