ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔՈՎ ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Վաղը Յինանց կիրակիներու եօթներորդ կիրակին է, որ կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ:

Իւրաքանչիւր շաբաթ օր այս ընդհանուր խորագիրին՝ «Կիրակմուտքի խորհրդածութիւններ» տակ, կ՚անդրադառնամ օրուան խորհուրդին, փորձելով որոշ բացատրութիւններ տալ: Այսօր, սակայն, ամփոփ բացատրութիւն մը տալէ ետք, քիչ մը պիտի շեղիմ:

Ստեփանոս Քահանայ Մանդինեանց, այսպէս կը գրէ.

«Հարցում. Եօթներորդ կիրակին ինչո՞ւ Երկրորդ Ծաղկազարդ կը կոչուի:

Պատասխան. Այս կիրակին Երկրորդ Ծաղկազարդ անունով տօնելը աւանդաբար փոխանցուած է եւ թերեւս տասներկրորդ դարուն, Ներսէս Շնորհալիի եղբայրը՝ Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսը սահմանած է, իր նախահօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին կենագրութենէն առնելով: Պատմութիւնը հետեւեալն է. Սուրբ Գրիգոր Վիրապին մէջ եղած ատեն հրեշտակ մը կը սպասարկէր իրեն, եւ Համբարձումի չորրորդ օրը, որ կիրակի կ՚ըլլայ, հրեշտակը չ՚երեւիր. յաջորդ օրը պատճառը հարցնելով՝ կը տեղեկանայ, թէ երկնային քահանայապետութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի երկրէն համբարձումը եւ երկինք մտնելը կը տօնէր, եւ այդ օր չորրորդ դասակարգութեան տօնն էր: Այդ կիրակի օրը Հայրապետը շարականներով կը ճոխացնէ, որու օրհնութիւնը հետեւեալն է. Մեծահրաշ այս խորհուրդ աւանդութեամբ առ մեզ հասեալ, զոր հոգւոց լուսատու ի պաշտպանէն իւրմէ լուեալ, եթէ տօն մեծ է այսօր իմոյ դասուն, որ ի յերկինս (Աւանդութեամբ մեզի հասած այս մեծահրաշ խորհուրդը, հոգիներուն լուսաւորիչը (Սուրբ Գրիգոր) իր պաշտպան հրեշտակէն լսեց, թէ երկինքի մէջ այսօր մեծ տօն է իմ դասին), եւ այլն» (Ստեփանոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց, «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 255-256):

Վերադառնալով շեղումիս: Շեղումիս դրդապատճառը այսօրուան (կիրակի, 22 մայիս 2022) լսած քարոզս էր: Գրութեան պատճառը ո՛չ թէ քարոզէն ներշնչուելու արդիւնքն է, այլ՝ ընդհակառակը, խոր հիասթափութեան…

Այստեղ շատ պիտի չխորանամ քարոզիչին արտաբերած անտրամաբանական միտքերուն, որպէս թէ Աւետարանէն՝ բայց Աւետարանին հետ առընչութիւն չունեցող մէջբերումներուն, չմտածուած եւ զգացական գետնի վրայ կատարուած արտայայտութիւններուն: Պարզապէս, մէկ մատնանշում ընեմ ու անցնինք: Լաւ պիտի ըլլար, որ տուեալ քարոզիչը անգամ մը ուշադրութեամբ կարդար Յովհաննէսի Աւետարանէն իր մէջբերած հետեւեալ համարը, որ ըստ Աւետարանին կ՚արձանագրեմ այստեղ, տալով գրաբար, արեւտմահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակները.

- «Ես եմ դուռն, ընդ իս եթէ ոք մտանիցէ, կեցցէ. մտցէ եւ ելցէ եւ ճարակ գտցէ»:

- «Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ Ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ»:

- «Ես եմ դուռը. եթէ մէկը Իմ միջով մտնի, կը փրկուի. կը մտնի ու կ՚ելնի եւ ճարակելու բան կը գտնի» (Յհ 10.9):

Մէջբերուած համարը Աւետարանէն է: Արժանապատիւ հայրը նախքան ճարակ, ճար, հնար կամ միջոց հասկնալը, լաւ պիտի ըլլար, որ գոնէ մէյ մը ամբողջութեամբ կարդար Աւետարանական այս գլուխը, որպէսզի ցնդաբանութիւններ դուրս չի տար, պղտորելով զինք լսող հաւատացեալներուն միտքերը:

Այսօր, ըլլայ Հայաստանի եւ ըլլայ սփիւռքի մէջ բազմաթիւ շարժումներ ծնունդ առած են՝ հոգեւորի անուան տակ, որոնք իբր թէ զՔրիստոս կը քարոզեն, ժողովուրդը Աստուծոյ կը մօտեցնեն, ժողովուրդին՝ Աստուծոյ խօսքը հասանելի կը դարձնեն, կարծէք եկեղեցին ձեռքերը ծալած է եւ ոչինչ կ՚ընէ…: Այդ շարժումներուն յաջողութեան պատճառներէն մէկը նման հոգեւորականներն են, որոնք հոգեւորական անուան տակ, ո՛չ միայն հոգեւորէն հեռու են, այլ՝ Աստուծմէ հեռու են, որովհետեւ հակառակ անոր որ Աստուածաշունչը կը կարդան, սակայն իրենց կարդացածը չե՛ն հասկնար, ինչ բանի պատճառով ալ եկեղեցի յաճախողները, մանաւանդ անոնք որոնք Աստուածաշունչ կը կարդան եւ հոգեւոր կեանքով կ՚ուզեն ապրիլ, երբ նման քարոզներ կը լսեն, կամաց-կամաց կը սկսին պաղիլ եկեղեցիէն, եւ ահա այդ ատեն է, որ այդ նորաբոյս շարժումներուն ինքնակոչ քարոզիչները կը գրաւեն այդ հաւատացեալներուն միտքերը եւ զանոնք դիւրութեամբ կ՚որսան իրենց իսկական վայրէն, առաջնորդելով զիրենք դէպի կորուստ:

Բնականաբար, երբ վերի տողերը կը գրեմ, նկատի չունիմ քննադատելու եկեղեցւոյ գործունէութիւնը, քաւ լիցի, շա՜տ փոքր եմ նման համարձակութիւն մը ձեռք ձգելու համար, այլ՝ այստեղ արձանագրածներս ներքին փոթրկալից ապրումներուս արդիւնքն են, երբ ականջալուր դարձայ այսօրուան քարոզին: Այս եւ նման քարոզիչները իրենց տգիտութեամբ եւ հպարութեամբ, կ՚աղաւաղեն եկեղեցւոյ իսկական կերպարը եւ պատճառ կը դառնան, որ արժողն ու չարժողը իր բերանը բանայ եւ սկսի մեր Մայր Եկեղեցին քարկոծել, քննադատել մեր եկեղեցւոյ այն նուիրեալ եւ ոսկեբերան քարոզիչ-հոգեւորականները, որոնք ո՛չ միայն իրենց քարոզով, այլ՝ իրենց կեանքով կը վկայեն Տէր Յիսուսի մասին, որոնք ո՛չ թէ մարդոց կը հրամցնեն այն ինչ կ՚ուզեն տեսնել, այն ինչ իրենց աչքին հաճելի է, ու խօսիլ այն, ինչ որ մարդոց ականջներուն քաղցր կը հնչէ, ինչ որ վարդպետութեամբ կը կատարեն նորաբոյս այդ շարժումները, այլ՝ Աստուծոյ խօսքն է, որ կը փոխանցեն մարդոց, զանոնք առաջնորդելով դէպի յաւիտենականութիւն:

Արդարեւ, այսօր առաւել քան երբեք մենք՝ ազգովին, կարիք ունինք հոգեւոր վերազարթօնքի, կարիք ունինք հոգեւոր Սարդարապատի: Յատկապէս մեր Մայր Եկեղեցին հոգեւոր Սարդարապատի կարիք ունի, ի նմանութիւն մեր Տիրոջ, երբ Իր երկրաւոր առաքելութեան մայրամուտին Երուսաղէմ եկաւ ու Տաճար մտաւ, ի՞նչ ըրաւ: Կարդա՛նք.

«Ապա Յիսուս տաճար մտաւ եւ դուրս վռտնեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ՚ընէին. լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց եւ ըսաւ անոնց.

Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. “Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի”, մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք» (Մտ 21.1-13): Ահաւասիկ, այս նախանձախնդրութեամբ մեր Եկեղեցին պէտք է կազմակերպէ իր հոգեւոր Սարդարապատը, որպէսզի դարեր շարունակ իր ունեցած առաքելութիւնը լաւագոյնս կարենայ շարունակել:

Պահ մը նայինք մեր չորս կողմը:

Այնքա՜ն շատ այլասերուածութիւն կը սերամանուի մեր ժողովուրդին մէջ, այն ալ բարձր մակարդակներով, որ եթէ Եկեղեցին իր առաքելութեան մէջ հաստատ չգտնուի, ապա պատկերացուցէք, թէ ինչ կրնայ ըլլալ մեր ապագան:

Այսօր այնքա՜ն յիմարութիւններ եւ միտք պղտորող արտայայտութիւններ կը լեցնեն մեր ժողովուրդին միտքը, որ շատ յաճախ մեր ժողովուրդին զաւակները կը դիմեն եկեղեցի՝ որպէս փրկութեան առագաստանաւի, այնտեղ մխիթարութիւն եւ կենդանացնող խօսք լսելու համար, որպէսզի մխիթարուած եւ Կենդանարարին խօսքով զօրացած կարենան շարունակել իրենց պանդխտութեան տարիներուն պայքարը, հասնելու համար խաղաղութեան նաւահանգիստ: Այս նպատակով, այսինքն՝ Տէր Յիսուսին հետ հաղորդակցելու միտումով եկեղեցի յաճախած մարդը երբ ականջալուր դառնայ նման քարոզներու, պատկերացուցէք հիասթափութիւնն ու յուսախաբութիւնը, որ կ՚ունենայ, պատկերացուցէք ցաւն ու վիշտը, որ հաւատացեալը կ՚ունենայ նման պարագաներու:

Այսօր, յաճախ կը խօսինք աղանդաւորական շարժումներու մասին, յաճախ կը քննադատենք նման շարժումները եւ այդ շարժումներուն միացողները, բայց չենք անդրադառնար, կամ չենք փորձեր հասկնալ պատճառը այդ շարժումներուն երեւան գալուն եւ երբեմնի եկեղեցի յաճախող մարդոց այդ շարժումներուն հետեւորդ դառնալուն պատճառները:

Դարձեալ կը կրկնեմ, գրութեանս պատճառը ո՛չ քննադատութիւն է եւ ո՛չ ալ քարկոծում, այլ՝ ներքին փոթորիկի մը պոռթկումն է:

Ճշմարիտ Լոյսը ունինք, կրողներն ենք այդ Լոյսին, բայց մեր հպարտութեան եւ տգիտութեան պատճառով, շատ յաճախ այդ Լոյսը կը հեռացնենք մերմէ, խաւար կը դարձնենք մեր կեանքը, որովհետեւ՝ «խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն» (Յհ 1.5):

Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, կարիք ունինք հոգեւոր վերազարթօնքի, կարիք ունինք հոգեւոր Սարդարապատի: Սարդարապատ, մեր եսին, մեր ինքնասիրութեան, մեր հպարտութեան, մեր կամակորութիւններուն, մեր կամքին ու մեր թերութիւններուն դէմ, մինչ այդ հոգեւոր Սարդարապատը չկարողանանք ունենալ եւ յաղթական դուրս կալ այդ պայքարէն, ապա պիտի շարունակենք խաւարին մէջ խարխափել, եւ փոսէ մը դուրս գալով ուրիշ փոսի մը մէջ իյնալ:

Հոգեւոր Սարդարապատը այսօր անհրաժեշտութիւն դարձած է մեզի՝ ազգովին, որովհետեւ, ճիշդ է, որ՝ «ժողովուրդները անշուշտ հացով կ՚ապրին, բայց ո՛չ միայն հացով: Հացէն վեր՝ կայ հոգիի կեանքը, առանց որուն մարդկային կեանք բացատրութիւնը դատարկ, անիմաստ խօսք պիտի ըլլար, պարզապէս շրթնային արտայայտութիւն: Մարմինի գոյութեան համար մարդիկ իրենց համար հողեղէն միջոցներ ունին՝ երկիր, հաց, հագուստ եւ զգայական վայելքներ: Որպէս հաւաքականութիւն ապրելու համար մարդիկ պէ՛տք ունին առանձնայատուկ, սեփական հողի, երկրի, հայրենիքի, որոնք կենսական կարեւորութիւն ունին ժողովուրդին մէջ համայնական, միասնական կեանքի որպէս նախապայմանական կարելիութիւններ: Հոգեկան կեանքի համար եւս անհրաժեշտ է հայրենիք, եւ երբ նիւթեղէն հայրենիքը կը դառնայ հոգեւոր հայրենիք մը, առանց որուն մարդիկ չեն կրնար ապրիլ որպէս ազգ, այլ՝ կ՚ապրին պարզապէս որպէս իրարմէ անջատ, անհատ անձերու գումար» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս):

Հոգեւոր Սարդարապատը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար, վերագտնելու մեր ինքնութիւնը, հասկնալու մենք մեզ, մեր էութիւնը, գտնելու մեր հոգին, վեր հանելու մեր հոգին փոշիին ու խաւարին մէջէն, ըլլալու համար հոգեւոր երկրպագուները հոգեւոր մեր Տիրոջ (տե՛ս Յհ 4.23-24), Որուն, փառք Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

22 մայիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022