ՏԻԳՐԱՆ ՁԻԹՈՂՑԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ստեղ­ծա­գոր­ծող հա­յազ­գի յայտ­նի նկա­րիչ Տիգ­րան Ձի­թող­ցեան, որ իր ինք­նա­տիպ կտաւ­նե­րով ծա­նօթ է թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի եր­կիր­նե­րու մէջ, Ապ­րի­լի 22-ին Պրիւք­սէ­լի մէջ մաս­նակ­ցած է խառն ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բաց­ման։ Այս ցու­ցա­հան­դէ­սին ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը ցու­ցադ­րած են նաեւ Տե­միէն Հըրս­թի, Տէյ­վիտ Լա­շա­պէ­լի, Ֆրենք Ստե­լա­յի նման այլ բազմաթիւ յայտ­նի նկա­րիչ­ներ:

Նիւ Եոր­քի մէջ ապ­րող Տիգ­րան Ձի­թող­ցեան ծնած է Ե­րե­ւան։ Նկա­րել սկսած է տա­կա­ւին հինգ տա­րե­կան հա­սա­կին։ Տա­սը տա­րե­կա­նին բա­ցած է ա­ռա­ջին ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր ներ­կա­յա­ցու­ցած է շուրջ 102 իւ­ղա­ներկ նկար­ներ, ո­րոնք ցու­ցադ­րուած են նաեւ Սպա­նիոյ, Ռու­սաս­տա­նի, Ճա­բո­նի, Միա­ցեալ  Նա­հանգ­նե­րու մէջ։

1993-1999 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միոյ մէջ, այ­նու­հե­տեւ կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է Զուի­ցե­րիոյ École Cantonale d'Art du Valais-ի եր­դի­քին տակ։ 2002-ին ստա­ցած է լի­սան­սի աս­տի­ճան, իսկ 2005-ին՝ Հան­րա­յին բնա­գա­ւա­ռի ա­րուես­տի մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճան (MAPS)։ 2009-ին հաս­տա­տուած է Նիւ Եորք:

Տիգ­րան Ձի­թող­ցեան յայտ­նի է իւ­ղա­ներ­կով գե­րի­րա­կան նկար­նե­րով: Դեռ չորս տա­րե­կան էր, երբ ան սկսաւ ա­ռանց դա­դա­րի նկա­րել օ­րա­կան 6-7 ժամ: Նկար­չու­թեան հան­դէպ սի­րոյ խո­րաց­մա­ն ն­պաս­տած է նաեւ իր հօր՝ Լե­ւոն Ձի­թողց­եա­նի հետ ի­տա­լա­կան եւ հո­լան­տա­կան կեր­պար-ւես­տի մա­սին գիր­քեր թեր­թա­տե­լը, տա­նը տի­րող մթնո­լոր­տը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­նե­րու խրա­խու­սող վե­րա­բեր­մուն­քը։ «Երբ արթթ­նա­յի ան­մի­ջա­պէս կ՚եր­թա­յի նկա­րե­լու, մայրս ստիպ­ուած զիս կը կե­րակ­րէր նկա­րե­լու ըն­թաց­քին», ը­սած է Ձի­թող­ցեան։

«Սկիզ­բին ին­ծի տուին գու­նա­ւոր մա­տիտ­ներ: Կը նա­յէի Ռամ-պ­րան­թի գոյ­նե­րուն եւ կ՚ը­սէի հայ­րի­կիս. «Բայց ես չեմ կրնար այս գոյ­նե­րը ստա­նալ մա­տիտ­նե­րով»։ Յե­տոյ տուին ջրա­ներկ ու կուաժ, սա­կայն ար­դիւն­քը կրկին չգո­հաց­ուց: Վեր­ջ ի վեր­ջոյ, հայրս իւ­ղա­ներկ նուի­րեց, եւ ես յայտ­նա­բե­րե­ցի ա­նոր հզօ­րու­թիւնն ու խո­րու­թիւ­նը: Հինգ տա­րե­կա­նէն, այ­սինքն՝ ար­դէն շուրջ ե­րե­սուն­հինգ տա­րիէ ի վեր իւ­ղա­ներ­կով կը նկա­րեմ եր­կար ժա­մեր», պատ­մած է ան:

«Դեռ ութ տա­րե­կան էի, երբ Ման­կա­կան պատ­կե­րաս­րա­հի, Ժա­մա­նա­կա­կից ար­ուես­տի թան­գա­րա­նի հիմ­նա­դիր Հեն­րիկ Ի­գիթ­եան ա­ռա­ջար­կեց ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս բա­նալ։ Ծնող­ներս դէմ էին, կ՚ու­զէին, որ մի քիչ մե­ծնամ: Ման­կա­կան պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ շուրջ 102 իւ­ղա­ներկ նկար ներ­կա­յաց­ու­ցի տա­սը տա­րե­կա­նին: Ցու­ցա­հան­դէ­սը մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցաւ, շատ լու­սա­բա­նուե­ցաւ: Աշ­խա­տանք­նե­րուս մէկ մա­սը ցու­ցադր­ուե­ցաւ նաեւ եւ­րո­պա­կան քա­ղաք­նե­րու, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, յե­տոյ կտաւ­նե­րովս մեկ­նե­ցայ Սէն Փե­թերս­պուրկ: Ին­ծի նոյ­նիսկ Լե­նի­նի ան­ուան թո­շակ տուին, ո­ր Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին ար­ուես­տի գծով տա­րե­կան միայն տասնը-հինգ ե­րա­խայ կը ստա­նար: Ման­կա­կան քա­րիէրս շատ վաղ ու շատ բուռն սկսաւ՝ ա­ւարտ­ե­լով 1991-ին, երբ տասն­չորս տա­րե­կա­նին Նիւ Եոր­քի մէջ ու­նե­ցայ իմ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը: Մնա­լու ա­ռա­ջարկ­ներ ե­ղան, սա­կայն վե­րա­դար­ձայ Հա­յաս­տան», կը պատ­մէ Ձի­թող­ցեան։

40-ամ­եայ նկա­րիչը ան­ծա­նօթ­նե­րը հազ­ուա­դէպ կը նկա­րէ: Կը սկսի ստեղ­ծա­գոր­ծել, երբ մտքին մէջ նկարը իր բո­լոր մանրամաս-նութիւններով ար­դէն կայ։ «Մարդոց եր­բեմն այլ հա­յեաց­քով կը նա­յիմ՝ դի­տար­կե­լով որ­պէս ենթակայ: Կրնամ որեւէ բան տես­նել, զոր կը փափաքիմ  թարգ­մա­նել գե­ղան­կար­չութեամբ: Խօս­քը միայն դի­մագ­իծե­րու մա­սին չէ, կրնայ ըլլալ հա­յեացք, շար­ժում…», կը նշէ Տիգրան Ձի­թող­ցեան ու կ՚աւելցնէ, որ իր գլխաւոր մուսան կինն է՝ բնորդուհի Նատիա Քազաքովան։ Անոնք ունին որդի մը՝ Ալէնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 29, 2016