ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ «ԱՐԱՐՈՒՄ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 56 ՀԱԶԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒ

Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 14-Փետրուար 15 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, այցելուներու թիւի մրցանիշ սահմանած է։ 56 հազար արուեստասէր գացած է տեսնելու Այվազովսքիի հրաշալի կտաւները։ «Յովհաննէս Այվազովսքի. Արարում» խորագրեալ ցուցահանդէսին 52 գեղանկարչական, 26 կրաֆիքական, 1 տեքորաթիֆ-կիրառական եւ 20 վաւերագիր աշխատանքներ ներկայացուած են։ Ցուցադրուած է նաեւ «Քաոս. Աշխարհի արարում» հռչակաւոր կտաւը։

Ցուցահանդէսի մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը՝ Անժելա Համբարձումեան զրուցած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեանի հետ։

*

-Պարոն Ծատուրեան, շատեր կը նշեն, որ «Արարում» ցուցահանդէսը բացառիկ էր։ Ըստ ձեզ՝ ինչո՞վ պայմանաւորուած էր անոր բացառիկութիւնը։

-Լսա՞ծ էք Հայաստանի մէջ կազմակերպուած որեւէ ցուցահանդէսի մասին, որ 56 հազար այցելու ունեցած է։ Ան կը խօսի ցուցադրութեան աննախադէպ ըլլալու մասին։ Մենք կարողացանք ընել այն, ինչ որ կէս դար մեր երկրին մէջ գործող թանգարաններէն որեւէ մէկը չէր ըրած։ Չեմ գիտեր՝ կը յաջողուի՞ կրկնել կամ գերազանցել մեր մրցանիշը, բայց մենք միանշանակօրէն ցոյց տուինք, որ հնարաւոր է նուազագոյն ներդրումներու պարագային անգամ լաւ, հնչեղ, գեղեցիկ եւ եկամտաբեր ցուցահանդէս իրականացնել։ Ան արդէն աւարտած է, բայց, հաւատացէք, եթէ շարունակէր, այցելուներու հոսքը չէր դադրեր։ Ինծի եւ այն մարդոց համար, որոնք մասնակցութիւն ունեցած են ցուցահանդէսի կայացման, այդ մէկը մեծ ոգեւորութիւն է. յաջողութիւնն է, որ մարդը յառաջ կը մղէ եւ կը յանգեցնէ ինչպէս մասնագիտական, այնպէս ալ ֆինանսական բաւարարման։

Այս ցուցահանդէսով մենք ցոյց տուինք, որ մշակութային դաշը փոխուած է։ Մէկ կողմէ լաւ է, միւս կողմէ՝ վատ, քանի որ յաղթողէն կը սպասուի աւելիին։

-Այցելուներու թիւի մէջ ովքե՞ր կը գերակշռէին։

-Մեզ մօտ ամէն բան տարբերակուած է։ Արդէն երեք տարիէ ի վեր պատկերասրահը տոմսեր կը վաճառէ ելեկտրոնային տարբերակով, եւ մենք գիտենք, թէ քանի՞ ուսանող, քանի՞ թոշակառու, քանի՞ դպրոցական այցելած է։ Վերջին անգամ տուեալները երկու ամիս առաջ ստուգած ենք։ Դպրոցականներու թիւը կը հասնէր 18 հազարի։ Վստահ եմ՝ ընթացքին այդ թիւը աւելցած է։

-Արուեստասէրներու ստուար հատուած մը եկած էր պատկերասրահ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հաւաքածոյի «Քաոս. Աշխարհի արարումը» հռչակաւոր կտաւը տեսնելու համար։ Դուք ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այդ առեղծուածային գործը։

-Ինչպէս մարդիկ առեղծուածային կեանք կ՚ապրին, այնպէս ալ՝ անոնց ստեղծագործութիւնները։ Ցուցահանդէսի մտապատկերը հետեւեալ կերպ մտածուած էր՝ «Քաոս. Աշխարհի արարումը» եւ «Նոյը կ՚իջնէ Արարատէն»։ Աշխարհի երկրորդ ծնունդը սկսաւ Արարատէն։ Ցուցադրութիւնն ալ այդպիսին էր։ Դժուար է միանշանակ խօսիլ, միայն կը շեշտեմ, որ «Քաոս. Աշխարհի արարումը» գեղագիտական աշխատանք է։ Այվազովսքին նկարած է 6 հազար եւ աւելի կտաւ, որոնցմէ ոչ բոլորը գլուխ գործոցներ են։ Մեր ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած էին հանճարեղ ստեղծագործութիւններ, եւ «Քաոս. Աշխարհի արարումը» անոնցմէ մէկն էր, գլուխ գործոց, որ հարըս-տացուց ցուցահանդէսը։

-Առիթով մը նշած էք, որ ցուցահանդէսի յաջողութիւնը նաեւ պայմանաւորուած էր ժամանակակից PR փորձագիտութիւններու կիրառմամբ։ Կը բանա՞ք փակագիծեր։

-Յաջողութիւնը կը ծնի գլուխէն։ Շատ կարեւոր է, որ ցուցահանդէսի բոլոր բաղադրիչները բարձր մակարդակ ունենային՝ սկսած դիտողական միջոցներէ, որոնք կ՚ապահովուին համապատասխան սարքաւորումներու միջոցով, վերջինը պատերու գունային երանգներու դասաւորմամբ։ Ցուցահանդէս կազմակերպելու ատեն ամէն բան կարեւոր է՝ սրահի լոյսը, ստուերը, ձայնը։ Երբ կը հասնիս այդ բոլորին գոնէ լաւ մակարդակին, արդէն յաջողութիւն է։ Լաւը գերազանցի թշնամին է. բոլորը կատարելութեան ձգտում են, բայց այդ վտանգաւոր է։ Շատ անգամ կատարելութեան ձգտողները ընդհանրապէս ոչինչի կը հասնին։ Ի հարկէ, «Արարում» ցուցահանդէսի գովազդը նոյնպէս մտածուած եւ ճիշդ իրականացուեցաւ։ Ցուցահանդէսի հոլովակը «Adobe» ընկերութեան կողմէ երկու մրցանակի արժանացած է։

Ապագային կը նախատեսենք Փապլօ Փիքասոյի կտաւներու ցուցահանդէս կազմակերպել։ Այդ նպատակով բանակցութիւններ կը վարենք մեր օտարերկրացի գործընկերներու հետ, որպէսզի անոնց հաւաքածոներուն մէջ գտնուող լաւագոյն կտաւները ցուցադրուին մեր պատկերասրահին մէջ։

Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ արուեստասէրները կրնան օնլայն ձեռք բերել պատկերասրահի հաւաքածոյին մէջ ներկայացուած լաւագոյն կտաւներու պատճէնները, որոնք շատ որակեալ են։ Մօտ ապագային պատկերասրահի ճեմասրահին մէջ կ՚ուզենք բանալ ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Գառզուի անուամբ սրճարան մը, որ սիրելի վայր կը դառնայ բոլոր արուեստասէրներու համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018