ԿԵԱՆՔԻՆ ԻՄԱՍՏԸ ԿԱՄ ԱՆԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ -Բ-

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի իմաստին եւ արժէքին մասին՝ աւելի լայն տեսանկիւնէ մը դիտելով հարցը։

Կեանքը իմաստալից կը դարձնէ կեանքի որակը (որակ ըսելով նկատի չունիմ միայն նիւթական հարստութիւնը։ Որակը՝ մտքի, մշակոյթի, հոգեկանի աշխարհն է որպէս ամբողջութիւն՝ նիւթական աշխարհի հետ)։ Երբ խօսքը կը վերաբերի կեանքի որակին, երջանկութիւնն ալ որոշիչ դեր կը խաղայ։ Հետեւաբար, կեանքի որակը եւ երջանկութիւնը կ՚ամբողջացնեն զիրար։

Այստեղ կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը. արդեօք կեանքի որակը անհատի՞ ձեռքին է։ Այսինքն՝ անձը՞ կ՚որոշէ երջանկութիւնը։

Վերեւը գրուածը կրնայ պատրանքի յանգեցնել. եթէ կեանքի իմաստը իմ յարաբերութիւններն են աշխարհի հետ, ապա իմ ձեռքին է կեանքը լաւ ու որակեալ ապրիլը: Քանի որ կեանքի իմաստը կախեալ է ինձմէ, ես կրնամ իմաստաւորել իմ կեանքը լաւ եւ բարեկեցիկ՝ առողջ ու ճիշդ յարաբերութիւններ հաստատելով: Իսկապէս այդպէ՞ս է: Այս հարցման կարելի է պատասխանել՝ թէ՛ այո եւ թէ՛ ոչ։ Այո՛, այդպէս է, որովհետեւ իւրաքանչիւրի կեանքը իրն է: Ո՛չ, այդպէս չէ, քանի որ իւրաքանչիւրի սեփական կեանքը անկախ չէ արտաքին աշխարհէն, կայ մշտական ​​փոխադարձ հոսք անհատի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ։

Երջանիկ կեանք չի նշանակեր կեանք՝ առանց դժբախտութեան։ Երջանիկ կեանք կը նշանակէ կեանք, որ իր հետ կը ունի դժբախտութին, բայց չի դարձներ զայն ​​մշտական ու տեւական։ Երջանկութիւնը կեանքը վայելելն է կամ առաքինութիւնն է։ Երջանկութիւնը ապրելու ուրախութեան սիւնն է: Երբ երջանկութիւնը կ՚աճի, կեանքի բերկրանքը կը բարձրանայ այնպէս, ինչպէս ծածանող դրօշը: Քանի որ իմաստալից կեանքը ուղղակիօրէն կապուած է ապրելու ուրախութեան եւ երջանկութեան հետ, արդեօք անհատի կազմուածքն ու բնութիւնը անոր որոշի՞չներն են: Այսինքն՝ երջանկութիւնը կախուած է միայն անհատի կամքէ՞ն։

Թէեւ անհատի ներաշխարհը հիմնարար սկիզբն է անոր՝ կեանքը իմաստաւորելու համար, անհատը անբաւարար է այս որոշման մէջ: Որովհետեւ կայ հսկայական արտաքին աշխարհ մը, որ կը շրջապատէ անհատը, որ բաղկացած է տարրերէ. ինչպէս՝ ընտանիք, աւանդութիւններ, կրօն, պետութիւն, բարոյականութիւն եւ վարչակարգ։ Այստեղ կը բախինք այլ բարոյական խնդրի մը, եթէ չարագործը իր չարիքի պատճառը կը կապէ ընկերային համակարգի հետ, ապա այդ մարդը իր ներաշխարհին մէջ լաւի բացակայութիւնը կը վերագրէ նաեւ արտաքին պայմաններուն։ Այնուամենայնիւ, կան այնպիսի բարեմասնութիւններ, ինչպէս խիղճը, սէրը, արդարութիւնը, ողորմածութիւնը, կարեկցանքը, որոնք կը պատկանին մարդու ներաշխարհին, որոնցմով անհատը կ՚ըլլայ լաւ մարդ, եթէ նոյնիսկ հասակ առնէ ապականած համակարգի մէջ։

Բարիին (եւ երջանկութեան) մարդ կը տիրանայ մասամբ ալ շրջապատի ազդեցութեամբ ու լուսաւորութեամբ։ Իսկ ապականած համակարգը լուսաւորութեան թշնամին է, որովհետեւ այն բարիին թշնամին է: Անհատները չունին մտքի, արտայայտուելու եւ միաւորուելու ազատութիւն։ Որքանո՞վ եւ ինչպէ՞ս անհատը կ՚իմաստաւորէ իր կեանքը հասարակութեան մը մէջ, ուր չկայ հաւասար, արդար եւ համընդհանուր օրէնք, չկայ կեանքի անվտանգութիւն, ուր ոտնահարուած են իրաւունքները, ուր կը գերիշխեն շահագործումը, ճնշումը: Ո՞ւր է նման հասարակութեան մը մէջ ապրելու ուրախութիւնը:

Անհատի ներաշխարհը, մշակութային սկզբունքները, մտքի աշխարհը տուեալներ են, որոնք կ՚ուղղորդեն եւ կ՚որոշեն անհատի կեանքին որակը։ Ուստի, եթէ այդ տուեալները կը գտնուին այդ արտաքին աշխարհի ճիրաններուն մէջ, ապա այդ հասարակութիւնը խնդրայարոյց հասարակութիւն մըն է, որ բաղկացած է ընդհանրապէս ճնշուած անհատներէ:

Այստեղ խնդիրը միայն տնտեսական չէ։ Հասարակութիւնը կրնայ ըլլալ տնտեսապէս թոյլ, բայց կ՚ունենայ կեանքի բերկրանք եւ յոյս. քանի դեռ կայ համակարգ մը, ուր կայ ազատութիւն, համընդհանուր օրէնք, արդարութիւն եւ անհատներու ապագայ։ Ուրախութիւնը՝ որ կեանքի բերկրանքի ցուցիչն է, կը ծերանայ գետերու պէս՝ իր պարունակութեամբ ու նման հասարակութիւններու եւ անհատներու մէջ ծաղկած ծաղիկներու հոտով։ Երբ մենք այս տեսանկիւնէն կը նայինք այն համակարգին, որուն մէջ մենք կ՚ապրինք, մեր կեանքին եւ մեր կեանքի ուրախութեան մակարդակին, աւելի մօտէն կը տեսնենք այս երեքի փոխյարաբերութիւնները եւ կը ստանանք յստակ արդիւնքներ։

Երբեմն կեանքը անիմաստ կը համարենք: Սա մարդկային կեանքի ժամանակաւոր ելեւէջներէն մին է: Սակայն այս վիճակը հոգեկան փլուզման նշան է։ Գոյութեան անիմաստութեան, աննպատակութեան հասած մարդուն համար անարժէք է կեանքը, ան չ՚ուզեր ապրիլ։ Սա այն դատողութիւնն է, որով մարդ կեանքը անիմաստ կը համարէ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել ինքնասպանութեան հակումներու (ինքնասպանութեան միտում ունեցողները աւելի շատ են, քան անոնք որոնք ինքնասպանութիւն կը գործեն):

Այն հարցումը, թէ կեանքը անիմա՞ստ է, ուղղակիօրէն կապուած է մեր գոյութեան հետ: Մեր աշխարհ գալը նպատակ կամ իմաստ ունի՞: Մենք պէտք է ապրինք աշխարհի մը մէջ ու աշխարհ գալէ յետոյ մեր շարժառիթները կ՚ապահովեն մեր գոյութեան շարունակականութիւնը: Այնպէս որ, եթէ մեր աշխարհ գալը նպատակ չունի, հնարաւոր չէ կեանքը իմաստաւորել։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023