ԿԵԱՆՔԻՆ ԻՄԱՍՏԸ ԿԱՄ ԱՆԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ -Գ-

Կը շարունակենք մեր յօդուածը՝ խորհրդածելով կեանքի իմաստին մասին։

Այն բաները, որոնք արժէքաւոր կը դարձնեն կեանքը մարդու համար, նոյնպէս այդ մարդու կեանքի իմաստը կը կազմեն։ Օրինակ՝ մէկու մը համար դրամը կրնայ ըլլալ այն միակ բանը, որ կ՚իմասնաւորէ կեանքը. այլ մարդու մը համար՝ միայն աշխատանքը, իսկ ուրիշի մը համար ալ՝ իր զաւակներու գոյութիւնն ու առողջութիւնը։ Կեանքին իմաստը կը փոխուի անհատէ անհատ, ենթակայական է ու առանձնայատուկ: Այս բոլորը կեանքի նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ կը ստեղծեն իւրաքանչիւր մարդու մօտ, որ կը փորձէ որոշել իր կեանքին իմաստը:

Վաղ թէ ուշ, անպայման մենք կը կանգնինք կեանքի իմաստի հարցման դէմ յանդիման։ Երբ մենք երիտասարդ ենք, կրնանք չմտածել մահուան մասին, որովհետեւ այդ մէկը մեզի կրնայ թուիլ հեռաւոր, նոյնիսկ գրեթէ անիրական: Ժամանակի ընթացքին մենք աւելի կը գիտակցինք մեր մահկանացու ըլլալու իրողութեան, ինչ որ մեզ կը մղէ առերեսուիլ վերոյիշեալ անյեղլի օրէնքին հետ։

Կեանքը իմաստալից դարձնող բազմաթիւ հանգամանքներ կան. ընտանիք, արուեստ, գիտութիւն, կրթութիւն, անձնական քմահաճոյքներ, ժամանց եւ այլն:

Բաց աստի, մենք կրնանք ամէն ինչ կասկածի տակ դնել հոգեկան կամ այլ պարագաներու փլուզման եւ մահուան պայմաններու մէջ։ Լեւ Թոլսթոյ հրատարակած էր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն»ը եւ «Աննա Քարենինա»ն եւ յիսուն տարեկանին կը վայելէր իր ընտանիքի սէրը, հարստութիւն եւ համբաւ: Ան հասած էր հոն, ինչ որ կ՚ուզէր, բայց ծանր ընկճուածութեան մէջ էր։ Թէ ինչո՞ւ։ «Իմ խոստովանութիւնները» գիրքին մէջ ան գրած է հետեւեալը. «Եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը հիւանդութիւնն ու մահը կը հասնին իմ սիրելիներուն կամ ինծի։ Մեզմէ ոչինչ կը մնայ, բացի գարշահոտութենէն եւ որդերէն: Վաղ թէ ուշ, այն ամէն ինչ, որ ես ըրած եմ այս աշխարհի վրայ, կը մոռցուի եւ ես գոյութիւն պիտի չունենամ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ փորձել, ջանք թափել։ Ինչպէ՞ս կարելի է սա չտեսնել եւ ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել ապրիլ: Զարմանալին ա՛յս է: Մարդը կրնայ ապրիլ միայն կեանքէն հարբած վիճակով, իսկ սթափուելէ անմիջապէս յետոյ անհնար է չտեսնել, որ ան պարզապէս խաբէութիւն է, նոյնիսկ հեգնալի»:

Յուսահատութեան մէջ Թոլսթոյ հարցուց, թէ ինչպէ՞ս ուրիշները կը վերաբերուին կեանքի իմաստի հարցին: Թէեւ նախ ան ուշադրութիւն չդարձուց «զանգուածներու տգիտութեան» վրայ, բայց ի վերջոյ բացայայտեց, որ մարդիկ ունին կեանքի բոլոր հարցերուն եւ տառապանքներուն դիմակայելու միջոց մը՝ հաւատքը: Անոնք կը հաւատային ուժի մը, որ վեր է Թոլսթոյի ըմբռնումներէն։ Աստուծոյ հաւատալով մարդիկ կը մխիթարուին այն գաղափարով, թէ իրենց գոյութիւնը ունի նպատակ մը։

Մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց այլ կենդանի էակներու: Բոլորս ունինք հասարակաց նպատակ մը՝ շարունակել կեանքը: Կեանքը մեզ կը պարգեւատրէ, երբ ընդունինք կեանքը եւ կը պատժէ, երբ մերժենք զայն: Կեանքը մեզ կը խրախուսէ նաեւ հոգ տանիլ այլ կենդանի էակներու մասին:

Կայ խոր արմատներով հասկացողութիւն մը, որ իւրաքանչիւրի կեանքը արժէքաւոր է եւ պէտք է պաշտպանուած ըլլայ յանուն բոլորի շարունակականութեան: Այն, ինչ որ կ՚արմատաւորուի մեր մէջ, որեւէ էակի նկատմամբ մեր սէրն է: Սէրը, որպէս բարօրութիւն ու անդորրութիւն փնտռելու ջանք, կը գտնուի մեր բոլոր ցանկութիւններու կեդրոնին։ Մենք կը զգանք, որ պէտք է հոգ տանինք եւ պաշտպանենք բոլորի կեանքը, որպէսզի կեանքը շարունակուի: Եսակեդրոն մղումները կը մրցին մեր սիրոյ հետ, բայց հակառակ մարդոց եւ այլ արարածներու նկատմամբ չարաշահումներու, նոյնիսկ բռնութիւններու բազմաթիւ օրինակներու, մարդկային տեսակի ընդհանուր նպատակը կը շարունակէ մնալ կեանքի շարունակականութիւնը ապահովելը։

Մենք չենք կրնար բացատրել կեանքի նպատակը, բայց նաեւ չենք կրնար խուսափիլ զայն փնտռելէ: Մենք հակուած ենք գնահատելու կեանքը, ուստի կեանքը ընդունելու մասին արտայայտութիւնները մեզ կը հանգստացնեն։ Մենք կը հաւատանք, որ կեանքը լաւ է եւ պէտք է շարունակէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

- Վերջ -

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023