ԱՐՆԱԽՈՒՄ ԳԱԶԱՆԸ
Մղձաւանջը կը շարունակէ:
Հայաստանի լուսաբացները ստացած են անկանխատեսելի ու տրտմագին երանգներ: Մեր առօրեայէն ի սպառ բացակայած են դրական լիցքերն ու զգացումները: Արտաքուստ կը շողայ արեգակն արդար, բայց Հայաստանը մնացած է թախծոտ մշուշի քօղին տակ:
Օրեր առաջ կէսօրին Միքայէլեան հիւանդանոց հասնելու համար թաքսի պատուիրեցի: Միջին տարիքի շարժավարը ձայնասփիւռով մտիկ կ՚ընէր օրուան լուրերը: Ես ալ իմ հերթին ընկղմած էի մտքերուս յատակը: Օրը արեւոտ էր ու պայծառ:
Գրեթէ հասած էինք իմ նշած վայրը, երբ յանկարծ ահասարսուռ լուր մը զիս վայրկենապէս կտրեց իմ աշխարհէն. երեսնամեայ մայր մը, իր երկամեայ դուստրը, քանի մը մեթր բարձրութենէն նետած է վարար Դեբետ գետի երախը: Վարարած գետը աւելի քան երկու քիլօմեթր քշած-տարած է երեխան: Այնուհետեւ, գետի եզերքի ծառերէն մին իր գիրկը առած է փոքրիկը: Հարազատ մօր փոխարէն կը փայփայէր, մինչեւ կը հասնէր առաջին օգնութիւնը: Երիտասարդ մը գետի մէջ նշմարելով տարօրինակ բան մը՝ մօտեցաւ: Նախապէս անոր թուած է, թէ ծառի ճիւղերը իրենց գիրկի մէջ պահած են պուպրիկ մը: Փորձեց հանել: Երկամեայ փոքրիկ աղջնակի անշնչացած մարմինն էր:
Բարեգութ երիտասարդը առանց վարանելու երեխային առաջին օգնութիւն ցուցաբերեց: Ժամ մը անց երեխան ուշքի եկաւ: Այժմ այդ փոքրիկը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի հիւանդանոցը՝ բժիշկներու վերահսկողութեան տակ: Բարձունքէն իյնալու հետեւանքով ունի կոտրուածքներ եւ թոքերուն մէջ հաւաքուած ջուր: Անգութ մայրը ոստիկաններուն խոստովանեցաւ իր մեղքը:
Կը դժուարանամ հաւատալ, չեմ ուզեր ընդունիլ այս դառն ճշմարտութիւնը: Ախր, ինչպէ՞ս մայր մը, այն ալ հայ, կրնայ իր անպաշտպան զաւակին հետ վարուիլ այսպէս: Ախր, այս ո՞ւր հասանք: Ախր, այս ի՞նչ կը կատարուի մեզի հետ...
Այս զարհուրելի լուրը տակաւին չմարսած, նոյն օրուայ երեկոյեան, բախուեցայ մէկ ուրիշ տխրահռչակ իրականութեան հետ:
Շուկայի մէջ առեւտուր կ՚ընէի: Նորէն ձայնասփիւռը: Սովորականի պէս կը հաղորդէր օրուան լուրերը: Յայտնի է, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ կ՚ընթանան բողոքի ցոյցեր՝ ընդդէմ ազգադաւ իշխանաւորներու: Կարծես թէ հայ մարդը այս անգամ տրամադրուած է վճռական ու կ՚արթննայ հիասթափութեան նիրհէն: Այլեւս սրընթաց կը մօտենանք վերջին կանգառին. կա՛մ դէպի անդունդը մեզ ու մեր երկիրը տանող անփոյթ ու ստոր շարժավարը շտապ պիտի փոխենք, կամ ամէնքս միասին կոտորուինք:
«Թաղեմ ձե՛զ: Սատկէ՛ք դուք», զայրոյթէն բորբոքած կին մը կը թափէր իր թոյնը հայրենիքի ու իրենց կեանքերու համար մտահոգ ու ոտքի ելած ազգի հասցէին: Յայտնի է: Անյոյս մոլորեալ մըն է՝ նիկոլական: Պատասխան մը չտուի: Խորունկ շունչ մը քաշեցի եւ շարունակեցի իմ ճանապարհը: Անիմաստ է բան մը բացատրելը: Մէկուկէս տարիի մէջ տեղի ունեցած եւ տակաւին շարունակուող շղթայական ողբերգութիւններն ու արնաքամ եղող, մաշող հայրենիքը այս տեսակը չկրցաւ սթափեցնել, ես՝ նուաստս ինչպէ՞ս կրնամ երկու բառով ազդել վերջինիս մտածողութեան վրայ: Միայն Աստուած կրնայ փոխել, բանալ մեր հիւանդագին, փտող հասա-րակութեան աչքերը, հոգին ու սիրտը:
Օրը տակաւին չէր լմնցած: Մինչեւ տուն հասնիլը ինծի կը սպասէր նորանոր տհաճ ու մտահոգիչ, ցաւոտ անակնկալներ: Աղջամուղջին ազգովի պիտի յայտնուէինք հոգեկան ցնցումներու մէջ, այն ինծի համար պիտի ըլլար երկրորդը: Իսկ առաջինը՝ շուկայէն ելայ, կ՚երթայի տուն:
Սասունցի Դաւիթ կայարանէն սկիզբ առած քայլերթը կ՚անցնէր մեր տունի ճանապարհով: Խաչմերուկին հանդիպեցայ ցուցարարներուն: Ժպիտով դիմաւորեցի ու ճանապարհեցի անոնցմէ իւրաքանչիւրը, Տիրոջմէ օրհնութիւն ու զօրակցութիւն խնդրեցի հայրենիքի փրկութեան համար ոտքի ելած ամէն անձի համար: Անծայրածիր մարդոց հոսքը վերջացաւ: Ճանապարհները բացուեցան, ինչպէս նաեւ զանազան կողմերէ տեղացող անէծքներու, տգեղ արտայայտութիւններու ու հայհոյանքներու շարանը:
Հինգ-վեց կատաղած կին, հաւաքուած ծառի մը տակ, բարձրաձայն կը թափեն իրենց մէջ կուտակուած թոյնը, չարիքը. «Թաղեմ ձեզ... Մեռնիք դուք՝ ամէնքդ միասին, ցուցարարներով հանդերձ... Աթոռի կռիւ կ՚ընեն... Ասոնց ամէնը վառելու է... Թող տան՝ պրծնենք անոնցմէ, կեանքերնիս կերան... Թող տան՝ հանգիստ ապրինք...», այս եւ աւելին հասաւ իմ ականջներուն: Թող տան՝ խօսքը Արցախի մասին է: Այս անուղեղ ու անողնաշար զանգուածը անգիտակցաբար կը բարբաջէ: Առաջին անգամ իմ աչքերով տեսայ իրական զոմպիներ, իրական թունոտ նիկոլականներ: Իմ ամբողջ մարմինը սկսաւ դողալու: Պահ մը ուզեցի դառնալ եւ ամօթանք տալ այդ ապիկարներուն: Սակայն Աստուծոյ կամօք հանդարտեցայ: Կարծես Բարձրեալը ըսէր. «Մի՛ շտապեր: Ինձմէ առաջ մի՛ փորձեր իյնալ»: Այսպէս տխուր ու տրտում տուն հասայ եւ տնեցիներուն պատմեցի այն, ինչ որ իմացայ իմ ականջներով ու տեսայ իմ աչքերով:
Լրահոսէն ետ չմնալու համար բացի իմ դիմատետրը: Երանի չբանայի: Եկուր եւ տես՝ օրուան մէջ տեղի ունեցածները չարեաց փոքրագոյնն էր: Ժամեր առաջ, ապրիլի 26-ին, ժամը 18.05-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ բարիով վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին ուղեկցող կառքերու շարասիւնը, վթարի ենթարկեր է 28-ամեայ յղի կին մը եւ առանց օգնութիւն ցուցաբերելու՝ ճողոպրեր յանցանքի վայրէն: Մայրն ու չծնած երեխան մահացան հիւանդանոցի մէջ: Դիւրին չէ հաւատալ այս սոսկալի իրողութեան, սակայն, պարտաւոր ենք: Այն իրականութիւն է եւ ժամեր առաջ տեղի ունեցած է մեր քաղաքի մէջ: Այդ օրուայ մղձաւանջներու շարանը եզրափակուեցաւ ամենաողբերգականով: Հայ ազգը, հայ մարդը ցնցուած է: Հայոց նեռը այլեւս կը գործէ բացէ ի բաց եւ ամէն անգամ կը մնայ անպատիժ: Տեսնենք, այս անգամ ալ պիտի յաջողի՞ ճողոպրիլ իր գործած անմարդկային, անգութ յանցանքէն:
Մեր միակ փրկութիւնը հաւատքի ու շուտափոյթ սթափութեան մէջ է:
Թող Աստուած օրհնէ, պահէ եւ պահմանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները եւ մեր սրբազան հայրենիքի փրկութեան համար ոտքի ելած իւրաքանչիւրը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 01/31/2025