Հայուն «Պատերազմը»...

«Հա­պա ե­թէ գան եւ մեզ ջար­դե՞ն...»։

Նի­կո­սիա, Կիպ­րոս։ Աշ­խա­տան­քա­յին գրա­սե­նեա­կիս կից­՝ ակ­նո­ցի վա­ճա­ռա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող դրա­ցիս է։ Մի­ջին տա­րի­քի յոյն կիպ­րա­ցի տի­կին մը։ Ապ­րած է Կիպ­րո­սի տագ­նա­պը, վաթ­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րէն սկսեալ, բայց նաեւ 1974-ին՝ երբ իր տու­նէն տե­ղա­հա­նուած է եւ իր իսկ երկ­րին մէջ գաղ­թա­կան։ Ե­թէ գի­տէ, որ ես հայ եմ՝ բայց նաեւ լսած եւ կար­դա­ցած է մեր պատ­մու­թիւ­նը...։ Եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ապ­րուած վա­խը...։ Եւ կը զգայ վա­խը՝ քա­նի ինք ալ ապ­րած է այդ նոյ­նը...։

Եւ չու­շա­ցաւ իր մէ­ջի, եւ մին­չեւ այ­սօր սեղ­մած «վա­խը» դուրս հա­նե­լու...։ «Չեմ գի­տեր ինչ­պէ՞ս պի­տի ապ­րինք թուր­քին հետ։ Հա­պա ե­թէ գան եւ մեզ ջար­դե՞ն...»։

Ե­թէ մէկ կող­մէ կան հաշ­տու­թեան փոր­ձեր՝ կղ­­զին վե­րա­միաց­նե­լու ա­ռըն­չու­թեամբ՝ բայց մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ վա­խը նոյն­քան առ­կայ է...։ Եւ դրա­ցիս չզլա­ցաւ իր «վա­խը» բաժ­նեկ­ցե­լու ին­ծի հետ...։ Վեր­ջա­պէս­՝ ապ­րուած փոր­ձա­ռու­թիւնն էր, որ ստեղ­ծած էր այդ վա­խը...։ Եւ այդ նոյն վա­խը չէր ու­զեր վե­րապ­րիլ...։

Բայց վա­խը խա­բու­սիկ ե­րե­ւոյթ մը չէ...։ Մարդ­կա­յին զգա­ցում մըն է, որ կա­րե­լի չէ ան­տե­սել...։ Եւ ոչ ալ պէտք է զայն ա­ռըն­չել այս­պէս ը­սած «առ­նա­կան» ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան՝ ա­մօթ է եւ պէտք չէ վախ­նալ «տրա­մադ­րու­թեամբ»...։ Վա­խը ի­րա­կան է­՝ ապ­րած ու տա­կա­ւին ապ­րուե­լիք ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է՝ մարդ­կա­յին կեան­քին եւ պատ­մու­թեան տար­բեր հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէ­ջէն...։ Վա­խը կը ստեղ­ծէ կեան­քը ընդ­հա­տե­լու եւ կամ ընդ­հա­տուե­լու դէմ-դի­մաց կանգ­նած ի­րա­կա­նու­թեամ­բը՝ որ դիւ­րին վի­ճակ մը չէ մարդ ա­րա­րա­ծին հա­մար­՝ ուր պար­տի ըն­կա­լել կեան­քը վեր­ջաց­նե­լու ի­րա­կա­նու­թեա՞մ­բը...։

Եւ հա­յուն պատ­մու­թիւնն ալ զերծ չէ այս վա­խին ու ա­նոր ստեղ­ծած ա­հա­ւոր ի­րա­վի­ճակ­նե­րու ապ­րած ու ապ­րուած կեան­քի պատ­մու­թիւն­նե­րէն...։ Ե­թէ մէկ կող­մէ կայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, եւ ցե­ղաս­պա­նուած հա­յուն վա­խը, տա­կա­ւին նոյն­քան նաեւ վե­րապ­րո­ղին...։ Նե­րա­ռե­լով նաեւ ա­նոնց հո­գե­կան նե­րաշ­խար­հի ապ­րած վա­խին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը...։ Եւ նոյն այս վա­խի զգա­ցումն է­, որ իր տար­բեր հո­լո­վոյթ­նե­րով եւ պա­րու­նա­կու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ տա­կա­ւին հա­լա­ծել հա­յուն կեան­քը...։ Ե­թէ մէկ կող­մէ վա­խին ֆի­զի­քա­կան զգա­ցումն է, բայց նաեւ հո­գե­կան-ի­մա­ցա­կան ու տա­կա­ւին ինք­նու­թեան կան­չին...։ Ինք­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր մշա­կու­թա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը պա­հե­լու վա­խը...։

Ապ­րիլ 2016...։ Քա­նի մը շա­բաթ­նե­րէ ի վեր աշ­խա­տանք­նե­րուս բե­րու­մով կը շրջա­գա­յիմ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի տա­րա­ծքաշր­ջան­նե­րուն մէջ...։ Ղա­րա­բա­ղեան ճա­կա­տին վրայ պա­տե­րազ­մին բռնկու­մը խան­գա­րեց աշ­խա­տան­քա­յին բո­լոր տրա­մադ­րու­թիւնս եւ կեդ­րո­նա­ցումս...։ Հա­յը դար­ձեալ կ՚ապ­րի վա­խին ու ա­նոր ստեղ­ծած ար­հա­ւիր­քի մթնո­րո­տին մէջ...։ Կան նա­հա­տակ­ներ...։ Մեր հայ տղաքն են, ո­րոնք ո՛չ միայն կռուիլ գի­տեն, այն նաեւ՝ նա­հա­տա­կուիլ...։ Եւ քա­նի այ­ցե­լած եմ Ղա­րա­բա­ղ եւ տե­սած ու վա­յե­լած ա­նոր գե­ղեց­կու­թիւ­նը, կա­րե­լի չէ ա­րիւ­նա­քամ վի­ճա­կի վե­րա­ծել զայն...։ Ղա­րա­բա­ղի բնու­թիւ­նը ա­րիւն չ՚ու­զեր...։ Ան կառ­չած է ապ­րե­լու։

Պահ­րէյ­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն պաշ­տա­մուն­քին ներ­կայ եմ։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նին քա­րո­զի բնա­բա­նը ընտ­րուած է Աս­տուա­ծա­շուն­չի մէկ շատ ծա­նօթ հա­տուա­ծէն...։ «Սի­րէ քու ըն­կերդ քու ան­ձիդ պէս եւ սի­րէ թշնա­միդ»։ Աս­տուա­ծա­շուն­չի պատ­գա­մին զօ­րու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ հոն, ուր երբ իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ կար­դաս եւ լսես, կը «խօ­սի» քե­զի՝ մեկ­նե­լով քու ներ­կա­յի ապ­րած ի­րա­վի­ճա­կիդ մէ­ջէն...։ Ան­կախ որ նոյն հա­տուա­ծը եւ հա­մարն է որ կը կար­դաս եւ կը լսես...։ Ըն­կե­րա-հո­գե­բա­նա­կան եւ նե­րաշ­խար­հի ի­րա­վի­ճա­կը ի­րենց ո­րո­շիչ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նին պատ­գա­մին ըն­կա­լու­մին հետ...։ Հա­տուա­ծին փո­խան­ցած պատ­գա­մը կը նկա­տես մեկ­նե­լով քու ապ­րած օ­րուանդ ու ժա­մա­նա­կիդ փոր­ձա­ռու­թեան ընդ­մէ­ջէն...։

Ե­թէ Աստ­ուա­ծա­շուն­չի իմ շատ լսած եւ կար­դա­ցած հա­տուած­նե­րէն մէկն էր՝ բայց այդ օ­րը Պահ­րէյ­նի մէջ, նոյն այս հա­մա­րը ե­կաւ ա­ւե­լի «փո­թոր­կե­լու» իմ ար­դէն իսկ տագ­նա­պած հո­գիս...։ Սի­րէ թշնա­միդ ...։ Ան որ վա­խի մթնո­լորտ ստեղ­ծեց հա­յուն պատ­մու­թեան եւ որ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ...։ Մին­չեւ այ­սօր...։ Ղա­րա­բա­ղի մէջ...։ Ու դա­րձեալ Ապ­րիլ ամ­սուն մէջ...։

Բայց անհ­րա­ժեշտ էր որ վեր­լու­ծէի...։ Աս­տուա­ծա­շուն­չի սի­րոյ եւ սի­րե­լու հաս­կա­ցու­թիւ­նը պէտք չէ վեր առ­նել բա­ռա­ցիօ­րէն։ Կայ խոր­քա­յին եւ ըն­կե­րա­յին մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը եւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը, բայց նաեւ ըն­կա­լու­մը՝ որ հա­տուա­ծին ե­թէ մէկ կող­մէ կու տայ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան հիմք, բայց նաեւ ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին կեան­քի ար­ժե­չափ։ Քրիս­տո­սի խօ­սած «սէ­րը» սոսկ են­թա­կա­յա­կան ար­ժե­չա­փե­րէն շատ ա­ւե­լի՝ կը կեդ­րո­նա­նայ «տար­բեր» մա­կար­դա­կի­՝ իմ­մա «ար­ժէ­քի» չա­փա­նի­շնե­րով կեան­քեր ստեղ­ծե­լու հե­ռան­կա­րին վրայ, եւ ուր քրիս­տո­նեան պար­տի կեր­տել զայն...։ Ար­ժե­չա­փեր՝ ո­րոնք հե­ռու են աշ­խար­հի «սա­կար­կե­լի» չա­փա­նի­շնե­րէն եւ կը կառ­չին Քրիս­տո­սի շնոր­հած «ար­ժէ­քին» գի­տակ­ցու­թեամ­բը­, եւ ո­րուն «տար­բեր» մա­կար­դա­կը կը կա­յա­նայ հոն, ուր կեան­քեր կը կեր­տէ եւ ոչ թէ կը քան­դէ...։ Եւ «բա­րե­կա­մը ու թշնա­մին սի­րե­լը» պէտք է ըմբռ­նել այս տե­սա­կի կեան­քեր ապ­րե­լու պրիս­մա­կէն, որ կը տգնին ար­ժե­չա­փեր ստեղ­ծել մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան հո­լո­վոյթ­նե­րուն հա­մար, ուր «տար­բեր»ը իր դրա­կան ներ­գոր­ծու­թիւ­նը ու­նի եւ ոչ ժխտա­կան...։

Եւ հա­յը իր «վա­խի» եւ «սար­սա­փի» այդ ա­հա­ւոր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կրցաւ վե­րա­ծել այս՝ «տար­բեր» ար­ժե­չա­փի կեան­քեր կեր­տե­լու ի­րա­կա­նու­թեա­ն մէջ...։ Հա­յը կրցաւ իր գրա­ւը դնել հոն, ուր իր ապ­րած «վա­խի» կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը վե­րա­ծեց ոչ թէ ա­տե­լու­թեան եւ քան­դու­մի պատ­մու­թեան մը՝ այլ սի­րե­լու եւ կա­ռու­ցե­լու...։

Եւ հա­յուն պատ­մու­թիւ­նը այ­սօր նո­րէն կը կրկնուի...։ Այս ան­գամ Ղա­րա­բա­ղի մէջ։ Վա­խի ու սար­սա­փի եւ ա­նոր հետ նա­հա­տա­կու­թեան մթնո­լորտն է դար­ձեալ...։ Եւ ե­թէ հա­յը կը կռուի, ոչ թէ ո­րով­հե­տեւ կ՚ու­զէ ա­տել եւ քան­դել, այլ ո­րով­հե­տեւ կ՚ու­զէ շա­րու­նա­կել սի­րել եւ շի­նել...։ Սի­րել իր ազ­գա­յին-քրիս­տո­նէա­կան կեան­քը, զոր շի­նած էր Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, եւ շատ մը զրկանք­նե­րով եւ մին­չեւ այ­սօր...։ Եւ հա­յուն պա­տե­րազ­մը նոյն այդ իր շի­նած կեան­քը պա­հե­լու ի­րա­կա­նու­թեա­ն մէջն է, որ սա­կար­կե­լի չէ, եւ որ «տար­բեր» մա­կար­դակ ու­նի...։

Ե­րի­տա­սարդ հա­յու­հիին նկա­րը մէկ ի­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է հա­յուն «մա­կար­դա­կով» ապ­րե­լու կեան­քին ձգտու­մին­։ Ե­թէ իր «հա­յուն աչ­քերն» են, ուր կայ յու­զում,մտա­հո­գու­թիւն եւ ե­րե­ւի վախ՝ բայց նաեւ հաս­տատ հա­մո­զում։ Թէ մեր տղոց, իմ­մա բա­նա­կին հետ, հա­յը եւ Ար­ցա­խը զօ­րա­ւոր են...։ Եւ այս զօ­րու­թիւ­նը ուժն է հա­յուն, որ քան­դե­լու հա­մար չէ ե­ղած...։ Այլ պա­հե­լու, կեր­տե­լու ու շա­րու­նա­կե­լու հա­մար այս «տար­բեր» եւ «ի­մաս­տա­լից» կեան­քը...։ Ողջ հա­յու­թեա­ն հա­մար։

Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը այս ուղ­ղու­թեամբ խիստ բո­վան­դա­կա­լից է։ «Մեր պա­տե­րազ­մը հո­ղա­տա­րած­քի հա­մար չէ, այլ Ազ­գա­յին Ինք­նու­թեան»։

Ե­թէ Նի­կո­սիոյ դրա­ցիս կը վախ­նայ, բայց նաեւ ես եւ իւ­րա­քան­չիւր մարդ ա­րա­րած...։ Բայց այդ վա­խը պէտք է վե­րա­ծել ապ­րող կեան­քի...։ Կեանք մը, որ տար­բեր է...։ Եւ ո­րուն տար­բե­րու­թեա­ն չա­փա­նի­շնե­րը ար­ժէ­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեա­ն եւ գի­տակ­ցու­թեա­ն մէջն է...։ Եւ այս գի­տակ­ցու­թիւ­նը պի­տի պա­հենք՝ նոյ­նիսկ երբ ստի­պուած ըլ­լանք «պա­տե­րազ­մե­լու»...։

Եւ այս հա­յուն «պա­տե­րազմն» է...։ Վա­խին ընդ­մէ­ջէն ապ­րող եւ ապ­րեց­նող եւ ար­ժէ­քի չա­փա­նի­շնե­րով կեան­քեր ստեղ­ծե­լու «պա­տե­րազ­մը»...։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016