ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԵՒ «ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ»ՆԵՐ
Բարեկամութեան մէջ առաջնահերթ են սէրը, համագործակցութիւնն ու վստահութիւնը։ Ըստ այդմ, բարեկամութեան թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ անհատական իմաստները շատ մօտ են իրարու։ Բարեկամութիւնը նաեւ կը նշանակէ «ընտանիք, զոր կրնանք ընտրել», «կամաւոր կապ հաստատել»։
Մեր բարեկամները միշտ մեզի հետ են, բայց մեր «կողմնակիցները» ոչ։ Ընկերը կը սրբէ արցունքները՝ առանց աչքին դպչելով, կը սիրէ առանց ցուցնելու եւ կը պատմէ՝ առանց խօսելու։ Առանց ընկերներու աշխարհիկ բարիքները ոչինչ են, առանց ընկերներու՝ կեանք չ՚ըլլար։
Ընկերները ժլատ են գովասանքի մէջ։ Անոնք կը նախընտրեն պարտուիլ ցաւով՝ քան յաղթել շողոքորթութեամբ: Ընկերները կը ցաւին, որովհետեւ ցաւը դասեր կու տայ: Ընկերոջ վէրքը բոլոր վէրքերու ամենախորն է։ Ընկերները նման են աստղերու. երբ կը մթննայ, նախ անոնք կը յայտնուին: Ընկերները անկոչ կու գան մեր մռայլ օրերուն: Ընկերները ձեռք կ՚երկարեն մեզի տխուր ժամանակներուն։
Բարեկամութիւնը առաքինութեան ու սրտի գործ է, ընկերը՝ առաքինի մարդ։ Առաքինի ընկերը կը բարդացնէ կեանքը՝ ցոյց տալով իրականութիւնները, իսկ խաբեբայ կողմնակիցը կը հեշտացնէ՝ հետզհետէ դժուարացնելով զայն: Ընկերները չեն վնասեր ուրիշները: Անոնք երբեք մեզ չեն բարձրացներ՝ նուաստացնելով ուրիշները։ «Կողմնակիցները» կը բաժնեն մարդիկ, իսկ ընկերները՝ կը միաւորեն ու կը վիրակապեն։
Ընկերները կը սիրեն, իսկ «կողմնակիցները» սիրել կը ձեւացնեն։ «Կողմնակիցները», իրականութեան մէջ, չեն սիրեր։ Երբ ստանան այն, ինչ որ կ՚ուզեն, կը մատնուիք առանձնութեան ու վիշտի։ Ընկերները պարզ են, անկեղծ, «կողմնակիցները»՝ խորամանկ եւ իմաստուն: Եթէ ինծի հարցնէք՝ ի՞նչ կ՚ընեն այս խորամանկները։ Անոնք ընդհանրապէս կը սահին դէպի նենգութիւն։ Իրենց շահու համար կ՚ընեն ամէն ինչ։ Իսկ ընկերները՞։ Անոնք կը դիմանան, անձնազոհ կ՚ըլլան, կը պարտուին, որպէսզի մենք յաղթենք։
Ընկերները վրէժ կը լուծեն։ Բայց ինչպէ՞ս: Անոնք վրէժ կը լուծեն ո՛չ թէ ցաւ, այլ ափսոսանք պատճառելու համար։ Իսկ «կողմնակիցները» վրէժ կը լուծեն՝ վնասելու համար։ Անոնք ամենախոր վնասը կը հասցնեն միշտ «իրաւացի» ըլլալով։ Ընկերները կը համագործակցին իրարու հետ, «կողմնակիցները»՝ խորամանկութեամբ։ Անոնք իրենք զիրենք կը կարծեն իմաստուն։
Ընկերները միշտ անկեղծ են, «կողմնակիցները»՝ պատրաստ են ստելու: Եթէ անոնք գտնեն հնարաւորութիւն, կը գովաբանեն ձեզ։ Անոնք կը կանգնին հայելիի ետին՝ իրենց հսկայ հայելին ուղղելով դէպի ձեզ։ Կ՚ըսեն այն, ինչ որ կ՚ուզէք լսել, ճշմարտութիւնը միայն ընկերներն ու բարեկամութիւնն է։ Ընկերը այն անձն է, որ կրնաք վստահիլ, բաժնել ձեր ունեցածը, հաւատալ, սիրել, ժամանակ անցընել, նոյնիսկ վիճաբանիլ եւ յետոյ հաշտուիլ։
Բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանելու համար անհրաժեշտ է տեղեակ ըլլալ իրարու կեանքի կարեւոր երեսակներուն եւ մշտապէս ցոյց տալ, որ հոգ կը տանիք անոնց նկատմամբ: Մէկ խօսքով՝ բարեկամութեան պահպանումը կը պահանջէ փոխադարձ նուիրում։ Ընկերները կ՚աջակցին ձեզի, երբ դուք ընկճուած էք, բանի մը համար կը պայքարիք կամ մոլորուած կը զգաք։ Հաւանական է, որ առաջին հերթին հեռաձայնէք ձեր ընկերներուն եւ օգնութիւն խնդրէք։ Անոնք անվերապահօրէն կ՚օգնեն ձեզի՝ փոխարէնը ոչինչ ակնկալելով: Անոնք կ՚ուրախանան ձեր յաջողութիւններով ու յաղթանակներով այնքան՝ որքան իրենցինը, երբեմն նոյնիսկ աւելին եւ չեն նախանձիր ձեզի։
Թէեւ ընկերոջ հետ ֆիզիքապէս բաժանուիը կը խանգարէ ձեզ, բայց ձեր միջեւ սիրոյ կապը երբեք չի փոխուիր՝ նոյնիսկ երբ ամիսներ կամ տարիներ անցնին…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ