ՊՈԼՍԱՀԱՅԸ՝ ԸՍՏ ՇԻՐՎԱՆԶԱՏԷԻ

1919 թուականի օգոստոսին հայ թատերագիր, գրող Շիրվանզատէն (Ալեքսանտր Մովսիսեան, 1858-1935թթ.) կ՚ուղեւորուի Իսթանպուլ: Ինչպէս ինք կը նկարագրէ՝ կը փախչէր արեւելահայ իրականութենէն, որ այլեւս անտանելի դարձած էր իրեն համար: Իբրեւ գրող, Շիրվանզատէն այդ ժամանակ դժուար կը ստեղծագործէր, քանի որ անիմաստ կը տեսնէր ստեղծագործել երկրի մը մէջ, որուն ժողովուրդը հեռացած էր գրականութենէն եւ միայն ստամոքսի հարցերով զբաղած էր: Եւ գրողը կ՚որոշէ շոգենաւով ճամբորդել Արեւելք եւ տեսնել հայ ժողովուրդի ցիրուցան բեկորները, զրուցել իր հայրենակիցներուն հետ, հաղորդակից ըլլալ անոնց հոգերուն ու ցաւերուն եւ փոքր-ինչ հանգստութիւն գտնել օտար ափերու մէջ…

Պաթումէն ճամբայ ելլելով, գրողը կ՚ըլլայ արեւելեան քանի մը երկրի զանազան քաղաքներու մէջ, իսկ առաջին կանգառը Տրապիզոնն էր, ուրկէ ալ կ՚անցնի Իսթանպուլ: Հակառակ որ ծրագրած էր Պոլիս մնալ մօտ երկու շաբաթ, բայց պարագաները այնպէս մը կը դասաւորուին, որ Շիրվանզատէի Պոլիս կեցութիւնը կը տեւէ երեք ամիս: Ան իջեւանած է Թոքաթլեան պանդոկներէն մէկուն մէջ: Յետագային այդ ճամբորդութեան մասին գրած է ուղեգրութիւն մը, ուր մանրամասն նկարագրած է պոլսահայերուն հետ իր առընչութիւնները եւ մանաւանդ ուշագրաւ դիտարկումներ կատարած է Պոլսոյ հայ կիներուն մասին: Երեք ամիսը քիչ ժամանակ մը չէ՝ ճանչնալ քաղաք մը եւ անոր մարդիկը, ուստի հետաքրքրական է տեսնել, թէ արեւելահայ գրողը ասկէ հարիւր տարի առաջ ինչպէ՛ս տեսած է պոլսահայը, ի մասնաւորի, Պոլսոյ մէջ ապրող հայ կինը: Հայ մեծ գրողի ուղեգրութենէն Պոլսոյ նուիրուած մասը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէն:

ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Երբ հայ լրագիրներէն յայտնուեցաւ իմ Պոլիս գալս, այլեւս ժամանակիս մեծ մասը իմը չէր: Քանի մը պարտաւորական այցեր եւ անթիւ հաճելի այցելուներ, որոնցմէ շատերուն համակրելի կերպարը առմիշտ պիտի մնայ իմ յիշողութեանս մէջ:

…Պոլիս մտնելու յաջորդ օրուընէ հաճոյքն ունեցայ ինքզինքս շրջապատուած տեսնելու կարգ մը համակրելի երիտասարդներով:

Մէկ մասը թատերասէրներ էին, ունէին թատերական ընկերութիւն մը եւ կանոնաւոր դերասանական խումբ, որոնք քաղաքակրթութեան տեսակէտէ թերեւս անհամեմատ աւելի մեծ գործ կը կատարէին, քան մեր անթիւ քաղաքական գործիչները:

Խումբին մէջ կային քանի մը անվիճելի ձիրքեր: Թատերական ընկերութիւնը, որուն ղեկավարներուն մէջ էր նաեւ «Կավռօշ» զաւեշտաթերթի խմբագիր, սրամիտ եւ քիչ մը «սատանայե» Թօլայեանը, իմ ներկայութեամբս Պոլսոյ մէջ եւ անոր շրջակայքը խաղաց իմ թատրերգութիւններէն մի քանին, «ի պատիւ հեղինակի»: Այդ ներկայացումները ինծի առիթ տուին շփուելու Պոլսոյ հայութեան հետ եւ յուզմունքով վայելելու անոր յարգանքի այնքան խանդավառ ցոյցերը: Արտայայտութիւններ, որոնք ես ամբողջովին կը վերագրեմ պոլսահայերու ջերմ սիրոյն՝ հանդէպ մայրենի գրականութիւնը եւ թատրոնը:

Տեղին է ըսելու, որ այդ ներկայացումներուն ես կրկնակի համոզուեցաւ, որ արեւմտահայերու եւ արեւելահայերու համազգային համերաշխութեան ամենաամուր շաղափը կարող են ըլլալ գրականութիւնն ու թատրոնը, այսինքն՝ մայրենի լեզուն: Քաղաքականութեան հողը չափազանց լպրծուն է: Յամենայն դէպս մեր այժմեան քաղաքագէտներուն ու ղեկավարներուն մանկական ոտքերը շատ տկար են՝ այդ հողին վրայ հաստատուն կանգնելու համար:

Թատերասէրներուն կից իմ բարեկամներս էին երիտասարդ գրողները: Կը յիշեմ, երբեք պիտի չմոռնամ Վ. Եարճանեանը, որուն քերթուածները նոյնքան զօրեղ թուեցան ինծի, որքան եւ իր ողբացեալ եղբօր՝ Սիամանթոյին ստեղծագործութիւնները: Ոչ պակաս հաճելի է ինծի մտաբերել իրաւաբան Պախտիարի բովանդակալի զրոյցները, կատակները եւ հետաքրքրական տեղեկութիւնները՝ թուրքերուն կեանքէն:

Ատկէ զատ, ամէն ինչին հետ միասին ինծի համար վշտալի էր չգտնել Գրիգոր Զօհրապը, Սիամանթոն, Վարուժանը, Ռուբէն Զարդարեանը... Դառն էր տեսնել անոնց տեղերը թափուր եւ չգիտնալ իսկ, թէ ո՞ւր նեխած են անոնց յօշոտուած մարմինները…

***

Իմ թափառող ու որոնող հոգւոյն համար սփոփանք էր տեսնել մեր տաղանդաւոր երգիծաբանին, որուն անունին անմահացման համար բաւական է միայն «Ծապլվարը»:

Պատահեցայ ես Երուանդ Օտեանին առաջին անգամ Թոքաթըլիի ճաշարանը, ճիշդ այն երանելի վիճակին մէջ, որ միակ հաճելին է իրեն համար: Առանց գիտնալու ո՛վ ըլլալը, զգացի, որ սովորական մահկանացուներէն չէ: Տաղանդները փոքրիկ արեգակներ են, որ ունին իրենց ճառագայթները: Միջահասակ, նրբակազմ, փոքր-ինչ կորամէջք (արդեօք միտքերու ծանրութենէ՞ն), յստակ ածիլուած երեսով ու շրթունքներով, խորաթափանց ու ժպտուն աչքերով՝ ահա Օտեանը: Ի՜նչ մեղմ եւ հեգնող, բարի եւ սուր, ի՜նչ մարդասէր եւ մարդագէտ նայուածք: Եւ ի՜նչ թաւշեայ, անուշ վառ ձայն:

Ես ոգելից ըմպելիներու թշնամիներէն չեմ, ի՞նչ մեղքս պահեմ, բայց երբեք ոչ մէկ գաւաթ զայն հաճոյքով չեմ պարպած, ինչպէս պարպեցի Օտեանին՝ ինծի առաջարկած առաջին բաժակը անգլիական ուիսքիի: Եւ այդ օրուընէ ես դարձայ անոր ամենօրեայ բաժակակիցը: Ճիշդ է, շատ անգամ Օտեանը սրճարան կու գար արդէն «պատրաստ», բայց ես ալ չէի զլանար շուտով պատրաստուիլ, թէեւ երբեք կարելի չէր հասնիլ անոր աստիճանին: Եւ մենք, գլուխնիս տաքցուցած, ժամերով կը խօսէինք, երբեմն մինչեւ ուշ գիշեր: Ան կը պատմէր տաժանակիր աքսորին մէջ կրած իր տառապանքները, ես կը պատմէի Կովկասի կեանքէն: Բայց մեր զրոյցները գլխաւորապէս գրականութեան ու արուեստներու շուրջ կը դառնային: Կը սիրէի անոր սրամիտ դիտողութիւնները գեղեցիկին մասին, անոր կարկառուն միտքին անակնկալ թռիչքները: Եւ այսօր կը դժուարանամ յիշել ամբողջ հայութեան մէջ գրիչի մէկ ուրիշ մարդ, որ ունենար Օտեանին չափ նուրբ ըմբռնողութիւն՝ գեղեցիկ գրականութեան եւ գեղեցիկ արուեստի մասին: Երուանդ Օտեանը գրող մըն է եւրոպական իմաստով, անոր արժէքը տակաւին չէ գնահատուած հայութեան կողմէ: Եւ ինծի համար ցաւալի էր տեսնել, որ մեր միակ երգիծաբանը իր օրուան ապրուստը վաստկելու համար ստիպուած էր իր ամբողջ ժամանակը նուիրել լրագիրներուն:

Լրագիրը խոշոր մտքի ուտիճն է:

Կը ցաւիմ, որ միայն մէկ անգամ պատեհութիւն ունեցայ տեսնելու թրքահայ գրականութեան մէկ ուրիշ ներկայացուցիչը՝ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, այն ալ շատ կարճ միջոցով: Առիթ չունեցայ ոչ մէկ վայրկեան անոր հետ ընկերաբար խօսելու, որովհետեւ ստիպուած էի պաշտօնական քօղ պահել երեսիս վրայ՝ ի պատիւ ինծի տրուած թէյասեղանին՝ Հայկական Ակումբին՝ պատկառելի եւ զուսպ այդ ընկերութեան մէջ: Այնտեղ էր, որ հանդիպեցայ Թէքէեանին:

Տեսայ Սուրէն Պարթեւեանը, որ թրքահայ անուանի գրողներէն մէկն էր: Ան ինծի տուաւ կարդալու իր նոր գրած երկու թատերական երկերը, որոնք պիտի խաղացուէին: Կար ծանր միտք մը, որ այդ մարդը կը հալածէր, դարձնելով անոր լռակեաց եւ մտախոհ: Ան կը թափառէր քաղաքէ քաղաք իր սիրտի ընտրեալին հետ, ինչպէս բունէն արտաքսուած թռչուն: Եւ ոչ մէկ տեղ հանգիստ կը գտնէր անհանգիստ լեզուներու բամբասանքներէն…

Ռուսահայերը քիչ մը թիւր գաղափար ունին Պոլսոյ հայութեան մասին: Տարիներու ընթացքին Թիֆլիզի գրողները, սկսած դիւրաբորբոք Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»էն, իրենց ականջները ընտելացուցած են «հոսհոս» ածականին: Կեղծ իմաստուններն այսօր ալ երբեմն կը կրկնեն այդ բառը, առանց խիղճի խայթի:

Եթէ «հոսհոս» կը նշանակէ թեթեւամիտ, ապա ես, ի սէր իմ ազգիս, կը փափաքէի Թիֆլիզի եւ Պաքուի հայութիւնը տեսնել այնքան թեթեւամիտ, որքան Պոլսոյ հայութիւնը: Արդեօք պոլսահայը հոսհո՞ս է այն պատճառով, որ իր մայրենի լեզուն կը խօսի այնքան մաքուր, այնքան գեղեցիկ, գիտնալով միաժամանակ մէկէ աւելի եւրոպական լեզուներ: Իսկ ռուսահայը խելամիտ է եւ ծանրաբարոյ, որովհետեւ չգիտնալով իր մայրենի լեզուն, կանոնաւոր չի գիտեր յաճախ նաեւ ոչ մէկ օտար լեզու:

Հասարակական վայրերու, ընկերական շրջանակներու, թատրոններու մէջ եւ ընտանիքներէն ներս պոլսահայը գիտէ զինք պահել աւելի վայելուչ, քան՝ ռուսահայը: Ան զուսպ է, շրջահայեաց, գիտէ կշռել իր ամէն մէկ խօսքն ու նոր միայն արտասանել: Ան մոլորեալ չէ եւ շփոթուիլ չի գիտեր: Զուարթ չէ ռուսահային չափ, բայց աւելի կիրթ է: Այն, ինչ ռուսահայը կը կոչէ պարզութիւն, պոլսահային հայեացքով կոպտութիւն է: Եթէ լաւ դիտենք, կը տեսնենք, որ այս տեսակէտէ շատ պարագաներու պոլսահայը իրաւացի է: Արդարեւ, ռուսահայը յաճախ պարզութեան կամ անկեղծութեան քօղին տակ մէկ կոշտ խօսքով կը վիրաւորէ իր բարեկամին սիրտը ու կը թունաւորէ անոր օրը: Եւ կը կարծէ, թէ յաւիտենական ճշմարտութեան գանձարանին մէջ անգին գոհար մը ձգեց:

Ռուսահային համար շողոքորթութիւն է, երբ պոլսահայը զինք կը դիմաւորէ ժպիտը երեսին եւ հաճոյախօսքը շրթունքներուն վրայ: Ան չի գիտեր, որ այդ ժպիտը ու այդ քաղցր խօսքը որոշ քաղաքակրթութեան շողեր են: Բայց միեւնոյն ժամանակ ան կը զմայլի ֆրանսացիի քաղաքավարութեամբ, երբ ան ամէն քայլափոխի կ՚արտասանէ իր աւանդական «pardon»ը կամ «je vous en prie»ն:

Ճիշդ է՝ պոլսահայը ընկերական յարաբերութիւններուն մէջ զուսպ է, գաղտնապահ: Ան իր խօսակցին կանուխ չի բանար իր սիրտը եւ կը զգուշանայ անմիջական վստահութիւն արտայայտելէ: Նուրբ կամ վտանգաւոր խնդիրներուն մասին խօսելու ժամանակ՝ յանկարծ կը լռէ եւ իր հայեացքը կը սեւեռէ պատերուն կամ առաստաղին: Ան կը ձգէ, որ դուք կռահէք իր միտքը, եթէ կարող էք: Ճիշդ է, յաճախ պոլսեցիի դէմքը կը սքօղուի Սփինքսի խորհրդաւորութեամբ, երբ այդ մէկը բոլորովին աւելորդ կ՚ըլլայ եւ երբեմն՝ ծիծաղելի: Դուք շատ անգամ կը դժուարանաք կռահել կատա՞կ կ՚ընէ պոլսահայը, թէ՞ լուրջ կը խօսի, կը ծաղրէ ձեզ իր միտքին մէջ, թէ՞ կը յարգէ:

Այդ բոլորը ռուսահայը կը շփոթեցնեն եւ կասկածներ կը յարուցանեն անոր մէջ: Բայց ամէն ինչ հասկնալի կը դառնայ, երբ կը յիշեք այն սոսկալի պայմանները, որոնց մէջ պոլսահայը ծնած ու սնուած է: Վերջապէս, ինչո՞ւ վստահ պիտի ըլլայ, թէ ռուսահային պարկեշտախօսութիւնը միշտ ալ խելացի է կամ հաճելի:

Կ՚ըսեն, թէ պոլսահայը շահամոլ է: Ահա մոլորութիւն մը, որ պէտք է հալածել, ինչպէս եւ պէտք է մէկ անգամ եւ առմիշտ ռուսահային բառարանէն դեն նետել «հոսհոս» բառը: Շահամոլութիւնը ազգերու կամ քաղաքներու արտօնութիւնը չէ: Շահամոլ կամ ոչ շահամոլ են անհատներ:

Ժլա՞տ է արդեօք պոլսահայը բարի գործերուն համար, ինչպէս վարժ են կրկնել ռուսահայերը: Ո՛չ: կամ նոյնչափ ժլատ է որչափ բոլոր հայ մարդիկ բոլոր երկիրներուն մէջ: Ո՞վ կը պահպանէ Ազգային հսկայական հիւանդանոցը, Կեդրոնական վարժարանը, միջնակարգ ու տարրական դպրոցները, բազմաթիւ որբանոցները, տասնեակ ընկերութիւնները, լրագիրները եւ այլն եւ այլն:

Այո՛, պոլսահայը չունի ռուսահային թափը ազգային հանգանակութիւններուն մէջ, բայց ան չէ ունեցած նաեւ անոր միջոցները: Չէ ունեցած ո՛չ նաւթային շատրուաններ, ո՛չ պղնձեայ հանքեր, ո՛չ հսկայական կալուածներ ու անտառներ: Չէ ունեցած արագ հարստանալու ոչ մէկ միջոց: Ան իր համեստ հարստութիւնը վաստկած է փարայ-փարայ, մրցելով գերմանացիներու, անգլիացիներու, յոյներու եւ հրեաներու պէս վագրերուն հետ: Ահա ինչու այսօր վաճառականութեան մէջ ան բիւր անգամ աւելի ճարպիկ է, քան` ռուսահայը, եւ ոչ պակաս բարերար, քան ան, եւ ոչ աւելի ժլատ, քան՝ ան:

(Յաջորդիւ՝ «Պոլսահայուհին»)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022