ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԶԻՊԷՉ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ Ամանորի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքին համար։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս տօնական հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը, իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ խումբ մը մնայուն բնակիչներ։ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի ջանքերով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։ Հաւաքոյթի ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սէրթշիմշէք եւ Սիլվա Թրիքա։ Վահան Յակոբեան գործադրեց երաժշտական յայտագիր մը, զոր հաճելի պահեր պարգեւեց ներկաներուն։ Կաղանդ պապուկն ալ սրահ ժամանելով շնորհաւորեց ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը եւ անոնց բաժնեց նուէրներ։
Բացի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ տրամադրուած նուէրներէն, ԶԻՊԷՉ-ի տղոց համար Ամանորի յիշատակներ ապահոված էին Հարուն Ալան եւ Մարի Գույումճուօղլու։
Պատուասիրութեան սեղաններու շուրջ շարունակուեցաւ խրախճանքը, որու բոլոր մասնակիցները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին Նոր տարուայ առթիւ եւ երախտագիտութեամբ շրջապատեցին Սիլվա Թրիքան՝ այս հաւաքոյթը անթերիօրէն ու նախանձախնդրութեամբ կազմակերպած ըլլալու համար։