ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՄԱՐԻԱՄ ՂԱՐԻԲԵԱՆԻ ՁԵՌԱԳՈՐԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, բացումը կատարուած է Չեխիայէն հայրենադարձած գեղանկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիբեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան: Ան արուեստագէտին մաղթելով ստեղծագործական նորանոր ձեռքբերումներ՝ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ներկայացուցած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները՝ Մարիամ Ղարիբեան հոգեւոր սնունդ ստացած ու ստեղծագործելու պարարտ հող գտած է Հայաստան կատարած պարբերական այցելութիւններու ժամանակ: Մարիամ Ղարիբեան ինքնատիպ արուեստագէտ մըն է, որ ունի իր ձեռագիրը, եւ իր այնքան քնքոյշ ու նուրբ հոգին կ՚արտացոլայ աշխատանքներուն, մասնաւորապէս՝ Այնթապի ասեղնագործութեան մէջ: Վստահ եմ, որ Մարիամի իսկական, նոր յաջողութիւնները պիտի թակեն դուռը, եւ մենք ա՛լ աւելի պիտի հպարտանանք եւ հիանանք անով` թէ՛ իբրեւ գեղանկարիչի, թէ՛ իբրեւ ասեղնագործի, թէ՛ իբրեւ հագուստներ ձեւաւորողի` հայրենիքի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս»:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան նշած է, որ քաղաքապետարանը սիրով եւ հպարտութեամբ աջակցած է Մարիամ Ղարիբեանի աշխատանքներու ցուցադրութեան կազմակերպման:
Արուեստագէտը շնորհաւորած են Հայկական արհեստներու զարգացման կեդրոնի փոխ-տնօրէն Անուշ Շարամբէեան, նկարիչ-յարդարանքի մասնագէտ Նուռ, ոճաբան-ձեւաւորող Արամ Նիկոլեան: Անոնք ընդգծած են, որ Մարիամ Ղարիբեան ժամանակակից զգեստներու ձեւաւորման մէջ օգտագործելով հայկական աւանդական ասեղնագործութիւնը՝ իր աշխատանքներուն մէջ իւրօրինակ ձեռագիրով համադրած է հինն ու նորը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Մարիամ Ղարիբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ Հայաստանի մէջ իր աշխատանքներուն ցուցադրութիւնը կազմակերպելու եւ բարձր գնահատանքին համար: Հայրենադարձ գեղանկարիչը իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Նուռին՝ աջակցութեան համար: «Ինծի համար այս ցուցահանդէսը կարեւորագոյնն է, որովհետեւ կազմակերպուած է հայրենիքի մէջ: Համոզուած եմ, որ մայր հողը ինծի ուժ պիտի տայ, եւ դեռ պիտի ստեղծեմ արժէքաւոր աշխատանքներ», ընդգծած է Ղարիբեան:
Մարիամ Ղարիբեանի աշխատանքներու ցուցադրութիւններ կազմակերպուած են Եւրոպայի շարք մը երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Չեխիոյ մէջ բնակած տարիներուն տեղւոյն հայ համայնքէն ներս Մարիամ Ղարիբեան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է` գեղանկարչութիւն եւ ասեղնագործութիւն դասաւանդելով հայկական շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ:
Երեւանի մէջ Մարիամ Ղարիբեանի աշխատանքներու տասնօրեայ ցուցահանդէսը արժանացած է մեծ հետաքրքրութեան։