Կոմիտաս Վարդապետ. Հայու Սրտին եւ Հոգիին Անզուգական Երաժշտութիւնը

Սեպտեմբեր 26-ի այս օրը, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր հանճարեղ զաւակներէն ամենէն սրտամօտին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած եւ աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։

Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրը ոչ միայն թեւաւորեց սեփական երգը հայուն, այլեւ՝ իր անձին անբասիր օրինակով, բարձրարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով ու հոգեւին խաչելութեան եղերական վախճանով՝ ինքնին երգը դարձաւ մեր ժողովուրդի ճակատագրին։

Մարմնաւորեց ու շնչաւորեց երգը՝ բարութեամբ ու արարումով մարդկային քաղաքակրթութիւնը հարստացնող հայութեան փառքին։

Աւազանի անունով Սողոմոն Գէորգի Սողոմանեան՝ Կոմիտաս Վարդապետ ծնած էր Քէօթահիա 26 սեպտեմբեր 1869-ին։ Տասնմէկ տարեկանին որբացած եւ յանձնուած էր Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի խնամատարութեան։ Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով՝ Սողոմոն անմիջապէս գրաւեց իր ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը, որոնք ոչինչ խնայեցին ի վերուստ երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական մշակման ու կատարելագործման համար։

Ապագայ Մեծն Կոմիտասի երաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ իր ուսուցիչը՝ Սահակ Ամատունի, որուն ղեկավարութեամբ պատանի Սողոմոն նուիրուեցաւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, հմտացաւ հայկական նոթաներուն եւ աշակերտական իր տարիները անցուց Արարատեան դաշտի հայութեան պահպանած հոգեւոր թէ ժողովրդական երգերը հաւաքելով, գրի առնելով եւ մշակելով։

Ստեղծագործական իր մշակումներուն ձեռնարկեց 1890-ին, Խաչատուր Աբովեանի, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ իր կրտսեր դասընկեր Աւետիք Իսահակեանի գործերը դաշնաւորելով։ 1891-ին, «Արարատ» հանդէսը լոյս ընծայեց իր «Ազգային Օրհներգ»ը՝ երկձայն, ինչպէս նաեւ եռաձայն ու խմբային կատարումներու համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնը, որուն բառերը Ճեմարանի աշակերտ Ա. Թաշճեանին կը պատկանէին։

1893-ին, Ճեմարանի ուսումնական շրջանը աւարտելով, անմիջապէս կոչուեցաւ Ճեմարանէն ներս ուսուցչութեան՝ երգ ու երաժշտութիւն սորվեցնելու, ինչպէս եւ Մայր Տաճարի երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու համար։ 1894-ին կուսակրօն քահանայի իր ուխտը կատարեց, իրեն շնորհուեցաւ 7-րդ դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ Կոմիտաս Կաթողիկոսի անունը։ 1895-ին արժանացաւ Վարդապետի աստիճանին եւ այնուհետեւ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին ճանչցուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետ անմահ անունով։

1896-ին, կարճ ժամանակով, Թիֆլիզի մէջ աշակերտեց Մակար Եկմալեանի՝ հարմոնիայի՝ դաշնաւորման դասեր առնելով եւ այնուհետեւ ուղարկուեցաւ Պերլին, Ռ. Շմիթի անուան մասնաւոր երաժշտանոցին եւ, ապա, Արքունական համալսարանին մէջ երաժշտական իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու նպատակով։

1896-էն 1899 Կոմիտաս Վարդապետ ապրեցաւ Պերլին, ուր ոչ միայն մեծահռչակ ուսուցիչներու հոգածութեան տակ կատարելագործեց իր ձայնամարզումն ու երաժշտական գիտելիքները, այլեւ՝ համերգային ելոյթներով ու երաժշտական կատարումներով հայ ազգային երաժշտութիւնը ծանօթացուց եւ սիրելի դարձուց օտար հասարակութեան։

Նոյն շրջանին արարեց նաեւ գերման մեծ բանաստեղծներու գործերուն վրայ հիմնուած երգեր, ռոմանսներ եւ խմբերգներ, որոնք միջազգային համբաւի արժանացուցին հայ հանճարեղ երաժիշտը։ Իբրեւ այդպիսին՝ Կոմիտաս Վարդապետ հիմնադիր անդամներէն եղաւ նորաստեղծ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան, որուն Պերլինի բաժանմունքին հրապարակային ձեռնարկներուն ելոյթ ունեցաւ հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող բանախօսութիւններով ու կատարումներով։ Վերադառնալով Էջմիածին՝ Կոմիտաս Վարդապետ եռանդով լծուեցաւ մէկ կողմէ մանկավարժական գործունէութեան, արժէքաւոր երաժիշտներու սերունդ հասցնելով, իսկ միւս կողմէ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի՝ ժողովրդական եւ գեղջկական մեր երգերու հաւաքման ու մշակման իր հետազօտութիւնները ամբողջացնելով։

1906-ին հրաւիրուեցաւ Փարիզ՝ իր յօրինումներն ու կատարումները ներկայացնելու ճոխ յայտագրով, նաեւ՝ դասախօսութիւններ կարդալու համար հայ ժողովուրդի ազգային՝ հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան վերաբերեալ։ Նոյնօրինակ ելոյթներու հրաւիրուեցաւ նաեւ Զուիցերիա, Վենետիկ եւ Վիեննա։ Աշխարհահռչակ երաժիշտներու վկայութեամբ՝ Կոմիտաս Վարդապետ արժանացաւ երաժշտական աշխարհի մէջ Ներդաշնակութեան եւ բազմաձայնութեան հազուագիւտ վարպետի կոչումին։

1910-ին սկսաւ Մեծ Վարդապետին կեանքի բախտորոշ շրջանը։ Էջմիածնէն տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր մանկավարժական ծաւալուն գործունէութեան զուգահեռ՝ համերգային եւ կատարողական նախանձելի ելոյթներ ղեկավարեց։ Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու հայաշատ գաղութները։ Այդ շրջանի իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Գուսան» (յետագային՝ «Հայ Գուսան») երգչախումբին կազմութիւնը։

1919-ին, արդէն ծանրօրէն հիւանդ՝ Կոմիտաս Վարդապետ տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր աւելի քան տասնհինգ տարի հոգեբուժական խնամքի արժանացաւ, բայց երբեք չապաքինեցաւ։

Եւ 22 հոկտեմբեր 1935-ին, իր ամբողջ ազգին խաչելութիւնը սեփական աչքերով տեսած Մեծն Կոմիտասը նաեւ մարմնապէս հեռացաւ մեր աշխարհէն։

Հայկեան Հանճարին երաժշտական դափնեպսակը հանդիսացող Մեծն Կոմիտասի աճիւնները տարուեցան Հայաստան, ուր իր վերջնական հանգիստը գտաւ հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ հիմնադիրն ու անզուգական վարպետը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018