ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԿԻՒՄՐԻՆ
Կիւմրի այցելող հիւրերը իրենց քայլերը կ՚ուղղեն դէպի քաղաքի կեդրոնը՝ Յաղթանակ պողոտային վրայ գտնուող տեսարժան վայրերէն մէկը՝ Ձիթողցոց տուն, որ կը նկատուի Կիւմրիի այցեքարտերէն մին: Կարմիր եւ սեւ քարերէ շինուած այս գեղեցիկ տունը՝ Ձիթողցոց տունը, թանգարան է, որ կը կոչուի Կիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան: Մէկ բաժնին մէջ ներկայացուած են Կիւմրի քաղաքի հնագոյն առօրեան, մշակոյթն ու պատմութիւնը, իսկ միւս բաժնին մէջ պահպանուած է Կիւմրիի մեծահարուստ ընտանիքներէն մէկուն՝ Ձիթողցեաններուն (Ձիթողցոց) տունը՝ իր ներքին ու արտաքին յարդարանքով, ինչպէս որ կար անցեալ դարուն:
Կիւմրիի նշանաւոր բնակիչներ Ձիթողցեան չորս եղբայրները գաղթած են Ձիթող գիւղէն եւ 1872 թուականին Ալեքսանդրապոլի մէջ կառուցած են այդ ժամանակներու համար մեծաշուք այս առանձնատունը, որուն մէջ այսօր նոյնութեամբ պահպանուած են Ձիթողցեաններու ապրած կեանքի կենցաղային մանրամասները:
Առանձնատունին մէջ տեղակայուած Քաղաքային կեանքի եւ ազգային ճարտարապետութեան թանգարանէն ներս այցելուն կրնայ տեսնել 19-րդ դարու կէսէն մինչեւ 60-ական, 20-րդ դարու սկիզբը՝ Ալեքսանդրապոլ քաղաքի մէջ տարածում գտած արհեստները, մարդոց ապրած կենցաղն ու գոյութեան ունեցած մշակոյթը։
Դատելով թանգարաններու ցուցասրահներէն՝ բարձր կենցաղային մշակոյթ ունեցած է Ալեքսանդրապոլը: Ըլլալով սահմանային բերդ-քաղաք, Ալեքսանդրապոլը եղած է առեւտուրի եւ արհեստներու կարեւոր կեդրոն, միաժամանակ՝ հայ մշակոյթի խոշորագոյն կեդրոններէն մին՝ Անդրկովկասի մէջ: Ան նշանաւոր էր մանաւանդ իր արհեստաւորներով: 19-րդ դարուն այստեղ աւելի շատ արհեստաւորներ կային, քան Թիֆլիզի մէջ: Քաղաքը բաժնուած էր արհեստաւորներու միութիւններու, որոնք կ՚ապրէին եւ կ՚աշխատէին նոյն տունին մէջ: Թանգարանի մէջ հնարաւոր է տեսնել արհեստանոցներու վրայ եղած պաստառները՝ դերձակներ, կօշկագործներ, պղնձագործներ եւ այլն: Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ անոր սահմաններէն դուրս, յարգի էին Կիւմրիի դարբիններու, մետաղագործներու, քարագործներու, ոսկերիչներու վարպետութիւնը: Այդ արհեստներէն շատեր Կիւմրիի մէջ գոյութիւն ունին մինչեւ այսօր:
Թանգարանի առաջին սենեակին մէջ այցելուները կը դիմաւորեն հին Կիւմրիի նշանաւոր մարդոց լուսանկարները, իսկ արդէն Ձիթողցեաններու տունին մէջ կահաւորանքը պահպանուած է այնպէս, ինչպէս եղած է Ձիթողցեաններու օրօք: Ցուցադրուած են անոնց հարուստ եւ հնաոճ կահոյքը, որ բերուած է Ռուսաստանէն, ձեռագործ գորգերը, դաշնամուրը, որ բերուած է Իտալիայէն: Ձիթողցեանները ունեցած են այն ժամանակներու համար հարստութեան խորհրդանիշ նկատուող բոլոր իրերը՝ հնաոճ պատի եւ պահարանի ժամացոյցներ, սպասք, երախաներու առաջին քայլերու համար անհրաժեշտ յարմարանքներ եւ այլ իրեր, որոնք բոլորն ալ խնամքով ցուցադրուած են տուն-թանգարանին մէջ:
Շատ մը ցուցանմոյշներ կը գրաւեն այցելուներու ուշադրութիւնը. Ձիթողցեաններու առանձնատունին մէջ կայ առանձին սենեակ մը, որ կը կոչուի օրիորդի սենեակ. պատուհանին քով կեցած օրիորդը իր սիրելիին կը սպասէ: Հարուստ արհեստաւորի ձեռնափայտը նոյնպէս բոլորի ուշադրութիւնը կը գրաւէ, ան արհեստաւորի համար ծառայած է թէ՛ աթոռ եւ թէ ձեռնափայտ: Հին արհեստներով ու ար-ւեստներով հետաքրքրուողներու համար թանգարանը ունի յատուկ ցուցասրահ մը, ուր ներկայացուած են արհեստաւորի եւ ունեւոր խաւի բնակարաններու ներքնատեսքը, արհեստաւորներու հագուստները, աշխատանքային գործիքները եւ այլն:
Յատկանշական է, որ մին-չեւ 1988 թուականի երկրաշարժը Ձիթողցեաններու տունին մէջ տեղակայուած Ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը գործած է ընդամէնը չորս տարի, քանի որ հիմնադրուած է 1984 թուականին: Ինչպէս մեզի ներկայացուցին թանգարանի աշխատակիցները, այդ չորս տարիները թանգարանի համար եղած են լաւագոյն ժամանակներ, թանգարանը ունեցած է այցելուներու աննախադէպ քանակ, մինչեւ իսկ Խորհրդային Միութեան բոլոր երկիրներէ կու գային տեսնելու այդ նշանաւոր տուն-թանգարանը: Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք Ձիթողցեաններու առանձնատունը, ինչպէս նաեւ Կիւմրիի կարգ մը թանգարաններ ու մշակոյթի կեդրոններ, դարձած են ապաստարան, ուր կը բնակէին անօթեւան մի քանի ընտանիքներ: Երկար ժամանակ անհրաժեշտ եղած է, որ թանգարանը կրկին վերադառնայ իր այսօրուան վիճակին, բարեկարգուած է, ցուցանմոյշները թարմացուած են եւ այսօր նոյնպէս թանգարանը բազմաթիւ այցելուներ ունի: Ան ներառուած է Կիւմրիի զբօսաշրջային այցի շրջագիծէն ներս, եւ բոլոր զբօսաշրջիկներուն կ՚ուղեկցին այստեղ եւ թանգարանի ցուցանմոյշներու միջոցաւ կը պատմեն քաղաքի հարուստ պատմութիւնը: Այցելելով այս թանգարանը՝ հետաքրքրական ճանապարհորդութիւն մը կատարած կ՚ըլլաք 19-րդ դարու Հայաստանէն դէպի ետ, դէպի հարիւր յիսուն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած մշակոյթով հարուստ Հայաստան:
ԿԼԿԼԱՆ ԲԱԺԱԿԸ՝ ՔԱՂԱՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Կիւմրիի քաղաքային կենցաղի թանգարանին մէջ ցուցանմոյշ մը կ՚առանձնանայ: Ան մինչ այսօր ալ կը նկատուի Կիւմրիի արհեստագործութեան խորհրդանիշը: Կլկլան կոչուող բաժակն է այդ մէկը, որ Կիւմրիի մէջ կը կոչեն մուշուրբա: Անցեալ դարուն կիւմրեցիներու մօտ աւանդոյթ մը եղած է՝ մուշուրբա նուիրել հիւրերուն եւ քաղաքի այցելուներուն: Մուշուրբան պղինձէ ջրաման մըն է, որուն մէջ ջուրը կը պահէ իր սառնութիւնը։ Պղինձէ պատրաստուած բաժակին ներքին կառոյցը այնպէս շինուած է, որ ջուրով լեց-ւելու պարագային՝ օդը մէջը կը մնայ, ու խմելու ժամանակ պղպջակներ յառաջացնելով լսելի կը դարձնէ կլկլոցի ձայնը:
Այս կախարդական նկատուած գաւաթը տեսնելու ու ձեռք բերելու համար, ժամանակին աշխարհի զանազան երկիրներէ եկած են Կիւմրի եւ այցելած են զայն պատրաստող վարպետի՝ Սուրէն Ժամկոչեանի արհեստանոցը, որպէսզի ձեռք բերեն գաւաթը: Սուրէն Ժամկոչեան կլկլան գաւաթ պատրաստելու գաղտնիքը իր հետ Ալեքսանդրապոլ բերած է Էրզրումէն եւ այսօր ալ անոր զաւակը՝ Էդիկ Ժամկոչեան կը շարուանկէ իր հօր արհեստը: Այսօր մուշուրբայի պատուիրատուները հիմնականին նուէր տալու նպատակով զայն գնողներն են. եթէ Կիւմրի այցելելու ժամանակ կ՚ուզես հետդ բան մը տանիլ, այդ մէկը կլկլան գաւաթն է:
Արդէն քանի մը տարիէ ի վեր՝ Կիւմրիի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Ոսկէ մուշուրբա» մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին ոսկե-ջըրւած մուշուրբաներ կը տրուին տարուան ընթացքին իրենց գործունէութեամբ ակնառու կազմակերպութիւններու եւ անհատներու, իսկ բոլոր մուշուրբաներուն վրայ դրոշմուած կ՚ըլլայ վարպետ Էդիկի փորագրուած կնիքը՝ ԺԷՍ (Ժամկոչեան Էդիկ Սուրէնի):
Մուշուրբայի պատրաստութեան հումքերը զանազան են, արծաթ, պղինձ, արոյր, ըստ պատրաստուած նիւթի, կը տարբերին նաեւ անոր գիները: Մանաւանդ արծաթէ մուշուրբաները ձեռք կը բերեն այն մարդիկ, որոնք արծաթեայ հնաոճ իրերու հաւաքածոյ ունին: Ձեռագործ այս իրը այնքան փառաբանուած է, որ երեք տարի առաջ՝ 2013 թուականին Կիւմրիի մէջ կեդրոնական Սայաթ-Նովա ու Խաղաղութեան օղակ փողոցներու հատման խաչմերուկին տեղադրուեցաւ Մուշուրբայի՝ Կլկլան գաւաթի արձանը։ Անծանօթ մարդիկ, տեսնելով կեդրոնական փողոցի մէջ տեղադրուած գաւաթի արձանը, կը հարցնեն, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի ան եւ կիւմրեցիները կը պատմեն արդէն ծանօթ պատմութիւնը:
Եւ առհասարակ, կիւմրեցիները շատ կը սիրեն իրենց քաղաքը ու պատմութիւններ ունին քաղաքի ամէն մէկ անկիւնի, շէնքի, կեդրոնի, փողոցի մասին, զորս սիրով կը ներկայացնեն անծանօթներուն: Բաւական է նկատեն, որ դուն անծանօթ ես՝ սիրով կը ստանձնեն այս կամ այն փողոցի կամ շէնքի պատմութիւնը պատմելու գործը, եւ հպարտութիւն կը զգան իրենց հնագոյն քաղաքի պատմութեան համար: Այստեղ նկարահանուած են հայկական շարժանկարներ, եւ կիւմրեցիներ կը շտապեն հիւրերուն ցոյց տալ այն տուներն ու պատշգամները, ուր նկարահանուած են սիրուած հայկական ժապաւէնները: Պատմութիւն ունին մանաւանդ փայտաշէն պատշգամներով տուները: Փայտէ պատշգամները բնորոշ եղած են հին Կիւմրիին, այսօր ալ կան տուներ, որոնք տակաւին հին, փայտէ պատշգամներով են:
Երկրաշարժէն ետք բաւականին փոխուած է հին Կիւմրին յիշեցնող փողոցներու տեսքը: Նոր շէնքերը նոր դիմագիծ տուած են քաղաքին, սակայն կան փողոցներ ու շէնքեր, որոնք տակաւին անցեալ դարերը կը յիշեցնեն եւ կը կրկնապատկեն Կիւմրիի հմայքը:
Իսկ ամենէն մեծ հմայքը Կիւմրիին կը հաղորդեն կիւմրեցիները՝ հիւմորով, խօսքաշէն եւ հիւրասէր բնիկ այդ մարդիկ, որոնց կենսունակութիւնը, հակառակ անոնց ապրած դժուարին կեանքին, պարզապէս կը զարմացնէ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ