ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Ռէօյթըրզ» կրկին անդրադարձած է Հալէպի «Պարոն» պանդոկին: Նշանաւոր գործակալութիւնը այս օրերուն պատրաստած է հրապարակում մը, ուր Հալէպի «Պարոն» պանդոկը կ՚անուանէ «Խաղաղութեան յիշողութիւն»:

Աշխարհի ամենէն յայտնի լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն վրայ միշտ յայտնուած է «Պարոն» պանդոկի անունը, իսկ աւելի յաճախ՝ Սուրիոյ պատերազմի ամենէն թէժ օրերուն, երբ պաշարուած եւ հրկիզուած Հալէպի մէջ, ի թիւս այլ նշանաւոր կառոյցներու, լքուած էր նաեւ յայտնի «Պարոն» պանդոկը: «Ռէօյթըրզ» կը գրէ, որ հայ ընտանիքի մը կողմէ 1911 թուականին հիմնուած «Պարոն» պանդոկը չի գործեր վերջին հինգ տարիներուն։ Անոր միջանցքներուն եւ դատարկ սենեակներուն մէջ տխրութեան շունչը կը թեւածէ, բայց հակառակ անոր լքուած ըլլալուն, պանդոկը կը յիշեցնէ իր հարուստ անցեալը, որովհետեւ պատերը, արժէքաւոր գոյքը, որ փոշիի մէջ թաղուած է, դասական ձեւաւորումը եւ ամէն ինչը կը խօսին փառքի մը մասին, որ իրականութիւն եղած է: «Ռէօյթըրզ» Մերձաւոր Արեւելքի ժամանակին գոյացած ամենէն եւրոպական անկիւնը նկատած է «Պարոն» պանդոկը: Գործակալութեան թարմ լուսանկարները «Պարոն» պանդոկէն, արագօրէն տարածուեցան, եւ լուսանկարներուն զուգահեռ պատմութիւն մը հաղորդուեցաւ, որ նաեւ հայերուն կ՚առընչուի: «Ռէօյթըրզ» լուսանկարած է փլած պատերը երբեմնի ամուր պանդոկին, ճաքած առաստաղն ու ներկաթափ դռները: Լուսանկարներէն կ՚երեւի, որ տարիներով նորոգութեան եւ խնամքի կարօտ կառոյցը անկման մէջ է:

Եթէ Սուրիոյ պատերազմի առաջին տարիներուն պանդոկը քիչ թէ շատ կը գործէր, ապա այսօր կառոյցը բոլորովին փակած է իր դռները, մանաւանդ՝ սեփականատիրոջ մահէն ետք:

Տարի մը առաջ՝ 2016 թուականին, հիւանդութիւններէ եւ իր ժողովուրդը պատած վիշտէն կեանքէն հեռացաւ «Պարոն» պանդոկին սեփականատէրը՝ Արմէն Մազլումեանը… Մամուլը այս առիթով անգամ մը եւս անդրադարձաւ անոր ղեկավարած «Պարոն» պանդոկին, հարցումներ ուղղելով, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ այս հսկայ կառոյցին ճակատագիրը, որ Հալէպի լաւագոյն թաղերէն մէկուն մէջ կառուցուած է տակաւին անցեալ դարու սկիզբը եւ մինչեւ Սուրիոյ ներկայ պատերազմը երբեք չէ դադրած գործելէ: Հիմնուած ըլլալով հայերու կողմէ, «Պարոն» պանդոկը իրականութեան մէջ հայկական կառոյց մը չէր: Ան կրցած էր դառնալ միջազգային նշանակութիւն ունեցող պանդոկ մը, ուր հանգրուանած են երկրի առաջնորդներ, նշանաւոր գրողներ, քաղաքական գործիչներ: Հոն տեղի ունեցած են կարեւորագոյն հանդիպումներ, անոր պատերէն ներս հիւսուած է խորհրդաւոր կեանք մը:

Իր մահէն երկու տարի առաջ Արմէն Մազլումեան յուսահատ ձայնով հարցազրոյց մը տուած էր «Ֆրանս Փրէս»ին, ըսելով, թէ ցաւով կը խօսի իր մեծ հայրերուն հիմնած պանդոկի ներկայ վիճակին մասին եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը: «Ֆրանս Փրէս»ի տեսանիւթին մէջ կ՚երեւէր Հալէպի՝ ժամանակին հարուստ նկատուած ձեռներէց Արմէն Մազլումեանը, որ այլեւս գործարարի տեսք չունէր: Հակառակ իր 63-ամեայ տարիքին, ան յոգնած եւ ընկճուած կ՚երեւէր՝ բուրդէ գլխարկը գլխուն քաշած, մուճակները ոտքերուն եւ իր անբաժան շունը քովը, յուսահատ ձայնով կը պատմէր պանդոկի անցեալին եւ ներկային մասին, եւ ինքն ալ չէր գիտեր, թէ պատերազմի այդ օրերուն ինչ պիտի ըլլար վերջը, բայց վստահ էր, որ պանդոկը այլեւս նախկինը պիտի չըլլար: Արմէն Մազլումեան կը գիշերէր պանդոկին մէջ, կը կարդար օրուան թերթերը, կ՚ընդունէր քանի մը բարեկամներ, կը հետեւէր իր բժիշկին խորհուրդներուն՝ առնելով դեղերն ու ամոքիչները, եւ բնաւ աշխոյժ գործարարի մը տեսքը չունէր: Պատերազմի օրերուն ան ձրիօրէն սենեակ տրամադրած է իր քանի մը արաբ բարեկամներուն, որոնք կորսնցուցած էին իրենց տուները կամ ալ վտանգաւոր վայրերէ փութացած էին դէպի Հալէպ, հակառակ անոր որ այդ օրերուն Հալէպն ալ անվտանգ վայր մը չէր:

Արմէն Մազլումեան իր մահէն առաջ ուրախացաւ Հալէպի ազատագրման լուրով, բայց ինք այլեւս հիւանդ էր եւ անկարող ձեռնարկելու պանդոկի վերականգնման գործը: Մազլումեան ամուսնացած չէր, հետեւաբար զաւակներ չունէր, անոր խնամքը ստանձնած էր իր երեսուն տարիներու հաւատարիմ ընկերուհին՝ Ռուպինա Թաշճեանը, ան ալ կազմակերպած է Մազլումեանի յուղարկաւորութիւնը… Իր սիրած Հալէպին մէջ, պատերազմի օրերուն, դանդաղ մահով մահացած է Արմէն Մազլումեան եւ անոր մահով գոցուած է հայութեան վերաբերող կարեւոր էջ մը…

Պատերազմի օրերուն Արմէն Մազլումեան, հազարաւոր սուրիահայ գործատէրերու պէս, չէր լքած երկիրը, որպէսզի մնայ եւ տիրութիւն ընէ պապենական հարստութեան, իր մեծ հօր՝ Արմենակ (Արմէն) Մազլումեանի (որուն անունը կը կրէր ինք) հիմնած երբեմնի շքեղ պանդոկին, որ լուռ վկայութիւնն է Արեւելքի մէջ հայերու ստեղծած պանդոկատնային աւանդոյթներուն:

Նշանաւոր պանդոկատէրեր եղած են հայեր այդ երկիրներուն մէջ: Մազլումեաններ Հալէպի մէջ իրենց առաջին պանդոկը՝ «Արարատ» անունով, կառուցած են 19-րդ դարուն, իսկ 1911 թուականին հիմնուած «Պարոն» հիւրանոցը 101 տարի գործած է անխափան եւ այդ մէկը հիմնադրի որդիին՝ Գօգօ Մազլումեանի ջանքերով, դառնալով ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ՝ Միջին Արեւելքի անուանի հիւրանոցներէն մին: Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով մինչեւ Հալէպի ազատագրումը երկու մասի բաժնուած Հալէպին մէջ գտնուող հիւրանոցը յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ գրոհայիններու բաժնման գիծի կենդրոնին՝ վտանգի գօտիին վրայ:

Ժամանակին, երբ Հալէպը լեցուն էր զբօսաշրջիներով, որոնք արեւելեան հնագոյն այս քաղաքը կու գային տեսնելու Արեւելքի, արաբական պատմութեան կարեւոր մէկ մասը, նաեւ «Պարոն» հիւրանոցը կը նախընտրէին եւ զբօսաշրջիկներուն տրամադրուող գրքոյկներուն մէջ «Պարոն» հիւրանոցը կը յիշատակուէր իբրեւ վայր մը, ուր իջեւանած են երկրի ղեկավարներ, նշանաւոր քաղաքական գործիչներ, գրողներ: Այսօր ալ այդ գրքոյկներէն անփոյթ թափուած են հիւրանոցի միջանցքի սեղաններուն վրայ, դարակներուն մէջ… Այս հիւրանոցին մէջ է իր նշանաւոր «Սպանութիւն Արեւելեան ճեպընթացին մէջ» վէպին մէկ հատուածը գրած անգլիացի գրող Ակաթա Քրիստին, որ յաճախ իր ամուսինին՝ անգլիացի հնագէտ Մաքս Մալուէնի հետ այցելած է Հալէպ: «Պարոն» պանդոկին անունը կ՚առընչուի նաեւ Ֆրանսայի մեծագոյն պետական եւ քաղաքական գործիչներէն եւ նախկին նախագահներէն Շարլ տը Կոլի անունին հետ. այստեղ իջեւանած է նաեւ ան: Պանդոկը իր դռները բացած է նաեւ թուրք քաղաքական, ռազմական եւ պետական գործիչ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին, Եգիպտոսի նախկին նախագահ Ճեմալ Ապտըլ Նասէրին, Իրաքի ու Սուրիոյ Ֆայսալ առաջին թագաւորին, մեծահարուստ Տէյվիտ Ռոքֆէլըրին, ամերիկացի պատմաբան ու քաղաքական գործիչ, Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Թէոտոր Ռուզվելտին, առաջին տիեզերագնաց Եուրի Կակարինին, Սուրիոյ նախագահներուն, այլ նշանաւոր մարդոց առջեւ:

Այն սենեակները, ուր իջեւանած են այս մարդիկը, ձեւով մը տեսարժան վայրեր դարձած են տասնամեակներ շարունակ Հալէպի պանդոկներուն մէջ «Պարոն»ը նախընտրած զբօսաշրջիկներուն համար: Անոնք պանդոկին մէջ ծառայողի մը ուղեկցութեամբ դիտած են այն սենեակները, ուր այդքան նշանաւոր մարդիկ իջեւանած են: Պահպանուած է այն սեղանը, որու վրայ Ակաթա Քրիստի գրած է… Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին պանդոկին մէջ միայն հատուկենտ մոլորած հիւրեր կը յայտնուէին, ինչ որ երբեք բաւարար չէր պանդոկին հսկայական ծախսը գոցելու համար: Պատերազմին նաեւ հրթիռներ ինկած են պանդոկէն ներս, որոնք քանդած են պատեր, քարեր ու փոշի լեցուած է կարգ մը սենեակներու մէջ: «Ֆրանս Փրէս»ի հրապարակման մէջ կ՚երեւի առաստաղէն պոկուելու պատրաստ, բարակ լարէ մը կախուած եւ թեքուած ջահը, որ հին ոճ ունի եւ արժէքաւոր է, ինչպէս հիւրանոցի կահոյքը, որ Հալէպի լաւագոյն կահագործներու ձեռքին գործն է: Միջանցքի կահոյքը թաւշեայ վարդագոյն կտորէ է, որ դասական Արեւելք կը յուշէ: Պանդոկի երկրորդ յարկին վրայ տակաւին կը գտնուին պանդոկին ամենէն բարձրակարգ ու շքեղ սենեակները, որոնք զարդարուած են 20-րդ դարու սկիզբին Արմէն Մազլումեան աւագի կողմէ ձեռք բերուած թանկարժէք ձեռագործ գորգերով, ինչպէս նաեւ այն յուշանուէրներով, որոնք կը յատկանշեն նշանաւոր մարդոց այցերը պանդոկ: Ձեւով մը պատմութեան թանգարան էր «Պարոն» պանդոկը, որ տակաւին երկար կեանք պիտի ապրէր եւ պատմութեան էջերը բանար այցելուներուն առջեւ:

Պանդոկին անունով Հալէպի կեդրոնական փողոցներէն մին կոչուած է Պարոն փողոց, որ եղած է քաղաքի նախկին աշխոյժ փողոցներէն մէկը: Պատերազմի օրերուն այդ փողոցին մէջ նոյնպէս ամայութիւն կը տիրէր, իսկ պանդոկին մօտ գտնը-ւող Հալէպի Ազգային թանգարանը նոյնպէս այցելուներ չունէր պատերազմական տարիներուն: Պատերազմի ծանր հարուածները կրած Սուրիան եւ մանաւանդ՝ հայաշատ Հալէպը, հիմա կը վերականգնի ստացած խոր վէրքերէն: Կը հասնի՞ արդեօք այդ վերականգնումը մինչեւ «Պարոն» պանդոկ, դժուար է ըսել: Մազլումեանին հաւատարիմ քանի մը հոգի յանձն առած են կառոյցին ճակատագիրը, այդ կարգին նաեւ Ռուպինա Թաշճեան, որ նախկին ուսուցիչ եղած է եւ Արմէն Մազլումեանի կեանքի ընկերուհին: «Ռէօյթըրզ»ի թղթակցին ան ըսած է, որ պանդոկը կը պատկանի Մազլումեանի քոյրերուն, որ Սուրիայէն շատոնց հեռացած են… Ռուպինա, քանի մը հաւատարիմ սպասեակներու հետ կը հսկէ հարազատ վայրը:

Արմէն Մազլումեանի հայրը կանուխ մահացած է, իսկ մայրը՝ Տիկին Սալին, 1945 թուականին Լոնտոնէն փախած էր այդ ժամանակուան ապահով Հալէպը, խոյս տալով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պայթող ռումբերէն, եւ մահացած է 2014 թուականին՝ ծերութեան վերջին օրերը ապրելով ուրիշ պատերազմի սարսափներ: «Պարոն» հիւրանոցը այսօրուան իր տխուր դրութեամբ կ՚արտացոլացնէ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ երբեմնի հայկական փայլուն գաղութին վիճակը: Հայերը հինգ տարի շարունակ լքած են Սուրիան՝ արդարացիօրէն խաղաղութիւն փնտռելով այլ երկիրներու մէջ: Անոնք այն հայերու զաւակներն են, որոնք Եղեռնէն յետոյ հանգրուանած են Սուրիոյ մէջ. 1915 թուականին բազմաթիւ կառոյցներու հետ նաեւ «Պարոն» հիւրանոցն էր, որ հանգրուան եղած է հայերուն համար: Եղեռնէն շատ աւելի առաջ Սուրիա հաստատուած Մազլումեան ընտանիքը Եղեռնէն յետոյ իր նորակառոյց հիւրանոցին դռները բացած է հազարաւոր գաղթական հայերու առջեւ: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հալէպի շրջանային վարչութեան մէջ պաշտօն զբաղեցուցած Արմենակ (Արմէն) Մազլումեանը, 1915 թուականի Յուլիսին Տէր-Զօր հասած հայերուն օգնած է, ան դեր ունեցած է նաեւ Հալէպի մէջ ստեղծուած փախստականական կոմիտէին մէջ:

«Պարոն» պանդոկին մասին բազմաթիւ գործեր գրուած են, նկարահանուած են շարժանկարներ թէ՛ իր ծաղկուն օրերուն, թէ՛ ալ պատերազմական դիմակայութեան ժամանակ: Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը 2015 թուականին գիրք մը տպագրած է «Հալէպի պարոնները» (Halep'in Baronları) խորագրով՝ գրի առնուած երկու իտալացի լրագրողներ Ֆլաւիա Ամապիլէի եւ Մարքօ Թոսաթթիի կողմէ: Գիրքը Մազլումեան ընտանիքի երեք սերունդերու պատմութիւնն է, որ անոնք կերտեցին եւ նուիրեցին աշխարհին՝ «Օթէլ Պարոն» անունով:

ՀՈՆ ԿԱՆԱՉԵԱՆԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԾ Է

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի մէկ գրութենէն կը տեղեկանանք, որ ծանօթ հայ յօրինող, երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան 1920-1921 թուականներուն կը գտնուէր Հալէպ եւ յաճախ կ՚այցելէր Մազլումեան ընտանիքին, որ այդ օրերուն կ՚ապրէր «Պարոն»ի շէնքին մէկ յարկաբաժնին մէջ։ Կանաչեան շատ կը սիրէր նուագել Մազլումեաններու տան դաշնամուրին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ յօրինումներ կատարել: Ճէպէճեան, կապուած ըլլալով Հալէպին եւ յաճախ այցելելով իր հօրեղբօր՝ Տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանին, որ Մազլումեաններուն հետ շատ սերտ կապեր ունէր, կը տեղեկացնէ, որ Կանաչեանի այցերէն մէկուն ընթացքին Գրիգոր Մազլումեան փոքր պատանի մըն էր, իսկ կրտսեր քոյրը Արտան՝ դեռ նորածին, մօր գրկին մէջ։ Տիկին Երանիկ Մազլումեան (Գրիգորի եւ Արտայի մայրը) կ՚օրօրէր Արտան մայրական խանդաղատանքով։ Բարսեղ Կանաչեանի համար տեսարանը եղած է զգայուն եւ զգացական… Եւ նկատի առնելով իր երաժիշտի ու յօրինողի ներաշխարհը, ան դաշնամուրին ետեւ անցնելով կը յօրինէ եղանակ մը, որ պիտի դառնար իր հանրածանօթ «Օրօր»ը… Բարսեղ Կանաչեանի կողակիցը՝ Քրիստինէ Կանաչեան, իր յուշերուն մէջ կը նշէ նշուած «Օրօր»ին մասին տեղեկութիւններ, որոնք լոյս տեսած են 2014 թուականին, Լիբանանի «Կամար» գրական պարբերաթերթի թիւ 24-ին մէջ: Քրիստինէ Կանաչեան, իր յուշերուն մէջ կը յիշատակէ, որ Կանաչեան «Օրօր»ը յօրինած է շատ հինէն, Պոլիս եղած շրջանին, նախ գրած է մեներգ մը, իսկ երգչախումբի բաժինը՝ բառերով, որ արդէն տպագրուած է Պոլսոյ հին երգարաններուն մէջ. յետոյ գրած է մեներգ մը եւս, իսկ երգչախումբին բաժինը՝ գոց բերնով, որ կ՚երգուի մինչեւ այսօր, իսկ անկէ վերջ, երբ Քրիստինէ Կանաչեան փափաքած է «Օրօր»ը ունենալ դաշնակի բաժինով մը, որպէսզի տունին մէջ երգէ ու նուագէ, անոր համար ալ Կանաչեան գրած է նաեւ մեներգ՝ դաշնակով։ Ահաւասիկ, այդ մեներգն է, որ Կանաչեան ստեղծած է «Պարոն» պանդոկին մէջ՝ Մազլումեաններու ջերմ յարկին ներքոյ, ընտանեկան նուրբ միջավայրի մը մէջ:

 ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Հալէպի պատմաբաններն ու ճարտարապետները քաղաքի ազատագրումէն յետոյ ցանկութիւններ յայտնած են վերադարձնել Հալէպի Ազգային թանգարանի, Հին գրադարանի եւ Հռոմէական ջրանցոյցի (ագուգայի) նախկին տեսքն ու փառքը։

Ցուցանմոյշներու թիւով Սուրիոյ մէջ երկրորդ Ազգային թանգարանը այժմ անմը-խիթար վիճակի մէջ կը գտնուի, շուրջը պայթիւններէն յառաջացած անցքեր կան, կոտրած պատուհաններու ապակիներ, սակայն վերականգնողները յաջողած են պահպանել եզակի հնագիտական գտածոները: Թանգարանի տնօրէն Ռահաֆ Խամուի նշած է, որ առայժմ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ թանգարանը իր դռները կը բանայ այցելուներուն համար, բայց ան հաւաստիացուցած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան գործօն աջակցութեամբ վերակառուցման աշխատանքները կ՚աւարտին մէկ տարուան ընթացքին։

Պատրաստ են Ազգային թանգարանի եւ 11 քիլօմեթր երկարութեամբ Հռոմէական ջրանցոյցի վերականգնման նախագիծերը։ Շատեր ողջունած են սուրիական կառավարութեան այս ծրագիրը, որ բնակելի տուներ վերականգնելուն զուգահեռ նաեւ պատմական վայրերուն ձեռք կը մեկնէ: Չէ՞ որ Հալէպը դարեր շարունակ նշանաւոր եղած է իր պատմական կառոյցներով եւ այս այցեքարտն է, որ երկիրը պէտք ունի կարճ ժամանակի ընթացքին նորոգելու:

Ներկայիս Հալէպի բոլոր պատմական կառոյցները կը գտնուին սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2017