«ԼՈՒԻ ԺԴ. ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ»

Գա­տը­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան «Սիւ­րէ­յեա» օ­փե­րա­յին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լուի ԺԴ. Իս­թան­պու­լի մէջ» խո­րագ­րեալ պա­րոք հա­մերգ մը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին մեկ­նա­բա­նուե­ցան ե­րեք յայտ­նի հե­ղի­նակ­նե­րու՝ Մարք-Ան­թուան Շար­փան­թիէի, Ժան-Պա­թիստ Լիւ­լիի եւ Ժան-Ֆի­լիփ Ռա­մո­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Այս հա­մեր­գի ըն­թաց­քին թէ՛ նուա­գա­խում­բը եւ թէ երգ­չա­խում­բը ղե­կա­վա­րեց Ար­տա Ար­տա­շէս Ա­կօ­շեան։ Մե­ներ­գիչ­նե­րու շար­քին հան­դէս ե­կաւ պա­րի­թոն Գէորգ Դա­ւի­թեան, որ ներ­կա­յիս միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տնօ­րէնն ու գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուե­ցաւ եւ սրա­հը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցու­ցած ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով ունկնդ­րե­ցին կա­տա­րում­նե­րը։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015