ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ
Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ պատմական եւ ընկերային հետազօտութիւններու հիմնարկութեան կողմէ վերջերս հրատարակուած է հայրենի պատմաբան, դիւանագէտ Տքթ. Արսէն Աւագեանի՝ «Մութ մնացած գործիչ մը՝ երիտթուրք համայնավար Սալիհ Զեքին (Քուշարքով)» խորագրով թրքերէն հատորը («Karanlıkta Kalmış Bir Eylemci: İttihatçı Komünist Salih Zeki (Kuşarkov)»):
Սալիհ Զեքին ազգութեամբ չերքէզ գործիչ մըն էր, որ ծնած է 1883-ին Սամսուն քաղաքին մէջ: Հայրը Օսմանեան կայսրութիւն ներգաղթած է 1864-ին չերքէզներու մեծ գաղթին ժամանակ՝ Հիւսիսային Կովկասի Քուպանի շրջանէն: Սալիհ Զեքին մեծ դեր ունեցած է Թուրքիոյ Համայնավարական կուսակցութեան հիմնադրման մէջ, իսկ անոր գործունէութեան մէկ մասն ալ կ՚առընչուի հայերուն:
Գիրքին մէջ Արսէն Աւագեան կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ համայնավարական շարժման պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ Զեքիի դերին, որ Մեծ եղեռնի տարիներուն եղած է Տէր Զօր մարզի կառավարիչը, իսկ աւելի ուշ՝ դարձած է Թուրքիոյ համայնավար շարժումի հիմնադիր ղեկավարը:
Այս հատորին շնորհիւ, առաջին անգամ ըլլալով, գիտական շրջանառութեան մէջ կը դրուին Օսմանեան կայսրութեան վարչապետարանի արխիւին ու Ռուսաստանի Պետական քաղաքական եւ հասարակական պատմութեան արխիւի այն փաստաթուղթերը, որոնց մէջ ներկայացուած են Զեքիի մասին էական մանրամասնութիւններ:
Նկատի ունենալով ուսումնասիրութեան կարեւոր նշանակութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման գործընթացին մասին ուսումնասիրութիւններուն առումով, հարցազրոյց մը ունեցանք Արսէն Աւագեանի հետ:
-Իբրեւ պատմաբան այս նիւթը ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ձեր հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս:
-Նախ հետաքրքրութիւնս սկսաւ անկէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բոլոր աղբիւրներուն մէջ Սալիհ Զեքիին անունը կը յիշատակուի եւ կը յիշատակուի իր դաժանութիւններուն շնորհիւ, ան «հրէշ Զեքի» անուանումը ստացած էր: Սակայն, երբ սկսայ ուսումնասիրել, տեսայ, որ իր նախորդ գործունէութեան, յետագայ գործունէութեան եւ վարած պաշտօններուն մասին շատ քիչ աղբիւրներ կան: Ուշագրաւ փաստ էր, որ ան նաեւ եղած է Պաքուի Համայնավարական կուսակցութեան հիմնադիրը եւ երբ սկսայ ուսումնասիրել, իր նախորդ գործունէութեան մասին շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ սկսան ի յայտ գալ: Ի յայտ եկաւ նաեւ այն կապը, որ ան Պաքուի թուրք համայնավարներուն եւ ազգայնական շարժման միջեւ կ՚իրականացնէր: Գացած էր Անատոլու, Էրզրումի մէջ հանդիպած էր Քեազըմ Քարապեքիրին եւ յետագային անոր գործունէութեան մասին՝ Թիֆլիզի թէ Ռուսաստանի, շատ հետաքրքրական ուշագրաւ նիւթեր յայտնաբերուեցան:
Ըսեմ, որ Սալիհ Զեքիի գործունէութիւնը ժամանակի առումով երկու մասի կը բաժնուի: Նախ մինչեւ 1916 թուականը, ապա 1918-էն սկսեալ: Մէջտեղը անցումային շրջանն է: Իր գործունէութեան առաջին հատուածին մասին ան կ՚ըսէր, թէ ես կը ծառայեմ միջին դասակարգին՝ քաղքենիին եւ ատոր համար ես երջանիկ չեմ. միւս հատուածին մասին ան կ՚ըսէր, թէ ես երջանիկ եմ, քանի որ կը ծառայեմ աղքատ դասակարգին՝ բանուորութեան: Այսինքն, այսպէս ըսելով ան իր համայնավար եւ ատկէ առաջուան ժամանակներուն մասին կը խօսի:
-Այդ մասին ան ո՞ւր գրած է, կա՞ն յուշեր:
-Իր ինքնակենսագրութիւնը կայ, գրուած 1933-ին, ռուսերէնով եւ կը պահուի Ռուսական արխիւին մէջ. հոն յայտնաբերեցի եւ ուսումնասիրեցի: Իմ գիրքս խորագրեցի անոր գործունէութեան այդ երկու հատուածը նկատի առնելով՝ առաջին մասը, քանի որ ան եղած է իթթիահատական, այսինքն գործած է «Իթթիհաթ վէ թերաքքի» կուսակցութեան կառավարման օրօք եւ իր պաշտօնները զբաղեցուցած է այդ ժամանակ, իսկ երկրորդը՝ համայնավարական շրջանն է: Մինչեւ իր մահը ան եղած է համայնավար, գործած է Ատրպէյճանի մէջ եւ բաւական գործօն դեր ունեցած է 1920-ի ապրիլին Ատրպէյճանի մէջ խոր-հըրդային կարգեր հաստատելու գործին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մինչ 1919-էն ներագրաւուած է թրքական համայնավարական բջիջներ ստեղծելու գործին մէջ: Այդ բջիջները ճանչցուած էին ռուսական Համայնավարական կուսակցութեան կողմէ, իսկ ինք 1919-էն Համայնավարական կուսակցութեան պաշտօնական անդամ էր: Ատրպէյճանէն ետք ան գործած է Թիֆլիզ՝ մինչեւ 1933-ը, հոն եղած է թերթի մը եւ ամսագրի մը գլխաւոր խմբագիրը, զբաղեցուցած է զանազան պաշտօններ, աշխատած է Գիտութիւններու ակադեմիոյ մասնաճիւղէն ներս եւ 1933-էն ետք փոխադրուած է Մոսկուա, ուր աշխատած է Արեւելքի աշխատողներու համայնավարական համալսարանի երդիքին տակ, Արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ եւ մահացած է 3 նոյեմբեր 1940-ին Մոսկուա, ուր ալ յուղարկաւորուած է:
Ըսեմ նաեւ, որ Սալիհ Զեքին լրագրող եղած է, յօդուածներ գրած է, ռուսական թերթերուն մէջ: Ան գերազանց աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Քաղաքագիտութեան բաժինը, այսինքն բարձրագոյն կրթութիւն ունեցած է, նոյնիսկ եղած է Սամսունի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն եւ հոն ֆրանսերէն եւ ուրիշ առարկաներ դասաւանդած է:
-Փաստօրէն, այս մարդը, մտաւորական ըլլալով, նաեւ զերծ չէ եղած դաժանութիւններէն: Ինչպէ՞ս կը համատեղուի մտաւորականի իր կերպարը կատարած դաժանութիւններուն հետ:
-Այո՛, ան կրթուած անձնաւորութիւն եղած է, բայց մտաւորական ըլլալը եւ դաժանութիւններ կատարելը իրարու հետ կապ չունին: Իթթիահատական ուրիշ գործիչներ ալ կային այդ շրջանին, որ կրթուած էին, բարձրագոյն կրթութիւն ունէին եւ դաժանութիւններ կատարած են: Եղած են բժիշկներ, ուրիշ մարդասիրական մասնագիտութիւններ կրողներ, որոնք նոյնպէս դաժան գործունէութիւն ունեցած են:
-Ձեր գիրքին անդրադարձած է նաեւ թրքական մամուլը: Ինչպէ՞ս էին արձագանգները:
-Թրքական մամուլը բաւական լուսաբանեց գիրքին հրատարակման լուրը, լոյս տեսան յօդուածներ, որոնք ընդհանուր առմամբ դրական արձագանգներ էին: Այդ յօդ-ւածներուն մէջ հիմնական շեշտը դրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, որ առաջին անգամ բացայայտուած եւ ներկայացուած է անձնաւորութեան մը իրական կեանքն ու գործունէութիւնը, քանի որ անոր սխալմամբ ուրիշ մականուն մը վերագրած էին, սխալ տուեալներ կը հաղորդէին ծննդեան եւ մահուան տարեթիւերուն վերաբերեալ, ինչը բերած է անոր, որ Զեքին չքացած է պատմաբաններուն ուշադրութեան կեդրոնէն: Թրքական մամուլը այս գիրքին առումով անդրադարձաւ, որ ի վերջոյ բացայայտուած է Զեքիի գործունէութիւնը եւ որ գիրքը շատ կարեւոր շարք մը հանգամանքներ մէջտեղ կը բերէ՝ Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութեան ձեւաւորման եւ գործունէութեան սկզբնական շրջանին եւ Մուսթաֆա Սուփհիի գործունէութեան մասին: Սալիհ Զեքին կը նշէ, որ ինք համալսարանական տարիներէն եղած է Մուսթաֆա Սուփհիին մօտ ընկերը: Թրքական մամուլը, գիրքին անդրադառնալով կարեւորութիւն տուաւ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման գործին մէջ նման իթթիհատական անցեալ ունեցող թուրք համայնավարներու իրական դերակատարութեան մասին նիւթերուն ուսումնասիրման եւ հրապարակման ու յետագայ տարիներուն Թուրքիոյ Համայնավարական կուսակցութեան գործունէութեան մէջ անոնց ունեցած դերին, որ արտացոլուած է գիրքին մէջ: Թէ՛ թրքական, թէ՛ հայկական եւ թէ ռուսական մամուլը, ընդհանուր առմամբ, անդրադարձաւ, որ գիրքին մէջ շատ փաստեր ի յայտ կու գան առաջին անգամ: Առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ կը դրուին օսմանեան, ռուսական եւ վրացական արխիւէն փաստաթուղթեր:
Սալիհ Զեքին 1936 թուականին Մուսթաֆա Սուփհիի մասին գրած էր յօդուած մը, որ ցարդ լոյս չէր տեսած եւ ահաւասիկ, անիկա նոյնպէս ընդգրկուած է այս գիրքին մէջ եւ այդ փաստը նոյնպէս նշեց մամուլը: Ընդհանուր առմամբ մամուլի անդրադարձներուն մէջ գիրքը բնորոշուած է իբրեւ գիտական նորութիւն:
-Գիրքը շնորհանդէսով կամ այլ ձեռնարկով լայն հասարակութեան ներկայացնելու ծրագիր կա՞յ:
-Այդպիսի մտադրութիւն ունին հրատարակիչները, կ՚ուզեն շնորհանդէս մը կազմակերպել: Այստեղ՝ Հայաստանի մէջ դասախօսութիւններու տեսքով ես այս նիւթը ներկայացուցած եմ զանազան վայրերու մէջ եւ առաջարկներ ստացած եմ հայկական զանազան կազմակերպութիւններէ՝ գիրքը հայերէնի թարգմանելու եւ հրատարակելու:
-Իսկ հայաստանեան պատմագիտական շրջանակները ինչպէ՞ս ընդունեցին գիրքը:
-Հոս ալ արձանագրուեցաւ իբրեւ նորութիւն: Հարկաւ երկու հանգամանք կայ՝ Հայաստանի մէջ անոր գործունէութեամբ հետաքրքրուած են աւելի շատ Հայոց ցեղասպանութեան տեսանկիւնէն, իսկ Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ շեշտը կը դրուի Զեքիի թրքական Համայնավարական կուսակցութիւնը հիմնելու փաստին վրայ, Ատրպէյճանէն ներս խորհրդային կարգեր հաստատելու գործին մէջ թուրք գործիչներու ունեցած դերակատարութեան տեսանկիւնէն:
-Այս ուսումնասիրութեան մէջ հայութեան առընչուող ուրիշ ի՞նչ հետաքրքրական դրուագներ ներկայացուցած էք:
-Հայութեան վերաբերող դրուագներէն է Զեքիի գործունէութիւնը Էվերեկի, ապա Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: Հայութեան վերաբերող դրուագ է նաեւ Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան եւ Հնչակեան ղեկավարներէն Մեծն Մուրատին եւ անոր ընկերներուն Սալիհ Զեքիի հրամանով կախաղան բարձրանալուն հանգամանքը: Ան նաեւ անօրինական աքսորի ղրկած է Տարտանելի հերոս Սարգիս Թորոսեանն ու անոր ընտանիքը: Հակառակ որ ռազմական նախարարութիւնը դիմած էր ներքին գործոց նախարարութեան եւ պնդած՝ որ այդ ընտանիքը, ըստ օրէնքի, ենթակայ չէ դէպի Տէր Զօր տեղահանումի, քանի որ անոր զաւակը կը ծառայէ Օսմանեան բանակին մէջ, բայց ան աքսորած էր այդ ընտանիքը: Ան տեղահանուած հայերը ոչնչացնելու մեթոտ մը ունէր, որուն մասին նոյնպէս անդրադարձ կայ գիրքին մէջ: Յատկանշական է, որ Զեքի կրօնափոխ հայերով ջոկատներ կը կազմէր, զանոնք կը գործածէր հայերը ոչնչացնելու համար, յետագային զանոնք կ՚ոչնչացնէր: Գիրքին մէջ կարեւոր դրոյթ մը, որ ես կ՚ապացուցեմ օսմանեան նիւթերու հիման վրայ. հայերու հայրենազրկումի գաղափարն ու այդ մէկը իրականացնելու միջոցներն են, որ գործի դրուած են:
-Արեւմտահայ մամուլին մէջ անոր մասին տեղեկութիւններ գտա՞ծ էք:
-Պոլսահայ մամուլին մէջ ոչ, բայց ըսեմ, որ Սալիհ Զեքիի հետքերը անհետացնելու հարցին մէջ դեր ունեցած է նաեւ հայկական մամուլը: 1918-ի հայկական թերթերուն մէջ՝ մէյ մը Պէյրութի, մէյ մըն ալ Հալէպի կը հանդիպինք տեղեկութեանց, թէ իբրեւ հայկական զօրագունդի զինուորները ճանչցած են Սալիհ Զեքին, սպաննած են զայն, իսկ օգնականը ձերբակալած. այդ նոյն սխալ տեղեկութիւնները հայկական մամուլէն անցած են թրքական պատմագրութեան: Ահա թէ ինչու կարգ մը թուրք գիտնականներ կը նշէին, թէ Զեքին մահացած է 1918-ին, մինչդեռ այդ ընթացքին ան կը գտնուէր Իսթանպուլ, իսկ 1918-ի վերջաւորութեան մեկնած էր Պաքու: Ան մտավախութիւն ունէր, թէ հայերուն հանդէպ իր գործած ոճրագործութեան համար զինքը պիտի դատեն: Այդպէս ալ կ՚ըլլայ: 1918-ին, իթթիահատականներու դատավարութեան ժամանակ, ան հեռակայ կարգով դատապարտուած է մահուան. մահուան դատավճիռը սուլթանի կողմէն հաստատուած է, բայց ան այդ ժամանակ կը գտնուէր Պաքու, ապա յետագային Խորհրդային Միութեան մէջ: Զանազան վայրերու մէջ աշխատելու ժամանակ, երբ կը լրացնէր իր մասին հարցաթերթիկը, ան կը նշէր, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական խնդրի մը պատճառով ինք մահուան դատապարտուեր է, չնշելով թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:
-Պիտի շարունակէ՞ք այս ուսումնասիրութիւնը:
-Պիտի շարունակեմ, որովհետեւ իթթիհատի շրջանին Զեքիի գործունէութեան առընչուող շատ հարցեր ի յայտ եկան՝ անոր կապը կարգ մը քաղաքական գործիչներու հետ, բացի այդ ուշագրաւ դրուագներ կան անոր յետագայ գործունէութեան մէջ, ատոր համար կ՚աշխատիմ աւելի մեծ աշխատութեան վրայ, որ աւելի համապարփակ աշխատութիւն կ՚ըլլայ Զեքիի ոչ միայն կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնելու, այլ այդ գործունէութիւնը ներկայացնելու այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն ներքոյ:
-Դուք իբրեւ դասախօս, ինչպէ՞ս կը տեսնէք այսօրուան ուսանողութեան հետաքրքրութիւնը՝ պատմութեան ուսումնասիրման հանդէպ:
-Ես կը տեսնեմ, որ շատ յուսալի երիտասարդներ կան եւ անոնք ունին առաւելութիւն մը՝ կը տիրապետեն օտար լեզուներու, որ հնարաւորութիւններու դուռ կը բանայ, արխիւներու մէջ աշխատելու, ուրիշ աղբիւրներու ներգրաւուածութեան տեսակէտէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024