ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ ՄԱՅԻՍ

Շարլ Ազնաւուրի մահէն ետք, իր առաջին ծննդեան օրը նշուեցաւ առանձնակի յուզումով. առաջին անգամ երգիչը ֆիզիքապէս ներկայ չէր իր տարեդարձի արարողութիւններուն՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ: Այս մայիսին ան դարձաւ 95 տարեկան:

Ազնաւուրի ծննդեան օրը Երեւանը կրկին իր շունչով պարուրուած էր: Մեթրոյի բոլոր կայարաններուն մէջ առտուընէ իր երգերը կը հնչէին, զանազան վայրերու մէջ ոգեկոչումի ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենային, ինչպէս նաեւ, նոյն օրը, «Արարատ» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի վերջին գիրքի հայերէնի թարգմանութեան շնորհանդէսը:

«Կեանքին կառչած». այսպէս խորագրած է Ազնաւուր իր վերջին՝ իններորդ գիրքը, որ գրած է 2017 թուականին, եւ հայերէնի թարգմանուած է երգիչին ծննդեան 95-ամեակին առթիւ: Գիրքը թարգմանած են Արտակ Հերիքեանն ու Ժագլին Մինասեանը, տպագրած է newmag ընկերութինը: Այս գիրքին մէջ մեծ երգիչը կը խօսի իր անցած-գացած օրերուն մասին, թէ որքան դժբախտ-երջանիկ եւ որքան մերժուած-սիրուած եղած է, հասած յաջողութիւններու եւ մեծ փառքի՝ այդ ճամբուն վրայ հազար անգամ սայթաքելով եւ ոտքի կենալով:

Տեսակ մը տխրութիւն կայ անոր կեանքի վերջին ամիսներուն գրած տողերուն մէջ, բայց Ազնաւուր մահուան միտքէն շատ հեռու էր. կը գրէ, որ մեծ յոյսեր ունի 120 տարի ապրելու՝ եթէ հիւանդութիւններ կամ արկածներ տեղի չունենան։ «Այս տողերս գրելու պահուն, առանց նոյնիսկ մատներուս վրայ համրելու, կրնամ ըսել, որ 120 տարեկան դառնալուս մնացած է 26 տարի, 7 ամիս», գրած է Ազնաւուր:

Գիրքին վերջակէտը դնելէն մէկ տարի չանցած՝ Ազնաւուր հեռացած է կեանքէն: Մինչդեռ, որքա՜ն կը գնահատէր կեանքը, հարազատներուն հետ անցուցած ժամանակը, եւ վերջին տարիներուն փոխած էր կենսակերպը, աւելի շատ ժամանակ կ՚անցընէր հարազատներուն հետ, քան՝ երիտասարդ տարիներուն:

Newsmag հրատարակչութիւնը խոստացած է, որ մինչեւ Ազնաւուրի 100-ամեակը հայերէնի պիտի թարգմանէ իր բոլոր գիրքերը:

«Կեանքին կառչած» գիրքին հայերէնի թարգմանութեան շնորհանդէսին, ինչպէս նաեւ Ազնաւուրի յիշատակի համերգին ներկայ ըլլալու համար Փարիզէն Երեւան ժամանած էր ֆրանսահայ նշանաւոր երգչուհի Ռոզի Արմէն:

«Կեանքին կառչած» գիրքը Ազնաւուրի ինքնակենսագրական գիրքերու շարքին վերջինն է: Ինչպէս նախորդ գիրքերուն մէջ, այս գիրքին մէջ ալ ան հեռուէն եկած է, պատմած երգի ասպարէզ մուտք գործելու իր ճանապարհին մասին, եւ այն մասին, թէ ինչ դժուար էր ընդունուիլ ֆրանսացի քմահաճ հասարակութեան կողմէ: Ազնաւուր կը գրէ, որ ինքը գոց աչքերով չէ երազած փառքի մասին, այլ բաց աչքերով՝ անընդհատ աշխատած է: Բոլոր իր գիրքերուն մէջ ներկայ է ծնողքը, որ երգիչին եւ դերասանին ճամբան բացած է, քանի որ թէ՛ տան մէջ կ՚երգէին եւ բեմադրութիւններ կ՚ընէին, թէ՛ Շարլն ու քոյրը՝ Այտան, մղած են այդ ասպարէզ: Իր այս գիրքին մէջ ան սիրոյ մասին նոյնպէս կը խօսի եւ խորագրի մը տակ կ՚անդրադառնայ իր կնոջ՝ Ուլլային:

Միւս կողմէ, մայիս 26-ին Երեւանի մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած համերգ մը, որուն մասնակցելու համար Ֆրանսայէն երգիչներ ժամանած էին: Անոնք Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ երաժշտասէրներուն ներկայացուցին Ազնաւուրի երգերը եւ իրենց երգացանկերու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները՝ զանոնք նուիրելով Շարլ Ազնաւուրի անմահ յիշատակին։

ԻՄ ԽԵՆԹ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Ոսկի տարիք է, երբ կը սիրես ու կը սիրուիս:

Բախտս բերած է, որ սիրելով ամուսնացայ եւ կրնամ ըսել, որ կէս դար է ընտանիքիս մէջ ամէն ինչ կարգին է: Ուլլան ինձմէ շատ երիտասարդ է, բայց կը համարձակիմ մտածել, որ տարիքային տարբերութիւնը այնքան ալ չ՚երեւիր: Իմ արհեստս անոր հոգը չէ (հոգիիս խորքով համոզուած եմ, որ հակառակը ինծի համար հաճելի պիտի չըլլար): Ան երբեք չէ խանգարած աշխատանքս, յարգած է մտորումներու, ստեղծագործելու իմ երկար պահերը: Բարեբախտաբար: Քանզի չէի ուզեր, որ մէկը խորհուրդ տար, թէ ինչպէս գրեմ: Կը սիրեմ, երբ աշխատած ժամանակ զիս հանգիստ կը ձգեն: Ուլլան ծնած է ցուրտ երկրի մը մէջ ու կը վախնայ տաքէն: Ես՝ հակառակը: Սակայն մեր այս տարբերութիւնը երբեք վէճեր չէ բորբոքած: Իմ մասնագիտութեանս տէր մարդու մը հետ ապրիլը պէտք է որ լաւ բան մը չըլլար: Ուլլան կը սիրէ պարզ կեանքը, ժամանակը անցընել երեխաներուն հետ, խնամել մեր շուները, տան գործերով զբաղիլ: Ոչ մէկ ցուցամոլութիւն, թանկարժէք զարդ կամ մուշտակ: Ան ինծի պարզութիւն սորվեցուցած է, իսկ ես անոր կեանքին քիչ մը խենթութիւն բերած եմ: Այս բոլորը ինծի մտածել կու տան, որ մեր համատեղ կեանքի բոլոր տարիներուն կատարեալ զոյգ մը եղած ենք:

Յիսուն տարի անցաւ,

Իսկ մեր սէրը

Քեզի պէս

Ոչ մէկ կնճիռ ունեցաւ:

Տիկնոջս՝ Ուլլային մասին խօսիլը իսկապէս դիւրին չէ: Նախ, ան կը սարսափի, երբ կը խօսինք իր մասին, յետոյ՝ զսպուածութեան մարմնացում է, չի սիրեր ինքզինք ցոյց տալ, ոչ ալ՝ լուսանկարուիլ: Ինչպէս ճաբոնցիները կ՚ըսեն՝ «Գամը պէտք չէ պատը անցնի»: Երբ առաջին անգամ հանդիպեցանք, մեզի համար վեց ամսուան մը համատեղ կեանք կը գուշակէին: Ուլլան սկանտինաւցի բողոքական է, ու կարծես Ինկմար Պերկմանի շարժանկարներէն դուրս եկած ըլլայ, ես՝ աւելի Սերկէյ Փարաճանովի ձեւուածքն էի՝ աւելի շատ թափառաշրջիկ, քան՝ նստակեաց: Իմ ողջոյններս՝ «Անոնք ստեղծուած չեն համատեղ կեանքի համար» կանխատեսողներուն: Հակառակ մեր տարբերութիւններուն, երեք երեխան եւ յիսուն տարուան մեր անաղմուկ, անցնցում եւ ներդաշնակ կեանքը կարող են լռեցնել «ես քեզ կը զգուշացնէի» ըսողները: Շոու-պիզնըսի յարափոփոխ սիրային աշխարհին մէջ մեզ կարելի է դասել «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին յաւակնորդներու կարգին ու ասիկա տակաւին համատեղ կեանքին վերջը չէ:

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

*

Ռոզի Արմէն Շարլ Ազնաւուրի «Կեանքին կառչած» գիրքի յառաջաբանին հեղինակն է: Ան Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկուն մէկ տողով սկսած է իր խօսքին. Ազնաւուրը երգ մը ունի՝ Փարիզը կը սիրեմ մայիսին: Ռոզի Արմէն գրած է. Այո, Շարլ, շատ ճիշդ ես, դո՛ւն ալ, ե՛ս ալ Փարիզը կը սիրենք մայիսին, որովհետեւ դուն մայիս 22-ին ծնած ես, ես՝ մայիս 1-ին, երկուքս ալ՝ Փարիզ:

Կը յիշեմ, որ օր մը հայրս տուն եկաւ փայլուն դէմքով, Տրեւիզ փողոցին վրայ հայրիկիդ հանդիպած էր, կարծեմ իններորդ թաղամասին մէջ է այդ փողոցը: Հայրդ ըսած էր՝ «Գիտե՞ս, Խորէն, իմ տղաս՝ Շարլը, կ՚երգէ»: Հայրս պատասխանած էր՝ «Գիտե՞ս, Միշա, իմ աղջիկս՝ Ռոզը, նոյնպէս կ՚երգէ»: Մեր հայրերը ուրախ էին, որ տարիներ անց նորէն կը հանդիպէին, կը յիշէին իրենց թիֆլիզեան կեանքը, մանկութիւնը, դպրոցը:

Դուն, անշուշտ, ինձմէ կանուխ սկսած էիր երգել: 1961 թուականին, երբ ես իմ առաջին քայլերս կը կատարէի, դուն արդէն յայտնի երգիչ էիր: Մեր ճամբաները յաճախ խաչաձեւուած են, բայց երբեք իսկական հանդիպում չենք ունեցած, քանի որ դուն, ինչպէս եւ՝ ես, գործերու մէջ խրած էինք՝ հիւրախաղեր, հազարումէկ պարտականութիւն: Կը հիանամ գրած երգերովդ, որոնք կեանքի, իրական կեանքի մասին կը պատմեն: Այնքան խորիմաստ են այդ հայկական ոգիով եւ լաւ ֆրանսերէնով գրուած երգերը:

Կը յիշեմ նաեւ, որ անգամ մը ընտանիքով եկած էինք Փարիզի Էլհամպրա համերգասրահը՝ քու համերգիդ: Ի՜նչ մեծ երջանկութիւն էր բեմին վրայ քեզ տեսնելը, երիտասարդ հայուն յաղթանակը տեսնելը ֆրանսական հողին վրայ: Այդ համերգէն ետք այլեւս կասկած չունէի, որ որպէս երգչուհի պիտի շարունակէի ընթացքս: Շիտակը՝ մինչ այդ ալ կը զգայի, որ երգն է իմ մասնագիտութիւնս, բայց նոյն այդ օրը վերջնականապէս համոզուեցայ…

*

Գիրքին թարգմանիչը՝ Արտակ Հերիքեան, իբրեւ երկար տարիներու լրագրող, եւ շրջան մը Ֆրանսա աշխատած, մտերիմը եղած է Շարլ Ազնաւուրին: Լրագրողը կը տիրապետէ ֆրանսերէնի եւ հեղինակ է Շարլ Ազնաւուրի հետ բազմաթիւ հարցազրոյցներու, որոնց մեծ մասը ան կատարած է Ազնաւուրի երեւանեան այցելութիւններուն ընթացքին՝ հեռատեսիլի համար: Այս գիրքին մէջ, Արտակ Հերիքեան զետեղած է 2005-էն մինչեւ 2015 թուականները Շարլ Ազնաւուրի հետ ունեցած իր հարցազրոյցները, որոնք աւելի շատ երկու մտերիմ մարդոց զրոյցներ են՝ պարզ, անմիջական, անկեղծ: Այդ զրոյցներուն ընթացքին Ազնաւուր երբեմն նաեւ արեւմտահայերէն խօսած է, եւ հեռատեսիլային այդ զրոյցներուն ընթացքին է, որ լրագրողը կրցած է Ազնաւուրի մէջ արթնցնել իր ծնողքին լեզուն եւ երգիչին երկրպագուները լսած են Ազնաւուրի շուրթերէն հնչող գեղեցիկ արեւմտահայերէնը:

Հատուածներ ֆրանսերէն հարցազրոյցներէ (թարգմանութիւնը՝ Արտակ Հերիքեանի)

 

-Պարոն Ազնաւուր, կը յիշէ՞ք, թէ առաջին անգամ ե՞րբ գրելու ցանկութիւն յառաջացաւ:

-Ոչ թէ ցանկութիւն, այլ կարիք եղաւ երգի բառերը գրելը: Երգահան մը ունէի՝ Փիէռ Ռոշ անունով: Գեղեցիկ մեղեդիներ կը յօրինէր եւ ոչ ոք անոր երաժշտութեան համար խօսք կը գրէր: Կ՚ըսէին՝ քու հետդ դրամ չենք աշխատիր: Եւ ուրեմն, ստիպուած սկսայ գրել, որպէսզի ձեռք ձգենք երաժշտական սարքաւորում մը եւ կրնանք երգել ես եւ ան:

-Մանաւանդ որո՞նց գործերը Ձեզ կ՚ոգեշնչէին:

-Ինծի համար կարեւոր կերպարներ էին Հիւկոն, անշուշտ, Մոլիէրը, Լա Ֆոնթէնը… ո՞վ կայ ուրիշ… եւ յետոյ՝ Սաշա Կիթրին:

-Սայաթ Նովան…

-Սայաթ Նովան ընտանիքի անդամ է: Մեր տան մէջ, ինձմէ զատ, բոլորը անգիր գիտեն Սայաթ Նովայի երգերը: Չմոռնանք, որ մեր միջավայրը ամբողջովին ֆրանսական էր: Այդ միջավայրը այցելողները, հայեր չէին, այլ՝ ռուսեր: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ պապս ու հայրս կովկասեան ճաշարան մը ունէին Փարիզի մէջ:

-Բայց հայեր ալ կու գային: Օրինակ՝ Միսաք Մանուշեանը, որ Ձեզի ճատրակ խաղալ սորվեցուցած է:

-Այո, բայց ճատրակի ախոյեան չդարձայ, չէ՞: Ձգեցի, որ Հայաստանը ճատրակով նուաճէ աշխարհը… (կը ժպտի):

-Դուք բեմին վրայ էք ինը տարեկանէն ի վեր եւ իննսուն տարեկանին, երբ բեմ ելլէք, Ձեր սրտի զարկերուն արագութիւնը փոխուա՞ծ է:

-Սկիզբը սարսափելի էր, քանի հանդիսատեսը տակաւին չէր գար համերգներուն զիս լսելու համար, կասկածները կը տանջէին: Այն պահէն, երբ հանդիսատեսը սկսաւ գալ միայն ինծի համար, մտահոգուելու պատճառ չունէի այլեւս: Տագնապները անցան… բայց մինչեւ հիմա ալ սրտիս խորքը կասկածներ կ՚ունենամ՝ հիւրախաղերուս մէկ տարուան ծրագիրը մշակելու ժամանակ: Անընդհատ կը մտատանջուիմ, թէ արդեօք ամէն ինչ կատարեա՞լ է, ճիշդ այսպէ՞ս պիտի ըլլայ:

-Պարոն Ազնաւուր, ինչն է Ձեր յիսուն տարուան արտադրիչ Լեւոն Սայեանի հետ գործակցութիւնը դադրեցնելուն պատճառը:

-Եթէ կ՚ուզէք՝ իրեն հարցուցէք:

-Կ՚ըսուի, թէ դրամի հարց է:

-Ըսի այն, ինչ որ ըսի: Վե՛րջ:

 

-Պարոն Ազնաւուր, Ձեր մայրը կը փափաքէր գոնէ մէկ անգամ տեսնել իր ծննդավայրը, բայց չիրականացաւ իր երազը:

-Ան յաջողեցաւ մէկ անգամ հոն երթալ թուրքի մը ընկերակցութեամբ, որ բացառիկ մարդ էր, որ իմ մտերիմ ընկերը դարձաւ: Իրարու պրատըրզ կ՚ըսէինք: Անգլերէն կը խօսէինք: Անունը Ֆերտա Քարաման էր: Զարմանալի մարդ մը, որ մօրս գերեզմանին վրայ կ՚աղօթէր, մահմետական աղօթք էր, բայց կ՚աղօթէր: Ահա, թէ ինչո՛ւ երբեք ոչ մէկ վատ բան կ՚ըսեմ թուրք ժողովուրդի հասցէին:

Թուրքեր կան, որոնք իրենք զիրենք վտանգի կ՚ենթարկեն՝ ինծի հետ ընկերութիւն ընելու համար: Մեր տան մէջ երբեք ատելութիւն չէ սերմանուած թուրքերուն հանդէպ: Մայրս կը կարօտնար Թուրքիան: Կը սիրէր այդ երկիրը՝ իր մանկութեան երկիրը: Ես ալ մէկ անգամ եղած եմ Թուրքիա: Նոյնիսկ երկու անգամ: Երբ շատ երիտասարդ էի, Թաքսիմի մէջ երգած եմ: Երկրորդ անգամ իմ ընկերը՝ Ֆերտան հրաւիրած էր: Անոր ծնողքին տունը մնացինք, ինծի Իսթանպուլը ցոյց տուաւ:

-Չէի գիտեր, որ համերգ տուած էք Թուրքիա:

-Համերգ չէր: Քապարէի մէջ երգելն ի՞նչ համերգ… Մանաւանդ որ երգիչներու խումբով էինք:

-Ամբողջ աշխարհի մէջ երգած էք, բայց համերգ չէք տուած Թուրքիա: Ինչո՞ւ:

-Կրնար հաճելի չթուիլ հայ ժողովուրդին: Այսօր, եթէ Թուրքիա երթամ, որպէս հաշտեցման նշան կը հասկցուի: Չեմ կրնար, չէ՞, բոլորովին առանձին երթալ հաշտութեան: Ընդառաջ եկող պէտք է ըլլայ:

Գիտէ՞ք, որ Թուրքիայէն պարբերաբար բացիկներ կը ստանամ: Ցուցասրահի լուսանկար մը կը ղրկեն, որ Ազնաւուր կը կոչուի: Պէտք է որ Գոց շուկայի պէս տեղ մը ըլլայ: Ինծի կը ղրկեն նաեւ «Հաճի Պեքիր» հրուշակարանի ճակատամասին լուսանկարը: Պեքիրը իմ գիտցած ամենէն լաւ թուրք հրուշակագործն է: Երիտասարդ տարիքէս կը սիրեմ անոր հրուշակեղէնը: Թուրքիայէն յաճախ կարկանդակներ կը ղրկեն ինծի: Շատ հաճելի է… Լոխում ալ կը ղրկեն, որ շատ չեմ սիրեր՝ ակռաներուս կը փակի:

Երբ Վրաստան կ՚երգէի, շատ թուրքեր եկած էին: Երբ Իսրայէլ կ՚երգէի, նորէն թուրքեր կային: Թուրք ընտանիք մը երկու անգամ Իսրայէլ եկաւ՝ մասնաւոր զիս լսելու: Ատիկա իմ յաղթանակն է, բայց Թուրքիոյ պարտութիւնը չէ: Յաղթանակը անձնական է, հայկական:

 

-Պարոն Ազնաւուր, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ձիթապտուղ կը մշակէք: Ատիկա Ձեր տարե՞րքն է, թէ՞ ընտանեկան պիզնըս:

-Տարե՛րք, պիզնըս չէ… Տակաւին չեմ ծախսած ինչ որ վաստակած եմ կեանքիս մէջ: Շահոյթը կարեւոր չէ: Հաճոյքի համար կ՚ընեմ: Եօթ-ութ տարի մը կ՚ըլլայ: Ֆրանսայի հարաւային լաւագոյն շրջանի մը՝ Միտիի մէջ են ձիթենիները: Ձիթենին առասպելական ծառ է:

-Յոյները կ՚ըսեն, որ խաղաղութիւն եւ առողջութիւն կը բերէ:

-Պինդ առողջութիւն ունիմ, որովհետեւ յաճախ ձիթենիներուս հետ կ՚ըլլամ: Կը խմեմ իմ աճեցուցած ձիթապտուղներուն իւղը, կ՚ուտեմ սխտոր ու սոխ: Շատ օգտակար են առողջութեան համար: Երգիչներ կան, որ կը փափաքին բեմին վրայ մեռնիլ: Ատանկ բաներու չեմ հաւատար:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019