ԱՅՍՕՐ ԹԱՏՐՈՆԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՆ Է

Թատրոնի համաշխարհային օրը՝ թատերական գործիչներու մասնագիտական միջազգային տօնը, կը նշուի ամէն տարի մարտի 27-ին: Տօնը աւանդաբար կը նշուի հետեւեալ խորագիրով՝ «Թատրոնը իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման միջոց»:

Այս օրը, իբրեւ մասնագիտական տօն, սահմանուած է 1961 թուականին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին կից Թատրոնի միջազգային հիմնարկի 9-րդ համաժողովի պատուիրատուներու նախաձեռնութեամբ: Հայաստանի մէջ Թատրոնի միջազգային օրը ամէն տարի նոյնպէս կը նշուի, կը մեծարուին թատերական գործիչներ, կը փառաբանուի անոնց աշխատանքը: Այս օրը Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութիւնը կը կազմակերպէ «Արտաւազդ» ազգային մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին կը գնահատուին թատերական արուեստի նախորդ տարուան ձեռքբերումները։

Թատերական գործիչներու մասնագիտական օրուայ առթիւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի եւ Պետրոս Դուրեանի յօդուածները՝ թատրոնի մասին:

ԹԱՏՐՈՆ

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

Ո՞վ ըսաւ, որ զբօսատեղի մըն է Թատրոնը։ Ո՞վ ըսաւ, որ պարի կամ թղթախաղի տեղը բռնելու պէտք է ծառայէ ատեն ատեն, պարզապէս զանազանութիւն մը յառաջ բերելու համար։

Այնքան յաճախ գրուած է, թէ դպրոց մըն է Թատրոնը, որ այս բանաձեւը չպիտի կրկնեմ. իմ աչքիս, տպագրութեան նշաններու մէջ տեսնուած մատնացոյց ձեռքի այն նշանն է, որ ընթերցողին մասնաւոր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ յաջորդ հատուածին վրայ։

Կեանքի անկայուն ու յեղյեղուկ երւոյթները՝ աչքի առջեւ իրենց յարատեւ ներկայութեամբը հասարակ ու անկարեւոր կը դառնան գրքի մը շարունակուող ու լեցուն էջերուն պէս, եւ Թատրոնն է, որ կենալու նշանը կու տայ, յատուկ ուշադրութեամբ դիտելու հարկը կը զգացնէ աս կամ ան տիպարը, որուն փողոցը հանդիպած ենք շատ հեղ առանց գլուխնիս դարձնելու։

Եւ այդ պատկերին առջեւ խորհրդածելու պարտաւորած՝ հարկ չի՞ ըլլար դառնալ մեր անձին վրայ, մեր սրտին վրայ իբրեւ թէ անոնք ալ մատնանիշ եղած ըլլային, եւ թատերաբեմին վրայ ի տես բերուած անձին մօտէն կամ հեռուէն ունեցած առընչութիւննիս որոշել, երբեմն կատարեալ նմանութիւննիս խոստովանիլ։

***

Այս ըմբռնումով, Թատրոնի բարոյացուցիչ հանգամանքին բարձրութեանը ոչ մէկ արուեստ կրնայ հաւասարիլ։ Բուն իսկ կեանքն է ան. ապրուածը, իրականը եւ ոչ թէ գրուած, երգուած կամ նկարուած կեանքը։ Հոգեբանական կրկներեւոյթն է. հարազատ երկուորեակներուն վրայ իմաստասէր ու բարոյախօսը իր ամէն փորձերը կրնայ փորձել, ամէն միքրոպները սնուցանել, հետեւութիւնները երեւան հանել. տեսակ մը բասթէօրեան աշխատանոց որուն մէջ ուսումնասիրութիւններն ու զննութիւնները կ՚ըլլան ոչ թէ բնախօսական տեսակէտով նմանօրինակ արարածի մը, այլ նոյն իսկ մարդ էակին վրայ։ Եւ հոն, հասարակութիւնը, փոխանակ դրան ծակէն նայելու ներս, ներկայ է անձամբ, իր աչքով կը հետեւի տեսարանին յառաջ բերած ախտաբանական երեւոյթներուն, վախճանին ու դարմանի միջոցներուն։

***

Իսկ այն հասարակութիւններուն համար ուր որ ընթերցանութիւնը տարածուած չէ կամ գրեթէ կը պակսի, Թատրոնը անհրաժեշտ պէտք մըն է հոն։ Հիմա, մարդկութիւնը՝ ամենէն շատ, տաղտուկէ կը տառապի. հազիւ աչք մը նետած գրքի մը առաջին էջին վրայ եւ ահա վերջաբանը հասկնալ կ՚ուզէ. իր աճապարող հոգիին ծանր կու գայ էջերը դարձնել մի առ մի։ Այսպիսիներուն համար Թատրոնն է, որ պիտի գայ իր կեանքի համառօտ կրճատումներովը ամենէն նեղսիրտները գոհացնել, մէկ երկու ժամուան մէջ ամբողջ տարիներու հոլովումը, անցքերը, պատահածերը խիտ ու հոծ ձեւով մը ներկայացնել, եւ էապէս շահեկան մասերը երեւան հանել։

Եւ զարմանք որ մեր մէջ՝ ուր ընթերցանութեան սէրը չկայի պէս է, ուր գիրք չի հրատարակուիր գրեթէ, ուր լրագիրներն անգամ հազիւ ուշացրիւ ակնարկի մը կ՚արժանանան, զարմանք որ թատրերգութիւններ չեն գրուիր մեր մէջ, չեն խաղացուիր։

***

Բայց Թատրոնի բարձրութենէն իսկ կը հետեւի, թէ կատարեալ բան մը ըլլալու է ան կամ բնաւ ըլլալու չէ, Թիէռին մէկ խօսքը փոխ առնելով հոս ըստ պատշաճի։

Դերասանական արուեստը միջակութիւն չ՚ընդունիր. ասոր համար է, որ այդ պայմանով ձեւացած տեսարանը պէտք է ուրիշ, բոլորովին ուրիշ անուն մը ստանայ, բայց Թատրոն չի յորջորջուի երբեք։

Մեր մէջ արուեստագէտներ չեն պակսիր ու անկարելի չէ, բնաւ անկարելի չէ խումբ մը կազմակերպել, որ Թատրոնը վերակենդանացնէ։ Պէտք է ի բաց թողուլ արուեստագէտի պզտիկ նախանձները, չքաշուելու, իրարմէ նսեմանալու զգացումները։

Ու գործնական վերջաբան մը տալու համար այս ամէն խորհրդածութեանց, կը հաւատանք, որ պզտիկ ջանք մը կը բաւէ վերականգնելու Թատրոնը մեր մէջ։

Մեր հասարակութեան գործերուն գլուխը գտնուողներուն կոչում կ՚ընենք հայ թատրոնը կազմակերպելու համար բաժին մը հանել իրենց աշխատութենէն։

Դպրո՞ցը, - այո՛. բայց Թատրոնն ալ։

ԹԱՏՐՈՆ

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ

Ամէն հիմնարկութիւն եւ սկզբնաւորութիւն իր հաստատութիւնը ունեցած օրէն՝ կ՚ունենայ նաեւ իր հակառակորդներն ալ, որոնք զանի խորտակել ու անհետացնել կ՚ուզեն. ուստի այն հիմնարկութիւնները, հակառակորդաց կամացը չզոհուելու համար, պէտք է անոր հիմերը խիստ զգուշութեամբ եւ աւելի ամուր կերպով հաստատուին՝ որ ո՛եւիցէ փոթորիկի մը բռնուած ատեն, եթէ իւր մասնիկներն ալ խորտակուին, գոնէ իւր հիմերը հաստատ մնան:

Մեր մէջ բաւական ժամանակէ ի վեր բազում հաստատութիւններ եղան, բայց դժբախտաբար ասոնցմէ շատերը անհետ եղան ի շնորհս հակառակորդաց (ինչպէս խօսարանի հաստատութիւնն ալ, որ իր ծնունդը առած օրէն իր թշնամիներն ու հակառակորդներն ունեցաւ, բայց ասոնք լաւ գիտնալու են, թէ ամենափոքրիկ վնաս մը կամ արգելք մը չպիտի կրնան հասցնել, քանի որ անոր հիմերը աւելի հաստատ եւ խիստ խորը ձգուած են ժողովրդեան սրտին մէջ). այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք յառաջադիմութեան շաւղին հետեւող ազգի մը նախաքայլերն են եւ առանց անոնց՝ յառաջադիմութիւնը անկարելի է:

Ո՞ւր են այնչափ այլեւայլ նպատակներով կազմուած ընկերութիւնները, ի՞նչ եղան ատոնք, եւ ի՞նչ արդիւնք կրցին յառաջ բերել -ոչինչ, այլ մէկ մէկ անհատի կրից եւ թշնամացը զոհուելով, անհետացան՝ առանց արդիւնք մը յառաջ բերելու եւ ահա ասոնցմէ մինակ Հայկական եւ Անձնուէր ընկերութիւնները դեռ հաստատ կեցած են, որոնք մեծապէս օժանդակեցին ազգին եւ դեռ կ՚օժանդակեն թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս:

Այս հաստատութեանց կարգէն է նաեւ թատրոնի հաստատութիւնն ալ, որ երբեմն զանազան թշնամիներէ պաշարուելով, նախատուեցաւ, բամբասուեցաւ եւ վերջապէս այնպիսի վիճակի մը հասաւ, որ միշտ խափանուելու երկիւղը կ՚ազդէր ճշմարիտ թատերասէրներուն. եւ ահա դեռ այդ անորոշ եւ տատանեալ վիճակովն է, որ կը շարունակուի մինչեւ ցայսօր:

Թատրոնը հայելի մ՚է, որուն մէջ մարդս կրնայ իր ճշմարիտ պատկերը տեսնել եւ որով իր վրայ նշմարած անհաճոյ տեսքերը անհետացնել եւ մաքրել, իսկ դերասաններն ալ մէկ մէկ դաստիարակներ են, որ ամէն աստիճանի մարդոց ճշմարիտ պատկերը կամ բարութեան եւ լաւութեան հետեւանքները ներկայացնելով, մարդուս բարոյական զարգացմանը պատճառ կ՚ըլլան. ուստի, սրտի եւ մտքի բարոյական զարգացմանը փափաքողը պէտք է թատերասէր ըլլայ, կամ այն, որ թատերասէր է՝ ուրեմն բարոյականութեան ծաւալման ալ փափաքող է:

Ամէն լուսաւորեալ ազգ՝ այս ճշմարտութեան համոզուած ըլլալնուն, քանի քանի թատրոններ եւ թատերական խումբեր ունին իրենց մէջ, որոնք միշտ պէտք եղած քաջալերութեան արժանացած ըլլալնուն, կարողացեր են օրինաւորութիւն պահել եւ յառաջադիմել, եւ ասով ժողովրդեան համակրութիւնն ալ գրաւած են:

Մենք, որ իբր լուսաւորեալ ազգ կը պարծինք եւ միշտ յառաջադիմութեան քայլեր առնելու կ՚աշխատինք, այս ճշմարտութիւնը, որ ինչպէս ըսած էինք, թէ յառաջադիմութեան միջոցներէն մէկն է, իբր երեւակայութիւն մը կը նշմարենք եւ թատրոնը ոչ թէ բարոյական եւ օգտակար հաստատութիւն մը, այլ իբրեւ զբօսատեղի մը կը նկատենք, եւ ահա ասոր համար է, որ մինչեւ ցարդ օրինաւոր Հայ թատերաբեմ մը ունեցած չենք:

Ժամանակ մը «Արեւելեան» անուն թատրոն մը ունէինք: Ասիկա մէկ քանի տարի շարունակ հայ ներկայացումներ տալով՝ կրցաւ հասարակութեան ընդունելութեանը եւ քաջալերութեանը արժանանալ. բայց յանկարծական արկած մը զանի իր այս ընթացքէն դադրեցուց:

Բայց եւ այնպէս. երբեմն երբեմն այլեւայլ անուններով թատերական խումբեր եւ վարչութիւններ տեսնուեցան, որոնք նոյն թատրոնը դարձեալ վերականգնելու յուսով աշխատեցան, զոհուեցան եւ վերջապէս վնասուեցան թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս, բայց, աւա՜ղ, որ իրենց այս աշխատութիւնը, որ նիւթական օգնութեան կը կարօտէր, բնաւ քաջալերող չեղաւ. այն ժողովուրդը, որ խիստ գէշ օդերուն անգամ հեռաւոր տեղերէ խումբ խումբ թատրոն կը յաճախէր, կարծես այն ատեն այլեւայլ պատճառաբանութիւններով անտարբերութեան մէջ թաղուեցաւ եւ սկսաւ անտարբեր աչօք դիտել, մինչդեռ մէկ քանի տարի յառաջ իբր լուսաւորութեան նախաքար մը եւ ազգութեան փառք մը կը համարէր:

Ի՞նչ շահ կրցանք ունենալ ասկէ, ոչինչ, բայց եթէ նոյն խումբերը անօգնական մնալով, տեղի ունեցած մէկ քանի անտեղութեանց ու ապօրինութեանց առաջքն առնուլ անկարող եղան եւ ասով ժողովրդեան այն անտարբերութիւնն անվստահութեան փոխուելով՝ ալ իւր փափաքը բոլորովին մարեցաւ, թատրոնի վրայ ունեցած գաղափարը խանգարեցաւ եւ «Արեւելեան» անունն ալ իր դիրքովը մէկտեղ «Ալգազար»ի փոխուելու դժբախտութեանը արժանացաւ:

Ի՞նչ օգուտ կրցին ունենալ այնչափ զոհողութիւնները, աշխատութիւնները եւ ժողովրդեան այն փափաքը.- ոչինչ, բոլորն ալ յօդս ցնդեցան, եւ անոնց յիշատակները միայն կեցած են այսօր, եւ որոնք միշտ ցաւ կը պատճառեն ճշմարիտ զգացման տէր եղողներուն:

Մէկը, մէկը կար միայն, որ թատրոնի վերականգնութեան կարծես ի բոլոր սրտէ ուխտած՝ առանց վարանելու ամէն միջոց ձեռք առաւ, զոհեց իր անձը, իր կեանքը, իր քսակը եւ վերջապէս զոհեց ամէն բան՝ ինչ որ իրեն սիրելի էր, եւ ահա ի շնորհս անոր, գրեթէ կէս-հայ թատրոն մը ունինք այսօր «Օսմանիէ» անուամբ, բայց այն ալ անորոշ վիճակի մը մէջ:

Ուրեմն ինչո՞ւ չենք քաջալերեր զանի, քանի որ մեզի փառք ու պարծանք համարուող շէնքի մը հաստատութեանը եւ անցեալին մէջ տեղի ունեցած նախատինք մը մեր ճակտին վրայէն սրբելու համար ամէն ջանք եւ զոհողութիւն չի զլանար:

Մենք խիստ բծախնդիր ըլլալով, ամէն բանի մէջ օրինաւորութիւն կը փնտռենք. այո՛, օրինաւորութիւնը միշտ յարգելու է, բայց սա ալ գիտնալու է, որ առանց կողմնակի պարտաւորութիւնները ի գործ դրուելու՝ օրինաւորութիւնն ալ անկարելի է:

Մենք թողլով մեր հայկական ներկայացումները, կը դիմենք օտար թատրոններ, որ մեզի բնաւ օգուտ մը չընելէն զատ՝ մեծ ամօթ մ՚ալ կրնայ համարուիլ, քանի որ մենք մեզի համար թատրոն մը ունինք. այո՛, թողլով մեր թատրոնը կը յաճախենք հոն, որովհետեւ օտար թատրոնները աւելի զարդարուն են եւ դերասաններն ալ աւելի յառաջադէմ, որովհետեւ մեր թատրոնը խիստ աղքատ է եւ դերասանները տկար, հետեւաբար՝ ապօրինի. կ՚ուզենք որ մեր թատրոններն ալ օտար թատրոններու նման ըլլան: Զարմանալի պահանջում. ենթադրենք պահ մը, թէ ներկայ թատրոննիս իւր այս կաղն ի կաղն ընթացքին մէջ անգամ, պէտք է ամենայն կերպիւ անոնց փայլունութիւնը ունենալ.- շատ աղէկ, - այն անձը, որ ամէն զոհողութիւն եւ վնաս չէ խնայած եւ իւր վնասը գոցելու համար օտար ներկայացումներ տալ ստիպուեցաւ, ա՛լ աւելի ծախքեր ընելու համար որո՞ւ վստահի, (բայց դարձեալ նոյն անձն էր, որ կատարեալ սիրահարի մաս կատարողի մը 10 ոսկի ամսական կը խոստանար) -ժողովրդեա՞ն, - մեր ժողովուրդը միշտ նորասէր ու կասկածոտ է, ամէն բանի սկիզբը կը յարգէ, կը քաջալերէ, կը պաշտէ եւ վերջապէս անոր յարատեւութեան ի բոլոր սրտէ կ՚ուխտէ, բայց փոքրիկ շարժում մը, կասկած մը կարող է ժողովրդեան այս եռանդը մարել ու ամէն խոստում մոռցնել. ահա ճիշդ այս հետեւութիւնն ունեցած է թատրոնի մասին ժողովրդեան ունեցած փափաքն ու տուած կարեւորութիւնը. ուրեմն, ինչպէս համարձակի ա՛լ աւելի պարտուց տակ ճզմուիլ, քանի որ ժողովրդեան կողմէն փոքրիկ շարժում մը եւ քաջալերութիւն մը անգամ տեսած եւ ընդունած չէ:

Արդ, օ՛ ժողովուրդ, մենք բուն մեր ուզածին նման թատրոն մը ունենալու համար պէտք է յարգենք զանի, որ մինակ այս նպատակին եւ մեր անուան պատւոյն համար կ՚աշխատի, քաջալերենք զանի, որ ան ալ մեզ գոհացնելու կարող ըլլայ, թողունք օտարները, որովհետեւ օտարներէն չկայ մեզ յոյս, յուսանք մինակ Հայ անունէն, սիրենք ինչ որ Հայ անունը կը կրէ, Հայը միայն կրնայ հայուն օգնել եւ անոր ցաւակից կամ ուրախակից ըլլալ: Այո՛, անցեալին մէջ տեղի ունեցած մէկ քանի անտեղութեանց պատճառաւ, մեր սրտին մէջ դեռ ամփոփ կեցած ատելութիւնը անհետացնելով, պէտք է չզլանալ այն քաջալերութիւնը անոր, որ ապագային եւ թէ ներկային մէջ ՀԱՅ անունը կրող թատրոն մը մեզ ներկայացնելու փորձ կը փորձէ, եւ փոխանակ օտար թատրոններ յաճախելու, դիմենք հոն եւ մեր տեսած ու նշմարած պակասութիւնները ու ապօրինաւորութիւնները լրջմտութեամբ իմացնենք վարչութեան, որ ան ալ առանց վարանելու իր նպատակը կատարելագործել աշխատի: Ասով ոչ թէ ուրիշ բան մը, այլ Հայ թատրոնի մը հաստատութեանը օգնած, օտարներու առ եւ մեր պատւոյն պաշտպանութեանը աշխատած եւ «Արեւելեան» թատրոնին՝ մեր վրայ ծանրացուցած նախատինքը անհետացուցած պիտի ըլլանք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023