ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Այս տարի, հայ մամուլի համար, յոբելենական տարի է: Նախ լրացաւ հայ առաջին տպագիր թերթին՝ «Ազդարար»ին 225-ամեակը, յոբելենական էր տարին նաեւ Պոսթոնի «Հայրենիք» թերթին համար, որ տօնեց իր հիմնադրման 120-ամեակը, եւ վերջապէս Հայաստանի մէջ կը նշուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսի 75-ամեակը: Այս առիթներով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկը Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս 28-29 նոյեմբերի մամուլի երկօրեայ գիտաժողովն էր՝ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ՝ ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» խորագրով:
Մամուլի գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի զանազան գիտակրթական եւ մշակութային հաստատութիւններէն աւելի քան քառասուն գիտնականներ ու հետազօտողներ: Անոնք երկու օրուան ընթացքին ներկայացուցին հայ մամուլի ընթացքին մասին յոյժ հետաքրքրական զեկոյցներ, կարեւոր նիւթեր՝ Զմիւռնիոյ, Պոլսոյ, սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ տպագրուած թերթերու, ամսագրերու էջերէն, քննարկեցին մատենագիտական, մամուլի թուայնացման հարցեր: Գիտաժողովի զեկոյցներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէր արեւմտահայ եւ պոլսահայ մամուլը: Այդ մէկը հարկաւ պատահական չէ: Հայ մամուլի պատմութեան ամենաշատ անունները ունեցած ենք այդ հատուածին մէջ, եւ արեւմտահայ, իսկ յետոյ՝ պոլսահայ մամուլը, իրենց փառաւոր ընթացքով հայ մամուլի պատմութեան ոսկեայ էջերէն մէկը կերտած են:
Այսօր, հակառակ թերթերուն ունեցած դժուարութիւններուն, տպագիր թերթերուն եւ համացանցային կայքէջերուն անհաւասար մրցակցութեան, տպագիր թերթերը 225 տարի առաջ սկիզբ առած ընթացքով կը շարունակեն գոյատեւել:
Բացի գիտաժողովէն, մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու Հայաստանի Ազգային գրադարանի գործունէութեան: Հայագիտութեան կարեւորագոյն այս կեդրոնը հայ տպագիր ժառանգութեան աշխարհի ամենամեծ շտեմարանն է, ուր գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու կողքին խնամքով կը պահուին աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ լոյս տեսած հայկական թերթերը, ամսագիրները, աւելին՝ վերջերս ստեղծուած Հայ գրատպութեան թանգարանը աւելի վառ կը դարձնէ հայ գրատպութեան պատմութիւնը: Այդ պատմութեան մէջ մամուլը միշտ իր արժանաւոր տեղը ունի, իբրեւ ժամանակի հայելին եւ իբրեւ աշխարհի տարածքին սփռուած հայութեան հայապահպանութեան կարեւոր գործօն: Գրատպութեան թանգարանին մէջ կը պահուի նաեւ Մատրասի մէջ 1794 թուականին լոյս տեսած «Ազդարար»ի առաջին թիւը, իսկ «Ազդարար»ի 18 տետրակները գրադարանի անձեռնմխելի գանձերու կարգին են:
Գիտաժողովի մասնակիցները այցելեցին Գրապտութեան թանգարան, ծանօթացան գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի միւս ցուցադրութիւններուն, որ յատկապէս այս գիտաժողովին առթիւ բացուած էր:
Գիտաժողովի բացումը կատարեց Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեան, ողջոյնի խօսք ըսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քահանայ Պօղոսեան: Անոնք կարեւորեցին հայութեան կեանքին մէջ անփոխարինելի արժէք ունեցող հայ մամուլին դերը եւ այս գիտաժողովի կազմակերպումը՝ հայ մամուլի պահպանման կեդրոններէն մէկուն երդիքին ներքոյ:
Հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովի օրերուն յաճախ խօսուեցաւ հայ մամուլի նուիրեալներէն մէկուն՝ սփիւռքահայ բանաւահաք, մատենագէտ, ուսուցիչ, դասախօս, հրապարակախօս Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի մասին: Մեծանուն հայագէտին երկու որդիները՝ Տարօն եւ Զարեհ Տէր-Խաչատուրեանները սփիւռքէն այս գիտաժողովին մասնակցելու համար ժամանած էին Հայաստան (մէկը՝ Միացեալ Նահանգներէն, միւսը՝ Լիբանանէն) եւ բերած էին իրենց հօր անձնական գրադարանէն հնատիպ գիրքեր եւ մամուլի անուններ, զորս սիրով նուիրեցին Հայաստանի Ազգային գրադարանին:
Տարօն Տէր-Խաչատուրեան նաեւ զեկոյց մը ունեցաւ «Հայ մամուլին դերն ու կոչումը ըստ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի» խորագրով: Հայաստանի Ազգային գրադարանի եւ Տէր Խաչատուրեաններու համաձայնութեան ի հետեւանք գրադարանէն ներս պիտի հիմնուի Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի հիմնադրամը, ուր պիտի պահուի լիբանանահայ մատենագէտի հայագիտական ժառանգութենէն որոշ մաս մը: Իր ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ գրատպութեան ուսումնասիրութեանն ու աշխատութիւններուն, բառարաններ պատրաստելով՝ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան առանձնայատուկ սէր ու ակնածանք ունեցած է հայ մամուլին հանդէպ եւ ստացած «Հայ մամուլի շրջուն դեսպան» բնորոշումը: Այս տարի կը լրանայ նաեւ լեզուաբանին, քերականագէտին, պատմաբանին, գրողին, ուսուցիչին մահուան 25-րդ տարին եւ գիտաժողովի երկու օրերուն բազմիցս յիշելով Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի աւանդը, գիտաժողովը ձեւով մը նաեւ յարգանքի տուրք էր անոր յիշատակին:
Տարօն Տէր-Խաչատուրեան ներկայացուց Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի ժառանգութիւնը, կանգ առաւ մանաւանդ անոր մամուլի ուսումնասիրութիւններուն վրայ՝ Հայ մամուլի մատենագիտական գործերէն մինչեւ անտիպ մնացած ուսումնասիրութիւնները: Ան ըսաւ, որ ըստ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանին, հայ մամուլը միշտ հայ ժողովուրդին հաւատարիմ ուղեկիցը եղած է պատմութեան բոլոր դժնդակ օրերուն, իսկ իր հերոսը ան դարձուցած էր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանը, զոր կը փառաբանէր հայ ժողովուրդի միւս հերոսներուն հետ: Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան կը հաւատար, որ մամուլը եսասէր եւ եսապաշտ մարդը կրնայ դարձնել ընկերասէր, ազգասէր եւ մարդասէր: Տարօն Տէր-Խաչատուրեան յիշեցուց իր հօր այն մօտեցումը, թէ ինչպէ՛ս ան մամուլին դերը հաւասարապէս կը դնէր եկեղեցւոյ, դպրոցի դերերուն քով, եւ հակառակ որ մամուլը Հայ Եկեղեցիէն եւ դպրոցէն ուշ ծնունդ առած է, սակայն իր ազդեցութեամբ չէ զիջած անոնց, հաւատացած էր, որ մամուլը հայրենիքէն դուրս ունի առաքելութիւն մը եւս, որ հայապահպանման սրբազան գործն է: Հայ լրագրութիւնը Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան կոչած է թանգարան: Ան հաւատացած է, որ այդ թանգարանը պիտի պեղուի, նկատի ունենալով, որ հոն կը քնանան մեր գրողներուն ստուար մասին գրութիւնները. ինք արդէն սկսած էր այդ գործին եւ պատրաստած Լեւոն Շանթի, Շահան Պէրպէրեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Դանիէլ Վարուժանի յօդուածներուն եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած անոնց այլ գրութիւններուն մատենագիտութիւնը:
Երեւանի Մանկավարժական համալսարանի դասախօս Արմինէ Յակոբեան զեկուցում մը կարդաց «Ազդարարը մատենագիտական ցանկերուն մէջ» խորագրով: Հայկական Համայնագիտարանի խմբագրին պատրաստած ելոյթը նոյնպէս «Ազդարար»ի մասին էր, բայց կը ներկայացնէր՝ «Ազդարար»ը հայ համայնագիտական գրականութեան էջերուն մէջ: Այդ ելոյթը կարդաց համայնագիտարանի ներկայացուցիչը:
Պատմաբան Համօ Սուքիասեան գիտաժողովին ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ պարբերական հրատարակելուն փորձերը՝ 1920-1930-ականներուն, անդրադարձաւ մանաւանդ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Մայր Աթոռի միաբանութեան եւ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի «Արարատ»ը վերահրատարակելու ձեռնակումներուն, սակայն այդ օրուան հանգամանքները կը պահանջէին հայութեան հարցերուն անմիջական արձագանգ ունենալը եւ այս պատճառով նպատակայարմար կը գտնեն հրատարակել «Էջմիածին» շաբաթաթերթը: «Էջմիածին» պարբերաթերթը քանի մը ամիս միայն կը հրատարակուի, կը դադարեցուի եւ Մայր Աթոռը պարբերական մամուլ կ՚ունենայ շատ աւելի ուշ, որ այսօր հրատարակուող «Էջմիածին» հանդէսն է:
«Էջմիածին» հանդէսին անդրադարձաւ գիտաժողովի այլ մասնակից մը՝ Գայիանէ Պօղոսեան, որ ներկայացուց «Էջմիածին» հանդէսի գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ կողքերը, տիտղոսաթերթերը եւ մանաւանդ անդրադարձաւ այդ գործին մէջ հայ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի դերին: Ինչպէս յայտնի է՝ հանդէսին առաջին թիւը ձեւաւորած է Կոջոյեան, իսկ յետագայ թիւերուն գեղարուեստական ձեւաւորման մասնակցած են Գրիգոր Խանճեան եւ այլ նշանաւոր անուններ:
Հայագիտութեան տոքթոր Մարգարիտ Խաչատրեանի զեկուցման նիւթն էր «Հայրենիք» ամսագիրն ու Համաստեղի գրական մուտքը»: Ան խօսեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան ամենանշանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ գրող Համաստեղի՝ Համբարձում Կէլէնեանի գրական առաջին քայլերուն մասին, որ կատարուած են «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ՝ 1917 թուականին: Ըստ Մարգարիտ Խաչատրեանի մեկնաբանութիւններուն, Համաստեղի գրական առաջին քայլերը արդէն իսկ ապացուցեցին, որ ան ըսելիք ունի եւ ինքնատիպ ոճ մը, սակայն այդ գրական առաջին քայլերը, ըստ բանախօսին, չունէին հողի եւ երկրի այն գիտակցութիւնը, որով յետագային աչքի պիտի իյնար անոր արձակը:
Մարգարիտ Խաչատրեան իր զեկուցումէն զատ նաեւ ողջունեց մանաւանդ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը մամուլի գիտաժողովին, նշելով, որ այդ հանգամանքը յոյս կը ներշնչէ, որ հայագիտութիւնը թարմ շունչ պիտի ստանայ եւ կը հերքէ այն մտայնութիւնը, թէ աւագ սերունդէն ետք եկողներ չկան։ «Սքանչելի է, որ այս խառնակ օրերուն մտաւորականութիւնը հաւաքուելու, զիրար լսելու, ընդհանուր խնդիրները լուծելու ճանապարհներ փնտռելու հնարաւորութիւնը ունի: Մամուլը մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին համախմբման ձեւերէն մէկն է ու շատ կարեւոր է, որ մենք կրկին ու կրկին արժեւորեցինք մամուլը՝ սկսելով «Ազդարար»էն եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Շատ հետաքրքրական զեկուցումներ կային: Հետաքրքրական էին մանաւանդ երիտասարդները իրենց մտածողութեան նոր շերտերով: Փառք Աստուծոյ, որ ունինք մեզմէ ետք եկողներ. վստահ եմ, որ անոնք շատ աւելի լաւ արդիւնքներու պիտի հասնին, քան՝ մենք այսօր կրնանք հասնիլ», ըսաւ Մարգարիտ Խաչատրեան:
Գիտաժողովի առաջին օրը անդրադարձ եղաւ նաեւ ափրիկեան երկիրներու մէջ հայ մամուլի դերին՝ ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ եւ այս նիւթը ներկայացուց Ազգային գրադարանի աշխատակից Մհեր Ղազինեան:
Քանի որ իբրեւ գիտաժողովի նիւթի բնաբան ընտրուած էր «ընտանիք», «հայրենիք», «եկեղեցի» եզրերը, շատեր իրենց նիւթին մէջ յատուկ ձեւով անդրադարձած էին մամուլին եւ անոնց կապին: Այս նիւթով զեկուցում կարդաց նաեւ մամուլի հետազօտող Մարիամ Յովսէփան, որ ներկայացուց ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի եռամիասնութիւնը՝ Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթի էջերուն մէջ (1918-1924):
Հետաքրքրական ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ պատմաբան Էտկար Յովհաննիսեան, որ ցոյց տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հայապահպան գործունէութեան արտացոլումը՝ «Հասկ» պաշտօնաթերթի էջերուն մէջ (1930-1940-ականներուն):
Հայ մամուլը, իր պատմութեան ընթացքին, բազմազան նիւթերու կարգին, անդրադարձած է նաեւ կիներու հարցերուն եւ ահաւասիկ ազգագրագէտ Կարինէ Բազէեան խօսեցաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի արեւմտահայ մամուլին մէջ կիներու մասին եղած նիւթերուն եւ անոնց հիմնախնդիրներուն մասին, իսկ պատմաբան Էդիկ Մինասեան խօսեցաւ նոյն ժամանակաշրջանի հայոց ազատագրական պայքարի մամուլին մէջ եղած արտացոլման մասին:
Այլ երիտասարդ հետազօտող մը նիւթ ընտրած էր հայալեզու ասորական մամուլը եւ «Բաբելոն» հայալեզու ասորական պարբերականը, որ հրատարակուած է 1919-1921 թուականներուն Պոսթոնի մէջ ամերիկաբնակ խարբերդցի, հայախօս ասորիներու հիմնադրած «Ասորուոց հնգեակ ընկերութեան» կողմէ:
«Բազմավէպ»ի խմբագիր Հայր Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան խօսեցաւ հայ մամուլի զարգացման գործընթացին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան դերին մասին. ան ներկայացուց մինչեւ այսօր հրատարակուող հայ մամուլի երկարակեաց անուններէն մէկը՝ «Բազմավէպ»ը:
Սփիւռքէն ժամանած Ներսեհ Աբեղայ Ալոյեան կը ներկայացնէր Երուսաղէմը. ան խօսեցաւ հայ պարբերական մամուլի համապատկերին մէջ «Սիոն» պաշտօնաթերթին մասին:
Սփիւռքէն ելոյթներ ունեցան նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ շահեկան զեկուցում մը ունեցաւ արդի ժամանակներուն տպագիր մամուլի դիմագրաւած հարցերուն մասին, մատանշեց զանոնք յաղթահարելու ճանապարհներ, ինչպէս նաեւ շեշտեց համագործակցութեան, հարցերը միասնական կերպով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանէն գրող, հրապարակախօս Համբիկ Մարտիրոսեանի ելոյթը նոյնպէս մտահոգութիւններ ներկայացնող եւ ճանապարհներ մատնանշող ենթաթեքստ մը ունէր: Ան խօսեցաւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ հայ մամուլի դերին մասին:
Յատկանշական էր Սուրիայէն վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած պատմաբան Անի Ֆիշէնքճեանի ուսումնասիրութիւնը՝ սուրիահայ «Եփրատ» հրատարակչական ընկերութեան եւ Հալէպի «Եփրատ» հայաթերթին մասին, որ տպագ-րըւած է 1927-1930-ական թուականներուն:
Նիւթ մը եւս եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի մասին. լրագրող Սագօ Արեան պատմեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հայ մամուլի դերին մասին:
Գալիֆորնիոյ համալսարանի, Միացեալ Նահանգներ, աշխատակից Նորա Աւետեան ներկայացուց համալսարանի գրադարանի հայկական պարբերականները, անոնց պահպանման եւ հասանելիութեան հարցերը:
Բոլոր զեկուցողներուն նիւթերուն մէջ կարմիր թելի պէս կ՚անցնէր սփիւռքի ինքնութեան ձեւաւորման գործին մէջ մամուլին դերը: Երիտասարդ հետազօտող Սուզաննա Բարսեղեան ներկայացուց այս նիւթը եւ ուսումնասիրութեան օրինակներ բերաւ երեք տարբեր քաղաքներու՝ Լոս Անճելըսի, Թեհրանի եւ Մոսկուայի մէջ հայութեան ինքնութեան ձեւաւորման մէջ մամուլին դերին վերաբերող:
Ազգագրագէտ Գոհար Ստեփանեան ելոյթ ունեցաւ առողջապահական ուղղուածութիւն ունեցող հայ պարբերականներուն մասին, խօսեցաւ մանաւանդ քաղաքային բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ 1881 թուականին հրատարակուած «Առողջապահական թերթ» ամսագրին մասին:
Գրականագէտ Նաիրա Պալայեանի նիւթն էր Փարիզի մէջ լոյս տեսած ազգային-մշակութաբանական աշխարհայեացքի ընդլայնման ծիրէն ներս «Անդաստան» արուեստի եւ գրականութեան ամսագրի գործունէութեան վերլուծութիւնը, իսկ Նունէ Ամիրխանեան անդրադարձաւ Փարիզի մէջ լոյս տեսած ուրիշ գրական պարբերականի մը. ան «Կեանք ու արուեստ»ի էջերէն ներկայացուց արուեստագիտական նիւթեր:
Վարդուհի Մելքոնեան խօսեցաւ Աղեքսանդրապոլ-Լենինականի կրթական գործին մասին եւ մեկնաբանեց նիւթը ըստ ժամանակի պարբերական մամուլին:
Եղան նաեւ հետեւեալ զեկուցումները՝ «Արեւմտահայ ազգային ազատագրական շարժման արտացոլումը՝ Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագրի էջերուն մէջ» (Խաչատուր Ստեփանեան), «Պուլկար ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը արեւմտահայ մամուլին մէջ» (Հայկ Մխոյեան), «Հայոց եղեռնի գրականութեան մատենագիտական տեղեկատուական նշանակութիւնը պարբերական մամուլի էջերուն մէջ» (Զարուհի Տոնոյեան), «Հայ մամուլի գործառոյթներուն, դերին եւ նշանակութեան գնահատումն ու իմաստաւորումը Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Արմէնիա» պարբերականի էջերուն մէջ» (Արմէն Կարապետեան), «Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» պարբերականը եւ անոր դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուսաբանման գործին մէջ» (Թեհմինա Մարութեան), «Մուսալեռ-Սուեդիան Եգիպտոսի «Արեւ» պարբերականի էջերուն մէջ» (Խորէն Գրիգորեան), «Վայրի բոյսերու մշակոյթի արտացոլումը «Հայ բոյժ» պարբերականին մէջ» (Անժելա Ամիրխանեան), «Հայ բանահիւսութիւնը «Բիւրակն»ի էջերուն մէջ» (Թամար Հայրապետեան), «Մամուլը որպէս թատերագիտական հետազօտութիւններու աղբիւր» (Սուսաննա Բրիկեան), «Նամակագրութեան ժանրային զարգացումները Զմիւռնիոյ «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ» (Քնարիկ Աբրահամեան), «Սիմէոն Տէր-Մինասեանի «Գաւառ» շաբաթաթերթը» (Գէորգ Ստեփանեան):
Պարբերական հրատարակութիւններու մատենագիտական հարցերուն մասին ելոյթ ունեցաւ Մանկավարժական համալսարանի դասախօս Գագիկ Սուքիասեան, իսկ Արցախէն միակ մասնակիցը՝ Յովիկ Աւանէսովը խօսեցաւ ատրպէյճանական պետական հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքարին մէջ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներուն դերին մասին:
Երկու երիտասարդ հետազօտողներ՝ Աննա Սարգսեան ու Թամարա Անդրէասեան, անդրադարձան շատ հետաքրքրական նիւթերու: Աննա Սարգսեան ներկայացուց Զապէլ Եսայեանը՝ դարասկզբի «Մասիս»ի էջերուն մէջ, իսկ Թամարա Անդրէասեան ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էր հայ գրական եւ հասարակական կեանքի մասին, որ արտացոլուած է պոլսահայ նորավիպագիր եւ հրապարակագիր Լեւոն Բաշալեանի «Լը Ֆուայէ» («Օճախ») պարբերականի էջերուն մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անջատ նիւթով կ՚անդրադառնայ այս վերջին երկու զեկուցումներուն եւ անոնց հեղինակներուն։ Մինչ այդ նշենք, որ զեկուցումներուն մէջ նախատեսուած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի ելոյթը՝ «Մամուլ, ընտանիք, հասարակական դերերու զուգահեռներ» նիւթով, բայց օդանաւային չուերթի չեղարկման պատճառով Արա Գօչունեան չկրցաւ ներկայանալ: Համաժողովի ընթացքին կազմակերպիչները յիշեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որպէս հայաշխարհի` մինչեւ այսօր անընդհատ հրատարակուող ամենաերկարակեաց հայկական օրաթերթ: Իսկ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց գիտաժողովին ընթացքին խօսեցաւ արեւմտահայ եւ պոլսահայ մամուլի Կաղանդի բացառիկներուն մասին։ Ան շեշտեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Կաղանդի հրատարակումները, որոնց մէջ եղած են ոչ միայն տօնական բացառիկներ, այլեւ տարեցոյցներ եւ օրացոյցներ, որոնց տակաւին վաղ հրատարակման տարիներէն հրատարակիչները յատուկ կարեւորութիւն կու տային եւ ընթերցողները իբրեւ սպասուած նուէրներ կ՚ընդունէին զանոնք իրենց ընտանիքներուն մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ