ԿԻՒՐՃԻԵՒԻ 150-ԱՄԵԱԿԸ
Կիւմրիի մէջ գործող գողտրիկ պանդոկը՝ «Վիլլա Կարս»ը զուտ պանդոկ չէ, այլ ան դարձած է մշակութային նշանաւոր կեդրոն մը, ուր յաճախ կը համախմբուին արուեստասէրներ, հայ եւ համաշխարհային մշակոյթի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները քննարկելու, հայ արուեստասէրին զանոնք ծանօթացնելու նպատակով: «Վիլլա Կարս»ի մէջ կը գործէ Կիւրճիեւեան կեդրոնը, որ հիմնադրած է նոյն պանդոկի հիմնադիր, Հայաստանի մօտ Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոս սենիէօր Անթոնիօ Մոնթալտօ, որ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ է:
Կիւրճիեւեան կեդրոնը կը կրէ հայ մեծ իմաստասէր, ճանապարհորդ, երաժշտահան եւ մտածող Կէորկի Կիւրճիեւի անունը: Կիւրճիեւեան շունչը կրող այդ կեդրոնին մէջ յաճախ կը նշուին հայ մեծ իմաստունի, համաշխարհային համբաւ ունեցող մտածողի տարեդարձը, սակայն այս տարուան տարեդարձի ձեռնարկները, որոնք տեղի ունեցան Յունուարի 15-16 թուականներուն, յոբելենական էին: Այս տարի լրացաւ Կէորկի Կիւրճիեւի ծննդեան 150-ամեակը: Անոր անունը կրող կեդրոնի մէջ դասախօսութեամբ, շարժանկարի ցուցադրութեամբ, համերգով, քննակումներով, նոր հայեացքով ներկայացաւ հոգեւոր ուսուցիչ, իմաստասէր, համաշխարհային հայ մտածող հռչակուած Կէորկի Իվանովիչ Կիւրճիեւ:
Կիւմրին պատահական վայր մը չէ, ուր սովորաբար տեղի կ՚ունենան կիւրճիեւեան ձեռնարկները: Աշխարհահռչակ հայազգի խորհրդապաշտ իմաստասէր Կիւրճիեւ Կիւմրի ծնած է 13 Յունուար 1866 թուականին, երբ քաղաքը տակաւին կը կոչուէր Ալեքսանտրապոլ: Ան որդին է յոյն գուսան ուստա Ատաշի եւ կիւմրեցի հայուհիի մը: Նախնական ուսումը Կիւրճիեւ ստացած է իր ծննդավայրի դպրոցին մէջ. հետագային, ծնողքի ուղեկցութեամբ փոխադրուելով Կարս, կրթութիւնը շարունակած է տեղւոյն վարժարանին մէջ: Կարսի մէջ ան իւրացուցած է տեղւոյն բնակիչներու սովորոյթները՝ Կարսը ըլլալով բազմամշակութային համակեցութեան բնակավայր մը, հնարաւորութիւն տուած է Կիւրճիեւին, որպէսզի ան սորվի ռուսերէն, յունարէն, թրքերէն ու հայերէն, եւ այդ լեզուները հետագային ազատօրէն կիրառած է իր ուսմունքները ձեւակերպելու ժամանակ:
Իր առաջին ուսումնառութեան տարիներուն՝ Ալեքսանտրապոլի ծխական եկեղեցիին կից դպրոցի մէջ Կիւրճիեւ եղած է բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի դասընկերը, իսկ հետագային, երբ Իսահակեան Փարիզ կը մնար, ան յաճախ Փարիզի մէջ կը հիւրընկալուէր բանաստեղծին կողմէ: Որոշ ռուս կիւրճիեւագէտներ կը նշեն, որ ան եղած է նաեւ Սթալինի դասընկերը՝ Վրաստանի Հոգեւոր դպրանոցին մէջ ուսանելու ժամանակ:
Ժամանակակիցներու վկայութեամբ՝ երիտասարդ Կիւրճիեւի վրայ խոր ազդեցութիւն գործած են իր հայրը եւ Ռուսաստանի զինուորականութեան մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Հ. Պորշը: Անոնք իր մէջ արթնցուցած են, ինչպէս ինք գրած է՝ «անփոխարինելի ճգնութիւնն ու ոգորումը ըմբռնելու համար երկրի վրայ մարդկային կեանքի ընթացքին իմաստը եւ անոր նպատակը»:
Իր ամբողջ իմաստասիրութեան նպատակը եղած է տալ պատասխանները այն հարցումներուն, թէ՝ ո՞վ է ինք, ինչո՞ւ ծնած է եւ արդեօք մահով կ՚աւարտի՞ կեանքը, թէ կայ այլ աշխարհ մը: Այս հարցերուն պատասխանները գտնելու մտահոգութեամբ, ուսումնատենչ Կիւրճիեւ սերտած է ռուս գրականութեան գիտական, իմաստասիրական, հոգեբանական, կրօնական այլեւայլ երկասիրութիւններ եւ հասած է այն եզրակացութեան, թէ գոյութիւն ունի «պահուած ու քօղարկուած ճշմարտութիւն մը», որ կարելի չէ գտնել գիտութեան ու գլխաւոր կրօններու մէջ: Կիւրճիեւ համոզում կը գոյացնէ, որ իր հարցումներուն պատասխանները միայն կարելի է ստանալ հնամենի աւանդութեանց ու հնադաւան գաղտնի ընկերակցութիւններու ուսուցումներուն մէջ: Բոլոր այս հարցումներուն պատասխանները ան փնտռած է իր ճամբորդութիւններու ընթացքին՝ ուսումնասիրելով զանազան ազգերու մշակոյթը, կրօնը, գիտութիւնը, հոգեբանութիւնը, իմաստասիրութիւնը, երաժշտութիւնը, պալէն եւ ստեղծած է իր սեփական ճշմարտութիւնը: Ան իր ճշմարտութիւնը բխեցուցած է հնագոյն արուեստներու ընդմէջէն, ճամբորդած է աշխարհի ամենէն հին երկիրները, ծանօթացած է ամենէն հին ազգերու հետ, տեսակցած է հոգեւոր հայրերու, խորհրդապաշտ եւ ծիսական կեանքով ապրող մարդոց, ապրած է անոնց հետ եւ անոնցմէ սորված է անոնց դաւանած վարդապետութիւններուն գաղտնիքները: Կիւրճիեւ ճամբորդած է Ասիա, Եգիպտոս, Հնդկաստան, Թիպէթ, Հռոմ: Ճամբորդական իր նօթերը ան գրառած է «Արտակարգ մարդերու հետ հանդիպումներ» խորագրեալ հատորով, որ հետագային վերածուած է նաեւ շարժանկարի:
«Ճշմարտութիւնը որոնողներ» արտակարգ այս անձնաւորութիւնները բաժնած է երեք դասակարգի համաձայն անոնց ունեցած «խորհրդանշական» նկարագրին, այլ խօսքով՝
ա.- Իրենց ֆիզիքականին վրայ կեդրոնացած անձեր,
բ.- Իրենց զգայնութեան վրայ կեդրոնացած անձեր,
գ.- Իրենց միտքին վրայ կեդրոնացած անձեր:
Արդարեւ, այս տեսութեան վրայ անիկա կառուցած է իր իմաստասիրութեան անսահմանելի ներգործութիւնը:
Գաղտնի վարդապետութիւններու եւ սրբազան աւանդութիւններու ուսումնասիրութեամբ Կիւրճիեւ կը հաստատէ, որ ներկայ ընկերային պայմաններու ներքեւ, մարդ էակը դադրած է ներդաշնակօրէն իր դերը կատարելէ: Ներդաշնակ կեանքի ապրելակերպ ունենալու համար կարեւոր է ինքնաշխատութեամբ նոր յատկութիւններ իւրացնել: Կիւրճիեւի համաձայն, այս ուսմունքը կարելի է կիրարկել գրական տեղեկութեամբ, երաժշտութեամբ եւ շարժմունքով, որոնք կը համապատասխանեն մարդու մտքին, զգայնութեան ու ֆիզիքական մարմինին:
Կիւրճիեւ սերտելով Ֆաքիրներու, վանականներու եւ Եոկիներու ուղղութիւնները, թերի գտած է զանոնք հասնելու համար ինքնաըմբռնումի եւ գիտակցութեան բարձրագոյն վիճակի: Այս յատկութիւնները փնտռող անհատներու համար, ան առաջարկած է թաքուն «աշխատանքներ» (արարքներ) զայն անուանելով միստիքական «չորրորդ ճանապարհը»:
1912 թուականին Կիւրճիեւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ կ՚ամուսնանայ լեհացի Ժիւլիա Օսթըրոսքայի հետ, ապրած է Թիֆլիզ, ապա՝ Պոլիս, վերջապէս մնայուն բնակավայր ընտրած է Ֆրանսան:
1924 թուականէն սկսեալ բազում ճամբորդութիւններ կատարած է դէպի Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ ու Գանատա՝ «Մարդու ներդաշնակ զարգացումի Հաստատութիւն» անուան տակ հիմնարկներ հաստատած եւ աշակերտներ ունենալով՝ տարածած է իր իմաստասիրութիւնը: Կիւրճիեւ կը սորվեցնէր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հասնիլ գիտակցութեան աւելի բարձր վիճակի, իրագործելով հոգեւոր ողջ կարողութիւնները, այն պարագային, երբ մարդոց մեծամասնութիւնը չի տիրապետեր մտքի ու մարմնի միասնական գիտակցութեան՝ ապրելով կեանքը ինչպէս «արթուն նինջ»:
Տարուէ տարի կ՚աւելնայ Կիւրճիեւի հետեւորդներուն թիւը: «Մարդու ներդաշնակ զարգացումի հաստատութիւն» հիմնարկին մէջ, Կիւրճիեւ աշակերտներուն կը սորվեցնէ ու ցոյց կու տայ հնարքը, որ երաժշտութեան, պարի ու ձեռային աշխատանքներու ճամբով կարելի է ներդաշնակօրէն զարգացնել անհատին ֆիզիքական, զգայնական ու հոգեկան աշխարհը:
Կիւրճիեւ քաջալերուած ձեռք ձգած յաջողութիւններէն մտածած է ընդհանրացնել «Աշխատանքի» դրութեան «չորրորդ ճանապարհը», որ իրապէս կարեւոր ազդակ է զարգացնելու եւ կատարելագործելու մարդու գիտակցութիւնը:
Նոյնիսկ իր ողջ եղած ժամանակ մեծ եղած է Կէորկի Կիւրճիեւի հետեւորդներուն թիւը եւ այսօր ալ, իր մահէն վաթսունեօթ տարի ետք, տարուէ տարի կ՚աւելնայ անոր ուսմունքներով հետաքրքրուած մարդոց քանակութիւնը, զանազան երկիրներու մէջ կը գործեն կիւրճիեւեան ուսմունքի կեդրոններ, որոնք կը շարունակեն պարի, կրօնի, գրականութեան, երաժշտութեան եւ այլ հնագոյն գիտութիւններու եւ ուսմունքներու միջոցով մարդոց ինքնաճանաչումն ու զարգացումը:
Իր կենդանութեան օրօք Կիւրճիեւը անուանած են առեղծուածային մարդ: Անկասկած, հայազգի Կէորկի Կիւրճիեւ 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարու սկզբի ամենէն մեծ դէմքերէն մին է։ Բացի իմաստասէր ըլլալէ, Կիւրճիեւ նաեւ երաժշտահան էր, 1920-ականներուն ան սկսած է գործակցիլ ռուս երաժշտահան Թոմաս տէ Հարթմանի հետ։ Արդիւնքին՝ ստեղծուած է հրաշալի երաժշտութիւն՝ համեմուած կովկասեան, արեւելեան եւ ռուսական ազգային տարրերով։ Որոշ ստեղծագործութիւններ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակեն մշակել ժամանակակից երաժշտահաններ, ինչպէս օրինակ՝ Քէյթ Ճարէթ եւ Տիգրան Համասեան:
Ահաւասիկ, այս առեղծուածային մարդն ալ, ութսուներեք տարեկան հասակին, 29 Հոկտեմբեր 1949 թուականին մահացած է Ֆրանսա եւ անոր մարմինը ամփոփուած է Fontainbleu Avon-ի գերեզմանատունը:
ԿԻՒՐՃԻԵՒԻ ԱՆՈՒԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ
Միւս կողմէ, Կուրճիեւի անուան ժողո-վըրդական նուագարաններու խումբին ձայնասկաւառակը առաջադրուած է աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկուն՝ հոլանտական «Edison Award»ի «Լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ» անուանակարգին եւ ճանչ-ցըւած՝ անուանակարգի յաղթող երաժըշ-տական նախագիծ:
Մրցանակը աննախադէպ յաղթանակ է, քանի որ «Edison Award»ը կը հանդիսանայ աշխարհի չորս ամենէն հեղինակաւոր մըր-ցանակաբաշխութիւններէն մէկը եւ իր հեղինակութեամբ ու կարեւորութեամբ կը համեմատուի ամերիկեան «Grammy Award», գերմանական «Preis der Schal-lplayyenkritik» եւ Ֆրանսական «Victoire» երաժշտական մրցանակաբաշխութիւններու հետ: Այս մասին կը վկայէ թէկուզ այն փաստը, որ 1960 թուականին ստեղծուած այդ մրցանակաբաշխութեան պատուոյ կոչումներուն արժանացած են այնպիսի հեղինակաւոր ստեղծագործողներ, օրինակ՝ համաշխարհային երաժշտարուեստի պսակ հանդիսացող արուեստագէտներ Շարլ Ազնաւուր, Մայքըլ Տէյվիս, Էմիլոու Հարրիս, Էրիք Քլեփթըն, Պոպ Ճէյմս, Ֆիլ Քոլինս, Ռայ Քուտըր, Սթիւի Ուոնտըր, Ռոպի Ուիլիըմզ, Վալերի Կերկիեւ, Եւկենի Կիսին, Կլաուտիօ Արաու, Փիէռ Պուլէզ եւ ուրիշներ: Մրցանակաբաշխութիւնը կ՚առաջնորդուի ամենաբարձր չափանիշներով՝ մրցանակներ շնորհելով միայն «բացառիկ արժէք ներկայացնող ձայնասկաւառակ»ներու:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Հոլանտայի Այնտհովըն քաղաքի «Ֆիլիփս» համերգասրահին մէջ, ուր ալ մրցանակը յանձնուած է Կիւրճիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու համոյթի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեանին:
Յաղթանակած ձայնասկաւառակը, որ կը ներկայացնէ հայազգի փիլիսոփայ, երաժիշտ, պարուսոյց, գրող Կէորկի Կիւրճիեւի երաժշտութեան ժողովրդական գործիքներու համար կատարուած մշակումներ, թողարկուած է 2011-ի Յուլիսին՝ գերմանական հեղինակաւոր «ECM Records» ընկերութեան կողմէ:
Էտիսընի մրցանակը հրատարակութեան միակ յաջողութիւնը չէ, քանզի թողարկման օրուընէ ան բազմիցս արժանացած է տարբեր մրցանակներու, երաժշտական աշխարհի ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մամուլի ամենաբարձր գնահատանքին:
Այսպէս, 2012 թուականին Հայաստանի «Ազգային երաժշտական մրցանակաբաշխութեան» ալպոմը ճանչուեցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն ժողովրդական ալպոմ, իսկ հրատարակութեան մասին ակնարկներ եւ յօդուածներ յայտնուեցան հեղինակաւոր պարբերականներու էջերուն մէջ, օրինակ՝ «BBC Music Magazine», «The Guar-dian», «The Financial Times», «The Independent», «USA National Public Radio», «NPR Music», «Mitteldeutsche Zeitung», «L’Unita», «LA LIBERT», «The Wire»: Աւելի՛ն, Աւստրալիոյ Պետական ձայնասփիւռը՝ «ABC»ն ձայնասկաւառակը ճանչցաւ շաբաթուան լաւագոյն ալպոմ, իսկ ամերիկեան «Q2» դասական երաժշտութեան ռատիօ ընկերութիւնը զայն անուանեց շաբաթուան լաւագոյն CD-ալպոմ:
Ձայնասկաւառակին մէջ Կիւրճիեւի մեղեդիները կը հնչեն կատարումով Կիւրճիեւի անուան ժողովրդական նուագարաններու խումբին, որ հիմնադրուած է 2008-ին Լեւոն Իսկենեանի կողմէ: Խումբին մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի լաւագոյն երիտասարդ կատարողներ: Համոյթը բազմաթիւ ելոյթներով շրջագայած է աշխարհի տարբեր երկիրներով՝ հանդէս գալով Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի, Պելժիոյ, Լեհաստանի ամենահեղինակաւոր բեմահարթակներուն եւ փառատօններուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024