Ստեփան Ոսկան. Զարթօնքի Սերունդին Մարտունակ Յառաջապահը

115 տա­րի ա­ռաջ, ­Փետ­րո­ւար 23-ին, ա­տե­նի Օս­մա­նեան ­կայս­րու­թեան բար­գա­ւաճ Զ­­միւռ­նիա քա­ղա­քի պան­դոկ­նե­րէն մէ­կուն խոր­շը, աշ­խար­հէն լքո­ւած եւ հա­յու­թեան հետ քէն­ցած՝ մահացաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան դա­սա­կան մե­ծու­թիւն­նե­րէն Ստե­փան Ոս­կան (1825-1901)։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք դէմ­քե­րէն է ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ոս­կա­նեան Ս­­տե­փա­նը, որ ինչ­պէս իր ժա­մա­նա­կին, նոյն­պէս եւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ ծայր աս­տի­ճան հա­կա­սա­կան՝ բե­ւե­ռե­ցո­ւած ու ի­րե­րա­մերժ գնա­հա­տա­կան­նե­րու ար­ժա­նա­նալ։

Հայ մտքի ան­դաս­տա­նէն ներս Ստե­փան Ոս­կան մուտք գոր­ծեց իբ­րեւ գրե­լու մեծ­տա­ղան­դով օժ­տո­ւած ու­սում­նա­տենչ եւ ա­զա­տա­խոհ ե­րի­տա­սար­դի մը։ Ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի 19-րդ ­դա­րու Ազ­գա­յին Զար­թօն­քի շար­ժու­մին յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ա­մե­նէն յան­դուգ­նը։ Ա­րեւմ­տա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի զար­գաց­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման մէջ ու­նե­ցաւ հիմ­նա­կան ներդ­րում։

Բայց միա­ժա­մա­նակ, իր կեան­քի հա­սուն շրջա­նի ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն, ան քէն պա­հեց հա­յոց լե­զո­ւին հետ, միայն ֆրան­սե­րէն գրեց եւ այդ­պէ­սալ քէ­նո­տած հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։

Ս­­տե­փան Ոս­կա­նի «երկր­պա­գու­ներ»ը, Հրանդ Ա­սա­տու­րի ար­ժե­ւոր­ման հե­տե­ւո­ղու­թեամբ, զինք կը բարձ­րաց­նեն հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան հա­մար­ձա­կա­խօս եւ սկզբուն­քա­յին դպրո­ցին ռահ­վի­րան ըլ­լա­լու պա­տ-ւան­դա­նին։

Իսկ Ոս­կա­նի ան­հաշտ «ընդ­դի­մա­խօս­ներ»ը, մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի խստա­պա­հան­ջու­թեամբ, կը շա­րու­նա­կեն պնդել, թէ հայ գրո­ղի փառ­քին յա­ւակ­նորդ, բայց լիար­ժէք ինք­նադր­սե­ւոր­ման չհա­սած շնոր­հա­լի հրա­պա­րա­կա­գի­րէ մը ա­ւե­լին չե­ղաւ ­Զար­թօն­քի սե­րուն­դին աղմ­կա­յա­րոյց այս յա­ռա­ջա­պա­հը…

Ա­ռա­ջին­նե­րը՝ «երկր­պա­գու­ներ»ը չեն ու­զեր նկա­տի առ­նել ան­բու­ժե­լի թե­րու­թիւն­նե­րը Ստե­փան Ոս­կան հայ մար­դուն եւ հան­րա­յին գոր­ծի­չին, ո­րուն կեանքն ու վար­քա­գի­ծը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ան­յա­գուրդ անձ­նա­կեդ­րո­նու­թեամբ, ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ եւ կեն­սա­պաշ­տու­թեամբ։

Իսկ վեր­ջին­նե­րը՝ «ան­հաշտ ընդ­դի­մա­խօս­ներ»ը կը հիմ­նո­ւին յատ­կա­պէս Ոս­կա­նի անձ­նա­կան վրի­պում­նե­րուն եւ, մա­նա­ւանդ, իր կեան­քի վեր­ջին ե­րես­նա­մեա­կին հա­յե­րէ­նին կռնակ դար­ձու­ցած ըլ­լա­լու ա­նոր ինք­նալ­քու­թեան վրայ, երբ հա­շուեկշ­ռի կ՚են­թար­կեն ա­նոր գրա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան վաս­տա­կը։

Բայց բո­լորն ալ հա­մա­միտ են, որ իբ­րեւ գրո­ղի, թարգ­մա­նի­չի, ու­սու­ցի­չի եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հրա­պա­րա­կա­գի­րի՝ Ս­­տե­փան Ոս­կան մեր օ­րե­րէն մէ­կու­կէս դար ա­ռաջ, իր յա­ռաջ­դի­մա­կան գա­ղա­փար­նե­րով եւ հա­մար­ձա­կա­խօս կե­ցո­ւածք­նե­րով՝ յա­ռա­ջա­պա­հի կա­րե­ւոր դեր կա­տա­րեց հա­յոց 19-րդ ­դա­րու Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի հու­նա­ւոր­ման մէջ։

Ծնած էր 1825-ին, Զ­­միւռ­նիա։ Ա­ւար­տած էր տեղ­ւոյն «­Մես­րո­պեան» վար­ժա­րա­նը, ուր եւ ու­սուց­չա­կան աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւած էր դեռ քսան տա­րի­քը չբո­լո­րած։ Հա­մեստ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ ըլ­լա­լով՝ իբ­րեւ ե­կա­մու­տի լրա­ցու­ցիչ աղ­բիւր, հա­յե­րէ­նի մաս­նա­ւոր դա­սեր տո­ւած էր ու­նե­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց շար­քին Ե­գիպ­տո­սի հե­տա­գայ վար­չա­պետ Նու­պար (փա­շա) ­Նու­պա­րեա­նին։

Սոր­ված էր եւ կը տի­րա­պե­տէր ֆրան­սե­րէն լե­զո­ւին, ո­րուն ա­պա­ւի­նե­լով՝ ու­սում­նա­տենչ եւ դա­րու գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած ե­րի­տա­սար­դը 1846-ին մեկ­նե­ցաւ ­Փա­րիզ՝ աշ­խա­տե­լու եւ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հե­ռան­կա­րով։ Զ­­միւռ­նիա հրա­տա­րա­կո­ւող «Ար­շա­լոյս Ա­րա­րա­տեան» թեր­թի խմբա­գիր ­Ղու­կաս Պալ­թա­զա­րեա­նի բա­րե­խօ­սու­թեամբ՝ Ոս­կան ու­սուց­չի պաշ­տօ­նին կո­չո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­կան Սէն Պարպ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Միա­ժա­մա­նակ հե­տե­ւե­ցաւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման՝ Գո­լէժ տը Ֆրան­սի եւ Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու տի­րա­ցաւ Պսա­կա­ւոր Արո­ւես­տից վկա­յա­կա­նի։

Փա­րի­զեան այդ տա­րի­նե­րը, զու­գա­դի­պե­լով 1848-ի ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան եւ ա­նոր շղթա­յա­զեր­ծած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րու բուռն ար­ծար­ծու­մին հետ, բնա­կա­նա­բար վճռո­րոշ անդ­րա­դար­ձ ու­նե­ցան Ս­­տե­փան Ոս­կա­նի գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հին ձե­ւա­ւոր­ման վրայ։

Ան հան­դի­սա­ցաւ Ազ­գա­յին Զար­թօն­քի, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ու պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման մէջ քա­ղա-­քա­ցիա­կան հա­կակշ­ռի ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հաս­տատ­ման ջա­տա­գո­վը։

Յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կում­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու ա­լե­կոծ­ման դա­րաշր­ջա­նը ներշնչ­ման վա­րար աղ­բիւր դար­ձաւ ե­րի­տա­սարդ հայ մտա­ւո­րա­կա­նին հա­մար։ ­Հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ ու հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ար­մա­տա­պէս բա­րեշր­ջե­լու գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած՝ Ս­­տե­փան Ոս­կան նե­տո­ւե­ցաւ պայ­քա­րի աս­պա­րէզ, յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չով հա­յ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը իր ա­րատ­նե­րէն մաք­րե­լու եւ լու­սա­միտ հա­սա­րա­կու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման ու զար­գաց­ման հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ս­­տե­փան Ոս­կա­նի բնա­բա­նը մէկ ու միակ էր՝

«Մտ­­քի ա­զա­տու­թիւ­նը քիչ մը ա­ւե­լի պաշ­տե­լու է, վասն­զի ե­թէ դուք հա­մո­զու­մի մը տէր էք՝ ձեր հա­կա­ռա­կոր­դը հա­մո­զու­մէ զուրկ չէ. եւ հա­մո­զում մը, որ ու­րի­շին հա­մո­զու­մը կը նե­ղէ՝ բռնու­թիւն կ՚ա­նո­ւա­ն-ւի։ ­Միտք եւ Ա­զա­տու­թիւն՝ ուր­կէ կը բխին Եւ­րո­պա­յի ա­մէն տե­սակ փառքն ու հարս­տու­թիւ­նը։ ­Դուք ա­զատ էք ծա­ռա­յե­լու, ինչ­պէս ես ա­զատ էի, ա­զատ եմ եւ պի­տի ա­զատմ­նամ՝ չծա­ռա­յե­լու»։

Այս­պէ՛ս կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցան Ս­­տե­փան Ոս­կա­նի ա­զա­տա­խո­հու­թիւնն ու հա­սա­րա­կա­կան թե­րու­թեանց, յո­ռի բար­քե­րու եւ չա­րիք­նե­րու ան­կաշ­կանդ ու անխ­նայ քննա­դա­տու­թեան նո­ւի­րո­ւած յա­ռա­ջա­մար­տի­կի նկա­րա­գի­րը։

Փա­րի­զեան իր պրիս­մա­կէն դի­տո­ւած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն կը տա­ռա­պէր մտ­քի եւ մշա­կոյ­թի ա­մէն ծիլ ոտ­նա­կո­խող ու ար­մա­տա­խիլ ը­նող դա­ժա­նա­գոյն լու­ծի տակ, այ­լեւ՝ ներք­նա­պէս կը ջլա­տո­ւէր հա­մա­տա­րած կղե­րա­պաշ­տու­թեան եւ խա­ւա­րամ­տու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Այս վեր­ջին­նե­րուն դէմ ալ թափ ա­ռին ա­զա­տա­խոհ Ոս­կա­նի քննա­դա­տա­կան բուռն­ յար­ձա­կում­նե­րը։

1853-ին ան վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս, ուր լոյս ըն­ծա­յեց «­Ներ­քին հա­մո­զում» ա­նու­նով գրքոյկ մը, որ ա­ռա­ջին եւ նախ­նա­կան հրա­պա­րա­կու­մը ե­ղաւ կղե­րա­պե­տա­կան խա­ւա­րամ­տու­թեան դէմ Ոս­կա­նի ձեռ­նար­կած պայ­քա­րին։ ­Տա­րի­ մը ետք, ու­սու­ցի­չի եւ տե­սու­չի պաշ­տօ­նին կո­չո­ւե­լով, ան ան­ցաւ Զ­­միւռ­նիա, ուր եւ լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ գրքոյ­կը՝ «Հ­­ռո­մէա­կան պար­գեւ» ա­նու­նով, ուր ­Հա­յաս­-տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին դե­րին ու ար­ժէ­քին պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րէն՝ սուր քննա­դա­տու­թեան են­թար­կեց Մ­­խի­թա­րեան­նե­րու կող­մէ ­Հա­յոց ­Հա­ւատ­քի հաս­ցէին կա­տա­րո­ւած «հե­րե­տի­կո­սու­թեան» վե­րագ­րում­նե­րը։

Ս­­տե­փան Ոս­կան ար­դէն յա­ռա­ջա­պա­հի դիրք գրա­ւած էր աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման եւ ­Զար­թօն­քի յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րու տա­րած­ման ի խնդիր ծա­ւա­լած շարժ­ման մէջ։

Բայց նոյն այդ շրջա­նէն ե­րե­ւան ե­կաւ նիւ­թա­պէս հան­գիստ եւ բա­րօր կեանք ու­նե­նա­լու ա­նոր գրե­թէ հի­ւան­դա­գին պա­հանջ­կո­տու­թիւ­նը։ ­Մա­նա­ւանդ որ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան եւ հան­րա­յին կեղ­ծի­քի դէմ ուղղուած իր սուր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը բա­խե­ցան բիրտ հա­կազ­դե­ցու­թեան. գոր­ծէ ար­ձա­կո­ւե­ցա­ւ եւ հա­լա­ծան­քի են­թար­կո­ւե­ցաւ Զ­­միւռ­նիա­յի ու­նե­ւոր հա­յոց շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։

Ճա­րա­հատ, 1855-ին, Ոս­կան դար­ձեալ իր քայ­լե­րը ուղ­ղեց դէ­պի Ֆ­­րան­սա՝ ­Փա­րիզ, ուր մե­ծա­հա­րուստ հա­յե­րու մե­կե­նա­սու­թեամբ ձեռ­նար­կեց «Ա­րե­ւելք» ա­նուն կի­սամ­սեայ հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան։ ­Միայն 14 հա­մար լոյս տե­սաւ «Ա­րե­ւելք»ը, ո­րուն քննա­դա­տա­կան ո­գին եւ նո­րա­րար գա­ղա­փար­նե­րը ան­հան-գըս­տա­ցու­ցին շա­տե­րուն եւ, այս վեր­ջին­նե­րու ճնշու­մով, ի­րա­րու ե­տե­ւէ թեր­թին մե­կե­նաս­նե­րը կռնակ դար­ձու­ցին Ոս­կա­նին։

1856-էն 1859, ա­ռանց թեր­թի եւ ե­կա­մուտ բե­րող աշ­խա­տան­քի, յան­դուգն հրա­պա­րա­կա­գի­րը վերս­տին ձեռ­նար­կեց ի­րեն ծա­նօթ եւ իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած աշ­խա­տան­քին՝ նո­ւի­րո­ւե­լով հայ թէ օ­տար հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն մաս­նա­ւոր դա­սեր տա­լու աս­պա­րէ­զին։

Նիւ­թա­պէս ո­րոշ չա­փով վե­րա­կանգ­նած՝ տաս­նեւ­մէկ մե­կե­նաս­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լով, Ոս­կան ձեռ­նար­կեց իր երկ­րորդ կի­սամ­սեայ հան­դէ­սին՝ «Ա­րեւ­մուտք»ի հրա­տա­րա­կու­թեան, որ միայն հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի բախ­տա­ւոր ե­ղաւ իր նա­խոր­դէն։ Ք­­սան թիւ լոյս ըն­ծա­յե­լէ ետք ու կրկին կղե­րա­միտ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու խծբծանք­նե­րուն եւ բան­սար­կու­թիւն­նե­րուն անձ­նա­պէս թի­րախ դառ­նա­լով, Ոս­կան լքո­ւե­ցաւ իր գոր­ծին սկզբնա­պէս հա­ւա­տա­ցող մե­կե­նաս­նե­րուն կող­մէ։ «Ա­րեւ­մուտք»ը եւս փա­կո­ւե­ցաւ…

1860-ին ան ան­ցաւ Ի­տա­լիա՝ ­Թո­րի­նօ, ուր սկսաւ ֆրան­սե­րէ­նով գրո­ւած քա­ղա­քա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով աշ­խա­տակ­ցիլ ֆրան­սե­րէն «Ի­տա­լիա» թեր­թին։ Իր մտքերն ու վեր­լու­ծում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան փայ­լուն ֆրան­սե­րէ­նը գրա­ւե­ցին ու­շադ­րու­թիւ­նը 19-րդ դա­րու մե­ծահռ­չակ քա­ղա­քա­գէտ կոմս Քա­ւու­րի, որ Ոս­կա­նէն խնդրեց ֆրան­սե­րէ­նի մաս­նա­ւոր դա­սեր տալ իր տ­ղուն։ Ոս­կան մէկ տա­րի մնաց Թո­րի­նօ եւ Քա­ւու­րի մա­հէն ետք, նիւ­թա­կա­ն ո­րոշ մի­ջոց­ներ խնա­յած ըլ­լա­լով, վե­րա­դար­ձաւ ­Փա­րիզ ու ձեռ­նար­կեց «Ա­րեւ­մուտք»ի վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան։

Այս ան­գամ տո­կաց ի­նը ա­միս. մի­ջոց­նե­րը շու­տով սպա­ռե­ցան, թեր­թը փա­կո­ւե­ցաւ եւ Ս­­տե­փան Ոս­կան եր­դո­ւե­ց, որ այ­լեւս պի­տի չձեռ­նար­կէ հա­յե­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան. նոյ­նիսկ քէ­նո­տե­ցաւ… հա­յե­րէն լե­զուով հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու իր կո­չու­մին հետ։

Ա­հա այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, 1866-ին, Ոս­կան վե-րըս­տին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Զ­­միւռ­նիա, ստանձ­նե­լու հա­մար իր պա­տա­նե­կու­թեան դպրո­ցին՝ «­Մես­րո­պեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ Ա­տի­կա ե­ղաւ նաեւ վեր­ջին կա­յա­նը նոր գա­ղա­փար­նե­րու, քննա­դա­տա­կան խօս­քի, ա­զատ մտա­ծու­մի եւ հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան յա­ռա­ջա­պահ այս իւ­րօ­րի­նակ ար­ժա­նա­ւո­րին։

Զ­­միւռ­նիա­յի մէջ Ոս­կան ձեռ­նար­կեց, 1867-ին, նոր թեր­թի մը հրա­տա­րա­կու­թեան, բայց ար­դէն ֆրան­սե­րէ­նով եւ «­Լա ­Րե­ֆորմ» ա­նու­նով, որ լոյս տե­սաւ մին­չեւ իր մա­հը՝ 1901-ը։

­Յատ­կա­պէս օ­տար հան­րու­թեան ուղ­ղո­ւած իր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան շրջա­նին եւս Ս­­տե­փան Ոս­կան իր լու­սար­ձա­կէն հե­ռու չպա­հեց հայ կեան­քը։ ­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի դե­գե­րում­նե­րուն եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման շղթա­յա­զերծ­ման վե­րա­բե­րեալ իր խօս­քը ու­նե­ցաւ։ ­Յատ­կա­պէս 1877-1878-ի ­ռուս-թր­­քա­կան պա­տե­րազ­մի շրջա­նին, ի տես ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի ­յա­ռաջ­խա­ղաց­քին կա­պո­ւած ազ­գա­յին մեր յոյ­սե­րու խան­դա­վա­ռու­մին եւ յու­սա­բե­կու­մին, Ս­­տե­փան Ոս­կան զգու­շա­ցուց.-

«­Ռու­սիան այն­պի­սի տէ­րու­թիւն մը չէ, որ ա­զա­տու­թեան եւ մարդ­կու­թեան սի­րոյ հա­մար մեր հայ­րե­նի­քին վրայ տի­րե­լու փա­փա­քով միայն գո­հա­նայ, վասն­զի ա­զա­տու­թիւ­նը կ՚ա­տէ ա­նի­կա եւ յայտ­նի ու ո­խե­րիմ թշնա­մի է ա­նոր։ ­Հա­յե­րը ոչ միայն հա­ւա­տա­ցին Ռու­սիա­յի խոս­տում­նե­րուն, այ­լեւ կողմ­նո­րո­շո­ւե­ցան դէ­պի ­Ռու­սիան, այ­լեւ ա­րիւն թա­փե­ցին ա­նոր հա­մար, այ­լեւ հայ­րե­նիք­նին թո­ղին եւ միա­հա­մուռ, չը­սենք կոյր զկու­րայն, ա­նոր գիրկն ին­կան։ ­Պատ­մու­թիւ­նը օր մը պի­տի ը­սէ, թէ ի՜նչ գտան հոն եւ ի՜նչ բա­րիք տե­սան ռուս հո­վա­նիէն։ ­Պատ­մու­թիւ­նը իր ա­նա­չառ ա­տեա­նին առ­ջեւ պի­տի կան­չէ այն կար­ծե­ցեալ ազ­գա­սէր­նե­րը, որք ­Հայ­կեան ոգ­ւոյ վրայ այս նոր վէրքն ալ ա­ւել­ցու­ցին»։

Ս­տե­փան Ոս­կան ե­ղաւ հայ մա­մու­լի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րու շար­քին ա­ռա­ջին­նե­րէն մէ­կը, որ սկզբուն­քայ­նութիւ­նը, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ մտա­ծու­մի ու խօս­քի ա­զա­տու­թեան հա­մար հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րը, ա­մէն կար­գի հա­լա­ծանք­ներ եւ զրկանք­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու գնով, վար­քա­գիծ դար­ձուց եւ ա­ռաջ­նոր­դող օ­րի­նակ՝ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն։

Մեծ ե­ղաւ Ոս­կա­նի դե­րը, նոյն­պէս, ա­րեւմ­տա­հայ աշ­խա­րա­հա­բա­րի մշակ­ման եւ հարս­տաց­ման մէջ. լե­զուա­գէտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ հա­յոց լե­զո­ւին պա­տո­ւաստուած շատ բա­ռեր կը պատ­կա­նին Ստե­փան Ոս­կա­նի գրչին եւ նո­րա­րա­րու­թեան։ ­Հա­յե­րէն բար­դա­ծանց բա­ռեր սղե­լու եւ ա­ւե­լի կուռ դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ եւս մեծ ե­ղաւ ա­րեւմ­տա­հա­յոց Զար­թօն­քին այս հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կագ­րին ներդ­րու­մը։

Հրանդ Ա­սա­տուր իր «­Դի­մաս­տո­ւեր­ներ»ուն մէջ կրցած է մի­ջին ու­ղին գտնել՝ Ստե­փան Ոս­կա­նի ար­ժե­ւոր­ման ներ­հակ բե­ւեռ­նե­րուն մի­ջեւ։ Այ­դու­հան­դերձ իր բո­լոր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րու կող­քին եւ ա­նոնց­մէ ան­դին, Ստե­փան Ոս­կան բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քը չու­նէր վերջ­նա­կա­նա­պէս հրա­ժեշտ տա­լու… հա­յե­րէնին։

Փաս­տօ­րէն Ստե­փան Ոս­կան մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ իբ­րեւ հայ գրա­կա­նու­թեան «ա­նա­ռակ որ­դի»ն։­

Եւ Յա­կոբ Օ­շա­կան ա­ւե­լի քան ի­րա­ւա­ցի է, երբ անխ­նայ կը դա­տա­պար­տէ Ոս­կա­նը՝ յի­շեց­նե­լով ա­ւե­լի ծանր հա­լա­ծան­քի են­թար­կո­ւած եւ հա­նա­պա­զօ­րեայ հա­ցի կա­րօտ մնա­ցած նո­ւի­րեա­լի օ­րի­նա­կը Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի, որ այ­դու­հան­դերձ՝ մին­չեւ վեր­ջին շունչ հա­յե­րէ­նով բա­բա­խե­ցաւ ու ձաղ­կեց մեր ի­րա­կա­նու­թեան ստո­ւե­րոտ ու ցա­ւոտ ե­րես­նե­րը։

Ար­դա­րեւ, որ­քան ազ­գա­յին մեր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, նոյն­քան եւ ազ­գա­յին մեր թե­րու­թիւն­նե­րուն մարմ­նա­ւո­րու­մը ե­ղաւ Ստե­փան Ոս­կան՝ իբ­րեւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ Ե­ՐԵ­ՒՈՅԹ իր տե­ղը գրա­ւե­լով ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցած ­Հայ Ար­ժէք­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016