ARRIVEDERCI!
1965-ին մայրս կ՚աշխատէր պանդոկի մը մէջ:
Չկարծէք՝ ընդունարանին (réception) կամ piano bar-ին մէջ իբրեւ նուագածու, որովհետեւ մայրս ո՛չ ուսում ունէր, ո՛չ ալ դաշնակ նուագել գիտէր. պարզապէս սենեակները կը մաքրէր, հակառակ որ լաւ անգլերէն գիտէր, նամակ գրելու չափ, բայց կ՚աշխատէր համեստ գործեր: Կ՚աշխատէր զիս մեծցնելու համար:
Օր մը կը ծանօթանայ երկու իտալացի երիտասարդուհիներու, որոնք իջեւանած էին նոյն պանդոկը: Անոնք մայրս կը հրաւիրեն իրենց սենեակը, քափուչինօ խմելու: Մայրս կ՚ընդառաջէ հրաւէրին, կը բարձրանայ աղջիկներուն սենեակը: Ժամ մը կը նստին, կը խօսին: Անոնք մանրամասնօրէն կը ծանօթանան իրարու եւ մօրս անձնական կեանքին մասին հարցումներ կ՚ընեն: Մայրս իտալերէն չգիտնալուն համար ու այդ ժամանակ անգլերէնին ալ տիրապետած չըլլալուն պատճառով կէս-կատար անգլերէնով կը պատմէ իր դժբախտ ամուսնութեան մասին: Իտալուհիները մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ընեն: Մայրս կը պատմէ, թէ եօթ տարեկան մանչ մըն ալ ունի: Կը նկարագրէ նաեւ մեր դժբախտ կեանքը: Իտալուհիները մօրմէս կը խնդրեն, որ օր մը զիս պանդոկ բերէ: Կ՚ուզեն անպայման զիս տեսնել, հետս ծանօթանալ: Մայրս կը խոստանայ:
«Մենք տակաւին տասներկու օր հոս ենք», կ՚ըսեն ու կը բաժնուին:
Ձմեռ օր մը, առաւօտ կանուխ, առաջին անգամ ըլլալով մայրս զիս կը լոգ-ցնէ, մաքուր հագուստներ կը հագցնէ եւ դպրոց տանելու տեղ, ձեռքէս բռնած իրեն հետ պանդոկ կը տանի:
Առաւօտեան լոգանքէն դժգոհելուս համար ճամբան մինչեւ պանդոկ անտրամադիր, նեղուած ու լուռ մնացի: Նոյնիսկ պանդոկին շքեղ մուտքը զիս չայլափոխեց: Մայրս անմիջապէս ընդունարանին մօտեցաւ, հեռաձայնեց, ինծի անհասկնալի լեզուով մը բաներ մը ըսաւ, բայց կիրթ արտայայտութիւնը նկատելի էր:
Քիչ ետք վերելակէն դուրս եկաւ շատ գեղեցիկ աղջիկ մը, որ կարծես սօսիի մը երկարութիւնը ունէր: Ընդունարանի երիտասարդին բարեւեց եւ հարուստ ժպիտով մօտեցաւ մեզի: Զիս գրկեց, համբուրեց, մօրս բաներ մը ըսելէ ետք ձեռքէս բռնելով տարաւ դէպի վերելակ: Ետեւ դարձայ մօրս նայելու: Ան արդէն անյայտացեր էր: Իտալուհին չորրորդ յարկի կոճակին տարաւ բարակ, երկար, նուրբ մատները, միշտ ժպիտը դէմքին, իսկ աչքերը կը մատնէին իր գուրգուրանքը ինծի հանդէպ: Տրամադրութիւնս իր գագաթնակէտին հասած էր: Ուրախ էի եւ կարծեմ ինձմէ երջանիկ պզտիկ չկար այս աշխարհին վրայ այդ պահուն...:
Զիս սենեակ տարաւ ու հոն հանդիպեցայ ուրիշ գեղեցկուհիի մը, որ կապոյտ աչքեր ունէր: Վեր տանողը զիս նստեցուց մահճակալին վրայ ու ձեւերով սկսաւ խօսիլ.
-I am Barbara!
Միւսը աւելցուց.
-I am Maria!
Զիս լաւ մը սիրեցին, կարկանդակ կերցուցին, օշարակ խմցուցին: Այս հոգատարութիւնը պատճառ եղաւ որ մոռնայի մայր, տուն եւ ամէն բան: Կարծես ուրիշ մոլորակ մըն էի: Քիչ ետք, իտալուհիները ինձմէ առանց խպնելու սկսան հանուիլ ու հագան իրենց առօրեայ տաբատն ու շապիկը: Աջ ձեռքէս բռնած՝ «I am Barbara»ն, ձախ ձեռքէս բռնած՝ «I am Maria»ն, վար իջանք ու պանդոկէն դուրս ելանք:
Զիս շուկայ տարին, նոր հագուստներ, նոր կօշիկ ու ահագին խաղալիքներ գնեցին: Մինչեւ եօթ տարեկան այդքան ճոխ խաղալիքներ չէի ունեցած:
«I am Barbara»ն, «I am Maria»ն ու ես ապրանքներով բեռնաւորուած վերադարձանք պանդոկ: Ուրախ էի այս անգամ խաղալիքներուն համար: Դարձեալ բարձրացանք սենեակ: Ալ մտերմացած էինք:
Այսօրուայ պէս կը յիշեմ. խաղալիքներուն մէջ երկար պարան մըն ալ կար: Մէկ կողմէ Պարպարան, միւս կողմէ Մարիան սկսան պարանը դարձնել ու ինծի առաջարկեցին որ ցատկեմ: Ցատկելու մէջ անփորձ ըլլալուս համար, երբեք չկրցայ գոնէ մէկ անգամի համար ճիշդ ցատկել: Քիչ ետք Պարպարան եւ Մարիան փոխն ի փոխ սկսան վարպետօրէն սենեակին մէջ պարան ցատկել եւ կարծեմ միայն հեռաձայնին զանգը պատճառ դարձաւ, որ խաղը դադրեցնեն:
Հնարք մը գտածի պէս Պարպարան նայեցաւ Մարիային, ու երկուքը իրարու բան մը ըսին եւ յարձակեցան վրաս: Հագուստներս հանեցին, խպնելուս պատճառով ներքնաշապիկս մեծ դժուարութեամբ քաշեցին, վիզս ցաւցնելու չափ, իսկ մնացորդացը վրաս ձգելով զիս գրկեցին ու բաղնիք մտցուցին, տաք ջուրով լաւ մը լոգցուցին, հոտաւէտ օճառով օճառեցին արդէն մաքուր մարմինս: Խեղճերը ի՞նչ գիտնային որ առաւօտ կանուխ մօրս հետ նոյն իրավիճակը ապրած էի, միայն մէկ տարբերութեամբ, որ մօրս գործածած օճառը հոտաւէտ չէր:
Այս երկու անձնազոհ աղջիկները, ժպիտը՝ գծագրուած իրենց դէմքերուն, չորցուցին մարմինս ու իրենց նոր գնած հագուստները հագցուցին ինծի: Հաւանաբար կ՚ուզէին ինձմէ աւելի մայրս ուրախացնել: Նաեւ, չեմ մոռնար, որ կօշիկն ու գլխարկը հագուստին գոյնը ունէին:
Այդ օրը շուտ անցաւ: Մօրս արձակման ժամը հասած էր: Դուռը զարկաւ ու ներս մտաւ: Հազիւ մայրս տեսայ՝ տրամադրութիւնս փոխուեցաւ: Եկած էր զիս դրախտէն դուրս հանելու:
Հաւաքեցինք խաղալիքները: Պարպարան հին լաթերս բերաւ բաղնիքէն: Համբուրուեցանք: Ամենէն ուժեղ համբոյրը Պարպարան դրոշմեց այտերուս, եւ «Arrivederci»ն վերջին բառն էր որ արտասանեց Պարպարան:
Մայրս շնորհակալութիւն յայտնեց աղջիկներուն ու ձեռքէս բռնած, տոպրակներով հարստացած իջաւ վար:
Խաղալիքները բռնած, անտրամադիր տուն դարձայ: Տունը դժկամութեամբ սկսայ նայիլ խեղճ մօրս: Այդ իրիկուն երբեք չմօտեցայ խաղալիքներուն: Անվերջ Պարպարային ու Մարիային մասին կը մտածէի: Ոչ ոք զիս այդչափ ուրախացուցած ու հարստացուցած էր: Այնպէս որ տխուր էի առանց Պարպարային ու Մարիային:
*
Տարիներ ետք, երբ առաջին անգամ Վենետիկ գացի, իջեւանած տանս դիմաց կին մը կը բնակէր:
Օր մը, միջանցքին մէջ իրարու հանդիպեցանք ու այդ կինը քաղաքավար ոճով մը, անգլերէնով հարցուց.
-Ուրկէ՞ էք, Պարո՛ն:
-Լիբանանէն,- ըսի, նոյն քաղաքավար ոճով: Անունս Յովհաննէս է:
-Իսկ ինք դարձաւ ու կախարդիչ ժպիտով մը ըսաւ.
-I am Barbara!
Պահ մը սառեցայ: Աչքերս սեւեռեցի աչքերուն ու փորձեցի իր յոգնած աչքերը երիտասարդացնել: Չկրցայ մտաբերել: Արդեօք ա՞ն էր...: Արդեօ՞ք...
Իտալերէն չէի գիտեր որ ստուգէի, խօսէի, յիշեցնէի տարիներ առաջուան մեր պանդոկի հանդիպումը: Պարպարան չէր սխալած: Պանդոկին մէջ այդ օր ինծի «մնաք բարով» չէր ըսած, այլ՝ ցտեսութիւն՝ «ARRIVEDERCI!»: Մենք հակառակ որ կրկին հանդիպեցանք, սակայն չյիշատակեցինք անցեալը:
Օդանաւակայան չգացած, ժամ մը առաջ, զարկի դուռը Պարպարային: Բացաւ. ձեռքին թերթ մը եւ ակնոց ունէր:
-Ես կը մեկնիմ,- ըսի: Եկայ քեզի «arrivederci» ըսելու, սինիօրիթթա՛:
-Arrivederci, սինիօ՛ր,- ըսաւ, մօտեցաւ ու համբուրեց այտերէս նոյն ուժգնութեամբ, ինչպէս տարիներ առաջ...:
Այդ օր իմ վերջին հանդիպումս եղաւ Պարպարային հետ...:
Վերջին հանդիպում՝ վերջին համբոյրով:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ