ՊԱՊԱ, ՎԱՐՈՒԺԱՆ, ՎԱՀԱՆ
Երեւանը չէր յիշեր։
Ծնած էր հոն, բայց երեք տարեկան էր, կ՚ըսէր մաման, երբ «քեզի գիրկս առած՝ ոտքերս քաշեցի անտեղէն…»։
Եկած մեծցած էր Սուրիա, Դամասկոս։ Մեծմամին, տէտէյին, մամային հետ։
Իր գիտցած կեանքը հոն կը սկսէր, Դամասկոսի թաղերուն մէջ. այն տան մէջ, ուր ամէն առաւօտ կու գար մտնելու բոյրը ծոթրինին, տակի փուռէն փախուստ տալով։
Երեւի վեց-եօթ տարեկան էր, երբ առաջին անգամ «պապա» յղացքին հետ առերեսուեցաւ։ Մանկապարտէզի ընկերները բոլորն ալ ունէին. ատ ի՞նչ էր։ Այդ օր մեծմամին գալուն, զինք առնել ձեռքը բռնելուն պէս ձեւով մը հարցուցեր էր. «մի՛ հարցներ», լսեր էր։ Հիմա, որ կը յիշէր, կրնար մեծմամին դէմքը երեւակայել, վերարտադրել, նկարել. ցնցուած ըլլալու էր ան, թերեւս միտքէն «ըշթէ եկա՛ւ աս օրն ալ» մը ըսեր էր։
Վերջը տուն հասեր, մամային էր հարցուցեր։ Թերեւս քանի որ անխօս մնացած էր մաման, կրնա՛ր յիշել լուռ ասքը անոր, ինչքան ալ պղտոր գծերով. դէմքի մկաններու պրկում, հայեացքի շեղում, մարում, անհետացում կարծես, եւ չուշացող խոնաւացում։
«Պապա»յի ինչ ըլլալը դպրոցի ճանապարհին հասկնար պիտի, բայց իր ու այդ յղացքի յարաբերութեան, կամ աւելի ճիշդ՝ «չարաբերութեան» մասին, ինչպէս հիմա պիտի ըսէր, դեռ մի քանի տարի անտեղեակ պիտի մնար։
Մինչեւ որ օր մը, երբ արդէն տասնչորս էր, կանաչ սփռոցը պիտի փռուէր սեղանին, երկու բաժակ տաք թէյը լեցուէր, ու նստէր մաման դիմացի աթոռին. «Համալսարանական ուսումի համար ինծի Հայաստան ղրկեցին…» եւ ամէն ինչ, գրեթէ մէկ ժամ։
Դասերէն մինչեւ դասընկերներ, դասընկերներէն մինչեւ աւելի լայն ընկերական շրջանակ, շրջանակէն մինչեւ Վարուժան, Վարուժանէն մինչեւ սիրահարութիւն, սիրահարութենէն մինչեւ յղութիւն, արագ անցք՝ ամուսնութեան, ամուսնութենէն մինչեւ կեսուր ու վէճեր ու բաներ որ այդպէս ալ պիտի չըսէր, եւ արտաքսում ու «քեզի գիրկս առած՝ ոտքերս քաշեցի անտեղէն…»։
Վարուժան։
Պիտի երթար սենեակ, նստէր գրասեղանին, նայէր պատուհանէն դուրս, յետոյ ձախին դրուած հայելիին մէջ ինքն իրեն, ապա մեծմամի նկարին, նորէն ինքն իրեն, ու կրկնէր անունն այդ, որ կու գար փոխարինելու «պապա»յին։ Քիչ մը աւելի իրական, քիչ մը աւելի տեսանելի, քիչ մը աւելի պատկերաւոր։ Բայց նոյնքան անծանօթ։
Վարուժան։
«Պապա»ն դարձեր էր Վարուժան, եւ պիտի մնար այդպէս մինչեւ… մինչեւ ե՞րբ։ Մինչեւ որ ինք… որոշէր։
Հիմա, երբ անցեր էին քանի մը տարիներ եւս, դպրոցն աւարտեր, եւ համալսարանական ուսման համար՝ Երեւան էր եկեր։ Հաւատացած էր, համոզուած էր, որ Երեւան գալուն մէջ որեւիցէ այլ մտադրութիւն չկար։ Ուղղակի յարմար էր՝ ընտրած ճիւղին համար որակը բաւարար, ծախսը քիչ, կացութեան պայմանները տանելի։ Հաւատացած էր, համոզուած էր, որ ուրիշ բան չկար։
Յետո՞յ ինչ, որ օդակայան ոտք կոխելուն պէս՝ բան մը փնտռելու նման կը նայէր յիսունն անց տղամարդոց երեսին...
Յետո՞յ ինչ, որ մօր յաճախած Մանկավարժական համալսարանի դիմացէն անցած ատեն ամէն անգամ ողնածուծէն սարսուռ մը կ՚անցնէր...
Յետո՞յ ինչ, որ երբեմն, գիշերը, անկողնին մէջ, ձեռքը կ՚երկարէր կողքի դարակին, կը բանար զայն, մէջէն կը հանէր փոքրիկ թուղթը, վրան մօր ձեռքով գրուած ութը թուանշան ու «պապա», իր ձեռքով ջնջուած-փոխ-ւած՝ «Վարուժան»ի… ու կը ծալլէր ու նետէր խորքը դարակին։
«Պապա»յէն անցեր էր «Վարուժան»ի, բայց կը մնար նոյնքան պղտոր ու անդէմ, նոյնքան ծարաւ պատկերի, դիմակի, աչքերու, մորթի… մինչեւ որ ինք, Վահանը, որոշէր։
ԵՐԱՄ