ԱՐԻՒՆՈՏ ԼՈՒՍԱԲԱՑ

Սեպտեմբերի 26-ին հայը կ՚ապրէր:

Չգնահատած՝ անհոգ, խաղաղ ու երջանիկ կեանքի վերջին ժամերն էին: Հայոց երկրորդ մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ կը նշուէր քաղաքին օրը: Այլեւս աւանդոյթ դարձած էր սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը նուիրաբերել Արցախի քաղաքամօրը. կը զարդարուէր, կը պճնուէր իրեն յատուկ պարզ շքեղութեան մէջ ու կը զմայլեցնէր շուրջինները:

Աշխարհի քարտէսին վրայ աննշան, սակայն համայն աշխարհի չափ սիրտ ունեցող Ստեփանակերտը կը նշէր իր տօնը... Կոչուած վերջինը ըլլալու՝ սահմռկեցուցիչ գաղտնիք մը, ինչ որ պիտի գաղտնազերծուէր ժամեր անց: Տարեսկիզբէն ի վեր մեզ կը փորձէին վարժեցնել տօներու կորուստին: Բնականաբար ազգովին չկրցանք կարդալ տողատակերը: Այդ տարի ինքնակամ, կենդանի մարդիկ իրենց անունները գրեցին Ծիծեռնակաբերդի պատերուն: Անխռով ընդունեցինք 2020 թուականին մայիսեան եռատօն չտօնելու իրողութիւնը: Արցախիս ու Հայաստանիս անկախութեան օրերը մնացին օրացոյցի վրայ՝ թագաժահր է, հոգ չէ միւս տարի պիտի տօնենք: Սակայն միւս տարին, տարիները այլեւս չեկան, մնացին անյայտնութեան մէջ: Պարտաճանաչ ուսուցիչները ակնբախ մեզի մատուցեցին նիւթը, սակայն ամենավատ ուսանող աշակերտի պէս մենք բան մը չհասկցանք: Իսկ այն՝ ինչ որ հասկցանք քօղարկում էր:

Հետաքրքրական է, եթէ արցախցիի մը, հայու մը, հոգիով հայու մը, հնարաւորութիւն տրուէր ընտրելու սեպտեմբերի 27-ը օրացոյցի վրայ տեղափոխելու ուրիշ օրի կամ տարիի մը, թերեւս պիտի պատռէր օրացոյցն ու կոտրէր զայն առաջարկողի ձեռքը:

Օրացոյցէն պոկուած օրեր:

Ցիրուցան եղան կեանքեր՝ մատղաշ կեանքեր: Հողը հարստացաւ: Մանուկները որբացան: Կանայք ու մայրեր դարձան սեւազգեստ, հայրերն ալեհեր: Անոնց հայեացքներուն մէջ դաջուած մնաց պատերազմը, ցաւն ու կսկիծը:

Սուգի ուրուական մօրուքը կը թափառի սրբազան հողիս իւրաքանչիւր մեթրին վրայ: Սափրուիլը պիտի դառնայ աւետիս, յաղթանակի աւետիս:

Հայու համար ժամը կեցաւ սեպտեմբերի 26-ին, իսկ պատերազմը կը շարունակէ ապրիլ, լկտիաբար տարածուիլ:

Գոյնզգոյն փուչիկներով զարդարուած դեղին հանրաշարժը տակաւին այսքան գեղեցիկ չէր եղած: Հանրաշարժը շատ ուրախ էր: Քաղաքիս մէջ մարդիկ մշտապէս կը սպասէին անոր: Սակայն այդ օրը ա՛լ աւելի սրտատրոփ եւ ուրախ: Վերջինիս տեսնելով այդքան գեղեցիկ զարդարուած այլեւս չէին փնթփնթար, աւելին, նոյնիսկ կը շնորհաւորէին զիրար:

Վերջալոյսին կանգառեց յոգնած ու ինքնագոհ, նոյնիսկ տօնական զգեստը չհանեց: Կը պատրաստուէր լուսաբացին որսալու նոր հիացական հայեացքներ, անկեղծ ու բարի ժպիտներ: Եւ մնաց սպասումով...

Քաղաքս սովորական թմբիրէն արթնցաւ անսովոր ձայներէն… Վաղո՜ւց, շատ վաղուց չէր լսած, սակայն անմիջապէս հասկցաւ՝ սկսած է...

Օր մը պիտի սկսէր՝ գիտէին, կը սպասէին, սակայն չէին սպասեր: Այդ օրը կը թուէր այնքան հեռու ու անհաս:

Քաջերը արթնցան, առանց վարանելու շտապեցին զինուորական բաժանմունքեր: Տօնական համազգեստով դեղին հանրաշարժը փորձեց ետ չմնալ... Ժամեր անց դեղին հանրաշարժի մէջ այլեւս տեղ չկար: Հայրենասէրները զբաղեցուցին բոլոր հասու տեղերը:

Դեղին հանրաշարժը իր երիտասարդ կեանքին մէջ առաջին անգամ պիտի մտնէր անտառ: Երփներանգ, ուրախ ու զուարթ փուչիկներուն անտառը չսիրեց՝ ետեւ-ետեւի պայթեցան: Դէպի ծանր պայթիւններ գացողներուն փուչիկներու թեթեւ պայթիւնները կը զուարճացնէին միայն: Ոմանց վերջին, ոմանց առաջին ժպիտը վերահաս աղէտներու շեմին: Դէպի պատերազմ սլացող ուրախ հանրաշարժի մէջ բոլորը կը խնդային: Ներքին տագնապ կար, սակայն ժպիտը անպակաս էր: Յոյսն ու հաւատքը արթուն էին, ինչպէս երբեւէ, ուժն ու կամքն ալ անկոտրուն ու հաստատական:

Ուրախ հանրաշարժը տխուր վերադարձաւ, իսկ քաջերը անմահացան:

Արիւնոտ լուսաբացէն անցաւ երկու երկար ու ձիգ տարիներ:

Թող Աստուած օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:

Կ՚աղաչեմ, ապրէ՛ Հայաստան, ապրէ՛ Արցախ:

Շնչէ՛ Հայաստան ու Արցախ:

Ներէ՛ մեզ հայոց հող:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022