ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՔՈՒՐԱՆԵՐՈՒՆ ԲՈՅՐԸ
Ճաբոնի ողջ տարածքին ծաղկած է սաքուրան՝ ճաբոնական բալենին, այդ երկրին խորհրդանիշերէն մէկը: Անոր ծաղկումը վայելելը ճաբոնական կեանքի անբաժան մասն է, լուսաւոր ու հին աւանդոյթ մը, որ հատած է Ճաբոնի սահմանները:
Հայաստանի սաքուրաներու պուրակին մէջ ճաբոնական բալենիները այս օրերուն նոյնպէս ծաղկած են: Անոնք տնկուած են 2015 թուականին՝ ի նշան հայ-ճաբոնական բարեկամութեան եւ, ահաւասիկ, այս տարի՝ հայ-ճաբոնական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ, յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ ծաղկած սաքուրաներու պուրակին մէջ:
Հայ քաղաքական, մշակութային գործիչներ, ճաբոնցի դիւանագէտներ, «Արումենիա-Նիփոն» հայ-ճաբոնական կապերու միութեան նախաձեռնութեամբ, Ազգային ժողովի սաքուրաներու պուրակին մէջ, ներկայ եղան Հանամի կոչուող արարողութեան: Ծաղիկը դիտելու ճաբոնական աւանդական ձեռնարկն է, որ քանի մը տարիէ ի վեր՝ Հայաստանի մէջ ալ կը կազմակերպուի:
Ծաղիկներու անցողիկ գեղեցկութեամբ հիանալու ճաբոնական այս տօնին ողջ Ճաբոնը առանձնակի խանդավառութեամբ կը սպասէ: Ճաբոնական եղանակի պիւրոն ամէն տարի այս շրջանին յատուկ արարողակարգով կը յայտարարէ, թէ երկրի ո՛ր մասին մէջ, ե՛րբ պիտի ծաղկին բալենիները: Մարտի վերջաւորութենէն մինչեւ մայիսի սկիզբը բալենիները կը ծաղկին երկրին ողջ տարածքին, իսկ փետրուարի 1-ին անոնք ծաղկած կ՚ըլլան Օքինաւա ճաբոնական կղզիին մէջ, ուր տարբեր եղանակ է:
Սաքուրայի բազմաթիւ տեսակներ զարդական բոյսեր են, բերքատու չեն: Ծաղկման շրջանին անոնց տակ կը հաւաքուին ընտանիքներ, բարեկամներ, խումբեր եւ կը դիտեն ծառին ծաղիկները՝ միաժամանակ տօնելով բնութեան այդ պարգեւը:
Մեր օրերու Ճաբոնին մէջ հանամին հիմնականօրէն կը տօնեն օրուան ընթացքին՝ սաքուրային տակ զբօսախնջոյքներ կազմակերպելով: Բնակիչները սովորաբար այգիներ կ՚երթան եւ յարմար տեղեր կ՚ապահովեն, որպէսզի հանամիին այցելեն:
Իսկ Թոքիոյի նման քաղաքներու մէջ շատ տարածուած է այս տօնախմբութիւնները կատարել նոյնիսկ գիշերը: Խնջոյքները սովորաբար մարդաշատ ու աղմկոտ կ՚ըլլան: Բայց Ճաբոնի մէջ պահպանուած է նաեւ հանամիի աւելի հին ձեւը՝ ծաղկած սալորենիներուն հետեւիլը։ Նմանատիպ հանամին աւելի մեծ տարածում ունի տարեցներու շրջանակին մէջ, քանի որ սալորենիներու հանամիները աւելի հանդարտ կը տօնուին, քան՝ բալենիի խնջոյքները, որոնց հիմնականօրէն կը մասնակցին երիտասարդները։
Պատմութեան մէջ ալ հանամին նախ սկսած է սալորենիի ծաղկումը դիտելով. գարնան շրջանին մարդիկը կը հմայէր ծաղկած սալորենին, յետոյ աստիճանաբար իր տեղը զիջեցաւ բալենիին:
Հանամիի տօնակատարութեան աւանդոյթը կու գայ Նարա ժամանակաշրջանէն (710-794), երբ մարդիկ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէին սալորենիներու ծաղկումին, կը զմայլէին եւ կը տօնէին: Հէիան ժամանակաշրջանի Սակա կայսրը որդեգրեց այս աւանդոյթը եւ ամէն տարի Քիոթոյի կայսերական արքունիքին մէջ, սաքուրաներուն տակ, կը կազմակերպէր ծաղիկներու դիտման տօնակատարութիւններ։ Նուրբ ծաղիկները գովերգելու համար բանաստեղծութիւններ կը գրուէին, երգեր կ՚երգուէին, որոնք կեանքի լուսաւոր, գեղեցիկ, բայց անցողիկ ըլլալու խորհուրդը ունէին իրենց մէջ:
Սաքուրաներու մասին գրուած բանաստեղծութիւններն ու պատմութիւնները իրենց նշանակալի տեղը ունին ճաբոնական գրականութեան մէջ, անոնք կը դրսեւորուին նաեւ ճաբոնական արուեստի միւս ճիւղերուն մէջ, կը թարգմանուին այլ լեզուներու:
Կայսերական օրերուն հանամիին կը մասնակցէին բացառապէս կայսերական արքունիքի ազնուականները, բայց շուտով մասնակիցներուն շրջանակը կ՚ընդլայնի եւ կ՚ընդգրկէ սամուրայները՝ արտօնեալ զինուորականները, ապա նաեւ՝ պարզ ժողովուրդը:
Սաքուրայի ծառերուն տակ հին ժամանակ, ուրախ տօնակատարութիւններու ընթացքին, մարդիկ կը ճաշէին եւ սաքէ կը խմէին: Ճաբոնական այս ալքոհոլային խմիչքը նոյնպէս ինքնատիպ պատրաստման ձեւ ունի եւ նման չէ եւրոպական ալքոհոլային խմիչքներուն: Խմորման եղանակով բրինձով եւ ծլեցուած հացաբոյսերով պատրաստուած սաքէն հասած է մինչեւ մեր օրերը: Այսօր ալ, հանամիի օրերուն սաքէն գլխաւոր խմիչքն է, բայց ճաբոնցիները տօնին ունին նաեւ թանկօ անունով նրբահամ քաղցրաւենին, որ փայտեայ բարակ ձողի վրայ անցուած մատուցուելով՝ ամբողջական կը դարձնէ տօնը: Հակառակ որ թանկոն Ճաբոնի մէջ միշտ կ՚օգտագործուի, բայց հանամիի տօնին ուրիշ համ եւ զգացողութիւններ կը յառաջացնէ: Շատեր նոյնիսկ հանամի տօնին կը սպասեն՝ թանկօ ճաշակելու համար:
Ճաբոնական ժամանակակից ասացուածք մը կայ՝ «Հանա եորի թանկօ», այսինքն՝ «Թանկոն աւելի նախընտրելի է, քան ծաղիկը», կամ «Հանամիի մասնակիցները աւելի տարուած են թանկոյով, քան ծաղիկներով»: Այս մէկը, անշուշտ, կատակի իմաստ ունի իր մէջ, քանի որ ծաղկած ծաղիկներուն սպասելն ու անոնց գեղեցկութեան հետեւիլը ճաբոնական ապրելակերպի մէկ մասն է: Ճաբոնը կարելի չէ պատկերացնել առանց այս հարուստ տօնին:
Սաքուրայի ծաղիկները նկարուած են ճաբոնական ապրանքներուն վրայ, մտած են կիրառական զարդարուեստին մէջ, այդ փխրուն ծաղիկները պատկերուած են ճաբոնական 100 եէննոց մետաղադրամի մէկ երեսին:
Ժողովրդական բազմաթիւ երգեր նուիրուած են սաքուրային եւ անոր հրաշագեղ ծաղկումին: Իսկ ճաբոնական աւանդական դաջուածքներուն մէջ վիշապներու, կարապներու, վագրերու եւ այլ նշաններու հետ կը գործածուի նաեւ սաքուրայի ծաղկանշանը:
Սաքուրայի ծաղկումին սպասելը երկար կը տեւէ, սակայն կարճ է ծաղիկներով պատուած մնալու անոր շրջանը: Սովորաբար ոչ աւելի քան երկու շաբաթ ետք ծաղիկները կ՚անհետանան, բայց այդ երկու շաբաթուան ընթացքին լրատուամիջոցները այնքան կը լուսաբանեն, որ ան ինքնաբերաբար կը դառնայ երկրին թիւ մէկ իրադարձութիւնը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՔՈՒՐԱՆԵՐԸ
Հակառակ որ մտավախութիւն կար, թէ Հայաստանի եղանակային պայմաններուն մէջ սաքուրա աճեցնելը դիւրին չէ, բայց ճաբոնական արմատներով բալենիները արդէն ամրացած են հայկական հողին մէջ եւ ամէն տարի, ծաղկման շրջանին, անոնց շուքին տակ կը նշուի հայ-ճաբոնական բարեկամութիւնը, կը լսուին արուեստի, գեղեցկութեան, խաղաղութեան, բարութեան մասին խօսքեր, բանաստեղծութիւններ: Ազգային ժողովի այգիին մէջ անոնց վրայ այս տարի նոյնպէս կախուեցան թուղթով պատրաստուած կարապներ, որ նոյնպէս տօնին արարողութիւններէն մէկն է: Անոնք խաղաղութեան խորհրդանիշներ են, որոնք այս օրերուն այնքան անհրաժեշտ խաղաղութեան պատգամը կը փոխանցեն: Յիրաւի, ծաղիկներ դիտելու արուեստը խաղաղութեան բովանդակութիւն կը պարունակէ:
ՀԱՆԱՄԻՆ ՈՒՐԻՇ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հանամիի տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան նաեւ Ճաբոնի մերձակայ ուրիշ երկիրներու մէջ. ինչպէս՝ Թայուան, Քորէա, Փիլիպեաններ, Չինաստան։
Ճաբոնէն դուրս հանամին տարածում գտած է մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1912 թուականին, երբ Ճաբոնը ԱՄՆ-ին երեք հազար սաքուրայի ծառ նուիրած է՝ տօնելու համար ազգերու բարեկամութիւնը։ Այս ծառերը տնկուեցան Ուաշինկթընի մէջ, իսկ 1965 թուականին, երեք հազար ութ հարիւր ծառ նոյնպէս նուիրաբերուեցաւ: Անոնք կը շարունակեն գրաւել զբօսաշրջիկները, որոնք ամէն տարի այս շրջանին իսկական ճաբոնական տօնակատարութեան ականատես կ՚ըլլան ԱՄՆ-ի տարածքին:
Պրուքլինի մէջ՝ Նիւ Եորք, բալենիներու ծաղկման ճաբոնական ազգային տօնը կը նշեն մայիսին, Պրուքլինի բուսաբանական այգիին մէջ: 1981 թուականէն սկսեալ, տօնը դարձած է այգիին ամենայայտնի ձեռնարկներէն։ Նմանատիպ տօնակատարութիւններ տեղի կ՚ունենան նաեւ Ֆիլատելֆիոյ եւ ԱՄՆ-ի այլ վայրերու մէջ։
Սաքուրայի ամենամեծ ամերիկեան պուրակը կը գտնուի Նիւ Ճըրզիի այգիին մէջ, ուր 18 տեսակ՝ աւելի քան հինգ հազար բալենիներ, ամենամեայ ծաղկման տօնին, կը գրաւեն մօտաւորապէս տասն հազար այցելուներու ուշադրութիւնը:
Հանամին մաս կը կազմէ նաեւ եւրոպական տօնակատարութիւններուն: Ճաբոնական ընկերութիւններ Ֆինլանտիոյ նուիրած են երկու հարիւր բալենիներ, որոնց շուրջ կը համախմբուին երկրի բնակիչները, որոնց հոգեհարազատ է հեռաւոր Ճաբոնի մէջ սկիզբ առած այս ուրախ տօնը:
Իտալիոյ մէջ հանամին կը տօնեն Հռոմի Էուր այգիին մէջ. հոս նոյնպէս սաքուրաներու մեծ պուրակ մը կայ, որուն բալենիները 1959 թուականին Ճաբոնի պետութիւնը նուիրած է Իտալիոյ:
Հանամին իր խորհուրդով եւ տարածուածութեամբ այլեւս մաս կը կազմէ համաշխարհային ժառանգութեան: Անիկա գեղեցիկի արուեստ մըն է, իսկ գեղեցիկը հոգեհարազատ է բոլոր ազգերուն:
Միշտ խաղաղ, ուրախ եւ անհոգ կեանքի խորհրդանիշ եղած սաքուրան սակայն, գործածուած է նաեւ պատերազմներու ընթացքին:
Սաքուրան ընտրուած է Ճաբոնի բանակի ազգայնական երիտասարդ սպաներուն կողմէ, որոնք երկու անգամ փորձած են կատարել պատմական յեղաշրջում։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին սաքուրան, ռազմամոլական քարոզչութեան նպատակով, կը գործածուէր որպէս Ճաբոնի խորհրդանիշ։ Մինչեւ պատերազմին սկիզբը գործածուած է նաեւ որպէս ճաբոնական ոգին ամրապնդելու համար, յատկապէս՝ «Ճաբոնական երիտասարդական երգ»ին մէջ: Երգին մէջ կը նշուի այն զինուորներուն մասին, որոնք պատրաստ էին սաքուրայի ծաղիկներուն նման զոհուելու։
Ճաբոնցի օդաչուներ սաքուրայի ծաղիկները կը նկարէին օդանաւներուն վրայ՝ «մահապարտ» հնարքը կատարելէ առաջ եւ նոյնիսկ իրենց հետ կը վերցնէին սաքուրայի ճիւղեր, որոնք, ըստ աւանդութեան, պաշտպանիչ յատկութիւններ ունին։ Օդանաւին վրայ նկարուած սաքուրան կը խորհրդանշէր կեանքի եռանդագին եւ միեւնոյն ատեն փխրուն ըլլալը, իսկ վար ինկող ծաղիկները՝ կայսեր փառքին համար իրենց կեանքը զոհաբերող երիտասարդները։
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Մինչեւ այսօր հինգ թուփ ունեցող սաքուրային ծաղիկը կը նկատուի Ճաբոնի զինեալ ուժերու զինանշանագիտութեան հիմնական ցուցանիշը, որ կ՚օգտագործուի նոյն պարագաներուն, ինչպէս արեւմուտքի մէջ զինուորական կոչումները տարբերակելու համար կը գործածուի աստղանշանը։ Գաղութներու մէջ ճաբոնցիները կը ջանային աճեցնել սաքուրայի ծաղիկներ, որպէս ցուցանիշ տարածքին ճաբոնական պատկանելիութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան