ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ԶՈՅԳ ԽՐԱԽՃԱՆՔՆԵՐԸ՝ ԱՄԱՆՈՐԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Ամանորի ձօնուած երկու հաւաքոյթներով։ Այսպէս, Ուրբաթ երեկոյեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար նոր տարուան խրախճանք մը։ «Գարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսի ծրագրին պատրաստութիւնը վերահսկած էին՝ Նաթալի Եկէնեան, Լիզա Քէօսէտաղ, Մարալ Պալ եւ Ռոմինա Սինան։ Փոքրիկները հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով՝ արժանանալով ջերմ ծափողջոյններու։

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ծնողներ, կրթական մշակներ, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, որու փոքրիկ որդին եւս կ՚ուսանի Գարակէօզեան Տան մանկապարտէզին մէջ։ «Գարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ գործադրուած յայտագրէն վերջ բոլորը անցան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցը։ Փոքրիկներն ալ համախմբուեցան այստեղ եւ արդէն խանդավառութիւնը կրկնապատկուեցաւ՝ Կաղանդ պապուկի ժամանումով։ Կաղանդ պապուկը փոքրիկ գարակէօզեանցիներուն յանձնեց ամանորեան նուէրներ։

Մանկապարտէզի խրախճանքը աւարտին հասաւ ընդունելութիւնով, որու ընթացքին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին այս խրախճանքին բոլոր մասնակիցները։

Իսկ Շաբաթ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս Ամանորի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ, այս անգամ չափահասներուն համար։ Ծնողաց միութեան եւ դպրոցի տնօրէնութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, խնամակալութեան ալ աջակցութեամբ։ Գարակէօզեան Տան պարտէզին մէջ լարուած ընդարձակ վրանին տակ համախմբուեցան այս խրախճանքի մասնակիցները, որոնք հաճելի ժամանց ունեցան անմիջական զրոյցով եւ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Երեկոյթին մասնակից փոքրիկներուն համար ալ յարակից ծրագիր մը նախատեսուած էր «Գարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Ընդունելութեան սեղանին շուրջ համախմբուած հիւրերը Ամանորի սեմին իրարու հետ բաժնեցին անկեղծ բարեմաղթութիւններ։ Յակոբ Կիւլէչի կողմէ գլխաւորուած «Աւանդական» պարախումբը հանդէս եկաւ ժողովրդական պարերու ներկայացումով եւ խրախճանքի մասնակիցներէն ոմանք շուրջպար բռնեցին՝ Ամանորի նախօրեակին բարձր տրամադրութեամբ։

Մինչեւ ուշ գիշեր տեւեց այս խրախճանքը, որու մասնակիցներու շարքին էին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, յարակից մարմիններու պատասխանատուներ եւ հիւրեր։

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017