ՔՈՒՍԱՄԱՅԻ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ԿԼՈՐԱԿՆԵՐԸ. ՔԱՈ՞Ս, ԹԷ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ…

Անցնող օրերուն ձեւաւորման (տիզայնի) աշխարհին մէջ մէկ անգամէն երկու իրադարձութիւն գրաւեց մարդոց ուշադրութիւնը. աշխարհի ամենանշանաւոր հանրախանութներէն մէկը՝ Հարոտզ առեւտուրի տունը՝ Լոնտոնի մէջ եւ նորաձեւութեան հսկաներէն Լուի Վիթոնի կեդրոնը՝ Փարիզի մէջ, պատուեցան ճաբոնցի հռչակաւոր նկարչուհի Եայոմի Քուսամայի հեղինակած կլոր-կլոր գունաւոր նախշերով: Երկուքն ալ պատմական յուշարձան նկատուող շէնքեր են. Հարոտզ առեւտուրի կեդրոնը հիմնադրուած է 1849 թուականին, իսկ Լուի Վիթոնը՝ 1854 թուականին, բայց անոր ներկայի շէնքը կառուցած է 1912 թուականին: Երկու դարի հասնող պատմութեամբ այս ընկերութիւնները իրենց անփոխարինելի դերը ունեցած են իւրաքանչիւրը իր ասպարէզին մէջ եւ կը շարունակեն քալել՝ պատմական հարստութիւնն ու փառքը շալկած:

Հակառակ որ Հարոտզն ու Լուի Վիթոնը կը ջանան ետ չմնալ ժամանակակից աշխարհէն եւ միշտ արդիական ծրագիրներու մէջ են, իրենց շէնքերուն վրայ անկանոն կլոր նախշերու յայտնուիլը կարգ մը քննադատութիւններու առարկայ դարձած է:

Հնաոճ շէնքերու աւանդական գեղեցկութիւնը գնահատողները չէին կրնար երեւակայել, թէ քաոսային տրամադրութիւն ստեղծող՝ «գլուխ դարձնող» այդ շիթերը ինչպէ՞ս կրնան զարդարել պատմական շէնքերը, որոնք արդէն իսկ ամբողջական են իրենց ներդաշնակ ճարտարապետութեամբ:

Եղան քննադատութիւններ, որ պուտերուն հեղինակը՝ հոգեկան հիւանդութեամբ տառապող նկարչուհի Եայոմի Քուսամա իր այս կլոր նախշերով կը ջանայ պատել աշխարհը, իր միտքին խառնաշփոթը փոխադրել իրականութիւն եւ մեր ապրած կեանքը վերածել անհասկնալի կէտերու, այնպէս, ինչպէս, ոմանց կարծիքով իր արուեստն է: Ոմանք ալ վստահ են, որ այդ արուեստը ինքնին կը բնորոշէ մեր ապրած խառնաշփոթ կեանքը, որ տակնուվրայ եղած է ամէն տեղ: Սակայն, ամէն պարագայի, Քուսամա չէր նախաձեռնողը եւրոպական նշանաւոր կառոյցներուն վրայ իր արուեստի կնքիը դրոշմելու գաղափարին: Քուսամա երկար ատենէ ի վեր ոչ մէկ կ՚որոշէ։ 94 տարեկան նկարչուհին 1977 թուականէն ի վեր իր իսկ կամքով կը բնակի ճաբոնական հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ եւ հոնտեղէն կ՚ելլէ միայն հոգեբուժարանին մօտ գտնուող իր արուեստանոցը երթալու եւ ամբողջ օրը կլորակներ, շիթեր, ալիքներ, կայլակներ ու պուտեր նկարելու համար: Երեկոյեան նորէն կը վերադառնայ հոգեբուժարան, ուր անոր կը սպասեն բժիշկները, խնամողները: Թէ՛ արուեստանոցին եւ թէ՛ հոգեբուժարանին մէջ Քուսամա շրջապատուած է օգնականներով, որոնք կը կատարեն իր յանձնարարութիւնները, կը քշեն անուանասայլակը, որով կը տեղաշարժուի զառամեալ ու հիւանդ արուեստագէտը: Տարիքը, սակայն չի խոչընդոտեր, որ Քուսամա հրաժարի իր վառ նարնջագոյն կեղծամէն եւ պուտիկաւոր հագուստէն: 94 տարեկան կնոջ համար հագուստները, գուլպաները, կօշիկները եւ միւս գործածական իրերը կը կարուին եւ կը պատրաստուին միայն անոր նկարչութեան պատկերներով, որոնք միշտ նմանատիպ կէտեր ու գիծեր են: Շատ տարիներէ ի վէր Քուսամա վառ հանդերձի մէջ է. այդպէ՛ս աշխարհը կը ճանչնայ զինք եւ այդպէ՛ս կը դրուին իր քանդակները, արձանները զանազան վայրերու մէջ: Այդպէս ալ Հարոտզ առեւտուրի տունին առջեւ եւ Լուի Վիթոնին վրայ պատկերացած են իր արձանները: Լուի Վիթոնի շէնքին վրայ նկարչուհիի արձանը կիսապառկած է ու գրկած շէնքը, մէկ ձեռքով իր գունաւոր պուտերը կը տարածէ շէնքին վրայ: Իսկ Հարոտզի առջեւ ուղղակի դրուած է անոր 15 մեթր բարձրութեամբ արձանը, որ կանգնած կը նկարէ շէնքին վրայ: Հարոտզի մէջ պատրաստած են նաեւ Քուսամա մարդամեքենան, որ հանրախանութին մէջ կը շրջի եւ հազարաւոր մարդիկ կը լուսանկարուին անոր հետ: Շատերն ալ լուսանկարուելէ ետք կը հարցնեն. «Բայց ո՞վ էր ասիկա»: Անշուշտ, ամէն մարդ չի ճանչնար հեռաւոր Ճաբոնի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ բնակող անսովոր նկարչուհին, բայց ան, որ կը հետեւի յառաջապահական արուեստի ժամանակակից զարգացումներուն, անմիջապէս կը ճանչնայ կարմրաշէկ մազերով կինը եւ անոր գծած պուտերն ու ալեակները, որոնց համար միշտ միլիոններ կը վճարուին… Այս երկու նախաձեռնութիւններուն հեղինակը Լուի Վիթոն ընկերութիւնն է, որ Քուսամայի հետ համագործակցելու սկսած է 2012 թուականին: Ընկերութիւնը այդ ժամանակ ստեղծեց ինքնատիպ հաւաքածոյ մը, որուն վրայ դրոշմուած էին Քուսամայի՝ անկանոն շարուած պուտերը: Այսօր ալ Լուի Վիթոնը իր հաւաքածոներուն մէջ ժամանակ առ ժամանակ կ՚ընդրգկէ Քուսամա ժանրի իրերը, վերջինը՝ այս տարուան յունուարին, երբ թողարկեց պայուսակներու ամբողջական շարք մը, գունաւոր պուտերու կողքին ներմուծելով նաեւ սեւ-ճերմակ, արծաթագոյն բոլորակներ, Քուսամայի նկարած բծաւոր դդումը, ինչպէս նաեւ՝ տղամարդոց համար յատուկ իրեր, որոնք նոյնպէս Քուսամայի ձեռագիրը կը կրեն: Հոգեկան խանգարուած աշխարհ ունեցող նկարչուհիին հետ ֆրանսական անուանի նորաձեւութեան տան համագործակցութեան առաջարկը Լուի Վիթոնի այդ ժամանակուայ գեղարուեստական տնօրէն, ամերիկացի ծանօթ ձեւագէտ Մարք Ճէյքոպսինն էր։ Այդ մէկը դարձած էր ժամանակակից աշխարհի մէջ արուեստի եւ նորաձեւութեան համագործակցութեան ամենացայտուն օրինակներէն մէկը: Շատեր վստահ են, որ Լուի Վիթոն ապրանքանիշի արտասովոր յառաջընթացը տեղի ունեցած է Մարք Ճէյքոպսի ղեկավարման տարիներուն։ Փորձարարութիւններու մեծ սիրահար ըլլալով՝ Ճէյքոպս բազմաթիւ հետաքրքրական լուծումներ յառաջ քաշած է, համագործակցած է զանազան արուստագէտներու հետ եւ ապրանքանիշին հաղորդած՝ աւելի խոր եւ ծաւալուն իմաստներ: Տակաւին 2006 թուականին, յայտնուելով Քուսամայի արուեստանոցին մէջ՝ Ճէյքոպս հիացած էր նկարչուհիի իւրայատուկ արուեստով եւ այն աշխարհով, որուն մէջ պարփակուած էր ճաբոնուհին: Սակայն անոր անակնկալ մը կը սպասէր. Քուսամա ներսէն բերած է Լուի Վիթոնի դասական պայուսակ մը, որ ամբողջութեամբ նկարազարդած էր իր ձեռքով: Ան գունաւոր կլորակներ դաջած էր սրճագոյնով, տառերով ու նշաններով յայտնի պայուսակին վրայ: Ճէյքոպսին սիրտը ամբողջովին գրաւուած էր, պուտերը դաջուած մնացած են նաեւ անոր ներքնաշխարհին վրայ եւ հռչակաւոր ձեւագէտին վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած: Յաջող համագործակցութեան սկիզբը այդ ժամանակ ալ դրուեցաւ: Մարք Ճէյքոպս ըսած է. «Երբ ես կը դիտեմ արտայայտուելու անոր կերպը, զանազան շերտեր պարունակող աշխատանքները, կը զգամ պարզութիւն, միամտութիւն եւ կիրք։ Ինչպէս բոլոր մեծ արուեստագէտները, ան ստեղծած է ամբողջ աշխարհ մը, զոր կը բաժնեկցի մեզի հետ եւ մենք չենք կրնար այդ մէկը չզգալ: Ես կը հիանամ Քուսամայով, կը սիրեմ եւ կը զգամ անոր եւ անոր արուեստը»։ Այսպէսով, Քուսամայի եւ Լուի Վիթոնի խումբերը համատեղ ուժերով ստեղծեցին պայուսակներու, կօշիկի, հագուստի եւ լրացնող իրերու սահմանափակ գունեղ հաւաքածոյ՝ պատուած Քուսամայի հոգեմտաւոր ու խորհրդաւոր աշխարհը արտայայտող կլոր նիշերով:

«Յաւերժ սէր»․ այս էր Քուսամայի այդ շարքի հիմնական գաղափարը։ Հաւաքածոյէն զատ արուեստի եւ նորաձեւութեան սիրահարները հիացան նաեւ այն տաղաւարով, որ Քուսաման ստեղծած է յատուկ այդ հաւաքածոն ցուցադրելու համար։ Ձեւաւորումը դդմային պատկերներով էր, որ նոյնպէս նկարչուհիի արուեստէն մաս մըն է: Այդ օրուընէ էր, որ նկարելէն զատ նաեւ ցուցափեղկեր ու տաղաւարներ ձեւաւորելը դարձաւ Քուսամայի կիրքերէն մէկը. ան մինչեր օրս ձեւաւորած է բազում ցուցափեղկեր եւ տաղաւարներ, որոնց մէջ գործածած է չորս հիմնական տարր՝ ալիքներ, պուտեր, հայելիներ եւ ընդմիշտ ծաղկած ծաղիկներ: Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր՝ ան մեր մոլորակի ամենայաջողակ եւ բարձր վարձատրուող նկարիչներէն մէկն է: 2014 թուականին Քուսամայի «Ճերմակ թիւ 28» կտաւը վաճառուած է 7.3 միլիոն տոլարով: 2019 թուականին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամմէտ պին Սալման ալ Սաուտ Քուսամայի «Յաւերժական սէր դդումներուն հանդէպ» աշխատանքին համար վճարեց մի քանի հարիւր միլիոն տոլար եւ համալրեց արուեստի իր հաւաքածոն: Աշխատանքը կազմուած է դեղին պուտաւոր դդումներէ, որոնք լուսաւորուած են վառ լուսարձակող լամբերով եւ տեղակայուած են ամբողջովին հայելապատ սենեակի մէջ: Քուսամա դդումներու մէջ կը տեսնէ կեանքի ձեւերը, ջերմութիւն, նաեւ՝ զուարճանք: Դդումներ նկարելու եւ ատոնք խալերով պատելու անոր ցանկութիւնը անվերջ է: Առաջին դդումը ան նկարած է շատ երիտասարդ տարիքին, այդ ժամանակ այդ մէկը ընդունուած է իբրեւ ճաբոնական գեղանկարչութեան մէջ նոր ժանր մը, սակայն այսօր բոլորովին ուրիշ զարգացումներ ունեցած է: Քուսամա ատով նոյնպէս իր հոգեմտային աշխարհը կը պարպէ: Կրկին քննադատութեան արժանացած է Փարիզի Վանտոմի հրապարակին վրայ դրուած դդումի արձանը, որ պատրաստուած է Քուսամայի ստեղծագործական ժանրով: Անոր ստեղծած բազում դդումները այսօր կը ցուցադրուին Ճաբոնի, Մայամիի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Լոնտոնի եւ արուեստի այլ քաղաքներու մէջ: Խալաւոր, բծաւոր, կէտիկաւոր նկարազարդուած դդումները զուարճալի, ժամանակակից եւ տարբեր շունչ կը հաղորդեն դասական ճարտարապետութեան, որոնց քով ցուցադրուած են Քուսամայի երեւակայութեան արդիւնքները:

Անոր արուեստը ուսումնասիրողները արդէն գիտեն, որ անոր երեւակայութիւնը արդիւնքն է իր վախերուն, հոգեկան տուայտանքներուն եւ կպչուն միտքերուն, որոնք պզտիկ տարիքէն հանգիստ չեն ձգած նկարչուհին: Ան սկսած է նկարել, սակայն մայրը նետած է բոլոր ներկերը, թուղթերը, ըսելով, որ աղջիկը պէտք է դառնայ տանտիկին: Քուսամա յամառած է, աւելի երիտասարդ տարիքին Նիւ Եորք փոխադրուած է, ուր ապրած է գրեթէ քսան տարի, բայց վերջը նորէն Ճաբոն վերադարձած է: Նիւ Եորքի մէջ ան արդէն յայտնի նկարչուհի էր, բայց արդէն հոգեկան խանգարումը վրայ հասած էր, եւ միայն նկարչութիւնն էր, որ կը դարմանէր: Անվերջ նկարելով ան կը թեթեւնար մտապատրանքներէ, սեւեռուն եւ տանջող միտքերէ, խելացնոր քայլերէ եւ մանաւանդ՝ անձնասպանութեան ցանկութենէ: Նկարչուհին առիթով մը ըսած է. «Եթէ չըլլար արուեստը, ես շատոնց արդէն անձնասպան եղած էի»: Արուեստի կրթութիւն գրեթէ չէ ունեցած եւ միշտ հետեւած է իր ներաշխարհէն եկող ձայներուն: Նիւ Եորքէն դառնալով հայրենիք՝ նկարչուհին ապաստան գտած է հոգեբուժարանին մէջ, ուր կատարեալ խնամքով շրջապատուած է: Մինչ այդ, ԱՄՆ-ի մէջ պղատոնական սիրային վերաբերմունք ունենած է ամերիկացի նշանաւոր քանդակագործ Ճոզըֆ Քորնըլին հանդէպ, բայց անոնց համատեղ կեանքը յաջողութիւն չէ ունեցած, որովհետեւ Քորնըլ ստիպուած էր խնամել մայրը եւ հիւանդ եղբայրը, եւ անոնք, մանաւանդ մայրը, ծայր աստիճան խանդով վերաբերած են Քուսամայի յայտնուելուն իրենց կեանքին մէջ: Իր կեանքը ան պատկերած է մանր ու խոշոր կէտիկներու ձեւով, եւ այդ կլորակներու մէջ ամէն մարդ իմաստ մը կը դնէ, իսկ եթէ անիմաստ կը տեսնեն՝ պարզապէս կը քննադատեն: Քննադատողները, սակայն, չեն կրնար հաշուի չնստիլ այն իրողութեան հետ, որ Ճաբոնի ամենանշանաւոր նկարիչը այսօր նաեւ ամենաշատ վաստկող կին նկարիչն է աշխարհի տարածքին: Միլիոններով գնահատուող անոր գործերու ճակատագիրը կը տնօրինէ ընկերութիւն մը, բայց ատոնք նաեւ Ճաբոնի հարստութիւնն են՝ նոյնքան խորհրդաւոր, որքան Ճաբոն ինքն է՝ իր պատմութեամբ, արուեստով, հին ու նոր մշակոյթներով եւ այն նշանակութեամբ, որ ունի մոլորակին վրայ:

Հարոտզի վրայ Քուսամայի պուտերը կը մնան մինչեւ փետրուարի 12-ը: Այդ ընթացքին առեւտրային տունը նախաձեռնած է բազում ծրագիրներ, որոնք դրամական մեծ եկամուտներ պիտի ապահովեն ընկերութեան: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդեն Մեծն Բրիտանիա՝ տեսնելու պուտերը, ճաշակելու պուտերով քաղց-րեղէն եւ գնելու նորագոյն հագուստներ, յուշանուէրներ, որոնք քուսիմական արուեստի եւրոպական շրջագայութեան առիթով արտադրած են ընկերութիւններ:

Քուսամա ըսած է, որ իր միակ նպատակն է դրական տրամադրութիւններ տարածել աշխարհին վրայ եւ մոլորակը դարձնել խաղաղաւէտ:

Հաւատանք, որ ճամբորդութեան ելած գունաւոր կլորակները հանդարտութիւն կը բերեն փոթորկած աշխարհին, մարդոց սիրտերու մէջ կը դրոշմեն կեանքին իմաստ հաղորդող գոյները…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023