ԵՍ ԵՒ ԴՈՒՆ (Բ.)

Եկաւ Նոր տարին: 2014 թուականը խուժեց մեր կեանք:

Յունուարի 2-ին որոշեցի շնորհաւորել իմ բոլոր սփիւռքահայ ընկերներու Ամանորը: Կարգով կը թերթէի իմ դեմատետրի ընկերներու ցանկը, երբ պատահաբար աչքիս զարկաւ Արին. «Ամօթ է, զինքն ալ շնորհաւորեմ»: Խորհեցայ ու շնորհաւորական հաղորդագրութիւն մը հաւաքեցի ստեղնաշարի վրայ. «Բարեւ Արի, ի սրտէ կը շնորհաւորեմ քու Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը: Մաղթելով քեզի ամենայն բարիք, երջանկութիւն ու յաջողութիւն»:

Պատասխանը չուշացաւ: Վայրկեաններ անց ստացայ պատասխան-նամակ: Ան ալ զիս շնորհաւորեց եւ գրեց, թէ աւաղ, այլեւս չի հաւատար երջանկութեան: Ես ամենայն անկեղծութեամբ անհանգստացայ: Փորձեցի հետաքրքրուիլ, թէ ինչո՞ւ այդքան երիտասարդ հասակին ան այլեւս կորսնցուցած է իր հաւատքը՝ հանդէպ երջանկութեան.

-Երկար ժամանակ է կը փնտռեմ, աւա՜ղ չեմ կրնար գտնել այն միակը, որուն իմ սիրտը կը փափաքի:

-Եթէ կ՚ուզես նկարագրէ այդ միակը: Ես կը փորձեմ քեզի օգնական ըլլալ: Գուցէ իմ ծանօթ-բարեկամներու, ընկերուհիներու մէջ կրնանք գտնել,- առանց որեւէ յետին միտքի առաջարկեցի ես:

Իմ առաջարկը վերջինիս սրտով էր: Ան սկսաւ նկարագրել.

-Կարեւորը, որ ըլլայ գեղեցիկ, խելացի, ընտանիքին նուիրեալ, մեծերը յարգող եւ սիրող մէկը, որ հոգ կը տանի, ակնածանքով կը վերաբերի ծնողքիս ու ազգականներուս...

Երկար պատմուածք մը գրեց: Անոր իւրաքանչիւր բառին մէջ ես տեսայ ինքզինքս: Այնքան մօտէն կը նկարագրէր զիս, որ այլեւս չկրցայ զսպել իմ համեստութիւնը.

-Ըսէ՛, զիս կը փնտռես: Քու ուզած աղջիկը ես եմ,- առանց երկար ու բարակ խորհելու պոռթկացի ես՝ չմտածելով հետեւանքներու մասին: Պարզապէս այդ պահուն անկեղծացայ: Է՜հ, եթէ այդպէս էր, ինչպէս իմ մէջ պահէի:

-Գիտեմ:

-Եթէ գիտես, ինչո՞ւ սար ու ձորով կ՚իյնաս:

-Սար ու ձոր չեմ իյնար: Փնտռեցի՝ գտայ: Այլեւս բաց չեմ թողներ:

-Է՜հ, մի՛ թողներ:

Ստեղնաշարի վրայ կը շարէի բառեր: Բնաւ լուրջ չէի վերաբերեր: Ասիկա ինծի համար խաղ մըն էր: Խա՞ղ... առանց կանոններու... Այդ վայրկեանին պարզապէս կը զուարճանայի: Տրուած էի պահի գայթակղութեան: Եւ բնաւ լուրջ չէի վերաբերեր Արիի ոչ մէկ խօսքին: Զոր օրինակ՝ այն, որ ան զիս հաւնեցաւ առաջին իսկ հայեացքէն: Իմ պատճառաւ չգնաց ընկերուհիին հետ հանդիպման, փոխարէնը նախընտրեց մինչեւ վերջ ուղեկցիլ Նշանին: Կամ այն, որ ինքը յարմար առիթ կը փնտռէր նորէն ինծի հետ խօսելու, հանդիպելու համար...

Իսկ ես հետեւանքներու մասին չէի խորհիր: Կտրուելով աշխարհէն, դառը իրականութենէն, մոռնալով իմ բոլոր հոգերը, մտովի փոխադրուեցայ մէկ ուրիշ աշխարհ ու կը վայելէյի զայն: Ամենակարեւորը ինծի կը թուէր, թէ Արին նոյնպէս կ՚ապրի նոյն զգացումները. խաղ մըն է, կատակ մը՝ որ վայրկեաններ, ժամեր անց պիտի աւարտի: Սակայն եկուր ու տես, որ ես սխալեցայ: Արիի պէս ծանրակշիռ, զուսպ ու լուրջ երիտասարդի մը համար սա ամենայն ճշմարտութիւն էր: Քանի մը ժամ այդպէս մնացի գամուած համակարգիչին դիմաց: Եւ այդպէս ալ մնացի գամուած մինչեւ անոր կողքին յայտնուիլը:

Գիշեր-ցերեկ կը շփուէինք հեռահար կապով: Յաճախ զիրար չէինք հասկնար՝ կը նեղուէի: Կամաց-կամաց սկսանք վիճելու: Երբեմն նոյնիսկ կը թուէր, թէ այլեւս վերջ: Սակայն այդ լոկ պատրանք մըն էր: Մենք այլեւս անքակտելի կապերով կապուած էինք իրարու: Քանի մը ժամ իրարմէ բաժ-նըւած չէինք կրնար մնալ: Թէպէտ կը գտնուէինք աւելի քան հազար քիլօմեթր իրարմէ հեռու, սակայն անընդհատ միասին էինք: Մեր բոլոր վէճերու մէջ կար քաղցրութիւն, ջերմութիւն, անսահման կարօտ մը: Որքան շատ կը վիճաբանէինք, այնքան շատ կը կապուէինք իրարու ու կը ճանչնայինք զիրար: Հետզհետէ սիրոյ գինին արբեցուց մեզ: Ամէն օր կում մը սէր կ՚ընբոշխնէինք:

Այդ ընթացքին, միաժամանակ, ես կը ջանայի ամբողջութեամբ չդառնալ Արիի սիրոյ գերին: Ես զինքը լաւ չէի ճանչնար: Անոր ընտանիքի մասին գիտէի ոչինչ: Իսկ ընտանիքը յոյժ կարեւոր էր ինծի համար: Նախ պէտք է ընտանիքը հաւնիլ, այնուհետեւ խորհիլ յետագայ քայլերու մասին:

Ի ուրախութիւն ինծի, այդ օրերուն իմ ընկերներէն մին առաջարկեց հինգօրեայ ճանապարհորդութիւն դէպի Իսթանպուլ: Վեց-եօթ հոգինոց զբօսաշրջիկներու խումբ մը ժողված էր, ես ալ կրնայի համալրել վերջիններուս շարքերը: Իսկ ինչո՞ւ ոչ... Ճիշդ ժամանակն է:

Շաբաթներ անց մեր օդանաւը վայրէջք կատարեց աշխարհի սիրտին մէջ՝ Պոլիս: Չափահաս տարիքիս առաջին անգամ նստայ օդանաւ: Անցայ ծովուն վրայով: Տեսայ անծայրածիր կապոյտն ու գեղեցիկ, անեզր քաղաքը: Թռչունի բարձրութենէն արդէն սիրահարեցայ Իսթանպուլին: Զգացի, որ այս իմ առաջին, սակայն ոչ վերջին այցն է աշխարհակեդրոն: Ինչպէս կը տեսնէք՝ չսխալեցայ:

Հիւրանոցի շեմին ինծի կը սպասէր Արին: Երեկոյեան հրաւիրուած էի իրենց տուն ընթրիքի: Բաւական պատասխանատու օր մըն էր ինծի համար: Պէտք է ծանօթանայի անոր ծնողներուն հետ եւ հնարաւորինս լաւ կարծիք ձեւաւորէի վերջիններուս մօտ իմ մասին:

Ահաւասիկ եկաւ երկար սպասուած պահը: Յուզմունքս աննկարագրելի էր: Մեծ դժուարութեամբ ինքզինքս հաւաքեցի եւ պատրաստ եղայ մեր առաջին հանդիպումին: Զաւէնիկի մեծ մայրը գեղեցիկ ու անմահական ընթրիքի սեղան պատրաստած էր իմ պատուին: Տեսակ-տեսակ աղցաներ, զանազան ուտեսներ, իսկ գլխաւոր ուտելիքը ձուկն էր, լման ձուկ: Առաջին անգամ իմ ափսէի մէջ կը տեսնէի լման ձուկ: Մենք ձուկը միշտ քանի մը մասի կը բաժնենք եւ կ՚ուտենք: Իսկ այսօր ես պիտի վայելէի մէկ ձուկն ամբողջութեամբ: Հազիւ կրցայ ընբոշխնել կէսը. մինչեւ այսօր կը յիշեմ պնակիս մէջ ձգած ձկան միւս մասը, այդ գիշերուան ձուկի համը մնացած է բերանիս մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի...

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021